Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նոր Տարին Առիթ՝ Խաղարարար Սահմանագծումներու Դէմ Առ Դէմ

$
0
0

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

0000ChiftjianԲացուող նոր՝ 2017 տարին դիմաւորած ժամանակ, ստիպողաբար մեր մարդկային մտածումները՝ չարն ու բարին իրարու կը խառնուին, ի տես աշխարհի մէջ ծայր առած անմարդկային բռնարարքներու՝ պատերազմներու, ահաբեկչութիւններու, սպանութիւններու եւ գաղթականութիւններու: Վերջապէս կ՛ուզենք, որ 2016ին հետ ասոնք ալ վերջ գտնեն, կ՛աղօթենք, կը խնդրենք Աստուծմէ, որ խնայէ համայն մարդկութեան:

Բարի Աստուծոյ ստեղծագործութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր երեւոյթ անպայման բարի պէտք է ըլլայ, իսկ այս արարչագործութեան թագն ու պսակը համարուած մարդը՝ իր Արարիչին պատկերով, միայն ու միայն բարի:

Ստեղծագործութեան արդիւնք բոլոր էակները՝ անասուններ, բոյսեր, նիւթ, բնազդային եւ կրաւորական իրենց ներկայութեամբ անգիտակից մասնիկներն են ընդհանուրին: Իսկ բանական մարդը, գիտակից եւ ներգործական մասնակցութիւն ունի Աստուծոյ արարչագործութեան մէջ, ո՛չ թէ հեռուէն դիտողի դերով, այլ՝ մասնակցողի եւ իր հերթին՝ ստեղծագործողի:

Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան ռահվիրայ հոգեւորականները միշտ փնտռած են չարիքի արմատը: Մեր շարականներուն միջոցաւ փոխանցուած եղանակաւոր եւ յանգաւորեալ աստուածաբանութեան տողերուն մէջ եւս կը հանդիպինք նոյն մատնանշումին, ըստ որուն, պէտք է արմատախիլ ընել չարիքի արմատը, որ խաղաղութիւնը կը ջնջէ մարդոց կեանքէն: Մեր եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեան էջերուն չարիքի արմատ համարուած է արծաթսիրութիւնը:

Հոգեւոր գրականութիւնը, իբրեւ նախազգուշացման եւ հոգեւոր արթնութեան ուղենիշ հաւատացեալներուն համար, դարէ դար երբեք չէ՛ դադրած արգասաւոր ըլլալէ, եւ իւրաքանչիւր դարաշրջանի մէջ յայտնուած խնդիրներու մասին յատուկ պատգամներով արձագանգած է մարդոց հոգիներուն մէջ:

Ճիշդ է թէ արծաթսիրութիւնը՝ դրամամոլութիւնը, տակաւին կը շարունակէ չարիքի արմատ համարուիլ, սակայն նոր ժամանակներուն անոր վրայ աւելցեր են երկու այլ արմատներ՝ ստախօսութիւնը եւ սահմանազանցութիւնը, որոնք նուազ վնասակար եւ նոյնիսկ նուազ վտանգաւոր չե՛ն, քան՝ արծաթսիրութիւնը:

Յատկապէս անձնական շահին համար խօսուած սուտը, իր անհատական, ազգային եւ միջազգային ըմբռնումով, այնքան բնական դարձեր է, որ սովորութիւն ըրած ենք նման ստախօսներու հագցնել ճշմարտախօսի սպիտակ շրջազգեստը, կամաւորաբար հաւատալով անոնց խօսած հաճոյալի ու շահառիթ սուտերուն:

Դժուարութիւնները միշտ կը փնտռենք հեռուն: Մինչդեռ, անոնք մեզի շատ մօտ կը գտնուին: Մեր ազգին ու եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին եւ մեր համայն ժողովուրդին գլխուն եկած փորձանքներուն, նեղութիւններուն պատճառը մենք ուրիշներուն քով չփնտռենք: Մեր ազգի կեանքին մէջ, ամէն մակարդակի վրայ, կան դաւադիր դաւաճաններ, որոնք աներեւոյթ կը գործեն՝ քայքայելու մեր ազգի, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքի կեանքը: Մենք, իբրեւ հայեր, որ շատ կը սիրենք գնահատական պարգեւներ բաշխել իրարու, ինչպէս նաեւ շքանշաններով զարդարուիլ եւ զարդարել ուրիշները, իբրեւ առաջին գնահատանք, ստախօսները կը պարգեւատրենք, եթէ ոչ շքանշանով, գէթ հաւատալով անոնց ըսածին ու յուսադրելով զանոնք փայլուն ապագայի խոստումով:

Արծաթսիրութեան եւ ստախօսութեան արմատ չարիքներու շարքին երրորդը, որ համափառակից է անոնց, սահմանազանցութիւնն է:

Ներկայ աշխարհի քաղաքական յարձակողապաշտ մօտեցումները, հողային եւ ինքնորոշման իրաւունքէն կը զրկեն որոշ երկիրներ եւ ազգեր, մոռնալով որ իւրաքանչիւր երկիր, ժողովուրդ, եկեղեցի, թեմ, ընտանիք եւ անհատ ունի իր սահմանները: Մարդը իր սահմանազանցութիւններով խաղաղութիւնը կը չքացնէ աշխարհի երեսէն: Իր աստուածապարգեւ ազատութեամբ միշտ հպարտ մարդը կը մոռնայ, որ այդ ազատութիւնը կը վերջանայ ճիշդ հոն, ուրկէ կը սկսի ուրիշի մը ազատութիւնը: Սահմանազանցը բնականաբար խառնարար է, որուն պատճառով ծայր կ՛առնեն պատերազմները, խռովութիւնները, թշնամութիւնները, ատելութիւնները, ոխն ու քէնը եւ ի վերջոյ՝ մարդասպանութիւնը:

Նման արարքներու հեղինակները հիւանդագին հոգիներ են, որոնք կը կարծեն, թէ աշխարհի ամէնէն իմաստունը իրենք են: Մինչդեռ, արծաթսիրութեան եւ ստախօսութեան հետ, չարիքի այս երրորդ արմատին՝ սահմանազանցութեան ձախող ճարտարապետներն են, որոնց պատճառով փուլ կու գայ աշխարհի խաղաղ բնակչութեան կեանքի շէնքը: Միեւնոյն երկրի քաղաքացիներ, միեւնոյն կրօնի հետեւորդներ ու միեւնոյն ազգութեան պատկանող զաւակներ յանկարծ կը թշնամանան, կ՛ատեն զիրար, առանց իմանալու, թէ իրենց կեանքէն խաղաղութեան չքացման հիմնական պատճառը սահմանազանց երկիրը կամ անձն է:

Ահա չարիքի երեք արմատներ, որոնց վրայ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան պիտի աւելնան նորերը: Ուրեմն, միայն արծաթսիրութիւնը ճանչնալով, չենք կրնար գտած ըլլալ մեր կեանքին մէջ յայտնուող բոլոր չարիքներուն արմատը: Արծաթսիրութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր քայքայիչ դերը, սակայն միւս երկուքը անոր անբաժան մասնիկները դարձեր են:

Նոր Տարուան սեմին, աշխարհը դարձեալ ականատես դարձաւ սահմանազանցումներու: Ի՛մ տեսակէտը, ի՛մ իրաւունքը, ի՛մ ըմբռնած արդարութիւնը, ի՛մ կրօնը, ի՛մ ազգութիւնը, ի՛մ օրէնքը, ի՛մ հասկցած խաղաղութիւնը ուրիշին պարտադրելու յիմարութիւնը կործանումի պիտի առաջնորդէ ո՛չ միայն մէկ երկիր, մէկ կրօն, մէկ ազգութիւն, մէկ եկեղեցի, այլեւ համայն հասարակութիւնը, անհանդուրժողութեան ախտը տարածելով բոլորին ուղեղներուն մէջ:

Տարեգլուխները առիթներ են որոշումներ կայացնելու: Անհատներ եւ հաւաքականութիւններ կրնան օգտուիլ այս բացառիկ պատեհութենէն: Անոնք, որոնք կը յամառին իրենց տեսակէտներուն վրայ իբրեւ անհատներ, ո՛չ միայն չարիքի երրորդ արմատ սահմանազանցութեան վրայ կը խարսխեն իրենց փուճ գործունէութիւնը, այլեւ իրե՛նք իսկ կը վերածուին չարիքի նոր արմատի մը, շարքին մէջ չորրորդը հանդիսանալով:

Չարիքի այս երրորդ արմատը՝ սահմանազանցութիւնը, չի՛ թողուր նաեւ, որ իր խաղաղ կեանքով ապրող հաւաքականութիւնը շարունակէ իր բնականոն կեանքը: Դրական գործը, կառուցողական աշխատանքը, շինարար ոգին եւ եղբայրասէր մթնոլորտը տապարի հարուած կը ստանան, սահմանազանց մարդոց ամենակուլ ախորժակին դիմաց: Մինչդեռ, եթէ իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն եւ անհատ իր սահմաններուն մէջ վերոյիշեալ չորսին՝ դրական գործին, կառուցողական աշխատանքին, շինարար ոգիին եւ եղբայրասէր մթնոլորտին հանդէպ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերէ, այն ատեն խաղաղութիւնը իր սպիտակ թեւերը կը տարածէ իւրաքանչիւրի սահմաններէն ներս, երջանկութեամբ պայմանաւոր կեանք ստեղծելով մարդոց միջեւ:

Ստախօսին թեթեւ քայլերով արշաւող սահմանազանցը անպայման ունի արծաթսիրութեան ախտը իր հոգիին մէջ, որուն երազով տարուած՝ կ՛ասպատակէ ուրիշներու սահմանները, աւեր ու քանդում, ահ ու մահ սփռելով իր չորս դին:

Այս նոր՝ 2017 տարին թող ըլլայ ուխտի տարի, յատկապէս երկրորդ եւ երրորդ տեսակի չարիքի արմատներէն հեռանալու, անշուշտ առանց մտահան ընելու առաջինը՝ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ չարիքի արմատ համարուած արծաթսիրութիւնը:

==========================================================

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՎՐԷԺ ԵՒ ԱՐՄԻԿ ԹՈՄՊՈՒԼԵԱՆ ՍԻՆԹԻԱ ԵՒ ՍԻԼՎԻԱ
Կը Շնորհաւորեն Իրենց Յարգոյ
Յաճախորդներուն, Ազգականներուն Եւ Բարեկամներուն
ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ

VREJ PASTRY

www.kingofpastry.com
1074 North Allen Ave.
Pasadena, CA
626-797-2331
1791 E. Route 66,
Glendora, CA
626-914-1940
11148 Balboa Blvd.
Granada Hills, CA
818-366-2526
==================================================

Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
Թող ձեր բոլորին նոր ցնծութիւններ
պարգեւեն եւ սիրով լեցնեն հոգիները ձեր

Չրախչեան Ընտանիք
===================================================

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles