Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ- «Սպասման Սրահին Մէջ»

$
0
0

1129zabelyesayan«Սպասման Սրահին Մէջ» Զապէլ Եսայեանի առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, Սեպտեմբեր 1903էն սկսեալ:

Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ:

Գիրքը կը ներկայացնէ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը, ուր երիտասարդ, սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան զլացած կաթը կը փորձէ ապահովել մայրանոցի միջանցքներուն մէջ՝ վկան դառնալով հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն անխիղճ վերաբերմունքին: Մէկ կողմէ ալ իր հիւանդ ամուսինը կը խնամէ Էվա, որ զգայուն կնոջ յատուկ վերապահութեամբ կ՛ընդունի հոգիին խորը, քիչ մըն ալ անգիտակցաբար ծագող սէրը հանդէպ զինք խնամող բժիշկին:

«Սպասման Սրահին Մէջ»ի այս առաջին հրատարակութեան յառաջաբանը գրի առած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles