ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարմնական վնասուածքներուն ծանրագոյնը կը համարուի մարմնի մորթին այրուածքը, որ հրդեհին դիմաց հալելով կը թափուի մարդու մարմինէն, ահռելի ցաւերու մէջ թողելով ենթական:
Հրշէջ հիմնարկութիւնները, կը համարուին աշխարհի որեւէ քաղաքի ամէնէն կարեւոր հաստատութիւններէն, որոնք փութաջան օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն, կրակէ ահաբեկուած քաղաքացիներուն: Հրշէջներու փորձառութեան մասին պատմող հարցազրոյցները այնքան հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ունին երբեմն, որ տուեալ դէպքին ահաւորութիւնը ներկայացնելէ բացի, կրակին հետ մարտնչելու եւ անոր ձեռքէն կեանքեր փրկելու անոնց հերոսական արարքները կը ներկայացնեն: Կը պատահի նաեւ, որ նոյնիսկ տարիներու փորձառութիւն ունեցող անձեր, այս ասպարէզին մէջ, իրենց կեանքով փրկագին կը դառնան ուրիշներու կեանքին, նահատակուելով բոցեղէն լեզուներու կարմիր հորիզոնին վրայ:
Սանդղաւոր ինքնաշարժներու եւ ջրցան գործիքներու միջոցաւ, երբեմն բարձրայարկ շէնքերու ամէնէն վերի յարկերուն մէջ բռնկած հրդեհ մը մարելու համար, քաջասիրտ այս մարդիկը երեսուն քառասուն մեթր բարձրութեամբ օդին մէջ կ՛աշխատին, կրակով շրջափակուած անձեր փրկելու եւ կրակի գերութենէն ազատելու համար զանոնք:
Հրշէջներուն ընկերացող բուժօգնութեան ինքնաշարժները, յատկապէս այս պարագաներու համար նախապատրաստուած դեղորայքով կը հասնին աղէտահար թաղամասը, մորթային այրուածքներու յատուկ քսուքներով զինուած, գէթ զովացնելու համար այրող կաշին մարդկային մարմինին, մինչեւ ենթակային հիւանդանոցային դարմանումի եւ բժշկական ամբողջական խնամքի յանձնուիլը:
Այն հետքերը, որոնք մարդկային մարմինին վրայ կը մնան նոյնիսկ նուազագոյն այրուածքէ ետք, մնայուն յուշարարներ կը դառնան ո՛չ միայն կրակով բռնկած ենթակային, այլեւ զայն տեսնող պատահական անձին: Գեղագիտական բազմաթիւ վիրաբուժութիւններ երբեմն չեն յաջողիր մարդկային մորթը իր նախկին վիճակին բերել, երբ քանի մը խաւ արդէն այրած է կրակով:
Տարիները կը թաւալին եւ ահռելի ցաւերը կը մեղմանան, նոյնիսկ՝ չքանան, սակայն այրուելու դառն յուշերը կը մնան…: Այն պահը, երբ կրակով բռնկուած էր ենթական ու ամէն յոյս կորսնցուցած վերապրելու, մինչեւ իսկ հիւանդանոցային օրերու ընթացքին ապրած յուսալքութիւնները, երբեք չի՛ մոռնար ան, ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուած ըլլայ դէպքի ժամանակ:
Ֆիզիքական մորթին այսքան նուրբ ըլլալուն կ՛անդրադառնանք այն ատեն միայն, երբ անիկա վնասուի որեւէ ձեւով, ու յատկապէս կրակի այրուածքով: Ֆիզիքական մորթէն աւելի նուրբ մորթ մը ունինք սակայն մենք՝ մարդ էակներս, որով պատուած է մեր հոգին:
Հոգիին մորթը այնքան զգայուն է, որ ո՛չ թէ միայն կրակով կամ սուր իրով մը շուտով կարելի է վիրաւորել, այլեւ նուազագոյն անտեղի խօսքով…
Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վատթարացման գլխաւոր պատճառներէն մէկը, այս յարաբերութեանց սահմանները չիմանալուն հետեւանքն է: Կատակը եւ շիտակը իրարու հետ շփոթող մարդոց շատ կը հանդիպինք մեր շրջապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք թերեւս իրենց խօսած լեզուին (նոյնիսկ եթէ մայրենին է), լաւ տիրապետած չըլլալով, չե՛ն գիտեր ո՞ր մէկ բառը ե՞րբ կամ ո՞ւր գործածել իրենց խօսակցութեան ընթացքին, որուն հետեւանքով վիրաւորական նախադասութիւններ կը կազմուին անոնց բերանին մէջ, նուաստացնելով իրենց խօսակիցը: Այս վիրաւորանքը ուղղակի կը հասնի դիմացինի հոգիի մորթին, վնաս հասցնելով անոր արտաքին գեղեցկութեան ու փափկութեան: Նման ֆիզիքական մորթին, հոգիի այս մորթն ալ կ՛այլանդակուի, կը ձգուի ու կը կծկուի, կը չորնայ ու կը խորշոմի, ցաւ պատճառելով ենթակային:
Ի տարբերութիւն ֆիզիքական մորթի ցաւին, որ տարիներու թաւալքին հետ կը չքանայ, հոգիի մորթին ցաւը յաւիտեան կը տեւէ… Ինչքան ալ դարմանումներու ենթարկուի հոգեբուժներու աթոռներուն վրայ ընկողմանած, կամ մասնագէտներու «վիրաբուժութեան» սեղաններուն վրայ պառկած, դարձեալ մարդուն վէրքը կը կոտտայ: Իւրաքանչիւր յիշեցում այս մասին, ափ մը աղ կը ցանէ անոր վրայ, դարձեալ եռացնելով լերդանալու սկսած արիւնը:
Մինչեւ այստեղ «դրական ցաւ» կարելի է համարել հոգեկան այրուածք ունեցողին իրավիճակը, այսինքն՝ անիկա զոհ մը կարելի է նկատել ընկերային անարդարութեան կամ կոպիտ վերաբերումի: Սակայն, կայ նաեւ հոգիի այրուածքին միւս երեսը, երբ ենթական՝ տեսնելով իր հակակշիռէն դուրս եկած եւ յաջողութիւններով ծանրաբեռնուած նմանները, հոգեկան այրուածք կը զգայ, չկարենալով հասնիլ անոնց, դարձեալ զանոնք ընկճելու, կամ անոնց վնաս հասցնելու համար:
Այս պարագային հազար ու մի միջոցներու կը դիմեն նման թշուառականներ, զովացնելու համար իրենց հոգիի այրուածքը: Անոնց իմաստուններն ու տգէտները միասնաբար, ձեռքձեռքի տուած, հոգիի մորթը այրուածքէ ազատելու «քսուքներ» ձեռք կ՛առնեն, երբեմն իրարու հոգիին կը քսեն, հակառակորդին անունը վատաբանելով զիրար մխիթարելու փորձեր կը կատարեն, սակայն՝ ապարդիւն… այրուածքը կը յամենայ մնալ եւ ընդհակառակը, կը բազմապատկուի՝ նուազելու փոխարէն:
Ողբերգութեան հերոս այս տիպարներուն կողմէ գործածուող զովացնող «քսուք»ներէն գլխաւորը իրենց լեզուն է: Անոնց այնպէս կը թուի, թէ մարդկային լեզուն ալ շան լեզուին նման բուժիչ յատկութիւն ունի, որ վէրքերուն դպչելով, կրնայ դարմանել զանոնք: Սակայն, մարդկային լեզուն զրկուած է այս յատկութենէն: Ճիշդ է, անիկա ունի շատ աւելի կարեւոր յատկանիշ, որ խօսակցութիւնն է, սակայն բե-րանէն դուրս եկած խօսքը, միշտ ալ բուժիչ յատկութիւն չունի: Անիկա կրնայ ո՛չ միայն վիրաւորել, այլեւ վերյիշեցումներ կատարել անցեալի օրերէն:
Ճիշդ այս վերյիշեցումները, փոխանակ զովացնող «քսուք» դառնալու աղէտահար այս անձերուն, անոնց հոգիի այրուածքը կը բազմացնեն: Տգէտ թէ իմաստուն, ուսեալ թէ բանուոր, անոնք զիրար կը մխիթարեն, յաջողած անձին անցեալ օրերը վերյիշեցնելով իրարու, այն համոզումով, թէ կարծեցեալ ազդեցութիւնը, զոր կը բանեցնէին անոր վրայ, դարձեալ իր կործանարար դերը պիտի ունենայ: Յիշատակներու այս ծրարը, սակայն, շատ հեռու է հոգիի այրուածքին համար զովացնող քսուք ըլլալէ: Անիկա աւելի պիտի գրգռէ իրենց հոգիին մորթը, որ արդէն ձգուած, բարկացած, տկարացած ըլլալուն, շուտով պիտի պատռուի, թարմ արիւն դուրս ցայտելով:
Հոգիի այրուածք եթէ չես ուզեր ունենալ, սկիզբէն մտածէ հոգիդ միշտ զով պահելու մասին: Մորթդ արկածի հետեւանքով այրելը աւելի նուազ ցաւալի է, քան՝ հոգիի դէմքին վրայ երեւցող այրուածքները, որոնք որեւէ բուժում չունին: Միւս կողմէ, արդէն իր կեանքի յաջողութեան ճանապարհը գտած անձին համար ինչքան ալ մտածեն հին յուշերով վնասել, այնքան աւելի՛ պիտի այրի այն հոգիին մորթը, որուն ներսիդին կը լղորճուին նման մտածումներ: Ո՛չ մէկ հրշէջի վրայ կարելի չէ՛ յոյս դնել, հանդարտեցնելու համար հոգիի մորթին այրուածքը: