ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Բառերուն ամէնէն խելագարն ու խաղաղը…
Գիշեր… Համբուրելու, երազելու, հեռանալու, ինչպէս նաեւ՝ պղատոնական մենութիւններու, դաւաճանութիւններու եւ մենամարտերու նախընտրելի ժամը: Ըստ աշխարհագրութեան՝ օրուան երկու կէսերէն մէկն է անիկա, մո՛ւթ կէսը, այն ժամանակահատուածը, երբ մեր մայր լուսատուն՝ Արեգակը, կը գտնուի հորիզոնէն ցած: Դարձեալ ըստ աշխարհագրութեան՝ անիկա մրցակիցն է ցերեկուան:
Հիւսիսային կիսագունտի բնակիչներուն համար, ներառեալ՝ հայերուս, մինչ ամառնային արեւադարձին լոյսն է յաղթականը ու գիշերային ժամերէն կը խլէ օրուան մեծագոյն հատուածը, վեց ամիս անց, ձմեռնային արեւադարձին, գիշե՛րն է տիրականը:
Գիշերն ու ցերեկը… Ըստ երեւոյթին՝ անոնք մշտնջենական պայքարի մէջ են նաեւ հայոց լեզուին մէջ: Սակայն, այս մէկը ունի իր ակնյայտ ախոյեանը… Գիշե՛րը:
– Աստուածաշունչին մէջ 319 անգամ գործածուած է «գիշեր» բառը, փոքր թիւերով կը ներկայանան նաեւ «գիշերախառն», «գիշերական», «գիշերապահ» եւ «գիշերավար» բառերը:
Խօսողը Նարեկն է՝ 16ամեայ աշակերտ մը, հայկական գրականութեան քաջ ծանօթ ընթերցասէր, ինչպէս նաեւ հմուտ թուաբանագէտ, որ բառարաններու եւ ծաղկաքաղներու մէջ սկսած է որոնելու «գիշեր» բառը ու մեզի հայթայթելու վիճակագրութիւններ:
– Հասարակ անունի մը համար պատկառելի թիւ է 319ն, Նարե՛կ:
– Անշո՛ւշտ «գիշեր»ը չէր կրնար մրցիլ «Տէր», «Որդի» եւ «Աստուած» բառերուն հետ, որոնք գործածուած են 9337, 5688 եւ 4974 անգամ:
– Հապա մրցակի՞ց բառերը:
– Զգալիօրէն քիչ… «Առաւօտ»ը՝ 240 անգամ, «ցերեկ»ը՝ 78:
Քիչ մը կը հեռանանք թուաբանութեան ոլորտէն ու կը մտնենք ստուգաբանութեան ծիրէն ներս, խարխափելու համար, թէ ի՛նչ է «գիշեր»ին արմատը… Բնիկ հայկական բառ է անիկա: Ծննդակիցներն են յոյներու «էսպերոս» եւ ծիսական սլաւոներէն «վեցերը» բառերը: Ցեղակից են նաեւ լատիներէն «վեսպեր»ը եւ հին ֆրասներէն «վերպր»ը: Հայերէն «գիշեր» բառի մթութիւնը հասեր է նաեւ Վրաստան: Բառը հոն դարձեր է «գիշերի», որ կը նշանակէ՝ «սեւ սա»չ: Բառը լուռ մտեր է նաեւ վրաստանի խոհանոցները: Գաւառական «գիշեր եփեց» բառը՝ հերիսա, հոն դարձեր է «գիշրափեթի»:
Ըստ Նարեկի պրպտումներուն՝ «գիշեր» բառը լուսաւորած է մեր լեզուն: 50ի չափ բարդ բառեր կան. կ՛արժէ յիշել ամէնէն պատկերալիցները… ամենագիշեր, գիշերաբուն, բոլորագիշեր, գիշերագնաց, գիշերադէմ, գիշերախառն, գիշերակերպ, գիշերակուլ, գիշերամարտ, գիշերապահ…
– «Գիշերապահը», Լեւոն Շանթի բանաստեղծութիւնը. «Գիշեր է տա՜նկ, տա՜նկ, հսկայ ժամացոյց, հանգիստ է չորս դին, կը ննջեն բոլոր»…
– Նաեւ, գիշերապաշտ, գիշերապաշտօն, գիշերատես, գիշերազգեստ, մշտագիշեր, միջագիշեր, սեւագիշեր: Իսկ «գիշերավար»ը հայկական հին տոմարին մէջ ամսոյն վերջին օրն էր: Ցանկի վրայ է նաեւ «գիշերօթիկ վարժարան»ը, որ մեր պատմութեան ամենամութ օրերուն, հայ որբուկներու եւ աղքատ մանուկներու համար դարձաւ երկրորդ ընտանիք եւ ապահով տանիք:
– Թիւերը չեն ստեր… Բառը մեր գեղապաշտ բանաստեղծներուն համար եղեր է սփոփանք. Մատթէոս Զարիֆեանի բանաստեղծութիւններէն 15 հատը նուիրուած է անոր. «Հովոտ Գիշեր», «Գիշեր», «Գիշերամուտ», «Կէս-գիշեր», «Թաղումի Գիշեր Մը», «Առաջին Գիշերը», «Ճերմակ Գիշեր», «Կէս Գիշերի Երգ», «Ապրիլի Գիշեր»…
– Նարե՛կ, գիշերը նաեւ խաղաղութիւն շնորհեց Միսաք Մեծարենցին. «Գիշերն անոյշ է, գիշերն հեշտագի՜ն…, Այս գիշեր տօն է հոգւոյս՝ Կիրակի…, Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին…»: Օրուան այդ ժամերուն է, որ պլպլացեր են Թէքէեանի յիշատակները. «Քու յիշատակըդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ»: Իսկ մեր գրականութեան արեւելեան հորիզոնին վրայ, գիշերը ամոքեր է Վահան Տէրեանի հոգին: «Դիւթական» այդ ժամերը անոր տուեր են անդորրութիւն. «Գիշեր է եւ լռութիւն, լռութիւն է իմ հոգում…, Խաղաղ գիշերով դու կը գաս ինձ մօտ, քնքուշ ձեռներըդ ես կը համբուրեմ…, Սեւ գիշերն է գրկել ինձ, մութն է պատել իմ ուղին…, Սեւ գիշե՜ր, եւ յուշե՜ր, եւ խոհե՜ր անհամար…, Անվերջ գիշերի մռայլ վիհերում, իմ մենակ սիրտն է ցաւագին ճչում»։
– Հայ գեղանկարիչը… Տեսա՛յ, թէ գիշերն է, որ տպաւորած է անոր զգայուն սիրտը: Ճիւանեանը եւ Պաշինճաղեանը… Անոնք երկրպագուներն են եղած «գիշեր»ին ու սիրած են Պոսֆորը, Սեւանը եւ Կուր գետը նկարել՝ գիշերային տարազի մէջ: Աւելի՛ գեղեցիկ, աւելի՛ գրաւիչ: Իսկ Այվազովսկին «Գիշեր» խորագիրով ստեղծած է ծովանկարներու հոյլ մը. «Գիշեր», «Ծովը Լուսնկայ Գիշերով», «Սեւ Ծովը Լուսնկայ Գիշերով», «Եալթա, Լեռները Գիշերով», «Գուրզուֆը Գիշերով»… Իսկ մէկ այլ նկարիչի՝ Սարգիս Մուրատեանի վրձինին վիճակուեցաւ պատկերել հայոց գիշերներու ամենախաւարը՝ Կոմիտաս վարդապետի ձերբակալման ժամը… Ամօթի հսկայ իւղանկար մը՝ «Վերջին Գիշերը»: Նոյն օրերուն, Չարենցը, Պոլիսէն երկու հազար քիլոմեթր հեռու, կը գրէր.
Գիշերն ամբողջ հիւանդ, խելագար,
Ես երազեցի արեւի մասին:
Շուրջս ո՛չ մի ձայն ու շշուկ չկար,
Գունատ էր շուրջս՝ գիշեր ու լուսին:
– Նարե՛կ, գիշերը գունաւոր բառ է: Տես, մեր մատենագրութեան, ժողովրդական երգերու եւ բանահիւսութեան մէջ քանի՜ արտայայտութիւն՝ այս համեստ երկու վանկով. «Մութ գիշեր, լուսնեակ գիշեր, զով գիշեր, խոր գիշեր, դառն գիշեր, խաւար գիշեր, անքուն գիշեր, գիշերն ընկաւ, ի գիշերի, զգիշերն ի բուն, գիշեր յաւիտենական, հեշտալի գիշեր, աննշոյլ գիշեր, տիւ առնել զգիշերն, ընդ մութ գիշերոյն»…
– «Առագաստի գիշեր», «Լուռ գիշեր, սուրբ գիշեր»…
– Գիշերը աշուղ Նահապետ Քուչակի համար հաճելի հիւր մըն էր, որմէ չէր կշտանար:
– Դասարանի մէջ արտասանած էինք, կը յիշեմ՝ «Երնէկ ես անոր կու տամ, որ գիշերն ի ծոցդ է պառկեր…», «Գիշեր, դուն յերկան կեցիր, տարե՛կ մի եղիր, թէ կարես… Իմ եարն ինձ հիւր եկեր, զետ հազար տարու, թէ գիտես»:
– Իսկ Վարուժանի համար՝ հպար-տութիւն.
Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին:
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.
Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին.
– «Գիշեր»ը բազմատեսակ երանգներով եկեր, իջեր է հայոց լեռներուն վրայ ու ծածկեր մեր գաւառները: Այդ խաղաղ ժամերուն, մարեր են կանթեղները ու հայրենի տուներու մէջ ըսեր են. սալմաստցին՝ «քիշեր բարի», վանեցին՝ «կիշեր բարի», ջուղայեցին՝ «քշեր բարի», թիֆլիսցին՝ «գի՛շիր բարի», համշէնցին՝ «կիշիր բարի», զէյթունցին՝ «գիշիյ բարի», հաճընցին՝ «գիշէյ բարի», իսկ տիգրանակերտցին՝ «քշիր բարի»:
– Նարե՛կ, բոլորին գիշերները մնան խաղաղ եւ անդորր: