Բառերուն ամէնէն առողջը եւ՝ ամէնէն կրակոտը…
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.1876 թուականի 6 Փետրուարը, Կիրակի օր, տարուան ամէնէն ցուրտ օրերէն մէկն էր: Ձիւնի տակ թմրած էր Պոլիսը, ու դատարկացած էին փողոցները: Դեղարար Կարապետ «վարդապետ»ի տարրալուծարանէն դուրս, «քուփա» մը միայն զիս կրնար ցուրտէն պաշտպանել ու Ղալաթիայէն Օրթագիւղ՝ «Անտոնեան» վանք հասցնել:
Ձիաքարշ այս փոքրիկ, սեւ կառքը՝ եւրոպական նորութիւն մը Օսմանեան մայրաքաղաքի փողոցներուն վրայ, ունէր ֆայտոնէն կարեւոր մէկ տարբերութիւն. անոր չորս կողմերը գոց էին:
Արագընթաց այդ փոխադրամիջոցի պատուհանէն դուրս, Պոսֆորը կը ներկայանար որպէս բնանկարներու ցուցադրութիւն մը, որուն իշխող գոյներն էին սպիտակը, մոխրագոյնն ու սեւը: Այս ցուցադրութիւնը վերջ գտաւ կէս ժամէն, երբ կառքը կանգ առաւ: Վառորդը, որուն անունն էր Առաքել, ըսաւ, թէ Փիշմիշօղլու փողոցէն վեր քիչ մը պէտք է քալեմ, ու հոն կ՛ըլլայ վանքը:
Թակեցի դրան բռնակը՝ կնոջ նուրբ ձեռք մը՝ պղինձէ ձուլուած: Դուռը բացաւ հայր Եուզիւքճեանը՝ հեղինակը «Նկարագրութիւն Պարսկաստանի Երեւելի Շինութեանց» աշխատասիրութեան:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այս եղանակի՞ն… Նե՛րս մտէք, ներս:
– Ձեզ շատ լաւ տեսայ, վարդապե՛տ:
– Լաւ ըսենք, որ լաւ ըլլանք: Վեր ելլենք, խօսինք:
– Ա՜հ, չմոռցած… Ասիկա՝ ձեզի. Կարապետ վարդապետը պատրաստեց:
– Միշտ կը յիշէ զիս: Շնորհակա՛լ եմ:
Հիւրասրահի մէջ տնտես մայրիկի մը բերած տաք թէյին հետ ջերմ խօսակցութիւն կ՛ունենանք հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութեան մէջ «դեղ» բառի ոդիսականին մասին:
– Ժամ մը առաջ, վարդապետ, մեր յարգելի դեղարարին հետ կը խօսէինք, թէ վառօդը դեղ էր, իսկ սահմանադրութիւնը՝ դեղ:
– Կարելի է յիշենք նաեւ հոգեւոր դեղերը: Մեր գրադարանին մէջ ունինք հայր Մկրտիչ վարդապետ Աւգերեանի մէկ հեղինակութիւնը՝ «Դեղ Կենաց, Իբր Հոգեւոր Բժշկարան»: Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, «դեղ» բառը շատ անգամ առնչութիւն չէ ունեցած մարմնական ախտերու հետ: Կը սիրեմ մէջբերել Գրիգոր Նարեկացին. այդ սուրբ բանաստեղծի գրիչին կը պատկանին «դեղ» բառին հետ յօրինուած հրաշալի բառակապակցութիւններ, ինչպէս՝ «դեղ կենաց», «դեղն անմահացուցի»չ, «դեղ փրկութեան», «սպեղանեաց դեղ», «դեղ առողջութեան», «անմահութեան դեղ», «դեղ մաղթանաց», «դեղ մահու», «դեղ փրկութեան»… իսկ «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ, Տէրը դարձեր է «դեղ».
«Ամենատեղաց դեղ, ձրի բժշկութիւն,
Կրկնաձիր առողջութիւն, վեհագոյն խրախոյս»։
– Իսկ ո՞վ կրնար մտածել, թէ «դեղ»ը օր մը պիտի դառնար գեղեցկուհիի համբոյրը, կամ՝ անոր սպիտակ ծոցը:
– Աշուղի մը խօսքերը ըլլալու են, անկասկա՛ծ:
– Սիրահար Նահապետ Քուչակի խօսքերը.
«Դեղնել եմ խընկիդ նըման, գունատել եմ զէտ ըզզաֆրան.
Չի գիտեմ՝ քո սէ՞րդ արել, թէ՞ եկել է օրս ի մահուան:
Ասցին, թէ դու դեղ ունիս, տուր ինձ, որ կենդանանամ.
Թէ չէ՝ կու մեռնիմ, գընամ, գան ասեն քեզ մարդասպան»…
«Հա՜յ իմ փոքրիկ շամամ, քո ծոցուդ ա՛մ ե՞րբ տիրանամ,
Քո ծոցդ է ի ծով նըման, ծովըն դեղ կ՛ասեն ի ջերման.
Փոքրիկ մըտերմիկ լինամ, ու մըտնում ի ծոցդ ու լողամ.
Ծովուդ ալ ի դուրս ելնում, ուներո՛դ շուքըն քընանամ»:
– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, Աստուածաշունչին պէտք է նայիլ որպէս հարուստ սկզբնաղբիւր՝ «դեղ» բառի բազմապիսի իմաստներու համար: Ահա՛ մէկը՝ «վհկութիւն, կախարդութիւն, դիւթութիւն, մոգանք», որուն կը հանդիպինք Նոր Կտակարանի վերջին Գիրքին՝ Ս. Յովհաննէսի յայտնութեան մէջ. «…Եւ ո՛չ ապաշխարեցին ի մարդասպանութենէ եւ ի դեղատուութենէ եւ ի պոռնկութենէ եւ ի իգողութենէ իւրեանց»: Երբ մեր իշխաններն ու եպիսկոպոսները արեւորդիներու խնդիրով դիմեցին Ս. Ներսէս Շնորհալիին, վերջինս «Յաղագս Արեւորդեաց Դարձի» թուղթով տուաւ գրաւոր պատասխան, թէ՝ ««դեղատուութիւնը» պէտք է մէկդի թողուլ իբր դիւական խաբէութիւն»:
– Հաճելի է տեսնել, թէ այս բառը ճօճանակի պէս կը տատանի «մեղք» իմաստէն մինչեւ հոգեկան «փրկութիւն»: Իսկ աշխարհիկ գրչի մօտ կ՛առնէ բոլորովին տարբեր երեւոյթ: Միջնադարեան բանաստեղծ Սահակ Տիրացուն ունի «Տաղ Սիրոյ Ասացեալ» ստեղծագործութիւնը, որուն մէջ «դեղ» բառը փոխաբերական իմաստով կը նշանակէ՝ շրթունք.
«Աչքերդ կանթեղ է, ուներդ կամար,
Երեսներդ արեգակ կամ շամս ու ղամար,
Ակռաներդ մարգարիտ, ալմաստ, անգին քար,
Պռկներդ հիւանդի դեղ է, նազլի եար»:
– Այս քառեակը ինծի կը յիշեցնէ «դեղ սիրոյ» արտայայտութիւնը, որ Եւրոպայի մէջ յայտնի է որպէս՝ «…tro de amor»:
– Սիրային վէպերու մէջ յաճախ յիշուած է «դեղաջուր»ը, այսինքն՝ այդ կախադրական խմիջքը:
– Ի՜նչ հաճելի էր այս մտովի պտոյտը: Այնքան ատեն որ կան ախտեր, «դեղ» բառն ալ պիտի շարունակէ իր շրջանը՝ աւելի զարգանալով:
– Կասկած չկա՛յ: Գիտութիւնը կը յառաջդիմէ ու մենք կ՛ունենանք «դեղաբանութիւն» եւ «դեղաբան»ներ, հատիկ-հատիկ պատրաստուած «դեղահատ»եր, քաղաքներու մէջ զանոնք վաճառող «դեղարան»ներ…
– Կարապետ դեղարարը ինչպէ՞ս էր:
– Շա՛տ լաւ: Կ՛աշխատէր դեղատոմսերու ծաւալուն հաւաքածոյի մը վրայ: Զայն կը կոչէ «Գիրք Դեղարարութեան»: Իսկ ձե՞ր գիրքը… լոյս տեսած պէտք է որ ըլլայ:
– Այդպէ՛ս է: Անշուշտ, յաւակնութիւնը չունի մեր ազգային հարցերուն դիմաց «դեղ հանրային» մը ըլլալու, բայց նպաստ մըն է հայոց շինարարական ժառանգը պահպանելու համար: Կ՛ուզեմ օրինակ մը ձեր անունով մակագրել:
– Շնորհակա՛լ եմ: Մեծ պատիւ կը զգամ:
– Իսկ չմոռնամ Կարապետ վարդապետին պատրաստած դեղերը գործածել:
Վերջապէս՝ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմինի մէջ»: