Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Աւազակ (Բ.)

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

0903dadourian

 

Վիպականացած գողը…

Կը յիշէ՞ք «աւազակ»ը, ան, որ գող էր եւ ճամբու յելուզակ, աւարառու էր եւ հէն, հրոսակ էր եւ ասպատակող, կողոպտիչ էր եւ թալանող… Ան, որ նաեւ հայոց լեզուին շնորհած էր ափ մը բարդ բառ եւ արտայայտութիւն՝ անտառներու, քարայրներու մէջ իր ամբարած հարստութենէն համեստ բաժին մը: Այո՛, այդ աւազակը, զարմացնելով բոլորս, նաեւ զայրացնելով՝ գրական աշխարհին մէջ վերելք ունեցաւ, հերոսացաւ եւ վիպականացաւ: Այդ ծպտեալը (բառին ստուգաբանութիւնը մինչեւ այսօր կը մնայ քօղարկուած), որ խորհրդաւոր էութիւն էր, ինչպէս «աւազակ» բառը, յանկարծ յայտնուեցաւ մեր մեծագոյն վէպերուն եւ պատմուածքներուն մէջ ու յաջողեցաւ մեծապատիւ, «գրագէտ» տիպար մը դառնալ: Այսօր կը զրուցենք խորհրդաւոր աւազակներու եւ «աւազակ» բառի խորհուրդներուն մասին:

«Աւազակ» բառի եւ տիպարի վիպականացումը կարելի է վերագրել հայկական գրականութեան գեղապաշտ շրջանին, յատկապէս՝ պատմական վէպերու մեծագոյն երկու հեղինակներ Ծերենցին եւ Րաֆֆիին:

Նախ ճամբորդենք 1881 թուականի Պոլիսը: Հոն լոյս տեսած է Ծերենցի «Թէոդորոս Ռշտունի» պատմավէպը: Հեղինակը հոն բազմաթիւ անգամներ տեղ տուած է Միջագետքի աւազակներուն: Բայց աւելի կարեւորը՝ ան կը փիլիսոփայէ անոնց կենցաղին մասին. «Աւազներու որդի աւազակ կը ծնինք, եւ աւազակ կ՛ապրինք, եւ աւազակի պէս կը մեռնինք»:

Բայց 1882-83ին, Թիֆլիսի «Մշակ» թերթի էջերէն լոյս տեսած «Խաչագողի Յիշատակարանը» վէպին մէջ էր որ բառս վայելեց մեծագոյն ընդունելութիւնը: Ան ո՛չ միայն յաջողած է 81 անգամ յայտնուիլ, բայց եւ արժանացած է բազմաթիւ շողշողուն կոչումներու: Րաֆֆիի խօսքով՝ «Այդ անունը՝ աւազակապետ, ամենեւին սազ չէր գալիս նրան. նրա մէջ կային շատ գեղեցիկ յատկութիւններ… մեծահոգի ու բարի էր որպէս մի ազնիւ հերոս: … Աւազակապետը անկիրթ եւս չէր. նրա բաւական մշակուած լեզուն եւ առողջ դատողութիւնները ցոյց էին տալիս, թէ ինքը գրագէտ ոմն էր»: Աւելին՝ յարգելի ընթերցող, կրնա՞ք հաւատալ, թէ հեղինակը զայն դիտած է իբրեւ արդարամիտ եւ աղքատախնամ Ռոպին Հուտ մը, այսպէս. «Նա … թշուառականների ամբողջ հասարակութեան վրայ նայում էր խորին ցաւակցութեամբ: Այդ պատճառով՝ բոլորը յարգում էին նրան»:

20րդ դարու սեմին, «աւազակ»ը առաջին անգամ արժանացաւ գիրքի անուն դառնալու: Այո՛, սա պատահեցաւ 1905 թուականին, Էջմիածինի մէջ, Մայր Աթոռի տպարանէն ներս: Բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Սարգիս Հայկունին, իր ծննդավայր Տրապիզոնի կեանքէն առնուած 95 էջնոց պատմական ուսումնասիրութիւն մը լոյս ընծայեց՝ հետեւեալ խորագիրով. «Յուսէփցի Ազգատոհմ Եւ Տարօրինակ Աւազակ Աբրիեօմ Տրապիզոնի Հայ Գիւղերու Մէջ, 1795-1840»: Ըստ հեղինակին՝ Տրապիզոնի եւ շրջակայ բնակավայրերու հայութիւնը «հաճութեամբ եւ տհաճութեամբ» պատմեր է այդ աւազակի արկածախնդրութիւնները:

