Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նոր Տարուան Մաղթանքներ Փոխանակելու Սովորութիւնը

$
0
0

ՍԵՒԱՆ ԱԶԱՐԻԿԵԱՆ-ՊԱՐՄԱՔՍԶԵԱՆ

 

Nordarvanmaghtankner1Նոր Տարուան առիթով մաղթանքներ փոխանակելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ անիկա ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՛ եկած է: Բայց պատմութեան ընթացքին անոր կը հանդիպինք տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:

Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն յայտնաբերուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ուղարկել բրինձի թուղթով պատրաստուած այցելութեան բացիկներ, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներով գրուած կ՛ըլլային հրաւէրն ուղարկող անձին անունը եւ պաշտօնը: Որքա՛ն հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքա՛ն մեծ կ՛ըլլար բացիկը: Եւրոպայի մէջ, ԺԵ. դարուն, հարուստները նոյնիսկ իրենց բացիկները գունազարդել կու տային:

1843ին, Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլ, գծագրիչ Ճոն Քալքոթ Հարսլիէն կը խընդրէ իրեն համար պատրաստել բացիկ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ բովանդակէ «Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ» մաղթանքը: Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս՝ տպագրական հաստատութիւններու շնորհիւ:

1930ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ Կրիթինկզ»ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը Համաշխարհային Բ. պատերազէն ետք կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Նշեալ մաղթանքները սովորաբար կ՛ուղարկուէին 1 Դեկտեմբերէն 31 Յունուարի միջեւ:

Հինէն ի վեր մարդիկ կը հաւատան, թէ տարուան առաջին օրը արտասանուած մաղթանքը կը կատարուի կամ ի զօրու կը մնայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Այդ մաղթանքը տեսակ մը աղօթք է, որ կ՛ուղղուի Աստուծոյ կամ, ըստ հեթանոսական աւանդութեանց՝ Կաղանդի աստուծոյ:

Հեթանոս այդ աստուածը հռոմէացիներուն քով կը կոչուէր Եանիւս, որ կը բազմէր շքեղ գահի մը վրայ, աջ ձեռքին մէջ մական, ձախ ձեռքին՝ բանալի, եւ ունէր երկու երես. մէկը կը նայէր դէպի ետեւ, միւսը՝ դէպի առջեւ: Դէպի առջեւ նայող երեսը երիտասարդ էր, իսկ միւս երեսը, որ ետեւ կը նայէր՝ ծեր: Հռոմէացիներուն կարծիքով, Եանիւսը, իբրեւ տարուան առաջին օրուան աստուած, մէկ երեսով կը նայէր անցեալին, իսկ միւսով՝ ապագային:

Կան ժողովուրդներ, որոնք կը հաւատան, թէ իւրաքանչիւր օր իր ճակատագրական ու կախարդական ազդեցութիւնը ունի, հետեւաբար, ամբողջ տարին իր նկարագիրը կը փոխէ՝ համաձայն այն օրուան, որ տարեսկիզբը կը կազմէ:

nordarvanmaghtankner2 Այսպէս, երբ Կաղանդը իյնայ Կիրակի օր, ձմեռն ու գարունը կ՛անցնին մեղմ, բայց՝ խոնաւ ու հողմակոծ, ամառը՝ տաք, իսկ աշունը՝ հաճելի. այդ տարին առատութիւն կ՛ըլլայ: Երբ Կաղանդը իյնայ Երկուշաբթի օր, ապա ձմեռն ու գարունը կ՛անցնին բարեխառն, ամառը՝ հովոտ եւ ամպրոպային, իսկ աշունը՝ քաղցր. այդ տարի, գինին առատ կ՛ըլլայ, բայց մեղրը՝ քիչ: Երբ Կաղանդը իյնայ Երեքշաբթի օր, ձմեռը կ՛անցնի մթամած ու ձիւնոտ, գարունը՝ ցուրտ ու խոնաւ, ամառը՝ փոթորկոտ, աշունը՝ փոփոխական, ծովերու վրայ ալեկոծութիւնը անպակաս, իսկ գինիի արժէքը՝ նուազ: Երբ Կաղանդը Չորեքշաբթի օր ըլլայ, ձմեռը կ՛անցնի խստաշունչ, գարունը՝ տաժանելի, ամառը՝ քաղցր, աշունը՝ ցուրտ ու խոնաւ. հացահատիկն ու պտուղը առատ կ՛ըլլան այդ տարի, բայց երեխայ ու անասուն շատ կ՛անհանգստանան: Երբ Կաղանդը ըլլայ Հինգշաբթի օր, ձմեռը կ՛անցնի հողմակոծ եւ անձրեւոտ, գարունը եւս՝ թաց, ամառը՝ պայծառ, աշունը՝ խոնաւ, բայց առատութիւն կ՛ըլլայ հացահատիկի, գինիի եւ պտուղներու: Երբ Կաղանդը ըլլայ Ուրբաթ օր, ձմեռը կ՛անցնի բնական, գարունը՝ առաւել կամ պակաս հաճելի, ամառը՝ փոփոխական, աշունը՝ գէշ-աղէկ. հունձքը առատ կ՛ըլլայ այդ տարի, բայց կը վնասուին փոքր եղջերաւոր անասունները: Երբ Կաղանդը ըլլայ Շաբաթ օր, ձմեռը կ՛անցնի ձիւնոտ ու դժոխաշունչ, գարունը՝ հովոտ, ամառը՝ բաւական հաճելի, աշունը՝ երաշտ, ծովուն վրայ՝ փոթորիկ, իսկ սեղաններուն վրայ՝ առատ ձուկ:

 

ՎԱՆԻ ՄԱՂԹԱՆՔ

«Անուշ մեղր ուտենք, որ տարին անուշ զրուցենք, անուշ լսենք, անուշ վարուինք»:

«Շնորհաւոր տօնն ու տարին, նոր Կաղանդն եւ իւր բարին, ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք Ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:

 

Սովորութիւնները, Հաւատալիքներն Ու Նախապաշարումները Մարաշի Մէջ

 

Հայկական ու հայաբնակ բոլոր շրջաններուն նման, Մարաշի մէջ եւս բոլոր տօները կ՛ուղեկցուէին ծիսական աւանդոյթներով, ինչպէս՝ Կաղանդի գիշերը «Աւետիս» երգող խումբերու շրջայցերը եւ նուէրներ պահանջելը:

Մարաշցի հայոց տօնականիին առաւել ուշագրաւ բաժինը տօներուն նուիրուած բանահիւսական նիւթերն էր: Ժողովրդական տօնախմբութիւնները կ՛ուղեկցուէին տօներուն նուիրուած յատուկ երգերով, երգային մրցոյթներով, նուագներով, զուարճախօսութիւններով, որոնք տօնական հանդիսակարգին մաս կազմելով՝ լաւագոյնս կ՛արտացոլէին ժողովրդական ստեղծագործութեան կենսունակ ջիղը մարաշահայոց մէջ։

Շրջանառած են բազմաթիւ քառեակներ, որոնք այնքա՜ն պատկերաւոր կերպով կը ցոլացնեն մարաշցի հայուն սիրտի բաղձանքներն ու հոգեկան կարօտները: Այս երգ-քառեակները, թէեւ թրքերէն, սակայն կը հնչէին հայ ժողովրդական տաղերու խորքով ու շունչով. անոնց շարայարողները Մարաշի հայ ժողովրդական աշուղները եղած են: Ժամանակակիցներու վկայութեամբ՝ բոլոր երգերը բերնուց կը սերտուէին եւ կ՛երգուէին ժողովուրդին կողմէ:

Բնականաբար, տօնական հանդիսութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն անբաժան էին մարաշցի հռչակաւոր աշուղներն ու նուագածուները: Բնատուր ձիրքերով օժտուած քաղցրաձայն երգիչներ, նուագածուներ, զուարճախօսներ եւ աշուղական տաղասացներ կը շրջէին տեղէ տեղ եւ կը ճոխացնէին ժողովրդային տօնախմբութիւնները: Իսկ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր մարաշցին, աւելի կարեւորութիւն կ՛ընծայէր տօնին կրօնական նշանակութեան եւ եկեղեցական ծիսակարգին, սակայն, ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ, կրօնական տօնը կը շարունակուէր ժողովրդական աւանդութիւններով ու սովորութիւններով:

Հայկական գրեթէ բոլոր շրջանակներուն նման, Մարաշի հայը Նոր Տարուան սկիզբը՝ տարեմուտը, կը տօնէր Յունուար 1ին. այս տօնը, ժողովուրդին կողմէ գործածուող գաւառաբարբառով անուանուած էր՝ Կաղընտէս, որ Կաղանդ (Նոր Տարի, Ամանոր) բառին բարբառային աղաւաղուած ձեւն է:

Կաղընտէսի տօնակատարութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ՝ Դեկտեմբեր 31ին, ընթրիքի սեղանին շուրջ: Ըստ եկեղեցական կանոնացուած սովորութեան՝ Ծնունդի նախորդող շաբաթը պահք է. Նոր Տարուան տօնն ալ այդ շաբթուան մէջ զուգադիպելով՝ մարաշցի հայերը խստօրէն կը հետեւէին պահքի յատուկ կերակուրներ ճաշակելու կանոնին, նոյնիսկ Նոր Տարուան տօնին մսեղէն եւ անասնական ծագում ունեցող մթերքներ չէին ուտեր: Այդ շաբաթ խստօրէն արգիլուած էր նաեւ իրիկնամուտին կամ գիշերը որեւէ գործ մը աշխատիլը, այլապէս՝ «Քրիստոս կը նեղուէր»:

Նոր Տարուան սեղանի զարդն էր «ըռպէվ շորվօն» (անուշապուր)՝ ծեծածով, սիսեռով եւ ռուպով պատրաստուած ապուրը: Մարաշցի տանտիկինը կը պատրաստէր ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով ճաշեր ու աղանդեր: Այս բոլորին կողքին, յատուկ տեղ ունէին նաեւ մառանին մէջ պահ դրուած չոր եւ թարմ մրգերն ու զանազան քաղցրեղէնը՝ շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա, սամսա եւ այլն:

Մարաշի մէջ այս տօնին բնորոշ համահայկական սովորութիւններէն կարելի է համարել Նոր Տարուան գիշերը 10-12 տարեկան տղոց շրջայցերը եւ տօնը շնորհաւորելու աւանդոյթը: Ընտանիքի անդամները հազիւ ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած՝ կը սկսէին «Կաղընտէս» պտտող տղոց այցելութիւնները: Պատանի տղաք, իրենց տան մեծերէն «կաղընտուելէ» ետք, այսինքն՝ իրենց Կաղանդի նուէրները ստանալէ ետք, տանիք կ՛ելլէին եւ ուրախ-զուարթ ձայներ կ՛արձակէին՝ կանչելով «Կաղընտէ՜ս, պապուդ քէսէն եէս»:

Այսպէս, տանիքէ տանիք ցատկելով, տուներու բուխերիկներէն պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը պարանով վար կ՛իջեցնէին եւ Նոր Տարուան գալուստը կ՛աւետէին՝ «Աւետիս»ներ երգելով:

 

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

Մարաշի մէջ Ս. Ծննդեան տօնը կ՛ուղեկցուէր եկեղեցական եւ ժողովրդական արարողութիւններու յատուկ ծիսակարգով, որ սերտ աղերսներ ունէր բուն Հայաստանի գաւառներուն մէջ տարածուած ծէսերուն եւ սովորութիւններուն հետ:

Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ Պզտիկ Զատիկ, որ Մարաշի բարբառով հանդէս կու գար համանման՝ «Պտիկ Զատակ» ձեւով:

Կաղընտէսի նման, Ծննդեան տօնակատարութիւնը եւս կը սկսէր նախորդ օրուընէ, քանի որ տօնին կը նախորդէր թաթախման երեկոն՝ խթման գիշերը, զոր հայ ընտանիքները կը դիմաւորէին առատ սեղաններու շուրջ: Ծննդեան նախապատրաստութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ նաեւ այն պատճառով, որ ծիսական ընդունուած կարգով՝ կը լուծուէր Ծննդեան նախորդող պահքի շաբաթը, յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ համապատասխան արարողութիւններով:

Ծննդեան նախորդող օրը ընդունուած էր կենդանի զենել. յատկապէս հարուստ ընտանիքներ, յատուկ այդ օրուան համար խնամուած ոչխար կամ ուլ կը մորթէին եւ անով կը պատրաստէին Ծննդեան տօնի մսեղէնով յագեցած կերակուրները:

Ծննդեան տօնի բուն ժողովրդական հանդիսակարգը կը կեդրոնանար խթման գիշերուան յատուկ ճաշատեսակներով եւ զանազան խորտիկներով բեռնաւորուած ընթրիքի սեղանին շուրջ: Սովորաբար, երեկոյեան ժամերգութենէն վերադառնալով՝ Ծնունդին նախորդող մէկշաբաթեայ պահքը կը բանային կէսօրին՝ մատաղի կամ պարզ մսաջուր խմելով:

Այդ երեկոյ, տօնական սեղանը կը զարդարէին մսեղէնը՝ ոչխարի լիցք, քիւֆթէի տեսակներ՝ խաշուած կամ սաճի վրայ խորովուած, «մէջէւ քիւֆտօ» (միջուկով քիւֆթէ), կշկուռ, նաեւ հում քիւֆթէ, առատ իւղով պատրաստուած բրինձի կամ ծեծածի փիլաւներ, վրան՝ միսի կտորներ, պիստակ եւ նուշ: Սեղանի զարդերն էին չոր միրգերով, չամիչով եւ ռուպով պատրաստուած խոշապը եւ զանազան անուշեղէնները:

Ընդունուած սովորութեան համաձայն, Ծննդեան տօնին, տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը համար «Աւետիս»ները երգելով՝ նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով, բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց. սովորոյթ մը, որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը. արդարեւ, Ծննդեան տօն կամ Զատիկ ըսելով՝ կը հասկնանք նաեւ՝ մանուկներու տօն:

Սուրբ Ծննդեան տօնը կը շարունակուէր առաւօտեան Սուրբ պատարագի մասնակցութեամբ, փառաբանութեան երգերով եւ սաղմոսերգութեամբ:

Ժամանակակից հեղինակներ կը մատնանշեն Մարաշի մէջ Կիրակի կամ տօնական օրերու եկեղեցական արարողութեանց ժամանակ ժողովուրդին խուռներամ ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մարաշցիներու խոր յարգանքն ու ակնածանքը եկեղեցական կանոնացուած տօներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն հանդէպ:

 

=======================================

 

Տէր եւ Տիկ. Վարանդ
Եւ Քրիսթին Յովնանեան

Ջերմագին Մաղթանքներով
Կը ՇնորհաւորենՀամայն Հայութեան
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
=======================================
Tashdjian Trading Company

Կը Շնորհաւորեն
Իրենց Յաճախորդները
Նոր Տարուան Եւ
Ս. Ծննդեան
Ուրախ Առիթներով

dba
Novatex Int’l
3351 E. Slauson Ave.,
Vernon, CA 90058
=========================================

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը

Կը շնորհաւորէ համայն հայութեան
Նոր Տարին ու Սուրբ Ծնունդը
ցանկալով բոլորին
քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք
Հովանաւոր՝
Լուդովիքա եւ տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան
=============================================
Armenian Youth
Association of California

Քալիֆորնիոյ Հայ
Երիտասարդաց Միութիւն

===========================================

Wishing all of our clients,
friends, and family
a joyous Holiday Season
and a prosperous New Year
Engaged exclusively
in the practice of Family Law

Consultation, Litigation, Collaborative Law and Mediation
818-291-6340
=========================================================

Dr. Sahag & Mrs. Kathy Baghdassarian
Wishing You A Healthy
& Prosperous 2017

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles