ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր բառերուն ամէնէն նազելին…
1975 թուականին ո՞ր դեղնորակ աղջիկն էր Հայաստանի ամէնէն հանրածանօթ հարսը: Նախ պէտք է ըսել, որ մեր երկրի բոլոր նազելի հայուհիները՝ իրենց նշաձեւ աչքերով, սեւ մազերով եւ սեւ յօնքերով, արժանի պիտի ըլլային 1975ի ամէնէն համակրելի հարսը ընտրուելու: Բայց այդ տարի մրցանակը գնաց… ռուս գեղեցկուհի Նատալիա Բեսպալովային՝ «Հարսնացուն Հիւսիսից» շարժապատկերի մայր դերասանուհիին, Արտակի սիրուհին, որուն «ձեռքը ուզելու» համար ամբողջ գիւղ մը կ՛երթայ Ռուսիա, անոր դժկամ ընտանիքը տարհամոզելու եւ այդ հարսը «հարաւ» բերելու նպատակով: Ծիծաղաշարժ եւ վիպական այդ շարժապատկերը, շնորհիւ նաեւ Առնօ Պապաճանեանի սիրաշունչ երգերուն՝ գրաւեց հայրենի դիտողներուն սիրտերը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ժողովրդականութիւն վայելել: Յիշենք նաեւ, թէ այդ պատմութիւնը կ՛ունենայ բարի վախճան. աղջնակը ինքնաթիռով մը հարս կու գայ Հայաստան:
Արտակի բախտը հիւսիսէն եկաւ: Հապա՞ «հարս» միավանկը: Ըստ լեզուաբաններու՝ մեր «հարս»ը հայրենածին գեղեցկութիւն է, բնի՛կ հայկական բառ: Բազմաթիւ լեզուներու մէջ ունի ծննդակից քոյրեր. frasa, prex, precor, rheg, parsa, purs, pirsin, fregnana: Ստուգաբաններու կարծիքով՝ բոլորը ունեցած են նախնական հասարակ արմատ մը՝ «prk», որմէ սեռած են հնդեւորպական «հարսերը»: Բառը բնիկ կը նշանակէ՝ ուզել, խնդրել, հայցել: Գրաբար ձեւն է «հարսն»:
Մեր «հարս» բառը, ի՛նչ օրհնութիւն, եղաւ արգաւանդ եւ բազմածին մայր: Դանիէլ Վարուժանը սիրեց զայն ու գովաբանեց.
«Հարաւային կողմն աշխարհի պտղաբերում թող ըլլայ…
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝ սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ»:
Նորապսակ Դանիէլը իր հարսին հետ նաեւ կը նստէր բարտիներու տակ ու կ՛երազէր.
«Հարսըս ու ես, անոնց կըրթնած,
Կը նըստինք, հոն, ամէն գիշեր:
Տերեւներն յար կ՛երգեն յուզուած
Այն զոր կը զգանք ու չենք ըսեր»:
Բառը այնքա՛ն յուռթի էր, որ հայրենի լեզուադաշտը ողողեց նազելի բառերով: Անիկա նախ դարձաւ «հարսիկ»-փաղաքշական կոչում, որ կը նշանակէ՝ «սիրելի հարս»: Ապա ծնան նորերը. հարսանքահաց, հարսանքատուն, հարսնազգեստ, հարսնաբաղնիք, հարսնաբեր, հարսնախօսութիւն, հարսնածաղիկ, հարսնահասակ, հարսնապաճոյճ, հարսնապար, հարսնատեսութիւն, հարսնաքոյր, հարսներգ, հարսնթագ, հարսնօժիտ… մօտաւորապէս հարիւր բառ: Ամէնէն ողբերգականը՝ «հարսնակուլ» գոյականն է, ըստ Ստեփան Մալխասեանի «Բացատրական Բառարան»ին՝ կովու կամ ոչխարի ծունկի կլոր ոսկորը, սրունքի եւ ազդրի միջեւ, միսով միասին: Բառը այդպէս է կոչուած, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, հարս մը փորձած է կուլ տալ զայն ու խեղդուած է: Ունեցանք նաեւ փաղաքշական «հարսնուկ» բառը՝ եղբօր, հօրեղբօր, վարպետի կամ ուսուցիչի կինը: Աւելի պատկերալից են իգական սեռի առասպելական բարի ոգիները բնութագրող բառերը՝ յաւերժահարս, լեռնահարս, ծովահարս, ձիւնահարս, ջրահարս ու անտառահարս, որոնք ունին արտակարգ գեղեցկութիւն եւ հմայք: Իսկ այս աշխարհի հարսերուն համար կազմեցինք յատուկ բառակապակցութիւններ. «Հարսի պէս», «Նոր հարսի պէս»՝ համեստ, խաղաղ, հանդարտ եւ ծանր, «Հարսաղջին բաղնիք»՝ հարսնիքէն շաբաթ մը առաջ հարսնացուին հանդիսաւոր կերպով բաղնիք տանելու ծէսը: Հարսնիքի երկրորդ օրը ունեցանք «Հարսը գողնալ»՝ խաղ մը, որուն նպատակն է հարսնաքոյրը հեռացնել տունէն, որպէսզի հարսն ու փեսան մինակ մնան: Ո՛վ կ՛ուզէ «Հարսնիքի շերեփ» կամ «Հարսնիքի դգալ» կոչուիլ: Ամէն բանի մէջ խառնուող մարդիկ են անոնք: Շատ վատ վիճակներու համար ալ ունեցանք յատուկ արտայայտութիւն մը՝ «Հօր կամ մօր հարսնիքը միտքը գալ»: Իսկ «Հարսանքատուն» բառը առաւ փոխաբերական իմաստ՝ «աղմկոտ, անկարգ ուրախութեան տեղ»:
Խրիմեան Հայրիկի նկարագրութիւնն է հետեւեալը՝ գիւղի հարազատ հարսնիքը. «Առաւօտ Կիրակի է, գեղի բոլոր ժողովուրդ՝ մեծն ու փոքր, այր մարդիկ, կիներ, հարսներ, աղջիկներ, պառաւներ, իրենց ճժերով մեր հարսնիքի տուն պիտի լեցուին: Գեղացւոց հարսնիք էսպէս կը լինի, դուռ բաց է, քաղքցւոց հարսնիք չէ, որ դուռ փակեն, հարսնիք անեն, մկներ առիքը չիմանան»։
Յարգելի ընթերցող, Վասպուրականի հարսնիքի մը բոլոր մանրամասնութիւնները կարդալու համար, պէտք է թերթել վանեցի Ա. Կ. Պէյլէրեանի թանկագին մէկ աշխատասիրութիւնը՝ 1870ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած. «Գեղջկական Հարսանիք Ի Հայաստան»:
Ամէն հարսնիք երջանկաբեր չեղաւ սակայն… Քանի որ ունէինք լեռներու դաժան աւանդութիւններ, ունեցանք նաեւ դժբախտ հարսնացուներ, մէկը՝ Անուշը: Թումանեանի գրիչին կը պարտինք հետեւեալ ողբերգական տողերը. «Եւ աղմկալի հարսանքի տանից դուրս եկաւ Մօսին՝ սաստիկ վիրաւոր», «Ու էն հարսանքից թշնամի՛ դարձան ախպեր տղերքը էս դէպքի համար», «Ո՞վ է տեսել էդպէս հարսնիք- ո՛չ հարս ունեն, ո՛չ փեսայ…»: Դժբախտ հարսի պատկեր մըն ալ գծեց Վարուժանը, իր «Առկայծ Ճրագ» բանաստեղծութեան տողերուն մէջ.
«Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն…
Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜…»։
Ողբերգակ բանաստեղծներու կարաւանին միացաւ նաեւ Կոստան Զարեանը՝ «Տատրագոմի Հարսը» վիպական քերթուածով: Ֆէտայիի կին Սանանն է, որ կը խօսի իր սրտառուչ պատմութիւնը.
«Ես իմ գիւղից դեռ երեխայ՝ Յովանի մօտ նոր հարս եկայ: Թողեց գնաց եւ վե՛ց տարի էլ գիւղ չեկաւ, լուր չխաբրեց, չհարցրեց: Ես, որ Յովանին գնացի, խոմ գերութեան չգնացի։ Ես հա՛րս գնացի…»:
Ֆէտայիի կինը, սակայն, վեցերորդ տարին թուլցած է, բարեկամացած է քիւրտ երիտասարդի մը հետ: Խի՛ստ վարկաբեկիչ դէպք: Նման սրբապղծութիւն չէր տեսնուած Տարօնի մէջ: «Նամուս»ի հարց է, պատիժը՝ մահ:
Գալ շաբաթ, յարգելի՛ ընթերցող, «հարս»ը՝ մեր նազելի բառը, պիտի շարունակէ նորանոր երեւոյթներու ծնունդ տալ: Նախ սրբելով իր արցունքները եւ թօթափելով սուգը՝ ան պիտի դառնայ ցնծալից երգ, ապա՝ հերոսուհի: Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ամէն գաւառի մէջ եւ ամէն բարբառի, հայկական հարսը պիտի ունենայ իր իւրայատուկ տեղական հնչիւնն ու գեղեցկութիւնը։