Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Ռոպէր Հատտէճեանին՝ Կիսադարեան Վաստակաշատ Խմբագրին

$
0
0

 

roberthadejian

 

Յիսուն տարի խմբագիր

Յիսուն տարի նուիրում

Յիսուն տարի հաւատարիմ

Յիսուն տարի զոհողութիւն

Աստուած պահէ նուիրումն

այս ունեցողին

Աստուած պահէ հայ լեզուն

Գիրն ու գրականութիւնը մեր

Մեր դարաւոր մշակոյթն ու ժողովուրդը

Գործն է, որ կը մնայ կեանքին մէջ

Յաւիտեան մնացողը այն է միայն

Մենք կու գանք ու կ՛երթանք

Սնամէջ ապրած կեանք մը անիմաստ է

ու աննպատակ

Աննկատելի

Ըլլալն է կարեւորը

Ոչ թէ ապրիլը միայն

Դուն,

Բոլորանուէր կատարած գործովդ

Անմահացար

Իմ ընկեր սիրելի

Ուրիշ տեղ մի որոներ անմահութիւնը

Երկրի վրայ է ան

Ինչպէս դժոխքն ու դրախտը

Բարին ու վատը հոս են

Ու միայն հոս

Մեր հոգիներուն

Մեր մտքերուն

Մեր կատարած գործերուն

Ու կեանքին մէջ են անոնք

Որոնք ակնբախ կ՛երեւին

Ժամանակն է, որ կ՛ապրի

Քու կատարած գործերուդ մէջ

Նպատակայարմար գործեր են անոնք

Գաղափարին նուիրուած

Քու գործովդ պիտի յիշուիս դուն

Յաւիտեան

 

Քեզ սիրող ու կատարած գործդ

միշտ գնահատող ընկերդ՝

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Ուշի գիւղ, 1 Նոյեմբեր 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles