Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Որդի

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Հայոց լեզուի աչքին լոյսը…

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0903dadourian
Ծանրագլուխ, լուրջ եւ վստահելի, նաեւ հնազանդ եւ ծառայասէր: Ծայրագոյն վիճակներուն՝ զոհուելու պատրաստ՝ բոլորի փրկութեան համար: «Որդի» բառն է անիկա, հայոց բանաւոր ընտանիքին՝ մայրենիին հարազատ զաւակը, աչքին լո՛յսը:

Յարգելի՛ ընթերցող, այս երկվանկն է, որ գրաւոր հայերէնի արշալոյսէն՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի օրերէն սկսեալ, դարձաւ մեր իրագործումներուն խոնարհ եւ հաւատարիմ թերակատարը:

Վերադառնանք 5րդ դար ու պատկերացնենք: Թարգմանիչ սուրբը մելանի մէջ թաթախած է եղէգը ու պատրաստ է սպիտակ մագաղաթի նուրբ մակերեսին վրայ գրի առնելու եւ յաւերժացնելու հայոց լեզուի բառերը: Անոնք մէկ առ մէկ ձեռագրատուն կը մտնեն ու սուրբին կը ներկայանան: Յունական, պարսկական, լատինական եւ հնդկական ծագում ունեցող բառերը քիչ մը յաւակնոտ են, որովհետեւ անոնք կը կրեն հեռաւոր ծովերու եւ աշխարհներու, համեմներու եւ հիւթերու գրաւիչ բոյրը: Ապա ներս կը մտնեն այն բառերը, որոնք երկու արմատ ունին կամ յարադրուած են մասնիկներով: Յատուկ վերաբերմունք կ՛ակնկալեն անոնք, որովհետեւ ներկայանալի են եւ զարդարուն: Ապա ներս կը մտնէ խոստմնալից, հասուն երիտասարդ մը: Պա՛րզ: Բարձրավի՛զ: Առնագե՛ղ: Ունի վառ աչքեր… «Որդի» բառն է անիկա: Սուրբը կը հարցնէ. «Որո՞ւն զաւակն ես դուն»: Ան կը պատասխանէ. «Աստուծո՛յ»: Հայոց անդրանիկ դաստիարակը գրի կ՛առնէ հետեւեալ երկտողը՝ շարականի մը պատառիկը. «Մեղա՜յ քեզ, Քրիստոս, որդի՛ Աստուծոյ»: Նոյն գրիչը խոնարհելով կը շարունակէ. «Խոստովանիմ առ քեզ, որպէս զանառակ որդին»: Պատմութիւնը կը յիշէ, թէ այդ «անառակ որդի»ն, մեր անդրանիկ դաստիարակը, ազնուական Վարդանի երանելի որդին էր: Նոյն թուականներուն, բառին առջեւ խոնարհեցաւ Սահակ Պարթեւը. «ԶՄարիամու զեղբայրն ի թաղմանէ յարուցեալ որդւոյն Մարիամու»: Կէս դար ետք, Մովսէս Խորենացիի գրիչը երգեց. «Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհէմ քաղաքի, Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք»: Իսկ Ի՛նք՝ Քրիստոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս առաքեալ եղբայրներուն տուաւ «մականուն» մը՝ «Որդիք որոտման»: 700ական թուականներուն, Յովհաննէս Օձնեցի աստուածաբան, իմաստասէր, երաժիշտ եւ բանաստեղծ կաթողիկոսը այդ եղբայրներուն համար յօրինեց «Որոտման Որդիներ» կանոնը՝ հինգ շարականներու շարք մը: Իսկ Գրիգոր Նարեկացին, Քրիստոսի ծննդեան հազարամեակին ստեղծեց երկու բառակապակցութիւն. «Որդիք զօրութեանց», «Որդիք դաւաճանողք»: 1152 թուականին, Ներսէս Շնորհալին գրի առաւ քնարերգական երկնային բանաստեղծութիւն մը: Բոլորը «ին»ով վերջացող՝ իւրաքանչիւրը ութ վանկանոց 4000 բանատողերու մէջ, սուրբը պատմեց Քրիստոսի կեանքը ու զայն կոչեց «Յիսուս որդի»: 1200ականներուն ապրեցաւ մէկ այլ աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ՝ Յովհաննէս Երզնկացին, որուն գրիչը շռայլօրէն գովերգեց «որդի»ն.

«Տէրն որդի ծառայի ծնեալ,

Ծառայն որդի ստեղծողին, Մարիա՜մ.

Ցընծացէ՜ք, ցընծացէ՜ք, ցընծացէ՜ք, որդի՜ք Ադամայ:

Օրհնեցէ՜ք, օրհնեցէ՜ք, օրհնեցէ՜ք, որդի՛ք Ադամայ»:

Յարգելի ընթերցող, նկատած էք, թէ ոսկեդարեան եւ միջնադարեան մատենագրութեան մէջ «որդի» բառի գործածութիւնը առհասարակ հոգեւոր բնոյթ ունէր: Կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ Աստուածաշունչին մէջ «որդի» բառը գործածուած է մօտաւորապէս 6000 անգամ:

Բոլոր ստուգաբանները համաձայն են, թէ «որդի» բառը բո՛ւն հայկական է, մեր մայրենիին հարազա՛տ զաւակը: Սեռած է portiyo բառէն: Արմատն է՝ per կամ por, որոնք կը նշանակեն՝ «ծնունդ տալ»: Հարկ է յիշել նաեւ, որ հայ ազգը կը կոչուի «Որդիք Թորգոմայ»:

«Որդի»ն շատ բեղմնաւոր գտ-նուեցաւ: Ան ծնունդ տուաւ ութսունի չափ բարդ կամ ածանց բառերու: Շատեր հպարտութիւն բերին՝ հայրացած, այժմ ալեհեր՝ «որդի»ին, ինչպէս՝ ազատորդի, արքայորդի, իշխանորդի, քաջորդի: Գոյացան բառեր, որոնք ապահովեցին ցեղի շարունակականութիւնը. բազմորդիութիւն, որդեծնութիւն, եղբորորդի, քեռորդի, թոռնորդի: Երեք բառ մտայղացանք Քրիստոսի համար՝ աստուածորդի, տեառնորդի, կուսորդի: Իսկ «ամլորդի» բառը վերապահեցինք Յովհաննէս Մկր-տիչի համար: Ստեղծեցինք բառեր… (Ազդարարութիւն.- Եթէ սենեակի մէջ փոքր տարիքի երեխաներ կան, անոնք մէկ վայրեկան դուրս թող ելլեն)… կասկածելի ծնունդ ունեցածներու համար՝ աղախնորդի, դայեակորդի, հարճորդի, բոզորդի, պոռնկորդի, իշորդի, շնորդի: Ունեցանք նաեւ բառեր, նողկալի եւ գանելի, որոնք ծնած ըլլալ կը թուին իշխանամոլ կայսրերու եւ կայսրուհիներու կողմէ: Ահա՛ օրինակներ. որդեկեր, որդեկոտոր, որդեսպան, որդիատեաց… Բայց աշխարհի վրայ դեռ գոյութիւն ունին «որդեխնամ», «որդեգիր» եւ «որդեսէր» մարդիկ:

Երբ բառը դարերու ընթացքին կ՛աճէր ու կը դառնար աւելի պերճ, դպիրները խորանէն կը շարունակէին անոր անունը երգել, իսկ բարեպաշտ ժողովուրդը փրկութեան համար անոր կը դիմէր. «Որդի Աստուծոյ… աղաչեմք զքեզ, ողորմեա արեամբ քո փրկեալ հօտի»: Մինչ համեստ եւ իմաստուն «որդի»ն ծնունդ կու տար պատկերալից արտայայտութիւններու, ինչպէս՝ «Որդիք լուսոյ», «Որդիք խաւարի», «Որդիք ի հօրէ», բրուտները կը կոչուէին «Որդիք բրտից», եղբօրորդիներն ու քեռորդիները՝ «Որդիք որդւոց», իսկ որդեգիր զաւակները՝ «Հոգւոյ որդի»:

«Որդի» բառը, յարգելի՛ ընթերցող, գալ շաբաթ ծնունդ պիտի տայ փոխաբերութիւններու, բանաստեղծութիւններու, գիրքերու եւ երգերու, իսկ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ծնունդ տալ պատուաբեր որդիներու՝ Ալիշանին, Կոմիտասին, Թումանեանին, Շիրազին, Չարենցին եւ Սեւակին, աչքի լոյսերը մեր ազգին: Իսկ վերջաւորութեան, Երեւան քաղաքի Արաբկիր թաղամասի «Հայորդեաց» տան մէջ բեմ պիտի բարձրանայ ի՛նք՝ «որդի» բառը… Եւ մեր երկհազարամեայ խոստմնալից երիտասարդը պիտի խօսի լուսաւոր ապագայի մասին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles