ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աստուած մերկ ստեղծեր է մարդուն: Բոլոր կենդանիներուն մարմինները պաշտպանուած են. ոմանք մուշտակով, ուրիշներ բուրդով, ոմանք ալ հաստ մաշկով կամ մազով, բայց մարդկային մարմինը՝ մերկ է, փափուկ մորթով միայն ծածկած ըլլալով ներքին գործարանները: Մեր նախածնողներուն մեղանչումէն ետք, Աստուած անոնց համար կաշիէ հանդերձներ շինեց եւ հագցուց (Ծն 3.21), ծածկելու համար անոնց մերկութիւնը:
Պաշտօնական համազգեստները, կամ որեւէ հաստատութեան համար կարուած տարազները իրենց ներդաշնակութեամբ հիացում կը պատճառեն դիտողներուն: Յատկապէս պալատական պահակազօրքի, բանակայիններու, փողերախումբի նուագողներու եւ պարային համոյթներու համազգեստները իրենց իւրայատուկ արուեստով եւ կարուձեւով կը զատորոշուին սովորական զգեստներէ, ձեւագիտութեան արուեստին եւս տալով իրեն պատշաճ տեղը, մարդկային ճաշակին մէջ:
Զգեստներու ձեւին եւ յատկապէս նորաձեւութեան մէջ անոնց արձանագրած տարօրինակութիւններուն անդրադառնալը այլ նիւթ է, որուն մասին երկար կարելի է գրել: Անոնց տեսականին ճոխ է այնքան, որքան մարդկութեան տեսականին՝ բնաւորութեանց տարբերութիւններով: Պատշաճ հագուստները եւ անպատշաճները իրենց մասնաւոր հագնողները ունին: Ամէն մարդ անպատշաճ հագուստ չի՛ հագնիր, որքան ալ իր մարմինը ունենայ համապատասխան յարմարութիւնները: Նոյնպէս ալ ամէն մարդ վայելուչ հագուստ հագնելու շնորհքը չ՛ունենար, եթէ նոյնիսկ իր մարմինը անհամապատասխան ըլլայ անվայել զգեստներ հագնելու: Ուրեմն, այս խնդիրը ամբողջութեամբ թողուած է սեփական ճաշակի: Թէպէտ լսուած խօսք մը կայ, որ կ՛ըսէ. «Քու նախասիրած կերակուրը կեր, սակայն ուրիշին ճաշակով հագուիր»:
Մարդոց գործածած հագուստներուն մէջ մեծ տարբերութիւններ կան: Տարբեր արհեստներ եւս ունին իրենց յատուկ զգեստները: «Գործ»ի այս հագուստներուն մէջ կան աստիճանաւորումներ, որոնք դարձեալ մեծ նշանակութիւն ունին: Օրինակ, ծառայական կեանքի զգեստները՝ հոգեւորականներու սքեմը, բժիշկներու սպիտակ վերնաշապիկը, ոստիկանին համազգեստը եւ այլ ծառայական մակարդակի զգեստներ խորհրդանշական իմաստներ ունին նաեւ:
Բանուորներու զգեստները, դարձեալ իրարմէ կը տարբերին, գործի դժուարութեան կամ ներկայացուցած աշխատանքի ձեւին համեմատ: Օրինակ, ճանապարհաշինութեան մէջ աշխատող բանուորին եւ ոսկերչական հաստատութեան գործարանային բաժինին մէջ աշխատող բանուորին գործի զգեստը նոյնը չ՛ըլլար, ո՛չ դիմացկունութեան առումով, ո՛չ ալ մաքրութեամբ: Առաջինին վրայի փոշին եթէ ճամբու աւազն է, երկրորդինը կրնայ ոսկիի փոշի ըլլալ, որ պէտք է յատուկ խոզանակներով սանտրէ ափսէի մը մէջ, նախքան գործէ արձակուիլը:
Մարդիկ միայն իրենց մարմինը ծածկող հագուստներ չեն հագնիր, այլ նաեւ բարոյական զգեստներ, որոնք շրջազգեստներու, շապիկներու, տաբատներու եւ անձրեւանոցներու ձեւերով ո՛չ միայն կը պաշտպանեն մարդու ինքնութիւնը, այլ նաեւ կը կերտեն իսկական մարդը:
Առաքինութիւնները իրենք մէկական զգեստներ են, զորս Աստուած կարած է եւ իր Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ հագցուցած ընտրեալ մարդոց: Ամէն մարդ առաքինի չէ՛, սակայն կրնա՛յ ըլլալ: Առաքինի չեղող մարդը կը նմանի աղքատ եւ մերկ մարդու, որ սակայն կրնայ այդ վիճակէն դուրս գալ, եթէ զինք խնամող մը, եւ իրեն հագուստ տուող մը ունենայ:
«Մերկ»ութեան վիճակէն մարդիկ դուրս կու գան երկու ձեւով. ա) Իրենց սեփական գիտակցութիւնը ուշքի հրաւիրելով, բ) Իրենց վրայ խղճացող բարեմիտ մարդոց հանդիպելով:
Երկու պարագային ալ բախտաւոր պէտք է համարենք տուեալ անձերը, որոնք վերջապէս կը յաջողին իրենց «մերկութիւնը» ծածկել: Աղքատի մը մարմինը կրնայ վէրքերով պատուած ըլլալ, ինչպէս էր Յիսուսի պատմած առակին մէջի աղքատ Ղազարոսին մարմինը (Հմմտ Ղկ 16-20), սակայն այդ վէրքերը կրնան Աստուծոյ աչքին բարոյական հրաշալի վերարկու երեւիլ: Աղքատը եթէ բարեսիրտ անձ է, իր կեանքը արդարութեամբ ապրող եւ սակայն պարագաներու բերումով այդ կացութեան մէջ յայտնուած, Աստուած գիտէ ճիշդ ժամանակը, երբ վէրքերու վերարկուէն պիտի մերկացնէ զայն եւ անոր հագցնէ լոյսի շրջազգեստը իր փառաւոր արքայութեան մէջ:
Առաքինութիւններու ցուցակը գլխաւորող սէրը, վերացական գաղափար ըլլալով հանդերձ, գործունէութիւն մը ցոյց կու տայ: Սիրողը կը տագնապի, կը տառապի անքնութեամբ, կը տքնի օրուան ընթացքին, մինչեւ որ իր նպատակին հասնի: Իր այս գործունէութեան ընթացքին, սիրողը ամէն դժուարութեան կը տոկայ, նեղութիւնները յօժարակամ կը դիմագրաւէ, տառապանքի բոլոր տեսակները իրեն ուղղուած մէկական մարտահրաւէր ընդունելով:
Սիրոյ առաքինութեան այս գործունութիւնը երբ սեփական նպատակներու իրագործման համար չէ, այլ ուրիշին բարօրութեան համար կը կատարուի, սէրը կը զգենու «գործի հագուստ» մը:
Սիրոյ «գործի հագուստ»ը ծառայութիւնն է:
Ծառայութիւն ստանձնած մարդը, ի՛նչ դիրք եւ հանգամանք ալ ունենայ այս կեանքին մէջ, զգեցած կ՛ըլլայ գործի այն հագուստը, որ ամէնէն համեստ բանուորի հագուստէն թերեւս աւելի ալ կեղտոտուի արտաքնապէս, սակայն ամէնէն պատուաբեր գործի համազգեստէն աւելի՛ արժէքաւոր է Աստուծոյ աչքին:
Ծառայասէր մարդը բոլորին կողմէ կը սիրուի: Ծառայասիրութեան մէջ կայ նուիրում, զոհաբերութիւն, ընկերասիրութիւն եւ այն բոլոր անանձնական առաքինութիւնները, որոնց համար երկնային վարձատրութեան յոյսը կը բորբոքի մարդկային բարեպաշտ հոգիին մէջ:
Սիրոյ «գործի զգեստ»ը ամէն մարդու վրայ չ՛ըլլար: Թէեւ առաձգականութիւն ունի այս «զգեստ»ը, սակայն միայն յօժարակամ հագնողին կը վայելէ: Դժուարաւ, կամ ուրիշներու պարտադրանքով այս զգեստը հագնիլը անիմաստ է եւ պարզապէս ժամավաճառութիւն: Աւելին, անիկա կրնայ նոյնիսկ պատռուիլ, որովհետեւ բնաւ դժուարութեամբ կարելի չէ՛ մեր մարմինին յարմարցնել զայն: Ծառայութիւն մատուցելը, ամէնէն պարզ ծառայութենէն մինչեւ դժուարագոյնը, մարդ անհատէն կը պահանջէ համբերատարութիւն ու մանաւանդ զոհաբերութեան ոգի: Մարդու մէջ բնական զգացում է նախ անձին փափաքները իրականացած տեսնել եւ ապա ուրիշներուն փափաքները իրականացնել: Այս գործընթացը հակառակ ուղղութեամբ ի գործ դնողն է, որ կը հագնի սիրոյ «գործի զգեստը», ներկայանալով այնտեղ՝ ուր ծառայութեան կարիք կայ:
Ցեխարձակումի, բամբասանքի, զրպարտութեան եւ այլ վարկաբեկիչ մօտեցումներու դէմ ապահովագրուած չէ՛ այս «բանուորը», որ յօժար սիրտով կը հագնի սիրոյ «գործի հագուստը» եւ իր անձը կը նուիրաբերէ: Նման ապահովագրութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի կեանքի մէջ, սակայն ա՛յս տեսակի «բանուորներ»ուն համար բացարձակապէս գոյութիւն չունի այդ ապահովագրութիւնը:
Սիրոյ «գործի հագուստ»ը այնքան գրաւիչ է եւ դրական իմաստով «ցանկայարոյց», որ ընտրեալ մարդիկ կեանքի բոլոր դժուարութիւնները առանց նկատի ունենալու իրենց ուսերուն կ՛առնեն զայն եւ կը նետուին ծառայութեան ահեղավազ յորձանուտին մէջ…։