Հայկական գրականութեան մէջ ո՛չ ամէն հեղինակ նոյն աչքով դիտած է կողոպտիչները: Յովհաննէս Թումանեանը, օրինակ, ատած է յատկապէս 1405 թուականին արեւելքէն եկածը: Բանաստեղծը «մեծ աւազակ»ը նկարագրած է հետեւեալ ձեւով.

«Լենկթիմուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ,

Անօրէնն եկաւ, եկա՜ւ ու եկա՜ւ.

Հաւաքեց, կիտեց մեր ազգը հայոց,

Փաթաթեց, պատեց, ինչպէս վիշապ-օձ»: («Աղաւնու Վանքը», 1912)

Այժմ , յարգելի ընթերցողներ, դուք ձեզ պահ մը, ճամբու վրայ աւազակի հանդիպող հարսնացու հայուհիի մը տեղ դրէք: Ի՛նչ ահռելի զգացում: Ասիկա է, որ 1882 թուականին պատահեցաւ Աննա Սարգիսովնային, երբ իր պսակադրութեան օրը, եկեղեցի ուղղուած կառքերուն առջեւ յայտնուեցաւ հեծեալներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ՝ Ղրիմի ամենայայտնի աւազակ Ալիմ Այտամաքի: Աւելի ուշ կը պարզուի, թէ անոնց նպատակը կողոպուտ չէր. աւազակապետը ուզած էր Աննային հետ ամուսնանալ: Հարցը կը լուծուի, Աննան կը հասնի եկեղեցի ու կ՛ամուսնանայ… Յովհաննէս Այվազովսքիի հետ:

20րդ դարուն, աւազակը կարծես դարձաւ մեր ընկերային խճանկարին մէկ բաժինը: Հայրենի նկարիչ, մայրաքաղաքի Ֆիրդուս փողոցը ծնած-մեծցած Յաղթանակ Շահումեանը երանութեամբ կը յիշէ թաղամասի այն հին օրերը, երբ գոյութիւն ունէր իւրայատուկ միջավայր մը: Նկարիչին խօսքով՝ «Բազմատեսակ մարդիկ կային տարբեր շերտերի. հին պոլշեւիկ, ՔԿՊի՝ միլիցիայի աշխատող, գող-աւազակ…: Բայց էդենց (այնպիսի) միջավայր կար, կարծէք, թէ բոլորը իրար հարազատ լինէին»:

Վիպագիրներու եւ նկարիչներու պատկերացուցած «աւազակ»ի տիպարէն շատ հեռու է միջնադարու հայ մտածող, օրէնսդիր, հոգեւորական եւ առակագիր Մխիթար Գօշի «աւազակ»ը: «Քահանան եւ Աւազակը» առակին մէջ Մխիթար Գօշ կը թելադրէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերիլ վերջիններուն հետ: Աւազակը, բռնելով քահանան՝ կ՛ուզէր զայն սպաննել: Քահանային վրայ կ՛իջնէ հզօրութեան ոգի: Ան կը յաղթէ աւազակին ու կը սկսի հարկ եղած ձեւով տանջել զայն: Աւազակը կ՛աղաչէ.

– Չէ՞ որ դուն քահանայ ես եւ միշտ կ՛ըսես՝ «խաղաղութիւն ընդ ամենեսեան» ու ասոր նման այլ բաներ:

– Ո՜վ չարագործ,- կը պատասխանէ գահանան,- ես խաղաղութիւնը անվտանգ պահելու համար կը տանջեմ քեզ:

Վերջաւորութեան յայտնի կը դառնայ Գօշ եռամեծար վարդապետին պատգամը. Հարկ է կռուիլ՝ խաղաղութիւնը անվտանգ պահելու համար:

Բոլոր աւազակները թող մնան վէպերու մէջ եւ հեռո՛ւ ձեզմէ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles