«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք» (National Geographic) աշխարհագրական ամսագիրը Քարահունջ մեծաքարային համալիրը, զոր նաեւ կ՛անուանեն «Հայկական Սթոնհենճ», ընդգրկած է աշխարհի հնագոյն աստղադիտարաններու ցուցակին վրայ: «Սիրիուսը եւ Օրիոնը կը փայլին խորհրդաւոր Քարահունջի լուսաւորուած քարերուն վերեւը: Անիկա բաղկացած է հարիւրաւոր ուղղահայեաց քարերէ», կը գրէ թերթը:
Քարահունջը կամ Զօրաց Քարերը կը գտնուին Սիսիան քաղաքէն ոչ-հեռու՝ Որոտան գետի Դարբ վտակի ձորի ձախ ափին եւ բաղկացած են մինչեւ 10 թոն ծանրութեամբ ուղղահայեաց քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն ընդհանուր կոթող մը: Համալիրին 25 հեկտար մակերեսին վրայ, որոշ համակարգով, դասաւորուած են եռանկիւնաձեւ քանի մը հսկայական քարեր, որոնց մէջ աստղադիտակի համար նախատեսուած յատուկ անցքեր բացուած են:
Ըստ որոշ հնագէտներու՝ Քարահունջը կը թուագրուի մեր թուարկութենէն առաջ երրորդ հազարամեակով, սակայն ոմանք ալ կը կարծեն, որ համալիրը աւելի հին է եւ հիմնուած է հինգերորդ հազարամեակին: Այդ խորհրդաւոր քարէ շինութեան վերաբերեալ ակադեմիկոս Պարիս Հերունի նախորդ դարու 90ականներուն զգայացունց վարկած ներկայացուցած էր՝ համալիրը նկատելով այդ ժամանակ յայտնաբերուած ամենահին աստղադիտարանը բոլոր յայտնաբերուածներուն մէջ:
«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»ի գլխաւոր ցուցակին վրայ յայտնուած են նաեւ Մեքսիքայի Չաքօ Քենեընը, փորթուկալական Քրոմլեկը, յունական Մեթէորան, քենիական Սիպիլօ ազգային զբօսայցին, իրանեան Ալամուտ ամրոցը, աւստրալիական Ուլուրու Քատա Տիւտա ազգային զբօսայցին, Քալիֆոռնիոյ Օուընզ հովիտը: