ԾՆՆԴԵԱՆ 120ՐԴ, ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 80ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երգած ենք ու կը շարունակենք երգել.
«Երազ տեսայ, Սայաթ Նովէն մօտս եկաւ սազը ձեռին…»
«Լուսամփոփի պէս աղջիկ, Աստուածամօր աչքերով…»
Իսկ աւելի յաճախ՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում», բանաստեղծութիւն մը՝ որ վերջին տարիներուն երգչախմբային նոր ու սքանչելի մշակումի արժանացաւ մեր ժամանակակից մեծերէն՝ Տիգրան Մանսուրեանէն։ Հայաստանի համն ու բոյրը հաղորդող, մեր մշակոյթի տիտաններուն ու Արարատին անգերազանցելի հմայքը գովերգող այս բանաստեղծութիւնը նաեւ կ՛արտասանուի պատանիներու եւ երէց սերունդէն արուեստագէտներու կողմէ, իբրեւ խտացեալ ու ժամանակ չճանչցող ներբողական մը՝ Արարատին սեւեռող մեր մայր հայրենիքին, մեր մշակոյթի տիտաններուն։
Գիտենք, որ այս ու նման գոհարներ, ծանօթ ու նուազ ծանօթ, յաճախ նաեւ գրադարաններու էջերուն բանտարկուած մարգարիտներ, ծնունդ առած են Եղիշէ Չարենց անունով տիտանի մը երկունքէն, բանաստեղծ մը՝ որ կեանքի օրերուն, մահով ու յետ մահու «ոդիսական»ներով եզակի տեղ գրաւած է 20րդ դարու մեր գրականութեան ու հասարակական կեանքին մէջ, ու իր բառերը փոխ առնելով, կրնանք անվարան ըսել, թէ իբրեւ «լուսապսակ ճակատ»՝ կը շարունակէ լուսաւորել Հայ Գրականութեան անդաստանը։
Եղիշէ Չարենց մաս կը կազմէ մեր գրողներու, մշակոյթի ու քաղաքական գործիչներու այն սերունդին, որ զոհ գնաց Ստալին-Բերիա եւ ընկերակից «խունթա»ի ոճրածին դաւադրութեանց։ Երկար ատեն անծանօթ էր բանաստեղծին մահուան ճիշդ թուականն ու օրը, սակայն երբ դաժան տարեթիւէն՝ 1937էն տասնամեակներ ետք, Խորհրդային Հայաստանէն ամօթանքի քողը ի վերջոյ վար առնուեցաւ, հաստատուեցաւ, որ ան աչքերը փակած է… 29 Նոյեմբեր 1937ին, այն օրը, երբ Հայաստան կը տօնէր համայնավար կարգերու հաստատման տարեդարձը։
Մինչեւ այսօր ալ անորոշ կը մնան անոր մահուան մանրամասնութիւնները. կան ենթադրութիւններ, թէ տանջանքի տակ սպաննուած է, կը խօսուի նաեւ անձնասպանութեան մասին, որ համոզիչ չէ՝ ճանչնալով մարդը. նոյն օրերուն, շատեր գնդակահարուած են բանտերու մէջ կամ անհետ կորսուած՝ Սիպերիոյ սառցադաշերուն մէջ, սակայն աւելի ստոյգ է, որ ան աչքերը փակած է Երեւանի բանտին մէջ։
Չարենցի կեանքը տեւեց հազիւ 40 տարի, սակայն ան ոչ միայն ապրեցաւ դար մը, այլ ժառանգ թողուց դարերու դիմացող գրական վաստակ մը, որ, ինչպէս նշեցինք, այսօր ու ընդմիշտ պիտի մնայ մեր գրական գանձերու ամէնէն վիթխարիներու շարքին։ Որովհետեւ վիթխարի մարդ էր ու գրող՝ Եղիշէ Չարենց, աշխարհ եկաւ ու ապրեցաւ հայութեան համար բախտորոշ ու ճակատագրական տարիներու, անոր 40 տարիներուն աւելի քան 25ը լիարժէքօրէն միաձուլուեցաւ իր ժամանակի պատմութեան հետ, ո՛չ միայն գրական, այլ եւ պայքարի ասպարէզներու առումով։ Մեր ողջ պատմութեան մէջ հազուադէպ են այն գրողներն ու գործիչները, որոնց կեանքն ու գործը ա՛յնքան իրարու միաձուլուած են, որքան Եղիշէ Չարենցի պարագային։
Կ՛արժէ, որ մեծ բանաստեղծին ծննդեան 120րդ ու նահատակութեան 80րդ տարեդարձներուն առիթով, հպանցիկ ուրուագիծով մը անդրադառնանք անոր «տաֆթար»ին, փորձենք անգամ մը եւս կանգ առնել ու խոնարհիլ անոր արժէքին առջեւ ու յորդորենք հայ պատանին ու երէցը, որ Չարենցի ու նման հսկաներու գրական ժառանգութեան հաղորդ մնան յարատեւօրէն։
ԱՐԿԱԾԱԼԻՑ ՈԴԻՍԱԿԱՆՆԵՐ
Թէեւ Չարենցի անունը առաւելաբար կապուած է Կարսին, սակայն անոր ծննդավայրը եղած է, իր իսկ վկայութեամբ, Պարսկաստանի Մակու քաղաքը. աւելի ուշ, իր բանաստեղծութիւններուն մէջ գովերգած է Շիրազի վարդերը։ Մանկութեան, ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Կարս, որ դարձած է անոր երկրորդ ծննդավայրը եւ իր արժանաւոր տեղը գրաւած՝ անոր գրական ժառանգութեան մէջ։ Պատանութեան տարիներէն սկսեալ, ապրած է արկածախնդրութիւններով լեցուն ու թափառական կեանք. Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, տարիքը մեծ ցոյց տալով՝ մասնակցած է հայութեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն, յետոյ անցած է Մոսկուա։ Երիտասարդութեան սեմին, ներգրաւուած է համայնավարութեան մէջ ու դարձած՝ համոզուած ու յախուռն գործիչ-քարոզիչ, նաեւ մասնակցած է Դաշնակցութեան դէմ ծանօթ պայքարներուն՝ բազմապիսի «երանգներով» գործածելով իր գրիչը։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, առաւելաբար բնակած է Հայաստան, 20ական տարիներուն այցելած է եւրոպական կարգ մը քաղաքներ՝ Փարիզ, Վենետիկ, նաեւ Պոլիս, փափաքած է այցելել Միացեալ Նահանգներ, սակայն ծրագիրը չէ յաջողած։ Գրելու սկսած է կանուխ՝ հազիւ 14 տարեկանին, իսկ 20ին, արդէն հռչակաւոր բանաստեղծ էր ու ճանչցուած քաղաքական գործիչ։ Աւելի ուշ, մաս կազմած է Հայաստանի Գրողներու միութեան, հասունացման տարիները զինք իրազեկ դարձուցած են դառն ճշմարտութիւններու, որոնց ի տես եւ ի լուր՝ ապրած է ահաւոր հիասթափութիւն համայնավարութիւն կիրարկողներէ. թէեւ մնացած է համոզուած համայնավար, սակայն անոր մէջ տարածութիւն ու վիհ ստեղծուած է շինծու միջազգայնականութեան ու ազնիւ ազգայնականութեան՝ սեփական հայրենիքին ու անոր մշակութային հարստութեանց հանդէպ խորացող սիրոյն միջեւ։ Եւ որովհետեւ այդ տարիներուն նման զգացումներ արգիլեալ պտուղ էին ու յանցագործները, մինչեւ իսկ համոզուած համայնավարաներ, ենթակայ էին հաւատաքննութեան ու հալածանքի, Չարենց եւս ի վերջոյ դարձած է հալածանքի թիրախ. օրուան վարձկան իշխանաւորները խտրութիւն չդրին համայնավար Չարենցի, Աղասի Խանճեանի, մինչեւ իսկ Կասեաններու նման հաւատարիմ գործակատարներու ու դաշնակցական Բակունցի եւ համախոհներու միջեւ. բոլորն ալ բանտ տարուեցան, վարկաբեկուեցան, ամէնէն այլանդակ ամբաստանութիւններով մահուան տարուեցան, շատերու գերեզմանը մնաց առանց հետքի։ Իսկ եթէ Գուրգէն Մահարիի ու Մկրտիչ Արմէնի պէս վերապրողներ եղան, անոնց վիճակուեցաւ խօսիլ «ծաղկած փշալարեր»ու մասին ու յաջորդ սերունդներուն յանձնեցին ամոռանալի պատուէրներ…
Չարենցի ոդիսականը չէ սահմանափակուած իր կեանքի վերջին տարիներով։ Այդ տարիներուն, կարելի է երեւակայել Չարենցի հոգեվիճակը, երբ երէկի գործակիցները եւ գաղափարակիցները գտաւ մատնողի, դաւողի եւ զինք ու նմանները հալածողի դերին մէջ։ Կանխահաս մահը իրեն խնայեց յետ մահու ոդիսականի կարգ մը էջերը, որովհետեւ նոր էջեր արձանագրուեցան մահէն ետք ալ. Չարենցի անունն ու հետքը կորսնցելու լծուած դէմքեր օր մըն ալ դարձան… զինք գովաբանողեր ու վերարժեւորողներ, երբ ստալինեան դաժան տարիները պատմութեան անցան ու բարեփոխութեան հովերը սկսան զովացնելու Հայաստանի դժոխքը։ Ողբերգութեան մէկ այլ ծալքն ալ եղաւ այն, որ բանաստեղծին կարգ մը անտիպ գործերը երկար ատեն պահուեցան գաղտնի, պահողները մահուան վտանգը աչք առնելով՝ գետնափոր պահեստանոցներու մէջ թողուցին թուղթերը. մաս մը վերագտնուեցաւ, սակայն մէկ մասը խունացած, մաշած-փճացած ու յաճախ անընթեռնելի դարձած վիճակի մէջ. կարելի եղաւ այդ ժառանգութենէն մաս մը փրկել (նորագոյնը՝ հազիւ ամիս մը առաջ) ու գումարել նախապէս տպագրուած գործերուն վրայ։ Երեւան այցելող մը պէտք է պարտք զգայ այցելելու Չարենցի տուն-թանգարանը։
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԸ ԾՆԱԾ Է
Արդէն հպանցիկ կերպով արձանագրեցինք, որ Եղիշէ Չարենց եղած է համոզուած համայնավար մը, միջազգայնական հայեցակէտերու քարոզիչ մը, ու անոր ընդմէջէն դիտած է մարդոց միջեւ հաւասարութեան իրականացման տեսլականը, դասակարգերու վերացման ճամբով՝ ընկերային արդարութիւն հաստատելու երազը։ Այս սիւնակներուն յաջորդ բաժիններուն մէջ, այս կէտը պէտք է ունենալ մեր մտապատկերին խորքը, ու մենք պիտի չկրկնենք այս յատկութիւնը, երբ նոյնքան արագ ակնարկով մը պիտի անդրադառնանք Չարենցի գրական վաստակին, արժանիքներուն ու մեր գրականութեան մէջ անոր գրաւած փարոսային դերին։
1897ին ծնած Չարենցի առաջին բանաստեղծութիւններուն կը հանդիպինք 1911էն սկսեալ։ Այդ օրերուն, մեր գրականութեան իշխանները կը կոչուէին Թումանեան, Իսահակեան, Յովհաննիսեան, բայց մանաւանդ Վահան Տէրեան, որ նմանապէս հմայուած էր համայնավարութեամբ ու ցմահ մնաց կուսակցական գործիչ։ Չարենցի առաջին բանաստեղծութիւնները շեշտակիօրէն կը կրեն Տէրեանի ազդեցութիւնը. այդ օրերուն, շատեր կրած են Տէրեանի կնիքը։ Առաջին գիրքին՝ «Երեք Երգ Տխրադալուկ Աղջկան»ի խորագիրն իսկ կը մատնէ տրամադրութիւնը։ Շուտով, սակայն, աշխարհասասան դէպքերու յարջորդականութիւնը իրենց ոլորապտոյտին մէջ կ՛առնեն պատանի բանաստեղծը, որ այնուհետեւ կը դառնայ իր ապրած ժամանակներուն «բազկերակը»։ Մեղմիկ, յուզական ու բնութեան տարրերով տարուած գրողին տեղ, հրապարակ կու գայ նոր նիւթ, նոր ոճ ունեցող եւ ուժի քարոզիչ բան-ստեղծողը, մեր գրականութեան մէջ նոր ճամբայ ու դարաշրջան մը բացողը։ Ան այլեւս պայքարի, յեղափոխութեան, բազուկի ուժի, աշխատաւորին տանջանքին ու զրկանքին վերջ տալու ձգտող բանաստեղծն է, որ նաեւ տարուած է Լենինով ու անոր վարդապետութեամբ։ Այս գիծերը անոր մէջ տիրապետող պիտի մնան մինչեւ 1935-36 տարիներն ալ, սակայն մինչ այդ, եւ զուգահեռաբար գլուխ կը բարձրացնէ ազգային աւանդներու եւ սեփականին արժէք տալու, ճանչնալու գիծը։ Անոր ուշագրաւ տողերը, թէ՝ «գգուեց ինձ սիրով մի ձեռք հայրենի, ու ես մի գիշեր իմաստուն դարձայ», ընդհանրապէս համայնավար միջազգայնականէն դէպի սեփական ազգին յարելու խոստովանութիւն-ինքնավկայութիւն նկատուած են։
Հոս փակագիծ մը բանանք ու արձանագրենք անեկդոտ մը. կը պատմուի, որ յախուռն նկարագիրով Չարենց, այնքան կրքոտ կերպով մխրճուած էր իր նոր ուղղութեան մէջ, որ առիթով մը, գրող բարեկամներու հետ զրոյցի պահուն, սուր քննադատութիւն ուղղած է իր վարպետին՝ Տէրեանի հասցէին, ըսելով, որ ան մելամաղձոտ է ու լալկան, մինչդեռ դարը կը պահանջէ ըլլալ ուժի ու աշխատանքի երգիչ, «կռուազան» տեսակէն։ Ատեն մը ետք, դարձեալ Տէրեանի մասին բարեկամներու հետ զրոյցի մը պահուն, սքանչացումով խօսած է անոր մասին, ըսելով, որ ինք եւ նմաններ անոր համեմատած մանուկներ են։ Ու երբ յիշեցուցած են թէ կարճ ատեն առաջ թուք ու մուր նետած էր Տէրեանի հասցէին, պատասխանած է, թէ իր այդ վերաբերմունքը ապացոյց է, թէ ինք ինչպիսի՛ մանուկ մըն է…
Չարենցի ժողովրդային ճանաչումին մէջ բանալի դեր ունեցած է Նիկոլ Աղբալեան, որ 1917ին առաջին անգամ կարդացած է բանաստեղծին առաջին գործերը եւ յատուկ դասախօսութեամբ մը աւետած՝ բանաստեղծի մը ծնունդ։ Երկու տարի ետք, երբ Աղբալեան մշակոյթի նախարար էր հանրապետութեան տարիներուն, ան հրաւիրած է Չարենցը, որ մինչ այդ Կարսի մէջ ու այլուր ուսուցչական գործ կը կատարէր, եւ նախարարութեան շէնքին մէջ գրասենեակ մը տրամադրած է անոր, որպէսզի բանաստեղութիւն գրէ։ Թէեւ Չարենցի գլխաւոր գործը եղած է… պաշտօնակիցներու հետ ժամանցով տարուիլ, սակայն Աղբալեան չէ զղջացած. խորհրդայնացման տարիներուն, երբ Չարենց միացած է Դաշնակցութեան դէմ հայհոյողներու բանակին եւ անասելի բառամթերքով «թնդանօթաձգութեան» լծուած է Դաշնակցութեան դէմ, Աղբալեան սաստ ուղղած է անոր։ Յամենայնդէպս, Չարենցի հոգիին մէջ դաշնակցական Աղբալեանն ու Բակունցը անջնջելի տեղ ունեցած են. տարիներ ետք, ան իր կարգ մը գիրքերէն մակագրեալ օրինակներ ղրկած է Իրան հաստատուած Աղբալեանին…
ԳԻՐԻՆ ԿՏՐԱԾ ՈՒՂԻՆ
Գրական վաստակին մասին ամէնէն սեղմ ակնարկն անգամ մեզ պիտի հարկադրէր հատոր մը պատրաստելու. այս սիւնակներուն մէջ նման բան կարելի չէ ընել, այլ պէտք է բաւականանաք թուումի կարգով խօսիլ անոր կեանքի՝ սեփական ու գրական կեանքի հանգրուանները պատկերող գործերուն, իւրաքանչիւրին մասին արձանագրելով ուրուագծային տողեր։
Նախ նշենք, որ Եղիշէ Չարենցի քնարը բազմալար է. ունի քառեակներ, կարճ ներբողականներ, խոհական գողտրիկ ու յաճախ անվերնագիր բանաստեղծութիւններ, հնչեակներ, գազէլներ, ու թատերական տարազումով բանաստեղծութիւն՝ «Կապկազ Թամաշա»ն, Կէօթէի ու այլ մեծերու հետ «զրոյցներ»…։ Սակայն նաեւ ունի մեծ պաստառի չափածոյ ու արձակ գործեր, որոնց մէջ կ՛արտացոլան անոր կեանքի տարիներն ու աշխարհը, նա՛եւ հայկական աշխարհը ցնցող դէպքերն ու իրադարձութիւնները։ Անպարագիծ երեւակայութեան կողքին, ունի գեղեցիկ ու պատկերաւոր լեզու, որ սակայն դժբախտաբար զերծ չէ «դարաշրջան»ի օտարաբանութիւններէն (ախտ մը, որ նոյնքան դժբախտաբար տիրապետող է այսօր, հայրենի կարգ մը գրողներու եւ մանաւանդ մամուլին մէջ). հարկադրուծ է հատորները լոյս ընծայել աբեղեանական ուղղագրութեան առաջին տարիներու այլանդակութեամբ։
Առաջին մեծ պաստառի գործերն են «Տանդէական Առասպել»ն ու «Ամբոխները Խելագարած»ը. կամաւորական շարժումին միացած ու պատերազմի դաշտերուն վրայ ահաւոր պատկերներու-վիճակներու ականատես, յետոյ նաեւ յեղափոխական եռեւեփումներու մէջ ինկած բանաստեղծը հարազատօրէն կու տայ ողբերգութիւնը՝ իր մարդկային ու ազգային երեսներով։ Մանաւանդ «Տանդէական»ին մէջ ընթերցողը կը հանդիպի մարդը այլափոխող ու այլանդակող ահաւոր պատկերներու, որոնց նմանները կարելի է տեսնել Փիքասոյի մը, Տալիի մը ու նման արուեստագէտներու գործերուն մէջ։ «Ամբոխները…» արտացոլացումն է յեղափոխական շարժումներու իր մասնակցութենէն քաղուած պատկերներու, փորձառութեանց ու իւրայատուկ քարոզչութեան միտումին։ Եւ այդ բոլորը՝ երբ դեռ 20ի սեմին է։ Եւրոպա ու Պոլիս ճամբորդութիւնները, 20ականներուն, առիթ կու տան ականատես ըլլալու Հայաստանի անմիջական շրջապատէն անդին տարածուող աշխարհի փայլուն ու ապաբարոյ երեսներուն, եւ անոր գիրը հանդէս կու գայ զանգուածներու կեանքը բարեփոխելու տրամադրութիւններով։ 20ական տարիներուն, երիտասարդական չարաճճիութեան մը հետեւանքով քանի մը ամիս կը մնայ Երեւանի բանտը, որ շուտով արտայայտութիւն կը գտնէ արձակով՝ «Երեւանի Ուղղիչ Տունը», բանտային փորձառութիւններու պատումի շարք մը։ Համայնավար կարգերու տակ ու անոր հաւատացող Չարենցը կը նկարագրէ չարագործները բարեփոխելու միտող դրութիւն մը, ի հակադրութիւն ցարերու օրով տանջանքի վայր բանտերուն. ընթերցողը կրնայ տարուիլ այն մտածումով, որ «երանի թէ այդ օրերուն ապրէի, չարագործութիւն մը ընէի, որպէսզի վայելէի այդ բանտը…»։ Ափսոս, որ տասնամեակ մը ետք, Չարենցի բաժին եղաւ բոլորովին տարբեր՝ համայնավարութեան ամէնէն դաժան բանտը…։ Նոյն շրջանին կը ծնի նաեւ «Երկիր Նայիրի» վիպական արձակը, որ երգիծելու տրամադրութեամբ յղացուած ու հիւսուած է, իբրեւ նիւթ ունի հանրապետութեան ծնունդի ժամանակաշրջանը, անոր ճամբով կը ձաղկէ եւ կը խծբծէ դաշնակցական իշխանութիւնները, սակայն անուղղակիօրէն վկայութիւններ կու տայ Դաշնակցութեան մղած անհաւասար պայքարին ու կազմակերպական տարածքին մասին։
Մինչեւ 30ականներու սկիզբները, Չարենցի գրականութիւնը կը մնայ վերոյիշեալ ազդեցութիւններուն տակ ու անոնց արտայայտիչը։ Լենինը՝ իր գաղափարներով ու մինչեւ իսկ մահուան առթած յուզումով, լայն տեղ ունի Չարենցի այդ տարիներու վաստակին մէջ («Լենինն ու Ալին»)։ Կոմիտասի աճիւններուն Հայաստան փոխադրութեան առիթով, մեծ վարդապետին նուիրուած ներբողականին մէջ իսկ, 1936ին (Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն աւելի քան 25 տարի առաջ), Լենինն ու անոր խոստացած բարիքները կը մնան ներկայութիւն…։ Սակայն զուգահեռաբար, հայկական արժէքներու յարելու գիծը զարգացում կ՛ապրի ու օրուան «չաստուածներ»ուն պիտակումով՝ ան կը դառնայ ազգայնական, հին բարքերու ջատագով, յետադիմական, կը հեռացուի գրողներու միութենէն. կը ստիպուի պատկան իշխանութիւններուն աղերսագիր գրել, արդարացնելու համար ինքզինք ու հաստատելու իր հաւատարմութիւնը նոր բարքերուն…
Եղիշէ Չարենց 30ականներուն կու տայ նոր գլուխ գործոցներ, որոնք անուղղակիօրէն կը գոցեն նախընթաց տասնամեակի «քարոզչական» յագեցումով բացուած փակագիծը։ Դէպի սեփական արմատներ յարումին մէջ առանձին չէ համայնավարներու շարքին. ունի նաեւ պաշտպաններ, որոնց շարքին՝ Աղասի Խանճեանի պէս ղեկավար մը, որ սակայն, ինչպէս ծանօթ է, իրմէ առաջ պիտի մատնուէր նոյն դաժան ճակատագիրին…։ Լոյս աշխարհ կու գայ «Գիրք Ճանապարհի»ն՝ «Սասունցի Դաւիթը», «Մահուան Տեսիլ»ը, «Դէպի Լեառն Մասիս», «Տաղեր ու Խորհուրդներ»ու շարքը, եւ մանաւանդ հայութեան ուժը անոր միասնութեան մէջ տեսնելու ծածկագիր պատգամը, որ բանաստեղծին շատ մը անմահ գործերուն թագադրումը կարելի է նկատել ու անժամանցելի յուշարար մը հայրենապաշտպանութեան…։
ԵԹԷ ԱՊՐԷՐ ԱՅՍՕՐ…
Չարենց նա՛եւ յետ մահու եղաւ «խնդրայարոյց» բանաստեղծ ու մարդ. եթէ հայ եւ օտար մեծեր եղան անոր ներշնչման աղբիւրներ, ինք ալ դարձաւ հսկայ մը եւ կը մնայ ներշնչումի աղբիւր, անոր բացած ուղին կը մնայ թարմ։ Մեր գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան մը կը բացուի Չարենցով։
Բնականաբար ուղղակի իր գրական վաստակը ընթերցելը լաւագոյն միջոցն է ճանչնալու մարդն ու գրողը. իր մասին գրուած ամէնէն ընդարձակ մենագրութիւնն անգամ չի կրնար փոխարինել այդ հաճոյքը։
Կը շարունակենք ընթերցել ու երգել զինք, սակայն նաեւ կ’արժէ հարց տալ, որ անոր գիրը ի՞նչ արտայայտութիւններ պիտի գտնէր, եթէ ապրէր այսօրուան Հայաստանին՝ վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ, որ պայծառ երկինքներու դիմաց, կը դիմագրաւէ նա՛եւ դաժան իրականութիւններ։
Եւ այսպիսի հարցումներ են որ այսօր զգալի կը դարձնեն Չարենցի պէս հսկաներու բացակայութիւնը։ Եթէ մեր կողքին ըլլար՝ վստահաբար ընկրկողներու ու խոտորողներու պիտի ուղղէր, միասնութեան պատգամին կողքին, հայրենի սիրող ձեռքին գգուանքը զգալու եւ իմաստնանալու հրաւէրը…