



ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Յաճախ հարց կը տրուի թէ «այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մենք ծով չենք ունեցած, սակայն ունինք ծովանկարչութիւն եւ այն ալ բարձրորակ եւ ինչ որ տեղ նաեւ՝ իւրայատուկ»: Անկախ Այվազովսկիէն, մենք իսկապէս ունեցած ենք ծովանկարիչներու փաղանգ մը, որ իրաւունք կու տայ մեզի հպարտանալու հայկական ծովանկարչութեամբ, ինչպէս՝ Մահտէսեան, Շամշիտեան, Բաշինջաղեան, Շապանեան, Ջիվանեան, Մախոխեան, Ադամեան եւ շատ շատեր: Այս հարցը քանի մը բացատրութիւն կրնայ ունենալ: Ոմանք կրնան ըսել. «Որովհետեւ ծով չենք ունեցած, հաւանական է, որ ծովու կարօտը պատճառ եղած է, որ մեր արուեստագէտները հակում ունենան դէպի ծովանկարչութիւնը»: Ուրիշներ կրնան պատճառաբանել. «Որովհետեւ մեր ծովանկարիչները գրեթէ բոլորը ապրած են (առնուազն որոշ ժամանակաշրջան մը) ծովափնեայ քաղաքներու մէջ, հաւանական է, որ անոնք ընթացքին ուսումնասիրած ու պատկերած ըլլան նաեւ ծովը»: Իսկ երրորդ խումբ մը կրնայ ենթադրել. «Այվազովակիի համաշխարհային համբաւն ու բացառիկ յաջողութիւնները կրնան ներշնչած ըլլալ մեր արուեստագէտները ու մղած՝ դէպի ծովանկարչութիւն»: Թէեւ այս բոլորը ինչ որ չափով ճշմարտութեան հատիկներ կրնան պարունակել իրենց մէջ, սակայն իրականութիւնը բոլորովին այլ է եւ ունի շատ աւելի խոր ու լուրջ մեկնաբանութիւն:
Խնդիրը այն է, որ հայ ժողովուրդը նախնադարէն սկսեալ եղած է ջրապաշտ, որուն լաւագոյն վկաներն ու իրեղէն ապացոյցները այն վիշապաքարերն են, որոնք դրուած կ՛ըլլային գետափնեայ կամ լճափնեայ վայրերու մէջ, իբրեւ ջուրի աստուածութեան նուիրուած պահապան կոթողներ: Անոնց մեծամասնութիւնը ձկնակերպ է: Հազարամեակներու հնութիւն ունեցող այս վիշապաքարերու մեծամասնութիւնը ձկնակերպ է, ունին մինչեւ հինգ մեթր բարձրութիւն եւ կը յայտնաբերուած՝ միայն հակական բարձրաւանդակին վրայ: Անոնք իւրայատուկ են միայն հայ մշակոյթին եւ իրենց ոճով ու իմաստային բովանդակութեամբ անշփոթելի են այլ քաղաքակրթութիւններու հետ: Ջուրի պաշտամունքը այնքան խորն էր ու այնքան տարածուած Հայաստանի մէջ, որ նոյնի՛սկ քրիստոնէութիւնը չուզեց հրաժարիլ անկէ եւ որդեգրեց՝ իբրեւ Վարդավառի տօն:
Գիր ունեցող աշխարհի հնագոյն մշակոյթը շումերականն է: Անոնց ջուրի եւ իմաստութեան աստուածը Էնգին է, որուն մակդիրներէն մէկը ՀԱՅը կամ ՀԱՅԱն է: ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունէն եթէ հանենք ՍՏԱՆ մասնիկը, որ տեղ, երկիր կամ տուն կը նշանակէ կը մնայ ՀԱՅԱն: Իսկ ՀԱՅԱՍՏԱՆ պէտք է որ նշանակէ Ջուրի եւ Իմաստութեան պաշտամունքի երկիր կամ պարզապէս ՋՈՒՐԻ Երկիր: Այսպիսով մեր անունն իսկ վաղնջական ժամանակներէն կը կապուի ջուրի պաշտամունքի հետ:
Որեմն,
Ինչպէս միւս Հայ ծովանկարիչներուն, Այվազովսկիի ծովասիրութիւնը եւս ունի առհաւական ծինային բնոյթ, որ կու գայ մեր ցեղային արմատներէն ու գեղեցկօրէն կը բացուի իր ստեղծագործութիւններուն վրայ: Պատահական չէ, որ Այվազովսկի կ՛ըսէ. «Ծովը իմ կեանքն է»: Ան, իր ծննդավայրի՝ Ֆիոտոսիոյ ծովափին (դերեւս պատանի) ձկնորսներու կը ծանօթանայ եւ խանդավառութեամբ կը մասնակցի անոնց ձկնորսական (նոյնիսկ գիշերային վտանգալից) արշաւներուն, որոնց ընթացքին ոչ միայն կը յայտնաբերէ ծովու տարերային ուժն ու անոր գեղեցկութիւնը, այլ նաեւ բնազդաբար կը սկսի ածուխով ծովանկարներ պատկերել քաղաքի ճերմակ պատերուն վրայ՝ առանց գեղանկարչութեան մասին գաղափար ունեցած ըլլալու: Ան՝ առաջին ստեղծագործութիւններէն իսկ (դարձեալ բնազդաբար) աստուածային Լոյսը գեղագիտականօրէն «կ՛ամուսնացնէ» կենսատու Ջուրին հետ եւ մինչեւ մահ հաւատարիմ կը մնայ անոնց:
Այո՛, առանց Լոյսի բնազդային բացառիկ զգացողութեան եւ արտակարգ վարպետութեամբ անոր դրսեւորման, Այվազովսկիի արուեստը դժուար թէ հասնէր նմանօրինակ միջազգային բարձունքներու: Ի զուր չէ որ ան կը «խոստովանի», թէ. «Իմ գործերուս լաւագոյնները անոնք են, որոնք տոգորուած են լոյսի ուժով»: Այո՛, Այվազովսկիի գուներանգները իրենց նրբագոյն մշակումներով ու թափանցիկութեամբ, լոյսի աստուածային բիւրեղ հնչեղութեան տպաւորութիւն կը ստեղծեն: Այո՛, «Աստուածային» բառը գիտակցաբար գործածեցինք, որովհետեւ հայը արեւապաշտ էր քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ եւ լուսապաշտ էր արեւապաշտ ըլլալէ առաջ: Մի մոռնաք, որ Հին Կտակարանի Ծննդոց բաժինին մէջ կը կարդանք. «Ի ակզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր Աստուած»: Նոյն Աւետարանը մեզ կ՛ուսուցանէ, թէ Աստուած Լոյս է: Ջուրի պաշտամունքի զուգահեռ հայ ժողովուրդը «Ի սկզբանէ» պաշտած է նաեւ Լոյսը իբրեւ փրկիչ, յանձին Միհրի, որուն պաշտամունքը ոչ միայն լայնօրէն տարածուած էր հայկական բարձրաւանդակին վրայ, այլեւ երբ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց Հայաստան իբրեւ Լոյս, ան մեծապէս նպաստեց անոր հեշտ ընդունման ու տարածման: Լուսապաշտութեան հետքերը մինչեւ հիմա կը շարունակեն գոյատեւել թէ՛ մեր կենցաղին եւ թէ հոգեւոր մշակոյթին մէջ: Օրինակի համար, մեր հոգեւոր հայրերը Արեւագալի երգերը կ՛անուանեն նաեւ «Լուսերգութիւններ» եւ կ՛աւելցնեն, թէ անոնց նպատակը լուսեղէն «Աստուածային Էութեան» փառաբանումն է:
Այվազովսկիի ամենաշատ գնահատուած ու մեծարուած ծովանկարներուն գլխաւոր արժանիքները հաւասարապէս կը կայանան անոր Ջրապաշտութեան եւ Լուսապաշտութեան մէջ, որոնք բնազդային են, կը բխին ցեղային ակունքներէ ու կը բաշխուին մեր օրերուն վրայ, իբրեւ ջրածին եռեւեփումի եւ լուսեղէն յոյսի ներդաշնակուած տարերային ուժ եւ գեղեցկութեան ներշնչարան:
Այվազովսկին հայրենասիրութեան եւ առհասարակ հայութեան հետ առնչուող զգալի թիւով գործեր ունի («Արարատ»ներու շարքը, Սեւանը, Խրիմեան Հայերիկը Էջմիածնի Բակին Մէջ, Հայ Ժողովուրդի Մկրտութիւնը, Հայ Զինուորին Երդումը, Հայերը Ողջ Ողջ Կը Նետեն Ծովը, Լորտ Պայրընի Այցը Ս. Ղազար Կղզի, Թրքական Նաւուն Պայթիւնը, եւ այլն), սակայն անոր գեղարուեստական բուն արժանիքները դրսեւորուած են առաւելաբար ոգեղէն լուսերանգներով ողողուած իր ծովանկարներուն մէջ, որոնք ինչ որ տեղ աւելի հայկական կը հնչեն քան՝ վերոյիշեալները: