Image may be NSFW.
Clik here to view. ԵՐԵՒԱՆ.– 29 Մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շէնքի 9րդ յարկի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ հունգարահայ գաղութին կողմէ վերահրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Մուսա Լերան 40 Օրերը» գիրքին հունգարերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հունգարիայի Հայ ազգային ինքավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեան:
Ապրիլ 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ հունգարահայ գաղութին կողմէ վերահրատարակուած է գիրքին հունգարերէն թարգմանութիւնը:
«Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպը առաջին անգամ հրատարկուած է 1933ին եւ մէկ տարի ետք արժանացած «Տարուան լաւագոյն վէպը» միջազգային միցանակին: Անիկա լոյս տեսած է շուրջ մէկ միլիոն օրինակով եւ թարգմանուած 36 լեզուներու: Հունգարիոյ մէջ անիկա առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945ին, այնուհետեւ վերահրատարակուած է 1957, 1965, 1966, 1973, 1978, 2001 եւ 2015 թուականներուն: Վէպը նաեւ բեմականացուած է հունգարերէնով, ինչպէս նաեւ ազգային ռատիոյով հաղորդաշարերու ձեւով ներկայացուած է քանի մը անգամ։