Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ-Պառկիլ

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Եռակայմ առագաստանաւը իր կողին վրայ պառկած է աւազին վրայ: Ծովափի բնակիչները նախապէս ծովէն ելած ձուկ, մամուռ կամ փայտի կտոր տեսած են: Բայց, նաւ՝ երբեք: Հետաքրքիր բազմութիւն մը հաւաքուած՝ զարմանքով կը դիտէ այդ ընկողմանած անկոչ հիւրը, որ առաւօտեան մշուշին մէջ, ուրուականի մը նման՝ անդրաշխարհային տեսք ունի:

– Քաշենք, ծով վերադարձնենք,- կարծիք կը յայտնէ ծերուկ ձկնորս մը իր ճերմակ մօրուքը շոյելով եւ առանց ծխամորճը բերանէն հեռացնելու:

– Խելքի պառկելիք բան չէ,- կ՛առարկէ ուրիշ մը: Սպասենք, որ միջօրէին ջուրը քիչ մը բարձրանայ:

Ու կը սկսի սպասումի եւ մտաբերութեան միջոց մը:

– Պարոն Ստուգաբանութիւն,- կը մօտենայ ձկնորսը,- մարդիկ կը պառկին, ոչխարները կը պառկին, ինչո՞ւ նաւերը՝ ոչ…

– Ստուգաբանօրէն, անոնք ալ կրնան «պառկիլ»: Պահլաւերէն ծագում ունի «պառկիլ» չէզոք բայը: Եկած է հարաւ-արեւելեան Իրանէն, Ֆարս երկրամասէն: Նախնական արմատը parak է, որ կը նշանակէ՝ կող: Նաւը, որ ունի կողեր՝ ուրեմն «պառկած» է: Այս իմաստը, ըստ Աճառեանի հաստատումին, պատմաբան Օրբելեանի մօտ 13րդ դարուն, փոխաբերաբար դարձեր է «լերան կող»: «Պառակ» գոյականը տուեր է նախ «պառակիլ», ապա՝ «պառկիլ» բայը:

Կիսամերկ, մկանաւոր երիտասարդներու խումբ մը կը յայտնուի պարաններով, ձեռնոցներով:  æուրը սկսած է թիզ-թիզ բարձրանալու:

– Ահա հետաքրքրական համեմատութիւն մը, պարոն Ստուգաբանութիւն. կող, կողմն, ընկողմանիլ, ասոր դիմաց՝ պառակ, պառակիլ, պառկիլ:

– Եւ աւելին, ունեցեր ենք՝ պառակեցուցանել, պառակ դնել, պառակամայր, պառիկել, պառիկելեց, պառկան, պառկոտել, պառկուկ, պառկելախուց, պառկելատեղ բառերը: Միջնադարուն անկողինը կը կոչուէր՝ պառիկելիք:

– Իսկ մեր լեռնաբնակ հայրենակիցները ոչխարներու հօտին եւ անոնց պառկած տեղին կ՛ըսեն «պառակ»:

– «Պառակ-պառակ» արտայայտութիւնը կը նաշանկէ «խումբ-խումբ»: Բառը ունեցեր է նաեւ բացասական շառաւիղ. «պառակտել, պառատումն, երկպառակ, երկպառակութիւն»՝ խումբէն բաժնել, բաժանում, երկու խումբի բաժնուած, անմիաբան:

Արեւը բարձրացած է: Նաւախելէն մինչեւ ցռուկ նաւը շրջապատուած է ջուրով: Հուժկու տղաները կը սկսին զայն սահեցնել:

– Պարոն ձկնորս, կ՛արժէ յիշել բառին գաւառական ձեւերը: Յոգնաբեկ վանեցիները եւ ջուղայեցիները ծառի մը շուքին տակ սիրած են «պառկել», ալաշկերտցիներն ու մշեցիները՝ «պառգել», ակնցիները, զէյթունցիները, սեբաստացիները, տիգրանակերտցիները եւ սուետիացիները՝ «բառգիլ», նոր նախիջեւանցիները՝ «բառգել», հաճընցիները՝ «բարգել»:

– Յայտնի է, որ այս բառը «պառկած տեղը» աճեր է,- կը կատակէ ծերուկը:

– Ծիծաղելի է ձեր հաստատումը եւ ճի՛շդ: Ինչպէս առագաստանաւեր, նոյնպէս ալ «պառկիլ» բառը ծնունդ տուեր է երեւակայութիւններու: Փոխաբերական իմաստով անիկա կը նշանակէ՝ հիւանդանալ, մեռնիլ, թաղուիլ, գերեզման մտնել, գետնին փռուիլ (բռնցքամարտի մէջ՝ հակառակորդի հարուածէն գետին պառկեցաւ), նստիլ, տեղաւորուիլ, մտնել, տեղ ընել, (ձեր առաջարկը, պարոն տնտեսագէտ, խելքիս չպառկեցաւ), տարածուիլ, երկարիլ, (մեր առջեւ պառկած էր անծայրածիր տարածութիւն մը), ծռիլ, խոնարհիլ, (առագաստին ցռուկը պառկած էր) ու վերջապէս՝ մէկ տեղ կուտակուած մնալ, անշարժ մնալ, (շուկային մէջ մէկ յաճախորդ չի կայ, ապրանքները պառկած են խանութիս մէջ):

Տղաները ուսով կու տան թափ մը եւ թափ մը եւս… Նաւը կը հասնի բաց ծով: Ձկնորսը իր մարած ծխամորճը ուշադրութեամբ կը պառկեցնէ քարի մը վրայ, ապա կը մրմնջէ Մատթէոս Զարիֆեանէն քառեակ մը.

Ա՜հ, դուն գինովի դէմքըս չե՛ս տեսած,

Տժգոյն, անիմաստ, անյոյս ու վայրագ,

Երբ կ՛երթամ պառկիլ, երգով մ՛անառակ

Լոյսէ անկողինս՝ լուսինէն փռուած…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles