ՃԵՆԻՖԸՐ ԷՐԻՔՕ*
Տարեց մը ընկճուածութիւն կ՛ապրի կողակից մը կորսնցնելէ ետք: Ընտանիք մը ճնշուածութեան մէջ կը գտնուի՝ տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ: Մանուկ մը անզուսպ կերպով կ՛արտաբերէ դասընկեր մը եւ կարելի չ՛ըլլար զայն զսպել:
Շատեր կարիքը ունին հոգատարութեան: Բոլոր տեսակի ցեղային, տարիքային եւ ընկերային-տնտեսական խումբերու պատկանող ընտանիքներ, կ՛ունենան պահեր, երբ մասնագէտի մը միջամտութեան կարիքը կ՛ունենան: Ժամանակն է օգնութիւն փնտռելու, երբ ընտանիքի կենսունակութեան, անհատներու կեանքին կամ զաւակներու ընկերային եւ դպրոցական յառաջընթացին մէջ խնդիրներ կը զգացուին:
Յաջորդ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, այս օրաթերթը պիտի հրատարակէ «Փըսիֆիք Քլինիքս»ի կողմէ հովանաւորուծ յօդուածներ՝ մտային առողջութեան եւ համայնքի ծառայութեանց շուրջ նիւթերու մասին, ներառեալ՝ «Հայ-Ռեփ. Վայրը՝ Կարիքի Ժամանակ», «Ի՞նչը Կ՛առաջնորդէ Դէպի Կարիքի Ժամանակը. Հայերը, Կարելիութիւններու Երկրին Մէջ», «Սերունդներու Յարաբերութիւնները Հայ Ընտանիքին Մէջ», «Հայ Ծնողներ Եւ Իրենց Երեխաները», «Զգացական Նեցուկ Մեր Ոսկեայ Տարիներուն», «Անձկութիւն՝ Ծայրայեղութեան Տանող Մտատանջութիւն», «Ի՞նչ Են Մտային Խանգարումները», «Մոլութիւններ՝ Պատանիներու Ծնողներուն Գլխաւոր Մտահոգութիւնները» եւ «Ընտանեկան Բռնութիւնը Ու Հայ Ընտանիքը»:
1926ին հիմնուած «Փըսիֆիք Քլինիքս»ը դարձաւ առաջնորդ՝ մշակութային զգայուն ծրագիրներ եւ իրենց կեանքին մէջ դժուարութիւններ ունեցող անհատներուն ծառայութիւններ հայթայթելով: Ոչ-շահութաբեր այս կազմակերպութիւնը կը ծառայէ տարեկան 18,500 անձերու՝ հինգ գաւառներու մէջ: Հարաւային Քալիֆորնիոյ հսկայ բազմազանութիւնը՝ մշակութային եւ լեզուական առումներով, յաճախորդներու եւ ընտանիքներու յատուկ ծառայութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնէ: «Փըսիֆիք Քլինիքս»ի բազմացեղ անձնակազմը կ՛առաջարկէ անգլերէն, սպաներէն, քանթոներէն, մանտարերէն, թայուաներէն, թոյշեներէն, չիու շօ լեզու, ճափոներէն, քորէայերէն, թակալոկերէն, վիէթնամերէն, քամպոտերէն, հայերէն եւ պարսկերէն ծրագիրներ ու ծառայութիւններ: Անիկա ունի ծրագիրներ եւ միջոցառումներ, որոնք յատկապէս կը կեդրոնանան, ի միջի այլոց, Խաղաղական ասիական, հայկական, լատինական եւ ափրիկեցի-ամերիկեան համայնքներու կարիքներուն վրայ:
«Փըսիֆիք Քլինիքս»էն ներս կը պաշտօնավարեն 1300 լիաժամ եւ կիսաժամ անձնակազմի անդամներ, ներառեալ՝ հոգեբոյժներ, հոգեբաններ, դարմանատան ընկերային ծառայողներ, ամուսնական եւ ընտանեկան բժիշկներ, հոգեբուժական արհեստագէտներ, վերականգնման խորհրդատուներ ու վարչական պաշտօնեաներ. այլ մասնագէտներու կարգին են՝ հիւանդապահներ, առողջութեան հսկիչներ, մանուկներու աճման մասնագէտներ, աշխատանքի եւ բնակարանային մասնագէտներ, վարժողական դասերու հետեւողներ եւ ուսանողներ:
«Փըսիֆիք Քլինիքս»ը նուիրուած է մտային առողջութեան կարեւորութեան վերաբերեալ հայ համայնքի դաստիարակութեան եւ ծառայութեան գործին: Այդ պատճառաւ է, որ Հայկական խորհրդատուական յանձնախումբը (Armenian Advisory Board), հիմնուած՝ 2008ին, որոշեց տրամադրել սոյն յօդուածները: Յանձնախումբը կազմուած է 20 անդամներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մասնագէտ է իր ճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքին մէջ: Յանձնախումբին նպատակն է հայ համայնքին մէջ գտնել թիրախային զանգուածները, որոնք կարիք ունին վարքի (կենցաղային) առողջութեան ծառայութեանց, եւ ազդարարել ու խորհուրդ տալ այդ պէտքերը գոհացնելու նպատակով ծրագիրներ զարգացնելու համար:
Կարգ մը հարցեր, զորս «Փըսիֆիք Քլինիքս»ը կը մատնանշէ, վերոնշեալ տարածքին մէջ սովորական են, մինչ այլ հարցեր իւրայատուկ են՝ մշակութային տուեալներով: Շատ կարեւոր է, որ մարդիկ, որոնք կարիքը ունին խօսելու, գտնեն մասնագէտներ, որոնք մշակութային առումով նրբազգաց են եւ կը խօսին իրենց լեզուն:
Այս մէկը կարեւոր է նաեւ համայնքի կրտսերագոյն անդամներուն համար: «Փըսիֆիք Քլինիքս Հետ Սթարթ էնտ Ըրլի Հետ Սթարթ Փրոկրեմզ»ը (Pacific Clinics Head Start and Early Head Start Programs) կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ ամէն մանուկ պատրաստ է դպրոց երթալու: Այս ծրագիրները կը ներառնեն դաստիարակութիւն եւ կարելիութիւններ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ՝ մանուկին համար:
Յոյսով ենք, որ կը գտնէք օգտակար տեղեկութիւններ՝ ընթացիկ նիւթերուն մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն՝ օգնութեան դիմելու վայրին մասին, եթէ դուք թէ ձեզի ծանօթ անձեր կարիքը ունիք անոր: Եթէ կը փափաքիք ունենալ վերոնշեալ նիւթերուն վերաբերող յաւելեալ տեղեկութիւններ, հաճեցէք այցելել www.pacificclinics.org կայքը կամ հեռաձայնել Pacific Clinic Call Center 1-877-722-2737 թիւին:
*Ճենիֆըր Էրիքօ՝ «Փըսիֆիք Քլինիքս»ի (Pacific Clinics) Հանրային հարցերու տնօրէն