Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Վաղեմի Եւ Մօտիկ Բարեկամ՝ Մարզպետ Մարկոսեանի «Քաղաքներու Կախարդանքը»

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0629marzbed
Հայ հասարակութեան մօտ Մարզպետ Մարկոսեան ճանչցուած է որպէս հրապարակագիր մտաւորական: Իսկ իբրեւ կենսաբան-քիմիագէտ անոր համբաւը տարածուած է ամերիկացիներու մօտ, մանաւանդ Ամերիկայի գիտնականներու շրջանակէն ներս: Ան ամերիկահայ ըլլալէ առաջ եղած է լիբանանահայ: Ծնած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Մխիթարեան հայրերուն քով, ապա յաճախած է Բարեգործականի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Պզտիկուց եղած է գրասէր: Մինչ թաղին տղաքը դուրսը գնդիկ կը խաղային կամ հոլ կը դարձնէին, Մարզպետ տունը նստած՝ Րաֆֆի կը կարդար. «Տաճկահայք», «Խաչագողի Յիշատակարանը», «Խենթը» եւ միւսները: Բախտաւոր եղած է ընտանեկան յարկէն ներս վայելելու, մասնաւորաբար իր հօր եւ մանաւանդ իր երէց եղբօր՝ Խաչերի շնորհիւ, այցելութիւնը մտաւորականներու, արուեստագէտներու, ազգային գործիչներու, որոնք մեծապէս նպաստած են իր մէջ կերտելու հայ մարդը: Իրենց ընտանիքին մտերիմ եւ մնայուն բարեկամներէն եղած է Անդրանիկ Ծառուկեան:

Յովակիմեանի ուսուցիչները, կարդալով իր շարադրութիւնները, իր մէջ կը տեսնեն յատուկ կարողութիւն եւ սէր հանդէպ գրականութեան եւ կը յորդորեն, որ նուիրուի գրականութեան, մտածելով որ յետագային կրնայ ըլլալ շատ լաւ լրագրող մը, որուն կրնար նաեւ վստահիլ թերթի մը խմբագրապետութիւնը: Բայց ինք կը նախընտրէ գիտական ասպարէզ մը ունենալ, խորհելով, որ գրականութիւնը, որպէս կոչումի խնդիր, միշտ կրնայ գործարկել ձեռք բերուած ասպարէզի մը զուգահեռ:

Իր կենսագրութիւնը՝ կեանքի ուղիին մանրամասնութիւնները, ընթերցողը կը գտնէ «Քաղաքներու Կախարդանքը» Ա. հատորի վերջին գլխուն մէջ (էջ 391): Հոն նկարագրուած են Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողական տարիները, Ամերիկա մեկնումը, ձեռք բերուած գիտական յաջողութիւնները եւ այլ մանրամասնութիւններ, այնպէս որ մենք առաւելաբար պիտի անդրադառնանք իր գրական վաստակին:

Թարգմանական աշխատանքը Մարզպետ Մարկոսեանի գրական կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մին պիտի մնայ: 1978ին հայ բանաստեղծութեան ծաղկաքաղ մը թարգմանեց, յետագային Վահան Թէքէեանի «Ըմբոստութիւն Սրբազան»ը, Շէն Մահի «Կամար»ը, Եղիշէ Չարենցի «Հրոյ Երկիր»ը եւ «Երկու Աշխարհներու Ընդմէջէն»ը, Ա. Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը եւ այլ բանաստեղծներէ քերթուածներ: Այս աշխատանքներուն հիմնական նպատակին համար ան կ՛ըսէ. «Ծանօթացնել մեր մշակոյթը միջազգային գրական շրջանակներուն եւ մանաւանդ զայն մատչելի ընել անգլիախօս հայ երիտասարդութեան» (Ա. հատոր, էջ 397):

Բացի թարգմանական աշխատանքէն, Մարզպետ Մարկոսեան ունի ինքնուրոյն մատենագրական ժառանգութիւն: 2008ին տպագրած է իր առաջին հատորը՝ «Քաղաքներու Կախարդանքը», «Պոսթընեան Պատկերներ» խորագիրին տակ, Եռամաս դիտարկումներ նշումով, որ կը նշանակէ, թէ «Քաղաքներու Կախարդանքը» շարք մըն է, որ պիտի բաղկանայ երեք հատորներէ: Այս շարքին երկրորդ հատորն ալ տպուած է 2012ին, խորագրուած՝ «Նիւ Եորքցիները»: Իսկ երրորդը տպագրութեան յանձնուած է եւ պիտի կոչուի «Թեւաբեկ Հրեշտակներու Քաղաքին Մէջ»:

Հրատարակուած երկու հատորները մեծաւ մասամբ կը պարունակեն աւելի քան յիսուն տարուան յօդուածները, ցրուած՝ հայ մամուլի զանազան թերթերուն մէջ: Անշուշտ կան նաեւ անտիպ գրուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն հատորներուն մէջ, հրատարակութեան առթիւ: Ինչպէս օրինակ առաջին հատորին առաջին գրութիւնը՝ «Քաղաքներու Անվայրափակ Հմայքը», որ յառաջաբանի դեր ալ կը կատարէ:

Առաջին հատորը անմիջապէս չի սկսիր «Պոսթընեան Պատկերներ»ու հանդիսադրութեամբ: Գիրքը կը սկսի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի տարիներուն գրուած յօդուածներով: Ընդհանուրը՝ վեց յօդուած, լոյս տեսած «Նուիրում» աշակերտական պարբերաթերթին մէջ: Անկէ ետք «Լիբանանեան Պատկերներ», մեկնում դէպի Ամերիկա նախքան Պոսթըն հաստատուիլը:  «Պոսթընեան Պատկերները» իրականութեան մէջ, կը սկսին էջ 153էն: Ուրեմն առաջ մը կայ «Պոսթընեան Պատկերներ»էն, որ օղակուած է այս վերջինին հետ:

Մարզպետ Մարկոսեանի աշխատութեան հիմնական մասը նուիրուած է ազգային գաղափարախօսութեան եւ հայրենասիրական խնդիրներուն: Հարկ է նշել, որ հեղինակը գրական եւ մանաւանդ գեղագիտական հարցեր չի խնդրականացներ իր գրուածքներուն մէջ: Այս մասին իր տեսակէտը յստակ է: «Սփիւռքի մէջ որքա՞ն արդարացի է հայ գրողին զուտ գեղագիտական դիրքերէ մղուած ըլլալը՝ «արուեստը կամ գրելը՝ գրելու եւ արուեստի սիրոյն» միայն»: «…Հայ գրողը կամ մտաւորականը Սփիւռքի մէջ գեղագիտութենէն ու արուեստէն անդին պարտաւորութիւն մը ունի ինքզինքին հանդէպ ու ժողովուրդին կամ աւելի սեղմելով շրջանակը՝ ընթերցողներուն հանդէպ: Եւ մեր լինելութիւնը, մեր գոյութիւնը իբրեւ հայեր կը կազմեն լաստակերտումը հայ գրողի վաստակին: Այդքան պարզ ու յստակ» (Ա. հատոր, էջ 14):

Բաւական վիճայարոյց տեսակէտ մըն է վերոնշեալը, երբ գրականութեան հիմքին մէջ գրագէտէն կը սպասուին, մանաւանդ մեր օրերուն, այլ պարտաւորութիւններ: Մարզպետը տարրալուծարանի գիտաշխատող է, ուսումնասիրութեան ենթակայ առարկաներուն մէջ ծածկուած գոյեր լոյս աշխարհ բերող յայտնի գիտնական:  Գրականութեան պարագային, ինչպէս կը տեսնէք, նոյն կերպ չի խորհիր: Համաձայն չէ շատ, որ ընթերցողը պեղէ կարդացածը: Ձեւով մը արուեստագէտը կը հրաւիրէ ընթերցողին հաշիւը ընելու: Չի խօսիր հռետորութեան մասին, բայց տեսակէտը մտածել կու տայ այդ մասին: Իսկ նոր ժամանակներու մէջ արուեստագէտներ կը զգուշանան հռետորականէն, որովհետեւ կը նկատեն, թէ հռետորականը աւելի կը հմայէ ընթերցողը, քան՝ առիթ կու տայ մտածելու: Իսկ Մարզպետի միտքը արդեօք ընթերցողներու տագնապի՞ն մասին է: Եթէ այդպէս է, մեր համեստ կարծիքով, ընթերցողներուն տագնապը ուրիշ խնդիր է այսօր: Որովհետեւ տագնապ կայ նոյնքան նաեւ «պարզ»ին ու «յստակ»ին հետ:

Մարզպետը հանրածանօթ, յայտնի հրապարակագիր է: Ունի գեղեցիկ ոճ: Իր գրութիւններուն էջերը հարուստ են նիւթերու բազմազանութեամբ՝ ազգային, տեղային, միջազգային, եկեղեցական, ընկերային, քաղաքական, ընտանեկան, մշակութային: Անկախ մտածող է. իր միտքերու արտայայտութեան մէջ առարկայական է եւ անկաշկանդ: Չի հանդուրժեր կեղծաւորութիւնը, ատոր համար լախտի հարուածի պէս կ՛իջնէ երբեմն իր գրիչը: Եռահատոր իր գիրքերը որակած է դիտարկումներ: Բազմազան են իր հետաքրքրութիւնները իր դիտարկած նիւթերուն: Կ՛անդրադառնայ անոնց՝ միշտ տալով իր տեսակէտը յանուն հայութեան գոյատեւման, անոր յաւերժացման եւ ասոնց առնչակից հարցերու վերաբերեալ գաղափարախօսական արժէք ներկայացնող եզրակացութիւններ արտայայտելով:

Բարոյախօսական է իր հրապարակագրութիւնը եւ յորդորական. ունի ներբողեան հատուածներ, մանաւանդ հայրենանուէր իր բարեկամներուն հանդէպ. օրինակ «Պատուանդան, Դիմաքանդակներ» ենթավերնագիրին տակ, Ռուբիկի հետը, Պելմոնթի մենաւորը, Մտքի սերմնարկուն իր հասկաքաղին, Զարեհը: Նոյնպէս ներբողեան շունչ կը գտնենք «Հրաժեշտ Անդէնի Քառուղիներով Մեկնողներուն» բաժինին մէջ:

Երկրորդ հատորը սփիւռքեան վիճակը կը պատկերէ աւելի ցայտուն կերպով: Ցրուած հայորդիներու վերստին հաւաքը նայիրեան հարազատ երկրին մէջ: Կարօտն ունի հայրենիքի երկինքին ու արեւին: Հայրենասիրական տաք շունչով տոգորուած է այն յօդուածը, որ կը կոչուի «Նամակ Զրոյցի Մը Առիթով», ուր ներկայացուած է Սփիւռքի անկազմակերպ վիճակը ի դիմաց զինեալ պայքարի մարտիկներու հետապնդած նպատակին: Խանդութի հետ այլաբանօրէն այս խօսակցութիւնը երկրորդ հատորի ամէնէն արժէքաւոր գրուածքը կարելի է համարել:

Մարզպետ Մարկոսեանի հայրենասիրական աշխարհահայեացքը յայտնի է իր քաղաքական մօտեցումներով: Յաճախ կ՛անդրադառնայ քաղաքական ղեկավարներու, ազգային գործիչներու վերաբերեալ հարցերու, ինչպէս Սփիւռքի, նոյնպէս ալ Հայաստանի, Արցախի պարագային:

Ան յաւակնութիւնը չունի քաղաքական իմացաբանութեան տեսաբան նկատուելու: Իր կարծիքները, տեսակէտները կը բխին դիտարկուած դէպքերէն, երեւոյթներէն, որպէս հայ ժողովուրդի համեստ մէկ սպասաւորը: Իր տեսակէտները կ՛արտացոլեն սփիւռքահայ մարդու յոյզերը, ապրումները, մտատանջութիւնները, եւ ունի ակնկալութիւններ: Սրտառուչ է, երբ իր տողերուն մէջ կը խօսի ցեղին առհաւական ձայնէն, հարազատութենէն, խոհականութենէն: Համակուած է ցաւով եւ մտավախութեամբ, երբ ազգի ղեկավարութեան մօտ կը նշմարէ ուղղութիւն մը, որ ժողովուրդը կրնայ առաջնորդել կործանումի: Իր ողջ էութիւնը կ՛ալեկոծի, երբ մեր հասարակական կեանքին մէջ կը նկատէ հեշտանքն ու բարոյազրկումը, կենցաղային գայթակղութիւնները: Չի հանդուրժեր խոտորումը ճշմարիտ ընթացքէն: Ըսինք՝ իր հրապարակագրութիւնը բարոյախօսական, յորդորական եւ ներբողեան նկարագիր ունի: Հակառակ իր աւանդապաշտութեան, դէմ չէ կատարուող կարեւոր բարեփոխութիւններուն հասարակական ու հոգեւոր-բարոյական կեանքին մէջ: Յատուկ յարգանք եւ սէր ունի շարք մը պայծառ անհատականութիւններու հանդէպ, ասոր համար ալ իր գործին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն անոնք: Ուիլիըմ Սարոյեան, Շահան Նաթալի, Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեան, Տատուր, Սուրէն, Զահրատ, Համօ Սահեան, Վահագն Դաւթեան, Սողոմոն Թեհլիրեան եւ այլն:

Մարզպետ Մարկոսեանի հատորները կը ցոլացնեն Սփիւռքի մէջ շարունակուող տեղափոխութիւնները երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք եւ անոնց թողած կախարդանքը, հետքը ըսենք մշակոյթի, հասարակական-քաղաքական կեանքի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ինքնազարգացումի փուլերը ժամանակի եւ նոր միջավայրին մէջ:  «Պէյրութի մէջ ընկերներ, ընտանեկան պարագաներ կը պաշտպանեն անհատը, կը մեղմեն անակնկալներու դառն փորձանքները ու ձեւով մը մարդ կը յաջողի պահել իր հաւասարակշիռ ինքնավստահութիւնը: Պոսթընի մէջ առանձին է անհատը եւ ամէն ինչ ինք պէտք է դիմագրաւէ, ու իր ձախողանքը կամ յաջողութիւնը կախեալ է իրմէ ու միայն իրմէ: Յաջողութեան պարագային՝ հպարտութիւնն ու յաջողութեան պարգեւած ջերմ գոհունակութիւնը իրն են: Եթէ վիժի, առանձին պիտի տոկայ հետեւանքներուն կամ կքի անոնց ծանրութեան տակ: Պատահական օգնողներ գտնուին թերեւս, բայց պատահականութեան վստահիլ պիտի նշանակէր աւելի խորացնել վիժումին դառնութիւնը» (Ա. հատոր էջ 12):

Մարզպետ ունի նուիրապետական կարգ յարգելու ըմբռնում: Նուրբ է իր մէջ այդ զգայնութիւնը: Այդ ընկալումը ուժեղ է իր մէջ ո՛չ միայն ընտանեկան առումով, այլ նաեւ համայնքային, ազգային հաստատութիւններու հանդէպ ալ այդպէս է: Այդ ոգիէն կը բխին իր մէջ երախտագիտական խոր զգացումներ: Այդ զգացումներով տոգորուած՝ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ, հանդէպ իր ուսուցիչներուն, բարեկամ մտաւորականներուն: Օրինակ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի 40ամեակի գր-ուածքին մէջ, յարգանք Վահէ Վահեանի, Արա Թօփճեանի եւ ընդհանրապէս բոլոր իր ուսուցիչներուն հանդէպ: Վահէ Վահեանի հետ հանդիպումի մը ընթացքին առաջին անունով կը խօսի, «պարոն»ը պահելով, ինչպէս այդ տիտղոսը գործածած էր աշակերտական տարիներուն: Ամերիկահայ տիկին մը, որ ներկայ կ՛ըլլայ այդ խօսակցութեան, դիտողութիւն կ՛ընէ, որ ինչո՞ւ «պարոն»ը պահած է: «Խեղճ տիկինը», կը գրէ Մարզպետ, «ինչպէս պիտի գիտնար, ի վիճակի չէր հասկնալու, պարզագոյն հոգեվիճակ մը, թէ որքան տարիներ անցնէին, եւ մեր ու մեր ուսուցիչներուն միջեւ ժամանակամիջոցը նեղնար, անոնցմէ ոմանք, ոչ բոլորը, երբեք պիտի չդադրէին մեզի համար ըլլալէ «պարոն», որովհետեւ ատենին նոյն այդ մարդիկը մեզի սորվեցուցեր էին յարգել մեր մեծերը եւ իրենք իրենց կարգին պիտի չդադրէին բնաւ մեծ ըլլալէ մեզի համար, գոնէ ինծի համար» (Բ. հատոր, էջ 417): Արա Թօփճեանին ուղղուած բաժինին մէջ կ՛ըսէր. «Իր կանգնած կոթողը Յովակիմեան-Մանուկեանն է, իր աշակերտներն են, շրջանաւարտ կամ ոչ, կենդանի, շնչող, լիաթոք ապրող եւ ոչ մէկ մարմարեայ շքեղ կոթող կրնայ գերազանցել զայն, որովհետեւ իր պատրաստած կոթողները զինք կը տանին դէպի յաւիտենութիւն: Եւ, սիրելի Պ. տնօրէն, անձնդիր ուսուցիչ ու վարպետ, ընդունեցէք ընկերներուս եւ իմ ամենաջերմ մաղթանքները եւ երախտիքը ձեր անխոնջ, բարի վաստակին համար, որուն հասկաքաղին էք ներկայ այսօր» (Բ. հատոր, էջ 423):

Մարզպետ Մարկոսեանի գրիչը՝ նուիրուած ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթի ականաւոր գործիչներուն, այլ նաեւ ժողովուրդի ամէնէն համեստ երախտաւորներուն, տոգորուած է հայրենասիրութեամբ, ազգային ինքնագիտակցութեամբ ու միաժամանակ վառ տեսիլքներով Սփիւռքի եւ հայրենի երկրի ապագայի նկատմամբ: Իր վաստակը վստահաբար օգտակար պիտի ըլլայ սփիւռքագիտութեան գիտաշխատողներուն, որովհետեւ սփիւռքեան անոր կենսափորձը ունի իր իւրայատուկ տեղը:

Կը սպասենք իր երրորդ հատորին:

 

Փարիզ, 2016 Յունիս 19


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles