ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Ինծի համար պատուաբեր առիթ էր Մկրտիչ Ճիւանեանի այս դարաւոր իւղանկարը մաքրած եւ նորոգած ըլլալ: Իսկ հիմա զայն ջնարակել պէտք է, պատմական պատասխանատուութիւն մը…
– Ի՜նչ գեղեցկօրէն պատկերուած է Վոսփորը, լիալուսինի մեղմ, դեղին լոյսին տակ:
– Պարոն ստուգաբանութիւն, Պոլսոյ համայնապատկերին սիրահար էր Ճիւանեան: Եւ անոր նկարները այժմ աճուրդներու մէջ սկսած են մրցանիշներ արձանագրելու… Կը տեսնէ՞ք, վնասուած էր սա առագաստին կայմը, ներկը ճաքած էր, ինչպէս նաեւ՝ լուսինին վերի մասը: Բոլորը վերականգնած են հիմա: Իսկ ջնարակը պիտի օգնէ, որ բազմաթիւ տասնամեակներ պաշտպանուի այս նկարը, զոր ես ազգային հարստութիւն մը կը նկատեմ:
Գեղանկարներու այս նորոգողը պոլսահայ յայտնի նկարիչ մըն է: Էլմատաղ թաղամասի իր բնակարան-արհեստանոցը լեցուն է բազմաթիւ աւարտած կամ կիսաւարտ նկարներով: Բոլոր սենեակներուն մէջ եռոտանիներ կան, երանգապնակներ, մեծ ու փոքր, հաստ ու բարակ վրձիններ շիշերու մէջ: Մինչ ան կ՛աշխատի Ճիւանեանի վրայ, զրոյցը կը խորանայ «ջնարակ»ին շուրջ:
– Ե՛ս կը պատրաստեմ ջնարակը: Կարեւորը գոյները առանց փոխելու, նկարին փայլ տալն է:
– Պատմականօրէն՝ նաեւ յախճապակիներուն… Գիտէք, արուեստի աշխարհին մէջ մեծ յեղաշրջում էր ջնարակի գիւտը 8րդ դարուն, Միջին Արեւելքի մէջ:
Անիկա առաջին անգամ սկսաւ գործածելու ափսեներու, գաւաթներու, պնակներու, կարասիներու եւ առօրեայ այլ իրերու վրայ: æնարակը Հայաստանի մէջ միացաւ խեցեգործութեան հետ, եւ գիտենք, թէ Դուինի, Անիի, Գառնիի եւ Զուարթնոցի մէջ արտադրուած են հազուագիւտ, բարձրորակ գործեր: Իսկ 12րդ եւ 13րդ դարերուն ստեղծեր ենք գունաւոր, թափանցիկ, ջնարակուած բացառիկ յախճապակիներ:
– Անշուշտ աւելի ուշ, Օսմանեան շրջանին, Անիի եւ Գողթն գաւառի Ցնղայ գիւղի հայ վարպետները, Կուտինա քաղաքին մէջ շարունակած են իրենց արուեստը, փայլ տալով եկեղեցիներուն, մզկիթներուն եւ պալատներուն:
– Ստուգաբանութիւնն ալ համաձայն է ձեզի. բառը կապուած է յունարէն «սանտարաքի» բառին, լատիներէն՝ sandaraca, ֆրանսերէն՝ sandaraque: Ծագած ըլլալ կը կարծուի սանսկրիտ candra raga արտայայտութենէն, որ բուն կը նշանակէ «լուսինի պէս փայլող»: Գիտէք, թէ հնդկական հաւատքի մէջ Չանդրան լուսնի չաստուածն է եւ անոր անունը բառացիօրէն կը նշանակէ «փայլ»: Արեւմտեան գրականութեան մէջ, առաջին անգամ Ք.Ա. չորրորդ դարուն, Թէոփրաստէսը գործածեր է մեր «ջնարակ»ին ծնունդ տուած այդ յունարէն բառը: Ապա ան անցեր է արաբերէնի ու վերջինիս միջոցով ալ՝ իր արդիական իմաստով, Եւրոպա՝ 16րդ դարուն:
– Ի՛նչ հետաքրքրական է, թէ բառը եւ նիւթը աշխարհագրականօրէն շատ հեռու եղած են իրարմէ: æնարակը հիւթն է tetraclinis articula կոչուած մշտադալար եւ կոնաբեր ծառին, որ կ՛աճի հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Զայն դուրս կը բերեն ծառին բունը ճեղքելով: Այդ միջոցին ջնարակը կը կարծրանայ: Կիսաթափանցիկ է, դեղնորակ, փխրուն: Զայն իւղի մէջ կը խառնենք, կը գոյանայ ապակենման ձուլուած՝ եւ կը գործածենք:
Միջնադարուն եւ Վերածնունդին զայն կ՛անուանէին «վերնիք»:
– Այն բառը, որ ծնունդ տուած է ֆրանսերէն յայտնի «vernissage» արտայայտութեան եւ Երեւանի արուեստի բացօթեայ նոյնանուն շուկային՝ Վերնիսաժ:
– Պարոն ստուգաբանութիւն, նկարչութեան մէջ ջնարակի գործածութիւնը վաճառականութեան հետ կապուած է:
Պատկերասրահներն են, որոնք բոլոր նկարները փայլեցուցած են, զանոնք յաճախորդներուն աւելի գրաւիչ դարձնելու համար: Որոշ նկարիչներ, օրինակ տամ, Վան Կոկը կը նախընտրեր իր գործերը «անծածկ» պահել: Անոր մահէն ետք է, որ սկսեր են նկարները ջնարակել:
Աշխատանքը կը հասնի իր աւարտին, եւ ջնարակը կը սկսի արդիւնք տալու. ինչպէս ստուգաբանութիւնը եւ հնդիկ չաստուած Չանդրայի անունը կ՛արդարացնեն՝ Ճիւանեանի լուսինը դարձեալ «լուսինի պէս կը փայլի»: