ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՀԲԸՄ-Ի «ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամը, շարունակելով 1984-1994ին իրագործուած եւ 2015ին վերսկսած ամէնամեայ հրատարակչական իր գործունէութիւնը՝ ընթացիկ տարուան Յունիսին, Պէյրութի մէջ հրատարակեց «Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916» խորագիրով գեղատիպ եւ ծաւալուն հատորը: Հատորին մէջ ամփոփուած են Պատուիրակութիւնը նախագահող Պօղոս Նուպարի այդ տարիներու դիւանագիտական գործունէութեան վերաբերեալ նամակներու եւ խորհրդածութիւններու հարուստ հաւաքածոյ մը, դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի խմբագրութեամբ համադրուած, խմբագիրին կողմէ գրուած շահեկան ներածականով, բծախնդրօրէն պատրաստուած ծանօթագրութիւններու եւ վերլուծութեան ըմդարձակ բաժինով ու անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկով:
Այդ տարիներուն, (1914-1916), Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Թիֆլիսեցիի յատուկ խնդրանքով եւ լիազօրութեամբ, պատուիրակութեան նախագահութիւնը ստանձնած Պօղոս Նուպարի գործունէութեան երկրորդ շրջանի 1915-1916 տարիները ընդգրկող նամակներուն եւ անոնց մէջ տեղ գտած խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն (ՀԲԸՄի «Նուպարեան» մատենադարանի արխիւներու օգտագործումով), ընթերցողին դիմաց կը պարզուի պատմական ներհուն, բաբախուն եւ հոգեխռով համայնապատկեր մը, ուր Օսմանեան կայսրութեան կեղեքումներուն ենթակայ հայկական նահանգներն ու Կիլիկիան միակցելով, ինքնավար Արեւմտահայաստան մը ապահովելու ուղղութեամբ պատուիրակութեան դրսեւորած ճկուն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անգլիացի, ռուս եւ ֆրանսացի դիւանագէտներու խոստումներով կամ կիսախոստումներով գօտեպնդուած հայ կամաւորներու արեան տուրքը, կը յանգին դառն յուսախաբութեան:
Ինչպէս խմբագիրը կը նշէ, ընթերցողը կը հրաւիրուի թերթատելու ժողովածու մը, որ կը ներկայացնէ արեւմտահայութեան ինքնավար եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու ձգտումին եւ ճիգերուն պատմութեան ճակատագրական ժամանակահատուածը, լոյս սփռելով քաղաքական դէպքերու այն հոլովոյթին վրայ, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ընթացքին կարելի պիտի դարձնէր թրքական հայաջինջ ծրագիրին գործադրութիւնը, մեծապետական հակադիր շահերու յորձանուտին մէջ ինկած արեւմտահայութեան նկատմամբ, եւ պիտի յանգեցնէր աննախընթաց տարողութեամբ ողբերգութեան մը, հայապատկան հողերու իրենց բնիկ տէրերէն դատարկումով ու այդ տարածքներուն վրայ հայակերտ քաղաքակրթութեան ոչնչացումով:
Ինչպէս կողքաշապիկի ետեւի ծալքին վրայ երեւցող անգլերէնով ամփոփումը, որ գրուած է Հրատարակչական խորհրդատու յանձնախումբի անդամ Վիգէն Ադդարեանի կողմէ, կը նշէ, թէ հատորը մեծապէս շահեկան է պատմաբաններու, ինչպէս նաեւ ուսանողներու եւ ընդհանուր հանրութեան համար, որովհետեւ անիկա լոյս կը սփռէ հայոց պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանը բնորոշող դէպքերուն վրայ: Ժամանակաշրջան մը, երբ Հայերու Ցեղասպանութիւնը տառացիօրէն կը ծաւալէր, որպէս մարդկութեան ծանօթ յոռեգոյն ոճիռը: Նամակներուն ընդմէջէն կը պատկերացուի Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի առաջնորդութեամբ, որպէս այդ բանակցութեանց գլխաւոր հայ մասնակիցը: Հետեւաբար, լուսար-
ձակի տակ կ՛առնուի անոր եզակի անձնաւորութիւնը, երբ դիւանագիտական խոր հմտութեամբ, ան կը խուսանաւէ միջազգային գերպետութեանց բարդ եւ մանուածապատ շահերու լաբիւրինթոսին մէջ, մինչ կը փոթորկին Համաշխարհային պատերազմի զարգացող իրադարձութիւնները: Հատորը վկան է այն իրողութեան, որ պատմութիւնը կը շաղկապուի, երբ դար մը առաջ սկիզբ առած դէպքերը, այսօր կը շարունակուին Թուրքիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ կատարուող վերիվայրումներով եւ Միջին Արեւելքի մէջ դրսեւորուող համաշխարհայնական ցնցումներով:
Ներկայ հատորը իններորդն է ՀԲԸՄի «Վահրամ Ապտալեան» Մշակութային հիմնադրամի միջոցներով անցնող տարիներուն հրատարակուած աշխատութիւններու շարքին, որ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի, ազգագրութեան եւ հոգեւոր-եկեղեցական ստեղծագործութեան մարզերու մէջ ակադեմական մակարդակով քննարկումներ մատչելի դարձուցած է հանրութեան:
ՀԲԸՄ-Ի «ՎԱՀՐԱՄ ԱՊՏԱԼԵԱՆ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