Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Փայծաղ – Spleen

$
0
0

Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Փայծաղը (spleen) կապոյտ-մանիշակագոյն կակուղ օրկան մըն է, որ հարուստ է անօթներով (vessels) եւ արիւնով: Անիկա անծորան (ductless) գեղձ մըն է: Փայծաղը ունի 12-13 սմ. երկարութիւն, 7-8 սմ. լայնք եւ 4-5 սմ. հաստութիւն: Անիկա կը գտնուի փորի ձախ եւ վերի բաժինին մէջ եւ ստոծանիին (diaphragm) տակը: Անոր դիրքորոշումը կախեալ է ստոծանիի շարժումներէն եւ շնչառութեան հոլովոյթէն:
Փայծաղը օժտուած է կշռութային պռկումներով, որոնք կ՛արագացնեն իր մէջ կուտակուած արեան շարժումը:
Փայծաղը կազմուած է երկու տեսակի հիւսկէններէ.
1- Սպիտակ միջուկ հիւսկէններէ (white pulp), որոնք կ՛առնչուին մարմինի դիմադրողականութեան հետ՝ արտադրելով ճերմակ գնդիկներու T եւ B խմբաւորումները: T եւ B բջիջները կը յառաջացնեն պաշտպանողական հակամարմիններ (antibody).
2- Կարմիր միջուկ հիւսկէններէ (red pulp), որոնք կը գործեն որպէս զտիչ եւ որպէս արեան շտեմարան: Անոնք կը կազմեն փայծաղին 75-80 տոկոսը:
Փայծաղի հիմնական դերակատարութիւններն են.
1- Կ՛արտադրէ հակամարմիններ եւ կ՛օժանդակէ մարմինի դիմադրողական համակարգին (immune system).
2- Կ՛ամբարէ եւ կ՛արտադրէ արեան ճերմակ գնդիկներ.
Այս երկու դերակատարութիւնները կը կատարուին սպիտակ միջուկ հիւսկէնին կողմէ:
3- Կը գործէ որպէս արեան զտիչ՝ կը վերցնէ իրեն հասած արեան օտար մարմինները, մանրէները եւ կործանած-մահացած կարմիր գնդիկները:
4- Կ՛ամբարէ մահացած կարմիր գնդիկներուն ներկանիւթը (hemoglobin), որ արեան շրջագայութեան մէջ մտնելով կը հասնի ոսկրածուծ եւ կը գործածուի նոր կարմիր գնդիկներու արտադրութեան.
5- Չափահասներու մօտ, երբ ոսկրածուծը վնասուի եւ կարմիր գնդիկներու արտադրութիւնը նուազի, փայծաղը կը հասնի օգնութեան եւ մասմբ մը օգտակար կը դառնայ կարմիր գնդիկներու արտադրութեան.
6. Արեան ճերմակ գնդիկներու եւ թիթեղիկներու (platelets) շտեմարան:
Վերոյիշեալներուն վերջին չորս դերակատարութիւնները տեղի կ՛ունենան կարմիր միջուկ հիւսկէնին մէջ:
Անհատ մը կրնայ ապրիլ առանց փայծաղի:
Յաճախ փայծաղը կը հատուի ամբողջութեամբ զանազան պատճառներով: Այս պարագային անոր պաշտօնները կը կատարէ լեարդը: Սակայն փայծաղի հատումով մարմինի դիմադրողականութիւնը կը տկարանայ եւ անհատը հակամէտ կ՛ըլլայ շատ մը բորբոքումներու:
Փայծաղի հիւանդութիւնները հետեւեալներն են.
Ա. Փայծաղի ծաւալում.
Բ. Փայծաղի գերգործունէութիւն.

Ա. Փայծաղը կրնայ ծաւալիլ եւ մեծնալ: Այս ծաւալումը դրսեւորումն է զանազան տեսակի մարմնական հիւանդութիւններու, օրինակ՝ բորբոքումներ, սակաւարիւնութիւն (anemia), լեարդի փճացում (cirrhosis), վարակիչ միակորիզ բջիջախտ-համբոյրի հիւանդութիւն (infectious mononucleosis), թոքախտ, մալարիա, մալթեան տենդ (brucellosis), տրփախտ (syphilis), աւշային գեղձերու խլիրդ (lymphoma), Hodgkin հիւանդութիւն, սպիտակարիւնութիւն ((leukemia), արեան դանձրացում (polycythemia), մանգաղանման կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութիւն (sickle cell anemia) եւ փայծաղի պարկեր:
Փայծաղի ծաւալումը բացայայտ է, անոր կ՛ընկերանան հետեւեալ ախտանշանները.
ա. Ճնշումի ցաւ ստամոքսին վրայ.
բ. Սակաւարիւնութիւն.
գ. Կրկնովի բորբոքումներ
դ. Արիւնահոսում:
Վերջին երեքը կը պատահին փայծաղի գերգործունէութեամբ (hyperfunction), սակայն անոր յարակից շատ մը ախտանշաններ կը պատահին համաձայն ծաւալումին հիմնկան ախտապաճառին:
Այս ախտանշաններուն զուգահեր կը տեսնուին նաեւ ծաւալումը յառաջացնող հիւանդութեան ախտանշանները:

Ծաւալումի հիմնական ախտապատճառի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին շարք մը արեան քննութիւններ եւ փայծաղի համակարգչային (CT Scan) եւ մակնիսարձագանգային նկարահանումներ (MRI):
Փայծաղի ծաւալումի դարմանումը կախեալ է ախտապատճառ հիւանդութենէն: Ծաւալումը ընդհանրապէս ինքնին դարմանումի չի կարօտիր:
Բ. Փայծաղի գերգործունէութիւնը կը յառաջանայ փայծաղի ծաւալումով:
Փայծաղի գերգործունէութիւնը կը յառաջացնէ.
ա. Արեան կարմիր գնդիկներու նուազում եւ սակաւարիւնութիւն.
բ. Արեան ճերմակ գնդիկներու եւ արեան թիթեղիկներու նուազում.
գ. Ոսկրածուծի գերաշխատանք՝ որպէս փոխհատուցումի (compensation) միջոցառում առատ կարմիր գնդիկներ արտադրելու համար:
Փայծաղի գերգործունէութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով փայծաղի ծաւալումը եւ արեան կարմիր ու ճերմակ գնդիկներու եւ թիթեղիկներու նուազումը:
Գերգործունէութեան դարմանումը կ՛իրականանայ.
ա. Դարմանելով անոր բուն ախտապատճառը.
բ. Կատարելով փայծաղի վիրահատում:
Փայծաղի հատումէն ետք անհատը կ՛ունենայ յաճախակի մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ:
Հետեւաբար՝ ան պէտք է ստանայ յատուկ դեղեր սատարելու համար մարմինի դիմադրողականութեան:
Գ. Ծաւալած փայծաղի պայթում.
Անիկա ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ ուղղակի հարուածով մը: Փայծաղի պայթումը կրնայ պատահիլ հազուադէպօրէն համբոյրի հիւանդութեամբ վարակուած անհատներուն:
Պայթումի հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ փայծաղի մեծ արիւնահոսում: Արիւնը կը կուտակուի որովայնին մէջ եւ կը յառաջանայ փորի ցաւ, փորի ուռածութիւն, արագ սիրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում եւ նուաղում:
Փայծաղի պայթումի ախտաճանաչումը կը կատարուի փորի եւ փայծաղի համակարգչային եւ մակնիսարձագանգային նկարահանումով:
Պայթած փայծաղը պէտք է վիրահատուի:
Դ. Փայծաղի թարախակոյտ (abscess).
Անիկա կը յառաջանայ.
ա. Փայծաղի ուղղակի հարուածով յառաջացած բորբոքումով.
բ. Արեան ճամբով հոն հասած մանրէական բորբոքումով:
Ե. Արեան թիթեղիկներու համախմբում-մեկուսացում (platelet sequestration).
Այս կացութիւնը կը տեսնուի զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով ծաւալած փայծաղին մէջ: Անոր կարեւոր ախտանշանն է՝ արեան թիթեղիկներու նուազում (thrombocytopenia): Այս կացութիւնը կը դարմանուի փայծաղի հատումով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles