Դու Մեր Մեծ Երթի Գաւազանակիր
Հայ ազգի գոյապահպանման, մշակոյթի, ազգային լեզուամտածողութեան եւ պատմութեան սաղմերն ու արմատները ամրապնդողն ու արձանագրողը հայոց լեզուն է: Նոյնքա՛ն վաղնջական եւ անզուգական, որքան է մեր ազգը: Լեզուն է իւրաքանչիւր ազգի կենսատու երակը, իսկ մերը՝ առաւե՛լ, որովհետեւ մէկի գոյութեամբ է պայմանաւորուած միւսը: Սկիզբ առնելով անյիշելի ժամանակներից, ճիւղաւորուելով ու տարածուելով բազում բարբառների մէջ՝ հայոց լեզուն մի ինքնատիպ հանրագիտարան է, ուր ամբարուած են հայ ժողովրդի կենսաոճը, ձեռագիրը եւ հոգեւոր էութիւնը: Ազգային դիմագիծը պահելու, փոթորկուող ալիքներին դիմագրաւելու եւ թշնամիների խառնարանում յաղթական լինելու զէ՛նքն է մեր լեզուն։
Գիտակցելով մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը՝ Ապրիլ ամսին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանում, տարբեր միջոցառումների զուգահեռ, իրականացուեց մի հետաքրքիր խաղմրցոյթ: Սկսած դպրոցի դարպասներից՝ առաւօտեան իւրաքանչիւր աշակերտի եւ ուսուցչի բաժանուեցին կանաչ գոյնի ժապաւէններով կրծքանշաններ, որոնց վրայ գրուած էին «Հայերէնը ինքնութիւնս է», «Հայերէնը գոյութիւնս է» եւ «Հայերէնը հպարտութիւնս է» արտայայտութիւնները: Այն անձը, ում բերանից հնչում էր ոչ հայերէն բառ, անմիջապէս հանում եւ տալիս էր իր կրծքանշանը նրան, ով նկատում էր իր վրիպումը: Դպրոցական օրուայ վերջում, ամէնից շատ կրծքանշաններ ունեցողը համարուեց յաղթող:
Այս իւրօրինակ խաղմրցոյթը հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն էր առաջացրել աշակերտների շրջանում: Անգամ աւելին՝ խանդավառուած էին նաեւ ոչ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչները: Յուզիչ էր, երբ բնագիտական առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչները փորձում էին գտնել որեւէ եզրոյթի համապատասխան հայերէն տարբերակները: Վարժարանի մթնոլորտը առլեցուն էր մեսրոպաշունչ հայերէնով, որը հպարտութիւն եւ յուզմունք էր փոխանցել բոլորիս։
Ապրիլի առաջին օրերին Արցախում տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւնները փոթորկել էին նաեւ մեր աշակերտների սրտերը: Հերթական գօտեպայքարում մեր զինուորների տարած կատարեալ յաղթանակը ոգեշնչել էր նրանց: Ապրելով տարբեր մայրցամաքում՝ նրանք էլ փորձեցին կռուել իրենց եղանակով՝ հայախօսութեամբ: Օտարութեան մէջ մեր լեզուն նաեւ մեր հայրենիքն է, որը կարիք ունի ջերմութեան, սիրոյ եւ պաշտպանութեան: Հայրենիքի վտանգը սթափեցրեց մեզ՝ լրջութեամբ ու հպարտութեամբ վերաբերուելու մեր լեզուին, որովհետեւ նա՛ է մեր մեծ երթի ջահակիրը, վահանն ու գաւազանակիրը:
—————————————————————————————————————–
Հայերէնը Ինքնութիւնս Է… Հայերէնը Հպարտութիւնս Է… Հայերէնը Գոյութիւնս Է…
«Փիլիպոս»ի դարպասը զարդարուած էր վերոյիշեալ լօզունգներով։
Արշաւը սկսած էր իր գործընթացին. «Փիլիպոս»ի շրջափակն ու դասարանները աշխուժացնելով՝ աշակերտական առօրեայ խօսքն ու գործը հայերէնով միաձուլել եւ իւրաքանչիւր դասանիւթի հետ մտածումն ու բանաւոր արտայայտութիւնը հայերէնով տալ:
Հայերէնախօսութեան մասշտապը ծաւալելու եւ զայն դպրոցական գործնական առօրեային միացնելու նպատակով, որոշուեցաւ իւրաքանչիւր դասանիւթի համար աշակերտներու տարբեր գործակցութիւն. անոնք դասապահի առաջին տասը վայրկեանին ընթացքին պիտի ներկայացնէին տուեալ նիւթը՝ հայերէնով: Այսպէս՝ աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, թուաբանութիւն, անգլերէն գրականութիւն, մարմնամարզութիւն, ընկերային գիտութիւն, քիմիագիտութիւն եւ բնագիտութիւն՝ հայերէնով։
Անակնկալ մտահոգութեան մատնուեցան աշակերտները… փութացին իրենց հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն՝ սովորաբար անգլերէնով ընկալուած նիւթերու այս կամ այն պարբերութեան պատշաճ հայերէն արտայայտութեան ձեւը հաստատելու եւ սորվելու համար… Ուսուցիչներուս համար այլ նոր խանդավառութիւն մը սկսած էր. այս անգամ՝ աշակերտները իրե՛նք կը հալածէին մեզի բան մը սորվելու համար, եւ այդ ալ՝ ՀԱՅԵՐԷՆով…
Դասապահերը իրենց ընթացքը առին. դասանիւթերու հայերէն ներկայացումները կը կատարուէին որոշուած աշակերտներու կողմէ, իսկ օտար ուսուցիչներու կողքին տեղ կը գրաւէին հայերէն աւանդող ուսուցիչներ՝ հաստատելու համար կատարուածը…
Այսպէս, փորձը ո՛չ միայն փորձանք չէր, այլ՝ հետաքրքրական եւ յաղթակա՛ն փորձառութիւն, որ հայկական դպրոցական առօրեայի մը գործնական տեսլականի վերածուեցաւ։
Վարժարանիս տնօրէնութեան, Հայկական բաժանմունքին ու Ապրիլեան յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած վերոնշեալ աշխատանքը ազգային մարտահրաւէր մը դարձաւ ու քաջալերեց բոլորը՝ հայերէնախօսութեան:
Հայերէնը ԳՈՅՈՒԹԻ՛ՒՆՍ է…
—————————————————————————————————————-
Հպարտօրէն Հայերէն Խօսինք
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը անգամ մը եւս գործի լծուած էր անցած քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, կարգախօսներ պատրաստելու եւ զանոնք «Ասպարէզ» առաքելով՝ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան յայտարարած մրցանքին մասնակցելու համար:
Դասարաններէն ներս յաճախ արծարծուող եւ յանկերգի պէս կրկնուող արտայայտութիւնը, աշակերտները պէտք է վերածէին յստակ եւ կտրուկ լօզունգի կամ կարգախօսի:
Սերունդ դաստիարակելու համար կարգախօսներու ընտրութիւնը եւ անոնց գործադրութիւնը աւելի ճշգրիտ ու վաւերական կը դարձնեն դաստիարակչան ընթացքը: Աշակերտները յստակ կ՛արմատաւորեն իրենց ենթագիտակցութեան մէջ այդ տողը ու ապա համոզումով՝ այդ լօզունգին ուղին կ՛որդեգրեն իրենց առօրեայ ընթացքին։
Որպէս Ազգային վարժարան, կը հաւատանք ու կը գործենք այս համոզումով եւ կ՛ապրինք ու կ՛ապրեցնենք հայերէնը մեր աշակերտներուն ու ապագայ հայ սերունդին մօտ:
Աշակերտները դասարանային զրոյցներու ընդմէջէն իրենց մտորումները բիւրեղացուցին ու ստեղծեցին կարգախօսներ՝ զանոնք արձանագրելով նախ իրենց միտքին ու հոգիին մէջ, ապա՝ շուրթներուն վրայ, եւ վաւերականացուցին զանոնք յատուկ թղթիկներու վրայ: Խանդավառութեամբ սկսուած գործը աւարտելէ ետք զայն յանձնեցին հայերէնի դասատուներուն:
Հպարտութիւն առթող գեղեցիկ պահեր… Գիտակցութեամբ համակուած ամբողջ ազգի մը մատղաշ սերունդը իր սեփական վտիտ ուսերուն վրայ կը բեռցնէր ազգային պատկանելիութեան եւ պահպանման ծանր բեռը: Անոնք իրենց կամքով չէ՛, որ հայ ծնած են, բայց հիմա անոնք գիտակցութեամբ եւ կամքով հա՛յ մնալու ուխտը կու տային՝ առաջին հերթին մայրենի լեզուին, ապա հայրենի հողին ու անշուշտ նաեւ՝ ապագայ սերունդին։
Անոնց արտայայտութիւնները շատ հարազատ ու գեղեցիկ էին: Մայրենիի կանչը անոնց խորերը թաքնուած անաղարտ սրբութիւն էր, որ այս առթիւ իրենց կենսունակ էութենէն դուրս պոռթկաց, որպէս խոստում ու երդում, եւ անոնք հաստատակամօրէն յայտարարեցին. «Հայերէ՛ն խօսինք»։
Պարզ ու խորունկ պատգամ մըն է այս տողը, միաժամանակ՝ հոգեհարազատ եւ ուսուցանելի: Այս պահուն մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է արթուն պահակի մը նման տէր ու պաշտպան կանգնիլ մեր ինքնութեան՝ հայ լեզուին, մեր գաղափարին՝ հայ միտքին, եւ մեր գիտակցութեան՝ հայ ոգիին։