Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի Սիրահարներ» Վէպը

$
0
0

0411zavenbiberian1Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի Սիրահարներ» վէպը 55 տարի անց դարձեալ մեզի հետ է՝ առանց կորսնցուցած ըլլալու իր առաջին օրուան թարմութիւնը:

Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՛աշխատի գործի հրապարակին վրայ: Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը կազմեն Պոլսոյ զանազան վայրերը՝ Իշխանաց կղզիներէն Մաչքայի հանրապարտէզը, Էմինէօնիւէն Ֆեներպահչէ:

Սխալ պիտի ըլլար, անշուշտ, վէպը զուտ սիրային պատումի մը սահմաններուն մէջ ընկալել. մեկնելով Սուրէն ու Նորմայէն՝ հեղինակը կը փորձէ սեւեռել երկրի փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս յոյն հասարակութեան դէմ կազմակերպուած Վեց Սեպտեմբերի դէպքերու վաղորդայնին Պոլսոյ մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, յատկապէս պատկերելով Սուրի ընտանեկան պարագաները՝ մայրը՝ Մելինէն, նորելուկ հարուստ մը եղող, թաղական ու «ազգայինճի» հայրը՝ Գէորգը, որ տունը բանտարկուած, հեշտութեամբ ստանձնած է քաղքենի հասարակութեան կողմէ իրեն պարտադրուած դերը, եւ միւսները՝ քոյրն ու եղբայրը, որպէս նոր սերունդ:

Սուրի ու Նորմայի անկուտիութիւնը, որ ատեն-ատեն կը հրահրէ ներընտանեկան անլուր բռնութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը, հեղինակին՝ Զաւէն Պիպեռեանին ատաղձ մատակարարած է հիւսելու իր այս անզուգական վէպը:

Զաւէն Պիպեռեան ծանօթ է որպէս իւրայատուկ վիպագիր մը. «Անկուտի Սիրահարներ» վէպը կու գայ հաստատել այս իրողութիւնը: 1962ին հրատարակուած այս վէպը շուտով պիտի տպագրուի նաեւ թրքերէն թարգմանութեամբ:

 

«ԺԱՄԱՆԱԿ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles