ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Յետ պատերազմեան ֆրանսահայ գաղութի գրական վաստակին մասին կարելի չէ խօսիլ, առանց անոր դերակատարներէն՝ Վազգէն Շուշանեանի, Շահան Շահնուրի, Շաւարշ Նարդունիի, Բիւզանդ Թօփալեանի, Գրիգոր Ճիզմէճեանի, Ահարոն Տատուրեանի, Յարութիւն Կոստանդեանի կամ իրենց նման տակաւին շարք մը ուրիշներու, կամ առհասարակ «Մենք»ի ազդեցութեամբ, ձեւով մը նոր գրական ուղղութիւն մը մէջտեղ բերած այն «հարստութեան» մասին, որ շուրջ յիսուն տարիներ, կը սահմանէր սփիւռքահայ գրականութիւնը: Պոլիսը կարելի չէ ներառնել այս յօդուածին մէջ: Պոլիսը բոլորովին ուրիշ նիւթ է իր եզակի յատկութեամբ. այդ մէկը կարելի է ներկայացնել առանձին յօդուածով մը միայն: Ֆրանսահայ գաղութի կողքին, նոյնքան բեղուն էին Լիբանանն ու Սուրիան, որոնք միասնաբար իրենց ներդրումը ունեցան հայ գրականութեան հարուստ աւանդին, որ սակայն այսօր բոլորովին ուրիշ պատկեր մը կը պարզէ: Ֆրանսահայ գաղութի վերջին երեսնամեակի սերունդէն մնացած է միայն Գրիգոր Պլըտեան. չկան Կարօ Փոլատեանն ու Զուլալ Գազանճեանը: Լիբանանը բոլորովին տարբեր պատկեր կը ներկայացնէ, քանի որ հոն ալ այլեւս չկան Մուշեղ Իշխանը, Եդուարդ Պոյաճեանը, Պօղոս Սնապեանը եւ վերջերս մահացած՝ Սարգիս Կիրակոսեանը, բայց Լիբանանը իր պատմութեան տեւողութեան, միշտ նորեր հասցուցած է: Այսօր Ֆրանսայի, Սուրիոյ կամ այլ աւանդական գաղութներու կողքին կայ Ամերիկան, որ վերջին երեսուն տարիներու միջինարեւելեան գաղութներէն գաղթած սերունդի մը ապաստանարանը ըլլալով, կը շարունակէ որոշ չափով իր ազդեցութիւնը ունենալ հայ գրականութեան վրայ:
Սակայն այս յօդուածին բուն նպատակը «Մենք»ի սերունդէն երկու այլ հսկաներու մասին է՝ Զարեհ Որբունիի եւ Նիկողոս Սարաֆեանի: Որբունի իր վէպերով, իսկ Սարաֆեան ալ իր բանաստեղծական վաստակով մեծ բան տուած են հայ գրականութեան: Անոնք նոյնպէս իրենց բարեկամութիւնը պահած են մինչեւ Սարաֆեանի մահը:
Սարաֆեանի մահուան գիշերը՝ իր տիկնոջ հեռաձայնին վրայ, Որբունի փութացած է հիւանդանոց իր վերջին այցելութիւնը տալու, որուն կ՛ակնարկէ իր այս օրագիրը: Իբրեւ պատմական կարեւոր իրադրութիւն, ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ օրագիրը, ուր ցաւալի է կարդալ, թէ ինչպէս մահուան սեմին՝ Սարաֆեան իր կնոջմէ խնդրած է Որբունին իր քով կանչել, որ ըստ այս վերջինին, կը վերաբերէր Սարաֆեանի գրական վաստակին: Սակայն դժբախտաբար կինը «չէ ուզած անհանգստացնել» Որբունին, որուն հետեւանքով պակաս մը կամ բաց մը մնացած է այդ աւանդին ուղղութեամբ:
Ահաւասիկ Որբունիի ստորագրած օրագիրը, Սարաֆեանի մահը օրուան իրադարձութիւնները նկարագրող:
ՕՐԱԳԻՐրագիր
ՓԱՐԻԶ 16-12, 1972
Նիկողոսին Ժպիտը
Ժամը տասնըմէկի ատենները հեռախօսը թնդաց.
– Պարոն Որբունի… սա… սա…
Յանկարծ ճանչցայ վիշտէն կակուղցած շրթունքներուն մէջ դժուարայայտ ազդու ձայնը, որ վերջապէս ամբողջացուց նախադասութիւնը:
Սարաֆեանը մեռաւ…
Արդէն ձայնը ճանչցած պահուս իսկ հասկցած էի, բայց մեքենաբար աղաղակեցի.
– Խենթ բաներ մի ըսէք, տիկի՛ն Սարաֆեան, անկարելի է…
Այո՛, Սարաֆեանը մեռած էր առտուան ժամը 2:30ին, Սենթ Անթուանի հիւանդանոցը: Այս ամէնը պատմեցին ինծի տիկին Սարաֆեանն ու աղջիկը՝ «հիւանդանոցի առջեւի անկիւնի սրճարանը», ուր հասայ ժամ մը վերջ:
Զարմանալիօրէն իր կեանքին վախճանը պիտի միանար ու նմանէր սկիզբին, այսինքն թափառական կեանք մը, յաւիտենական տարագրութեան մէջ, որ հիւսուածքն իսկ է իր բովանդակ բանաստեղծական արտադրութեան: Նաւ, ծով, շոգեկառքեր, նորէն ծով ու նոր երկիրներ օտարութեան մէջ, միշտ աւելի հեռուները տանելով զինքը անվերադարձ ճամբաներու մէջ:
Մահը եղաւ նոյնպէս թափառական՝ բուժարանէ բուժարան ու հիւանդանոց:
Մեզոն Ալֆորի տունը ծախուած ըլլալուն կարասիները Վենսենի տունը տարեր են, որ այնքան լեցուեր եւ խճողուեր է, կանգնելիք տեղ չէ մնացած: Ուզեր են հիւանդը բուժարան մը դնել քանի մը օրերու ընթացքին, աւելի իբրեւ հանգստարան, քան թէ բուժուելու համար: Ձմրան այս եղանակին բուժարանները լեցուն են եղեր: Ստիպուեր են հիւանդը տանիլ մէկ բուժարանէն միւսը, մինչեւ որ Ժուանվիլ հատ մը գտեր են, բայց անկէ հաներ են հեռու ըլլալուն համար: Կայասիներու տեղափոխութեան եւ հիւանդին հսկել երթալ գալու դժուարութեան պատճառով զայն փոխադրեր են հիւանդանոց, իրենց աւելի մօտ: 14ին, Հինգշաբթի օր, հիւանդը դրեր են Սենթ Անթուան հիւանդանոցը: Այդ օր, օրուան ընթացքին Նիկողոսը ըսեր է կնոջը, որ ինծի իր քովը կանչեն, բայց տիկին Սարաֆեանը, իր խօսքով, չէ ուզած զիս անհանգստացնել:
Եթէ Նիկողոսը ինծի կանչած էր ատանկ պայմաններու տակ, անպայման նախազգացումէ մղուած էր: Զգացած ըլլալու էր, որ վերջին պահերը կը մօտենան ու հաւանաբար ըսելիքներ ունէր իր գրական ժառանգին շուրջ: Տիկին Սարաֆեանին ըսածին նայելով, Նիկողոսը վերջերս այրած էր իր ձեռագիրները, զանոնք գրեթէ իրենց կիսուն վերածելով: Նիկողոսը շատ նախանձախնդիր էր իր գրականութեան հանդէպ, քանի որ ժամանակ չէր մնացած զանոնք մշակելու կամ սրբագրութիւններ ընելու, լաւագոյնս համարած էր զանոնք ջնջել, հակառակ որ նախապէս ես ու իր կարգին Գրիգոր Պլըտեանը հրաւիրած էինք զինքը հրաժարիլ այդ տեսակ սխալ քայլ մը առնելէ:
– Տիկին Սարաֆեան,- ըսի սրճարանը, ուր կեդրոնատեղի հաստատած էինք եւ ուր յետոյ մեզի ընկերացան ընտանիքին միւս անդամները, այսինքն տիկին Սարաֆեանի քոյրը, աղջիկը եւ իր ամուսինը եւ պարոն մը, որ չհասկցայ թէ քրոջը ամուսի՞նն էր. «… Տիկին Սարաֆեան,- ըսի,- աղէկ չըրիք զիս չկանչելով: Մեղք… ինծի համար չեմ ըսեր մեղք բառը, իրեն համար է, որ վերջին անգամ խօսելու հարկը տեսած է այդ քիչ խօսող մարդը եւ խօսքը փորը մնաց, ինչպէս կ՛ըսեն: Եւ ատիկա ինծի տարօրինակ ցաւ մը կը պատճառէ, երբ մտածեմ, թէ անգամ մըն ալ պիտի չկրնայ ըսել այդ խօսքերը:
Ամբողջ օրը այդ գաղափարը ընկերացաւ միւս զբաղումներուս եւ մտազբաղումներուս:
Վերջապէս պէտք եղաւ զբաղիլ գործնական հարցերով: Երկու վշտահար կիները ի հարկէ անկարող էին, այնքան ընկճուած էին՝ յանկարծ արդէն որբ մնացած երեխաներու պէս:
– Պ. Որբունի, մենք բան չենք գիտեր, ձեր վրայ դրած ենք այս կարգադրութիւնները ընելու հոգը:
Բաժնուելէ առաջ ուզեցի վերջին այց մը տալ մեռելին: Անցանք մեռելատան կողմը: Սեւ վարագոյրներով կազմուած սենեակներ: Մես-մերկ սենեակներ: Քիչ վերջ այդ շարժական սենեակներէն մէկուն վարագոյրը բացուեցաւ: Ճիշդ մէջտեղը դրած էին բարձր կառքը, որուն վրայ պառկած էր Նիկողոսը այնպէս, իբրեւ թէ քնանար: Ամէն անգամ մեռելի մը համար նոյնը կ՛ըսեն՝ «Կարծես թէ կը քնանայ կոր», առանց խորհելու, որ իրապէս քուն է մահը, տեւական քուն, որմէ արթննալ չկայ այլեւս, բայց որ ահա պիտի խօսի ճիշդ ժամանակաւոր քունի մէջ եղողի պէս, բայց չի խօսիր: Այնպէս որ այնքան սարսռալի չի թուիր ընելը ինչպէս կ՛ընեն կինն ու աղջիկը, հետը խօսելով, մազերը, երեսները գգուելով, գլուխը գրկելով ու վերջապէս շրթունքները համբուրելով:
– Պաղեր է,- ըսաւ տիկին Սարաֆեան, ձեռքով այտերը շփելով,- այս առաւօտ տակաւին տաք էր, երբ եկանք:
Յետոյ դարձաւ մեռելին եւ շարունակեց հետը խօսիլ, պատմել, անշուշտ պոռպռալ ու հեկեկալ եղերամայրերու պէս:
Կինս համոզուած է, թէ մեռելներու մօտ ամէնէն ուշ անհետացողը լսողութիւնն է: Անոնք դեռ երկար ատեն կ՛իմանան: Ատոր համար է թերեւս կը խօսին անոնց հետ մղուած առհաւական փորձառութիւններէ եւ ոչ թէ ի ցոյց մարդկանց, ինչպէս կ՛ըսեն գիտական միտքերը: Ի՞նչ գիտենք կեանքի խորհուրդէն: Պահ մը խորհեցայ, թէ իր ընդհանուր դիմագիծը կը յատկանշէր դէմքին վրայ սառած արտայայտութիւնը, որ անուշ հեգնանք մըն էր, քիչ մը թերահաւատ, բայց անուշ մարդասիրութեամբ յագեցած: Մեր հանդիպումներուն յաճախ այդ արտայայտութիւնը ինծի խորհիլ տուած էր, որ որոշ գոռոզութիւն մը ըլլալու էր պահուած տակը, բայց Սարաֆեան համեստ էր եւ մօտիկ հակառակ հեռակեաց երեւալուն: Կրնայ ըլլալ որ երկչոտութիւն էր: Երկչոտութիւնն ալ նոյն արդիւնքը ունի երբեմն: Ատիկա տեսած էի մանաւանդ իր աչքերուն մէջ՝ ուր յանկարծ լոյսի շեղբ մը կը վառէր լուսաւորելու համար շրթունքներուն ծայրը կազմուած հեգնանքի գիծը, անոր վրայ սփռելով հոգիին ամբողջ քաղցրութիւնը:
Այդպէս ալ եղաւ, երբ տիկին Սարաֆեան մէկ աչքին կոպը վերցուց ու աչքը երեւցաւ լոյսի այս ծիրովը: Եւ այս քաղցրութիւնը աւելի կը զօրանայ ու կը խորունկնայ, երբ նկատի կ՛ունենանք Նիկողոսին խոշոր գլուխը, խոշոր ու պարթեւ մարմնի մը վրայ, թաւուտ յօնքերով:
Պաշտօնեան ժամանակը անցած նկատելով փափկութեամբ կառքը գլորեց իր անիւներուն վրայ մեր հակառակ կողմը, վարագոյրէն անդին՝ ուր գնաց Նիկողոսը հեգնական անուշ ժպիտը սպիտակ ակռաներուն վրայ, որոնք կիսովին բաց մնացած էին:
1973, Յունուար 28
Զ. Մ. Որբունի