Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ատրպէյճան Կը Բողոքէ «Մանկական Եւրոտեսիլ 2017»ին Հայաստանի Արցախցի Ներկայացուցիչին Պատճառով

$
0
0

1116misha

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնը բողոքի նամակ գրած է Եւրոպական հեռարձակողներու միութեան գլխաւոր տնօրէն Նոէլ Քարանին՝ իր դժգոհութիւնը յայտնելով այս տարի Վրաստանի մէջ կայանալիք «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացնող արցախցի Միքայէլ Գրիգորեանի մասնակցութեան առթիւ:

«Թրենտ.ազ»ը կը յայտնէ, որ ըստ ատրպեճանական  հեռատեսլի ընկերութեան ղեկավարներուն, «գրաւուած տարածքներ»էն Հայաստանի մասնակիցի ընտրութիւնը «քաղաքական սադրանք» է:

Նամակը  կը յայտնէ, որ Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը զերծ կը մնայ «քաղաքական խաղեր»է եւ կը նկատի առնէ Ատրպէյճանի համար այս «զգայուն հարցը»:

Նշենք, որ 2010ին Ատրպէյճանի մէջ ընդհատուեցաւ «Եւրոտեսիլ» մանկական երգի միջազգային մրցոյթի հեռարձակումը, երբ Հայաստանի ներկայացուցիչ, արմատներով արացխցի Վլատիմիր Արզումանեան յաղթեց մրցոյթին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles