ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ռումանացի-ամերիկացի բեմադրիչ Տայանա Էնճըլսընի « Հայաստան, Իմ Սէր»(«Armenia, My Love») ֆիլմը Ապրիլ 15էն սկսեալ պիտի ցուցադրուի Փասատինայի եւ Նորթ Հոլիվուտի «Լեմլի» սրահներուն մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն վրայ հիմնուած սոյն ֆիլմին բեմագրութեան հեղինակը եւս Էնճըլսընն է, որ նաեւ ֆիլմի դերակատարներէն մէկն է։
Հայ ընտանիքի մը պատմութիւնը լուսարձակի տակ առնող սոյն շարժապատկերին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ Շաքէ Թուխմանեան, Արման Նշանեան եւ Նազօ Պրավօ։
Փասատինայի «Laemmle Playhouse 7» սրահի հասցէն է՝ 673 East Colorado Boulevard, 91101, իսկ Նորթ Հոլիվուտի «Laemmle NoHo 7» սրահինը՝ 5240 Lankershim Boulevard, North Hollywood, 91601։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 970-0052 թիւին կամ llewispr@aol.com հասցէին։
Նշենք, որ Էնճըլսըն վերջերս մեծարուած էր «100 LIVES» նախաձեռնութեան կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը իւրայատուկ ձեւով նշելուն համար։