ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Բարի լոյս, աշակերտներ, այսօր «լոյս» բառով նոր բառեր պիտի ստեղծէք: Բայց, նախ յիշեցէք լուսաւոր տողեր, այսինքն «լոյս» բառի գործածութիւնը մեր բանաստեղծութեան մէջ:
– «Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զուար»չ, Միսաք Մեծարենց, պարոն:
– Այո, Բարին, «Կիրակմուտք» բանաստեղծութիւնն է:
– «Կախ է ընկած առանց պարան, Արագածի կատարին, Ու սեղանից հսկայական, Լոյս է տալիս աշխարհին»: «Լուսաւորչի Կանթեղը» պարոն, Թումանեանին գրածը:
– Թէքէեանին տարբերա՞կը…
– «Ան կանթեղն է՝ լոյս առած Լուսաւորչէն Հայութեան»:
– Շատ լաւ, Վէմ, շատ լաւ:
– «Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ», Չարենց:
– Բեկոր, այս բանաստեղծութիւնը դուն շատ սիրեր ես: Բայց լիճը չէ միայն՝ մեր ամբողջ հայրէնիքը «լուսաւոր» է… Երգ-բանաստեղծութիւն մը նկատի ունիմ…
– Թումանեանը, պարոն, «Հայրենիքիս Հետ». «Յոյսի՜ հայրենիք, Լոյսի՜ հայրենիք»:
– Եւ շարունակութիւնը, Բեկոր. «Ու պիտի գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած, Հազա՜ր-հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած»: Լաւ, հիմա աշխատեցէք:
«Լոյս» բառը բնիկ հայկական է եւ ունի նախահնդեւրոպական ծագում. leuk, louko:
Ազգականներն են. սանսկրիտ՝ rocate «կը փայլի», խեթերէն՝ lukezi փայլուն, միջին պարսկերէն՝ ruz օր, ուրկէ՝ «ռոճիկ» բառը, թոշակ, օրավարձ, յունարէն leukos՝ ճերմակ, փայլուն, լատիներէն lucere՝ փայլիլ, lux՝ լոյս, lucidus՝ ջինջ, ծիսական սլաւոներէն luci՝ լոյս, լիթուաներէն laukas՝ տժգոյն, կալլեսերէն llug՝ նշոյլ, ճառագայթ, փալփլալ, հին իր լանտերէն loche՝ կայծակ, փայլատակում: Հիւսիսային եւրոպական լեզուներու մէջ licht, light, ljus, ljes, ljoht… բոլորն ալ «լոյս» իմաստով: Անիկա բառ մըն է, որ միտքի թռիչքներ տուած է հայուն եւ պարգեւած՝ ընտիր, պատկերալից բառեր. լուսադէմ, լուսաբաց, լուսագէս, լուսաճեմ, լուսաբնակ, լուսազգեստ, լուսագնաց, լուսաթափանց, լուսարար, լուսագին, լուսածին, լուսակերպ, լուսապաճոյճ, լուսարան, լուսանորոգ, լուսափառ, լուսաղբիւր, լուսամիտ, լուսամուտ, լուսահոգի, լուսաբաշխ, լուսաբեր, լուսաբողբոջ, լուսաբորբ, լուսաշաւիղ, լուսանցք, լուսափթիթ, լուսեղէն, լուսերես, լուսաւորութիւն, լուսաբանել, լուսազարդել, լուսապատճէն, ցայգալոյս, հոգելոյս, սրբալոյս…
Բառը «լուս» էր Ալաշկերտի մէջ եւ Կարինի, Մուշի, Համշէնի, Սեբաստիոյ, Պոլսոյ, Ռոտոսթոյի եւ Նոր æուղայի մէջ:
Ակնցիները իրարու ըսեր են «Բարի լէօս», զէյթունցիները՝ «Բարի լըս», խարբերդցիները՝ «Բարի լօս», վանեցիները՝ «Բարի լոս», հաճընցիները եւ հաւարիկցիները՝ «Բարի լիս»: Իսկ բոլորը «Գիրք Ծննդոց»ի մէջ լսեր են Աստուծոյ խօսքը. «Եւ ասաց Աստուած. Եղիցի լոյս. եւ եղեւ լոյս»: Իսկ Կիրակմուտքին բոլորը ծնրադիր երգեր են «Լոյս Զուար»չը… «Եկեալքս ի մտանել արեգականն, տեսաք զլոյս յերեկոյիս»:
– Աշակերտներ, ի՞նչ բառեր հնարեցիք:
– «Հեռալոյս»:
– Հետաքրքրական է, Կաթիլ: Իմա՞ստը…
– Պարոն, երբ դուրսն ենք, գիշերները մեր ձեռքին բռնած գործիքը կրնայ կոչուիլ «հեռալոյս»: Կամ, երբ ոստիկանական ուղղաթիռ մը վերէն լոյս կը բռնէ մէկը հետապնդելու համար, անիկա կրնայ կոչուիլ «հեռալոյս»: Պարոն, նոր բառ մը ինչպէ՞ս գործածութեան կը դրուի:
– Պարզ է, Կաթիլ, նախ թերթի մը մէջ կը գործածես: Մարդիկ կը հաւնին, ուրիշ թերթեր ալ կը սկսին գործածելու, վերջապէս բառդ կը մտնէ բառարաններու մէջ:
– Իմ բառս կրնա՞յ այդպէս ըլլալ:
– Ժողովուրդը կ՛որոշէ. համբերէ, ժամանակը ցոյց կու տայ: Լաւ, դասը վերջացնենք դարձեալ լուսաւոր տողերով: Կը յիշէ՞ք Չարենցի «Ծիածան»ը:
– Այո, «Լուսամփոփի պէս աղջիկ, Աստուածամօր աչքերով»:
– Աշակերտներ, միայն Քուչակն է, որ հաշտ չէր «լոյս»ին հետ. տեսէք, տղան ի՛նչ խօսեր է առաւօտին հետ. «Առաւօ՛տ, դու յետ կեցիր, որ զմեր խաղըն չաւիրես,
զլոյսն ի վրայ բերես ու զիս իմ եարէս բաժանես»: Բեկոր, «Ես իմ անուշ Հայաստանի»էն տող մը եւս չունի՞ս:
– Անշուշտ ունիմ… «Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ»:
↧
ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Լոյս
↧