ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Ծառ տնկեցէք, եղբայրնե՛ր, կաղնի…
– Պետրոս, յիշէ՛ աջ ու ձախ փոքրիկ քայլեր առնել:
– Ծառ տնկեցէք, եղբայրնե՛ր, կաղնի, սօսի…
– Խոհական եւ հպարտ թող ըլլան թէ՛ ձայնդ, թէ՛ նայուածքդ:
Սարդարապատի յուշապատին տակ ի՜նչ ազգօգուտ աւանդութիւն. ճանաչողական պտոյտով Հայաստան ճամբորդած աշակերտները ծառ պիտի տնկեն: Մեր խումբին կը միանան մայրաքաղաքի Աւետիսեան վարժարանի սաները: Զոյգեր կը կազմեն: Մէկը տունկը պիտի դնէ փոսին մէջ, միւսը հողը պիտի թափէ վրան: Հապա ջրե՞լը… Աւելի՛ հաճելի, խաղի պէս: Իսկ Պետրոսը կը պատրաստուի արտասանելու Զարեհ Խրախունիի «Այս Ծառը Սուրբ» բանաստեղծութիւնը: Ծառատունկի այս տարուան «արարողութիւնը» որոշած ենք արտասանութեամբ կատարել:
Հակիրճ բացատրութիւններ եւ ուղղութիւններ՝ ծառ տնկելու մասին, եւ 70 պատանիները անմիջապէս կը լծուին գործի: Այդ միջոցը կու տայ առիթ՝ «ծառ» բառին եւ ծառերու խորհուրդին մասին մտածելու, մինչ Պետրոսը կորովով կը սկսի արտասանելու.
– «Ծառ տնկեցէք եղբայրներ, կաղնի, սօսի, եղեւնի, Պարտէզին մէջ, դաշտերուն, Լերան վրայ, Ժայռերուն, Քարքարուտին ապառաժի, Ձեր թաղարին սովորական, Կամ սեղանին ամէնօրեայ»…
Ինչպէ՞ս արմատ տուաւ այս բառը մեր լեզուին մէջ: Հարցում մը, որուն մասին, կ՛երեւի, առաջին անգամ մտածեր է Գրիգոր Տաթեւացին՝ 14րդ դարուն: Ըստ այս լեզուաբանին, նաեւ՝ աստուածաբան, իմաստասէր, դասախօս եւ վանահայր «Տաթեւ» վանական համալսարանին, «ծառ» բառի ծագումը կարելի է մեկնաբանել երեք ձեւերով: Առաջինը՝ «Ծառայ», որովհետեւ անոնք բոյսերուն տէրն են, բայց՝ մարդոց ծառան. «Զի ծառայք են մարդկան, եւ տէր բուսոց։ Իսկ բոյսք եւ տունկք միշտ ծառայք են»: Երկրորդը՝ «Ծուռ», որովհետեւ ծառին ոտքերը (ոստերը) այս կողմ եւ այն կողմ կը հոսին: Երրորդը՝ «Ծեր», որովհետեւ Արարիչին հրամանով, «ի սկզբանէ» գոյութիւն ունեցեր են, ուստի՝ մարդոցմէ աւելի՛ ծեր են:
– «…Ծառ տնկեցէք, ո՛ւր ալ տնկէք պիտի բռնէ անպայման»…
Իսկ նոր դարերուն, բազմաթիւ հայ եւ օտար լեզուաբաններ շարունակեցին իրենց կարծիքը յայտնել: Անոնք, ներառեալ՝ Հրաչեայ Աճառեան, հասած են հետեւեալ եզրակացութեան. «Ծառ». բնիկ հայկական բառ: Բունը՝ «g՛ers», որ կը նշանակէ՝ «ոլորել, ճկուն ճիւղերէն, թուփերէն ու մացառներէն բան հիւսել»: «Ծառ»ին ճիւղերը հասան մինչեւ հին Յունաստան եւ հոն ունեցան ծննդակից բառեր, ինչպէս՝ «ղարրա»-ցուպ, գաւազան, «ղարսանա»-մացառ եւ «ղերրոն»-ոզորահիւսք, ոզորով հիւսուած որեւէ բան, ցանկապատ: Ճիւղ մըն ալ երկարեցաւ մինչեւ Սկանտինաւիա, ու դարձաւ kjarr-մացառ:
– «Այս ծառը սուրբ պիտի կանգնի, պիտի աճի, ուռճանայ, Պիտի երկինք բարձրանայ, Ամէն առտու այգաբացին ստուերն անոր պիտի հասնի մեծ լերան»…
Ծառը սիրեց հայրենի եւ հայերէնի հողին մէջ աճիլ: Խարբերդի, Համշէնի, Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ դարձաւ Ձար, Ագուլիսի մէջ՝ Ծօռ, Զէյթունի մէջ՝ Ձօռ, Հաճնոյ մէջ՝ Ձօր: Որպէս պտուղ՝ տուաւ բազմաթիւ արտայայտութիւններ. Ծառախիթ լինել, այսինքն՝ ծառերու մէջ թաքնուիլ, նաեւ Մատաղատունկ ծառ, Հինաւուրց ծառ, Պտղատու ծառ, Թզուկ ծառ, Ծառ Արուեստի (Արիստոտելի 10 ստորոգութիւնները), Ծաղկազարդի ծառք, Ծառ կացուցանել զհերս (մազերը փուշ-փուշ ըլլալ), Իւրում ծառոց ի վերայ ելանել (իր փափաքը կատարել), Չար ծառը բարի պտուղ չի բերեր, Երբ ձուկը ծառ ելլէ, Պտուղը ծառէն հեռու չիյնար…
Ծառը աճեցաւ մարդուն հետ, դարձաւ բծախնդրութեամբ եւ արուեստով գծագրուած ու գեղեցկօրէն շրջանակուած «Տոհմածառ», որ գուրգուրանքով կախուեցաւ մեր տուներէն ներս:
– «Շուք պիտի տայ արեւափառ ոսկեծածան հանդերուն, Հազար բարեւ ու բիւր բարիք պիտի առնէ ամպերէն, որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն»…
Մեր «ծառ» բառի սաղարթը՝ Աստուածաշունչի սուրբ թարգմանիչներու, Նարեկացիի եւ Մխիթար Գօշի գրիչներուն տակ պերճացաւ: Ունեցաւ դալար բառեր, ինչպէս՝ ծառանալ, ծառաստան, ծառազարդ, ծառազարդար, ծառկոտրունք, ծառուկ, ծառուտ, ծառպահ, ծառօրէն, ծառավերաց, ծառափթիթ, մեծածառ, քաջածառ, խտածառ… Առաջին «ծառատո՞ւնկ»ը… Զայն կը պարտինք Ագաթանգեղոսին: Սուրբ Գիրքին մէջ տեղ գտած «Կենաց Ծառ»ը (նաեւ՝ Աշխարհածառ, Տիեզերական Ծառ, Բեղմնաւորութեան Ծառ, Երկնային Ծառ) դրախտային այն ծառն է, որ կու տայ անհամար պտուղներ, կը խորհրդանշէ կենդանի էակներու աճը աշխարհի վրայ ու կեանքի յաւերժական, վերընթաց գիծը. Ծն-ունդ, Ծաղկունք, Պտղաբերում: Կենաց Ծառը իր գեղեցկագոյն պատկերացումները ունեցաւ միջնադարեան հայկական քանդակագործութեան եւ մանրանկարչութեան մէջ:
– «…Ու կը շոյեն սաղարթն անոր մշտադալար, ալեւոր… Օ՜, տնկեցէ՛ք, Ամուր ձեռքով խնամեցէք»…
Ըստ Ղուկաս վրդ. Ինճիճեանի «Ստորագրութիւն Հին Հայաստանեայց» (1822, Վենետիկ) աշխատասիրութեան՝ Ռշտունեաց գաւառի ծովեզերեայ Ոստան աւանը զարդարուած էր ծառերով. «Աւանն Ոստան ի՛ գաւառի Ռշտունեաց, որ է յոյժ բարեխառն… նաեւ ծառովք պտղաբերովք սաղարթեալ եւ այգաւէտ բազմութեամբք յոյժ վայելչացեալ զարդարի…»:
– «Զարդարեցէ՛ք, Պաշտպանեցէք, Պաշտեցէք»…
Նոր շրջաններուն ունեցանք՝ ծառկտուց, ծառաբանութիւն, ծառադարմանութիւն, ծառազուրկ, ծառախիտ, ծառակերպ: Լոյսերու քաղաք Փարիզը մեզ ներշնչեց, որ ունենաք՝ ծառուղի:
«Ծառ» բառը, այնքա՛ն ճիւղաւորեալ է, բազմատերեւ, եւ ունի փոխաբերական բազմաթիւ ի-մաստներ, ինչպէս՝ «Զաւակ»: Ահա՛ Վ. Թէքէեանի «Զաւակս» բանաստեղծութենէն մէջբերում մը. «Երբ ես ծըռիմ՝ ան բարձրանա՜ր քովս ի վեր, Իմ սպառած կեանքիս հիւթովն առըլցուկ»:
Մինչ Մատթէոս Զարիֆեանի համար՝ «Ինծի համար խորհրդանիշն էր ան Ուժին, Կեանքին, Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…»:
Նաեւ՝ «Վերապրում». «Կացինահար ծառն էր նման շիրմաքարի, Սեւ գերեզման մը խոժոռ, Բայց իր կողէն, Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով, Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք» («Ծառը»):
Տիրան Չրաքեան բոլորովին տարբեր աշխարհահայեացք ունի: Պոլսոյ պարտէզներուն կամ գերեզմաննոցներուն մէջ նոճիներն են, որոնք զինք կը հրապուրեն. «Ո՜վ մշտակոթող, խուռն եւ սեւ նոճիք… Դէպի վերամբարձ անհունը կ՛աճիք»… («Մահէն Ներ-շնչում»)։
Իսկ Զարեհ Խրախունիի «ծառ»ը հայրենիքի անկախութեան խոր-հրդանիշն է, ու այդ բառերով ալ կը վերջանայ Պետրոսին արտասանութիւնը.
– «Ազատութեան ծա՛ռն է այս»… («Այս Ծառը Սուրբ», 1991)։
Կ՛աւարտի ծառատունկը: Հայրենիքը այսօր կը դառնայ աւելի՛ ծառապատ: Պետրոսը կը հարցնէ.
– Ի՞նչ է այս տունկերուն փոխաբերական իմաստը:
– Նոր սերունդը: Քու դասընկերնե՛րդ: Հայրենիքի մէջ արմատներ դրած այս խումբը:
Աշակերտները կը խմբուին եւ իբրեւ վերջաբան-աղօքթ՝ միաբերան կը մրմնջեն Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանէն քառեակ մը.
«Տէ՛ր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ: Ես կը տնկեմ զայն ահա,
Փխրուն եւ սեւ հողին մէջ, ուր պապերս կը պառկին.
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէ՛րն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ՛աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ»։