Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

2018՝ Շան Տարի

$
0
0

yearofthedog1

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Այս տարի չինական 4715րդ տարին է, որուն լուսնային օրացոյցին համաձայն, նոր տարին, որ կը սկսի 16 Փետրուար 2018ին, կ՛անուանուի իբրեւ «Շան տարի»:

Համաձայն չինական աւանդութեան՝ Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը կրկնուած է նոյն անասունին անունը, ուստի չինական աստղագիտութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով:

Այս որդեգրումը ընդունուած էր քրիստոնէական օրացոյցի ծնունդէն շատ առաջ եւ բաժնուած էր 12ի, որովհետեւ մարդիկ նշմարած էին, թէ իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին լուսինը 12 անգամ լիալուսին կը տեսնուէր: Իւրաքանչիւր կենդանի ունի իր յատուկ նկարագիրը՝ տարբեր միւսներէն:

Շունը կը գրաւէ այս շարքին 11րդ տեղը:

Չինական Նոր տարին կը սկսի 16 Փետրուար 2018ին  եւ կը տեւէ  մինչեւ 4 Փետրուար 2019։

Աստղագուշակներու համաձայն՝ Շան տարին պիտի անցնի անխռով:

Իսկ այս տարուան ընթացքին ծնածները ուշադիր պէտք է ըլլան յատկապէս իրենց թոքերուն: Անոնք պէտք է խուսափին, ծխելէ ինչպէս նաեւ անքնութենէ եւ ծանր աշխատանքներէ:

Շան տարին ծնողները կ՛ըլլան լուրջ, հաւատարիմ, քաջ, յաճախ անձնասէր, հասկցող, համբերատար, հնազանդ, հաղորդակից, պատրաստ՝ ուրիշներու օգնելու, սակայն յամառ են ու տնտեսող: Այս տարուան ծնողներուն համար ամուսնութեան զանգակներ չկան:

yearofthedog

 

Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները իրենց՝ տարիներու դասաւորումով.

 

1.- Առնետ.- 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020

2.-Ցուլ.- 1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021

3.- Վագր.- 1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010-2022

4.- Նապաստակ.- 1903-1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023

5.- Վիշապ.- 1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024

6.- Օձ.- 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025

7.- Ձի.- 1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026

8.- Ոչխար.- 1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027

9.- Կապիկ.- 1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028

10.- Աքլոր.- 1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005-2017-2029

11.- Շուն.- 1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030

12.- Խոզ.- 1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031

 

ԴՐԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

 

Բարեկամ, խելացի, ռոմանթիկ, հնազանդ: Իրենց սխալներէն օգտուող: Անոնք կ՛ըլլան հպարտ եւ միաժամանակ շուտով յաջողութեան հասնող: Ուժի գործածութեան դէմ են: Կը սիրեն միասնական աշխատանքն ու գործը: Ստեղծագործ ալ են:

 

ԺԽՏԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

 

Կարելի չէ անոնց վստահիլ. վտանգաւոր են: Անոնք կ՛ըլլան նաեւ կռուազան եւ շատ գերզգայուն: Միշտ կը սիրեն անկախ ապրիլ: Հպարտ են իրենց անձով: Երկչոտ են, սակայն նաեւ ընկերային: Շնորհիւ իրենց հանդարտ նկարագիրին, շատ անգամ կը մեկուսանան ու շրջապատէն կը հեռանան: Երբեմն անհոգ են, յաճախ ալ քմահաճ եւ յոռետես:

 

Բախտաւոր թիւեր՝ 3-4-9

Անբախտ թիւեր՝  1-6-7

 

Սիրած գոյներ՝ կարմիր, կանաչ, մանիշակագոյն

Նախասիրած ծաղիկ՝ Վարդ

 

Շան տարուան ընթացքին ծնած անձերը ընդհանրապէս կ՛ըլլան՝ առեւտրական, բժիշկ, բարձրաստիճան ոստիկան, գիտնական, խորհրդական, ծարագրող, դասախօս, քաղաքագէտ, բարձաստիճան հոգեւորական եւ դատաւոր:

 

Շան տարին ծնած հանրայայտ դէմքեր՝ Սոկրատ, Մայր Թերեզա, նախագահներ՝ Քլինթըն եւ Պուշ կրտսեր, Քեվըն Պէյքըն, իշխան Ուիլիըամ, Ալեք Պալտուին, Մայքըլ Ճեքսըն, Բենճըմըն Ֆրանքլին, Մատոնա, Սոֆիա Լորեն, Շըրլի Մըքլէյն, Թամի լի Ճանզ, Քուին Լաթիֆա եւ ուրիշներ:

 

Ամէն տարի, մեր ընթերցողներուն կը ներկայանանք՝ յայտնի աստղագէտներու եւ բախտագուշակներու 2018 տարուան յատուկ կայքերու վրայ հրապարակուած դրական կամ ժխտական նախատեսութիւններէն բաժիններ տրամադրելով:

Կը հաւատանք, որ նոր տարուան մը գալուստը, նախկին տարիներուն նման, մարդոց մէջ պիտի շեշտէ խաղաղ ու բնական կեանք մը ապրելու փափաքը եւ աշխարհի խաղաղութեան համար՝ բարեմաղթութիւններ:

Բնականաբար աշխարհը ու յատկապէս մարդոց կեանքը մէկ օրէն միւսը անմիջապէս պիտի չբարեփոխուի, յեղաշրջումներ պիտի չապրի, կամ բարեկեցիկ կեանքի մը պատկերները պիտի չյայտնուին:

2018 տարուան համար, աստղագէտներու համաձայն, մայր բնութիւնը իր երկրաշարժներով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ, մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ:

Այլ խօսքով՝ երկրագունդի բնակչութիւնը, հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles