Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Համշէնահայ Ռոք Երգիչը Հրապարակած Է «Համշէնի Եայլաներ» Նոր Ձայնասկաւառակը

$
0
0

0615yasharkurt

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».– Համշէնահայ ռոք երգիչ Եաշար Քուրթ, որ իր հայ ըլլալը գիտցած էր 40 տարեկանին, հրապարակած է նոր ձայնասկաւառակ մը՝ «Համշէնի Եայլաներ» վերնագիրով: Այդ մասին հաղորդած է «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Եաշար Քուրթ իրեն հետ հարցազրոյց կատարած «Ակօս»ի լրագրողներէն Վարդան Էսթուքեանին յայտնած է, թէ 5 տարուան ընդմիջումէ ետք հրապարակուած «Համշէնի Եայլաներ» ձայնասկաւառակին երգերուն մէջ կ՛արտացոլան իր արմատներուն հետքերը, սեւծովեան շրջանի մեղեդիները:

Յատկապէս վերջին շրջանին համշէնեան մշակոյթի եւ հայոց լեզուի՝ Համշէնի բարբառը նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատուի: Ինչպէս նշած է Եաշար Քուրթ, թէեւ ինք փոքր հասակէն յաճախ այցելած է իր ծննդավայր Ռիզէն, սակայն համշէնաեան մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը վերջին տարիներուն աւելցած է:

Համշէնահայ երգիչը հարցազրոյցին ընթացքին ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ նոր ձայնասկաւառակին մէջ համշէներէնով ոչ մէկ երգ կայ, քանի որ, ինք ծագումով ըլլալով Ռիզէէն եւ համեմատաբար երիտասարդ, չի տիրապետեր հայոց լեզուին՝ Համշէնի բարբառին:

Եաշար Քուրթ այս գծով ըսած է. «Ափսոս, որ երիտասարդ սերունդը այլեւս չի տիրապետեր համշէներէնին: Գիտցողներն ալ այդ լեզուն խիստ հազուադէպ կը գործածեն: Համշէներէնին կը դիմեն միայն վրդովուած կամ կատակ ընելու ատեն: Չեմ կրնար ըսել, թէ երբեք չեմ լսած իմ մայրենիս, սակայն իմ լսած երգերուն մեծ մասը թրքերէն եղած են: Վերջերս, համշէներէն երգեր ներկայացնող «Վովա» խումբի եւ Այշենուր Քոլիվարի հետ միասին մտածեցինք, որ լաւ գաղափար պիտի ըլլայ համշէներէն համատեղ երգեր ներկայացնելը: Ո՞վ գիտէ, մի գուցէ ապագային հայերէն կամ համշէներէն ձայնասկաւառակ կը հրապարակեմ»։

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles