ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուծոյ գոյութեան չհաւատացող մարդոց թիւը համեմատականօրէն սկսած է բարձրանալու, հակառակ քրիստոնէական բազմապիսի քարոզչութիւններուն, համաշխարհային տարողութեամբ կատարուած ուսուցումներուն եւ երիտասարդական շրջանակներուն մէջ եկեղեցիներու ծաւալած քարոզարշաւներուն:
Անհաւատներուն անուս տեսակները, ընդհանրապէս խնդիր ունին Աստուծոյ անտեսանելիութեան կամ ոգեղինութեան հետ: Այն, ինչ չենք տեսներ, ճիշդ է, դժուար է անոր հաւատալը: Սակայն մեր կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնց գոյութեան կը հաւատանք առանց տեսնելու: Ամէնէն պարզ օրինակը մեր նախահայրերուն գոյութեան ընծայած մեր կոյր հաւատքն է: Ո՞վ ըսաւ, որ անոնք գոյութիւն ունեցած են: Սակայն, կուրօրէն կը հաւատանք անոնց գոյութեան, եւ աւելին, կ՛ընդունինք, թէ անոնք մեր նախահայրերն են: Դեռ աւելին, անոնցմէ սերած ըլլալ կը դաւանինք մենք մեզի, ուսումնասիրելով մեր կենցաղային կամ նախասիրական այլ ընդհանրական յատկութիւնները, իբրեւ ցեղային առանձնայատկութիւններ: Ուրեմն, ինչո՞ւ կը դժուարանանք զԱստուած մեր Հայրը ընդունելու որոշման մէջ, որ աւելի մեքենականօրէն կամ բնազդաբար պէտք է կատարէինք: Կամ՝ ինչո՞ւ չենք հաւատար, թէ Արարիչ մը գոյութիւն ունի տեսանելի եւ անտեսանելի աշխարհներուն համար, երբ այլ պատասխան տալու կը դժուարանանք մեզի ուղղուած հարցումներուն:
Անհաւատութեան կամ Աստուծոյ գոյութեան խնդիրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ չդարձնելու պարագան, նաեւ իր պատճառը ունի մարդկային անտարբերութեան կեցուածքին մէջ: Այսինքն՝ կան մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած չեն ընդհանրապէս Աստուծոյ մը գոյութեամբ, մինչեւ այն ատեն, որ իրենց սեփական կեանքին հետ մասնաւոր առընչութիւն չունի այս «խնդիրը»: Անաստուածեան համակարգեր երկար տասնամեակներ հակաքարոզչութիւն կատարեցին, մարդկային հոգիէն ու միտքէն դուրս շպրտելու համար Արարիչի մը գոյութիւնը, փորձելով ամէն ինչ բացատրել նիւթով ու մարդկային հնարաւորութիւններով: Ժամանակը փաստեց, թէ անոնք սխալեցան ու սխալած ըլլալու նոյն իրավիճակին մէջ պիտի գտնուին դեռ նման հայեացքներ ունեցողները:
Աստուծոյ գոյութիւնը ժխտող, կամ իր հոգիին մէջ Անոր գոյութեան հաւատալու դժուարութիւն ունեցող մարդիկ, ընդհանրապէս նիւթական աշխարհին հետ կը բաղդատեն մարդ էակը: Անոնք պարզ համեմատութիւն կատարելով՝ կըսեն, թէ նիւթը աւելի հզօր է, քան մարդը: Իրենց այս թէզին վրայ պնդելու նպաստաւոր փաստարկում իբրեւ կը ներկայացնեն այն, թէ նիւթը մարդէն աւելի երկար կը գոյատեւէ: Հազարաւոր դարեր առաջ պատրաստուած ոսկեայ իրեր, քանդակուած քարեր եւ այլ առարկաներ ցոյց տալով՝ անոնք կըսեն, թէ մարդը չկայ, բայց՝ նիւթը դեռ կայ:
Բռնազբօս մտածողութիւն կարելի է անուանել նման մօտեցում, որովհետեւ շատ հեշտ պատասխաններ ունին անոնց ներկայացուցած այս հարցադրումները: Անհոգի կամ անշունչ նիւթը ի՞նչ արժէք ունի, երբ անոր «կեանք» տուող կամ զայն արժեւորող մարդը չկայ: Քարը տասը հազար տարի եւ աւելի ալ գոյատեւէ, պիտի չիմանայ, թէ ինք քար է, կամ՝ որեւէ բանի գործածական: Մա՛րդն է, որ զայն պիտի արժեւորէ՝ քանդակի ձեւ տալով անոր կամ որեւէ այլ կառոյցի համար օգտագործելով զայն:
Կրօնական գաղափարախօսութիւններու եւ հաւատալիքներու արտայայտած անմահութեան գաղափարը վերոյիշեալ մարդոց համար անհաւատալի կը թուի, բայց միայն մահուան իրականութիւնը ընդունելի է, իբրեւ վերջակէտը մարդ էակի գոյութեան այս աշխարհին վրայ: Ուրեմն, նիւթին անմահութիւնը կը քարոզեն անոնք, հակադրելով զայն մարդուն սահմանափակ գոյութեան երեւոյթին այս կեանքի մէջ:
Հակառակ այս իրողութեան ու անհաւատներուն կողմէ ներկայացուած այս աժան փաստարկումներուն, համայն մարդկութեան սիրտին ու հոգիին մէջ անժխտելի կը մնայ կարօտի զգացումը:
Եթէ ուզենք բացատրել, թէ ի՞նչ է կարօտը, կը տեսնենք, որ անիկա շատ անձնական եւ որոշ չափով անբացատրելի զգացում մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր անհատ մարդ իր սեփական փորձառութեան հիման վրայ կրնայ բանաձեւում կատարել: Եթէ սկսինք «մարդկային կարօտ»ներէն, այսինքն՝ երբ իբրեւ մարդ ուրիշ մարդ էակ մը կարօտնանք, կը տեսնենք, թէ մեր կարօտցած ենթակային ինչքա՛ն մեզի մօտ կամ հարազատ ըլլալը մեծ տարբերութիւն պիտի ընէ կարօտի զգացումին խորութեան կամ բնոյթին վրայ: Օրինակ, եթէ մեր կարօտցած էակը մեր ծնողն է՝ հայր կամ մայր, կարօտը տարբեր խորութիւն եւ բնոյթ կը ստանայ: Եթէ ան քոյր է կամ եղբայր՝ տարբեր, իսկ եթէ սիրած էակ մըն է՝ ամբողջութեամբ տարբեր գունաւորում կը ստանայ կարօտի մեր զգացումը:
Իր անհաւատութեամբ շրջապատին զարմացնող «հաւատացեալ» մը, որ իր կեանքին ընթացքին մեծ ցնցում մը ապրելէ ետք եկած էր այն համոզման, թէ Աստուած չկայ, առիթով մը ըսաւ ինծի.
_ Ճիշդ է, որ ալ չե՛մ հաւատար Իր գոյութեան, սակայն՝ երբեմն կը կարօտնամ:
Աւելի մեծ վկայութիւն կարելի չէ՛ր գտնել Աստուծոյ գոյութեան մասին, քան կարօտի այն զգացումը, որ նոյնիսկ անհաւատ մարդու հոգիին մէջ գտնուեցաւ Աստուծոյ համար…
Աստուած այն էակն է, զոր միշտ պիտի կարօտնանք: Յատկապէս նեղութեան պարագային կը զգանք, թէ կը կարօտնանք այն Էակը, որ մեզի պէտք է ճի՛շդ այդ պահուն: Կը կարօտնանք, այսինք՝ կը փնտռենք: Անհաւատութիւնը կը պարտուի կարօտէն: Իր իմաստէն կը պարպուի անհաւատութիւնը, երբ կարօտը կը լեցնէ հոգեկան դատարկութիւնը: Կարօտի զգացումին թեթեւ կամ զօրեղ բոլոր տեսակները փաստեր են, թէ մենք կը հաւատանք անոր, որուն կը կարօտնանք: Կարօտի զգացումը չի՛ թողուր, որ երեւակայութեան մէջ ստեղծուած էակներ համարենք ա՛յն էակները5 զորս կը կարօտնանք: Միւս կողմէ, կարօտի զգացումը մեր եւ այդ էակին միջեւ եղած հազարաւոր կամ անհաշուելի մղոններու հեռաւորութիւնը կը կրճատէ, մեզի այնքան մօտեցնելով այդ էակին:
Մեր կարօտնալիք էակներուն մէջ ամէնէն կարօտնալիքը Աստուած ի՛նք է: Մարդու հոգիին ամէնէն մօտիկ գոյութիւնն է Ան, որուն կարօտով ալ կը փակէ մարդը աչքերը, հանդերձեալին մէջ Անոր հետ գրկընդխառնուելու մեծ յոյսով:
Անհաւատ «հաւատացեալ»ը անգիտակցաբար թող տուաւ իր բերնէն այդ նախադասութիւնը՝ ըսելով, թէ չի՛ հաւատար, բայց կը կարօտնայ, պատճառ դառնալով մեր խորհրդածական սոյն գրութեան: Վստահ ենք, թէ շատե՜ր անգիտակից այդ կարօտի զգացումով կը տուայտին ամէն օր, առանց իմանալու, թէ ինչո՞ւ կը կարօտնան այն Էակը, որ իր սիրոյ իբրեւ գերագոյն արտայայտութիւն ստեղծեր է աշխարհը ու կեանք տուեր է մարդուն:
Փնտռէ՛ հոգիիդ ծալքերուն մէջ կարօտի այս զգացումը եւ անպայման պիտի գտնես զայն, որովհետեւ կարօտներուդ ամէնէն իրականն է ու անհրաժեշտը՝ այս եւ միւս կեանքիդ համար: Թերեւս դո՛ւն ալ չես հաւատար, բայց կը կարօտնաս…