ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ներկայ դարը կը յատկանշուի մասնագիտութիւններով: Այլեւս չկայ մէկը, որ իր հիւանդութեան համար մասնագէտ բժիշկ չփնտռէ: Վերջապէս խնդիրը սեփական առողջութեան եւ ընդհանրապէս մարդու կեանքին կը վերաբերի: Երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ միայն կարելի է դեռ հանդիպիլ պառաւներու, բժշկական փորձառութեան ապաւինող մարդոց, որոնք երբեմն բախտի բերումով արդիւնքի ալ կը հասնին: Գրեթէ բոլոր բնագաւառները, ի մասնաւորի բժշկութեան կալուածը, իրենց քննարկած առարկային ինչութիւնը լաւ ուսումնասիրած են: Մարդակազմութեան մէջ կա՞յ բաժին մը, որ այսօրուան բժշկութեան ծանօթ չըլլայ: Ամենեւին:
Համալսարանական կրթութիւնը այս առումով բացայայտ օրինակ եւ հիմնական փաստ է, երբ ընդհանուր ուսման մակարդակը նուաճած անձ մը ստիպողաբար կ՛ուղղուի դէպի մասնագիտութիւն, թէ՛ արժեւորելու համար իր ստացած ուսումը եւ թէ իր ուսման միջոցաւ օգտակար հանդիսանալու համայն մարդկութեան:
Մասնագիտութիւններու այս խճուղիին մէջ մեզի այնպէս կը թուէր, որ ամէն մարդ իր ճանապարհով պիտի ընթանար: Սակայն, դժբախտաբար կը տեսնենք, որ դերձակը փռապանին գործին կը խառնուի, լուացարարը ակադեմիկոսը կ՛այպանէ, դռնապանը տնօրէնին խելք կու տայ, մեքենավարը նախագահին խորհրդական կը դառնայ, կօշկակարը հոգեւորականին պատարագն ու քարոզը կը քննադատէ, ոսկերիչը նախարարին գործը կը թերագնահատէ, ապակեգործը արուեստագէտ նկարիչին վրձին բռնել կ՛ուզէ սորվեցնել, փականագործը արծաթագործին փորագրութեան մէջ թերութիւն կը տեսնէ, մէկ խօսքով՝ մասնագիտութիւններու ներկայ դարը հիւսած է անհամաչափ սարդոստայն մը, որմէ դուրս գալու համար, պէտք է սպասել աշխարհի նոր ստեղծագործութեան մը…։
Ընդհարումներու շատ բնական այս «ռազմադաշտ»ին մէջ ամէն մարդ զէնք կը վերցնէ, նման այն անկազմակերպ բանակին, որուն միացած ամբոխը բնաւ զինավարժութիւն ըրած չըլլար, ո՛չ ալ բանակային մարզաձեւերու հետեւած: Կը բաւէ միայն որ յարձակման հրաման տրուի, եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք պատրաստ են դէպի յառաջ ընթանալու եւ կոտորելու ամէն ինչ, որ իրենց դիմաց կու գայ:
Ընդհանուր պատկերացումով, տգիտութեան մարզադաշտի կարելի է նմանցնել վերոյիշեալ տեսարանը, ուր չկան սահմանագծումներ, ո՛չ ալ չափ ու կշիռի հասկացութիւն: Այլ պատկեր մը եւս կարելի է մտաբերել նման կացութեան դիմաց, երբ կայ բանակ, սակայն որուն բոլոր զինուորները հրամանատարի աստիճան ունին…։ Ո՞վ որո՞ւ պիտի ենթարկուի՝ յստակ չէ՛: Ուրեմն, մղուելիք պատերազմին արդիւնքը սկիզբէն իսկ բոլորին յայտնի կ՛ըլլայ, եւ մարգարէ մը փնտռելու կարիք չ՛զգացուիր աւարտը գիտնալու համար, ո՛չ ալ հմայեակ թասեր պէտք է ջուրով լեցնենք, ցոլքին նայելով՝ վախճանը գուշակելու համար:
Քաղաքագէտներ խորհուրդ կու տան նման պատերազմներու չմասնակցելու: Բայց ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս յառաջդիմել, կամ լաւ եւս՝ ինչպէ՞ս ինքնապաշտպանութեան դիմել, մանաւանդ որ թշնամի բանակը կազմակերպ այրուձիով կը շարժի յառաջ: Բանակցութիւնները այլընտրանք են այսօր, աշխարհի երբեմն ամէնէն թէժ ու բոցավառ թնդանօթներուն առջեւ դրուած ժողովասեղաններուն շուրջ: Բայց այս պարագային ալ ընդունուած կարգը այն է, որ այդ բանակցութիւնները գէթ իմացական պատրաստութեամբ իրարու հաւասար կողմերու միջեւ տեղի ունենան: Մակարդակի տարբերութիւնը, այս պարագային, «յօնք շինելու փոխարէն՝ աչք հանել»ու համազօր արարքի պատճառ կը հանդիսանայ:
Միւս կողմէ, անտարբերութիւնը մարդկային թերութիւնէ աւելի՝ մեղքի սահմաններուն մէջ պէտք է դիտել, որովհետեւ մարդը գործունէական կեանքով ինքզինք կը փաստէ այս աշխարհի մէջ: Ուրեմն, անտարբերութիւնը, որ կամաւոր ծուլութեան պաշտօնական կարգավիճակն է, դրական մօտեցում մը չէ՛ հարցեր լուծող, կամ ճամբաներ հարթող:
Անհաւասար պայքարի մէջ մտնելէ ետք, ի յայտ եկած դժուարութիւններուն լուծում բերելու լաւագոյն միջոցը՝ դրական կրաւորականութիւնն է: Այս խորհուրդը կը տրուի առհասարակ գիտուն մարդուն, երբ զգայ յանկարծ, թէ շրջապատուած է տգէտներով: Դաստիարակութիւնը մինչեւ որոշ տեղ կարողականութիւն ունի փոփոխութիւն յառաջ բերելու մարդկային կեանքի մէջ: Սակայն տգիտութիւնը այնպիսի ախտ է, որուն դարման չի՛ կրնար բերել դաստիարակութիւնը, այս բառին լայն հասկացութեամբ:
Դրական կրաւորականութեան մասին ծերունի բարեկամս շատ պարզ ոճով կ՛արտայայտուէր, հայկական առածներու պարկէն դուրս բերելով այնքան շատ լսուած խօսքը, որ կը վերաբերի ուղտերու կարաւանի անցնելուն եւ գիւղի շան հաջոցին: Իսկապէս ալ այդ հաջոցը այնքան անտանելի կը թուի, եւ այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ վերջ չունի…։ Սակայն, կարաւանին անցնելէն ետք ամէն ինչ կը հանդարտի, շունը կը մնայ իր տեղը, իսկ կարաւանին ուղտերը բարեաւ կը հասնին իրենց գոմը:
Դրական կրաւորականութիւնը, ուրեմն, բարի աշխատանքին շարունակականութիւնը ապահովող քաջ կեցուածքն է, հակամարտութենէ եւ հակաճառութենէ հեռու, ընդհարումներու առաջքը առնող եւ նոյնիսկ ուրիշները բարեգործութեան հրաւիրող:
Դրական կրաւորականութիւնը փորձութեան մատնող հիմնական դժուարութիւնը արհամարհանքն է: Բարի մարդը պէտք է դրական կրաւորականութիւնը զանազանել կարենայ արհամարհանքէն: Դրական կրաւորականութիւն վարողը շատ շուտով կրնայ իյնալ ուրիշները արհամարհելու եւ իր գործը շարունակելու փորձութեան մէջ: Իր դրական գործի շարունակականութեան ի խնդիր, երբեմն անգիտակցաբար ան կը սկսի արհամարհական վերաբերում ցուցաբերելու դժուարութիւն յարուցողներուն, իր աշխատանքին նկատմամբ անշնորհակալ կեցուածք ունեցողներուն, յատկապէս տգէտներուն եւ իմացապէս իրմէ աւելի խեղճերուն հանդէպ: Մինչ, դրական կրաւորականութիւնը շատ բարձր մակարդակ է, եւ զանիկա նուաճած անձը, հակառակ իր բարձրութեան, իր շրջապատին մէջ պէտք է զանազանուի իր բացառիկ հեզութեամբ եւ համեստութեամբ:
Մարդկային կեանքի դրուածքը այնպիսին է, որ նոյն խճուղիին վրայէն մեր բոլորին ձիակառքերուն անիւները ճռթճռթալէն պիտի անցնին, սակայն նոյն խիճերով նաեւ կարողութիւն ունինք կեանքի ցանկապատին վրայ պատկերելու խճանկար, որուն ներդաշնակութիւնը հիացում պիտի պատճառէ դիտողներուն:
Ժամանակը անաչառ դատաւորն է շատ մը երեւոյթներու, սակայն ամէնէն աւելին՝ դրական կրաւորականութեամբ իրագործուած աշխատանքներու: Վճառակամութիւնը, յարատեւութիւնը, ուժականութիւնը եւ գործին փարելու անքակտելի սէրը, ժամանակին կողմէ մեծագոյն պատիւներու կ՛արժանանան, օրհնաբանութիւն ընծայելով դրական կրաւորականութեամբ իր աշխատանքը կատարած անձին, հակառակ հարեւան գիւղերէն եկող սովահար շուներու երբեմն համանուագ ոռնոցին եւ երբեմն ալ աններդաշնակ կաղկանձին:
Դրական կրաւորականութիւնը աւարտ մը չէ, այլ՝ անվերջանալի գործընթաց մը, որուն արդիւնքը ժամանակ առ ժամանակ քաղելու հաճոյքը կ՛ապրի զայն իրագործողը: Դրական կրաւորականութիւնը յաղթանակ է՝ պարտութեան մէջ, որովհետեւ զայն ի գործ դնողը գիտէ՛ ձեւը, եւ մանաւանդ՝ ունի միջոցը անզգալաբար պարտութեան մատնելու, մինչեւ իրենց ատամները տգիտութեամբ զինուած կարծեցեալ յաղթականները…։