ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
«Մի՛ լիցի ինձ ձայնել, եւ Քեզ ո՛չ լսել»…
Գորիս քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը հնչէ մեր աշակերտներուն ձայնը: «Մարմին Տէրունական» հոգեւոր երգն է, որ նախ կը լեցնէ աւագ խորանը, ապա աղօթասրահը, կը հասնի հիւսիսային եւ հարաւային աւանդատուները, կը բարձրանայ չորս մոյթերէն վեր՝ արտաքուստ հովահարաձեւ վեղարով գմբէթ, ու կ՛արձակուի գորշաւուն սրբատաշ բազալտով եզերուած նեղլիկ լուսամուտներէն դուրս: Այդ պահուն, խորանին առջեւ կիսաշրջանաձեւ կանգնած ու մոմեր բռնած այդ պատանիներու շրթներէն հոսող ձայները կու գան արտասանելու «ձայն» բառի պատմութիւնը, որ հայոց ազգի արշալոյսի օրերէն սկսեալ ալիք-ալիք տարածուեր է մեր լեզուաշխարհին մէջ:
«Ձա՛յն»… Հայոց լեզուի ամէնէն հնչեղ բառերէն մէկը: Ծագո՞ւմը՝ անյա՛յտ: Ինչո՞ւ զարմանալ: Երբ մեր լեռնաշխարհին մէջ ամէն ուղղութեամբ կ՛երկարին լեռնաշղթաներ ու խոյացած կ՛ըլլան անմատչելի գագաթներ, ո՞վ կրնայ ճշգրտօրէն հաստատել, թէ վիշապաձայն մրրիկի ոռնումը կամ շաչիւնը ուրկէ՛ կու գայ: Ուստի, հայ թէ օտար լեզուաբաններ դեռ անզօր կը մնան ստուգելու «ձայն» բառի ելակէտը: Բայց, եթէ մենք ականջ տանք հայկական հնագոյն գրականութեան, անկասկա՛ծ կը բացայայտենք մեր հեշտալուր բառին պատմական ձայնագրութիւնը:
Հայոց Պատմահայրը՝ Խորենացին, թէեւ մեզի չէ աւանդած նախամաշտոցեան շրջանէն «ձայն»ի հնչիւն մը, սակայն Ե. դարէն՝ հայկական գրաւոր գրականութեան առաջին իսկ օրերէն, մնացած են «ձայն» բառի քաղցրալուր տողիկներ. «Ի լսել զձայն փողոյն», «Ձայնիւ երգով ցնծութեամբ», «Ձայնակից լինել զուարթնոց երկնից»՝ Մեսրոպ Մաշտոց, «Քո ամենազօր հրամանաւդ ձայնեցեր», «Անդադար ձայնիւ օրհնէին»՝ Սահակ Պարթեւ, «Երգ նոր երգեն ձայնիւ հնչմամբ»՝ Մովսէս Խորենացի, «Ձայն բարբառոյ ազգ արարող տիեզերաց»՝ Յովհան Մանդակունի, «Ձայնք հնչեցին սանդարամետք անդնդոց»՝ Սահակ Ձորոփորեցի, «Լուաւ ձայնի աղօթից իմոց»՝ Ստեփանոս Սիւնեցի, «Ձայնս ողբոց քոց հնչմունք»՝ Խոսրովիդուխտ Գողթնացի: Երբ բառը ալիք-ալիք անցում կը կատարէր վաղ-միջնադարէն դէպի ուշ-միջնադար, գրաբարի հոգեւոր ձայնը սկսաւ աշխարհիկ հնչողութիւն ստանալու: Այդ շրջանին լսելի եղաւ ռամիկին ձայնը: Իսկ սէ՞րը: Անիկա վերադարձաւ երկիր: «Բլբուլն գայ քաղցր ձայնէ»՝ Կոստանդին Երզնկացի, «Պիւլպիւլն է իջեր վարդուն, քաղցր ձայնիւ նա երգեր»՝ Ասապով, «Ձայնակցեալ ընդ միմեանս՝ տուտին ու ղումրին գեղգեղելով երգեն երգ ուրախալի»՝ Սիմէոն Կաֆացի, «Ձայնիդ եմ փափաք, տեսոյդ կու բաղձամ»՝ Երեմիա Քէօմիւրճեան:
Տաճարին մէջ գեղաձայն Նանօրին մեներգն է, զոր բոլորը կը զմայլէ… «Ձայնե՜ր, ձայներ տատրակին, սիրասնունդ սիրելոյն…»: Այդ ձայները երկնակոչ մեզի կը յուշեն, թէ Աստուածաշունչին մէջ «ձայն» բառը հնչած է 638 անգամ: Անոր ձայնակցած են «ձայնակից», «ձայնատու», «ձայնարկու» եւ «ձայնել» բառերը:
Յարգելի՛ ընթերցող, ցոյց տալու համար, թէ որքա՛ն ուժեղ էր մեր «ձայն»ը, կը բաւէ նաեւ անդրադառնալ, թէ հայոց լեզուն 368 բառ ունի «ձայն»ո՛վ բարդուած: Թէեւ բոլորն ալ պատկերալից են (չնեղուին բաղաձայնը, խրոխտաձայնը, զազրաձայնը, ունայնաձայնը եւ ձայնազուրկը), պիտի լսենք սակաւաթիւ օրինակներ. զուարճաձայն, հրաշաձայն, հանդարտաձայն, մանկաձայն, ջերմաձայն, քնարաձայն, սիրաձայն, նորաձայն: Ո՛չ, պիտի չմոռնանք այս տաղանդաւոր ընտանիքի այն երկու անդամները, որոնք 20 եւ աւելի տառ ունին. «Ձայնայաճախականութիւն» եւ «ձայնահաղորդականութիւն»: Անշուշտ ունեցանք արտայայտութիւններու եւ առածներու բազմաձայնութիւն մըն ալ. «Ձայն բարբառոյ յանապատի», «բարձրացուցանել զձայն», «ցածուցանել զձայն», «ձայն աղաղակի», «ձայն ծպտուն չհանել», «ձայն տալ միմեանց», «ձայնը չելլել», «ի մի ձայն պատասխանել» ու ամէնէն ռազմաշունչը՝ «ձայն տալ մարտի»: Ձայն տանք նաեւ «ձայն»աւոր դարձուածքներու ամէնէն կենսուրախին՝ «արեւի ձայնն ածել», այսինքն՝ կեանքը վայելել, հաճոյք մը, զոր վիպագիր Պերճ Պռոշեանը տեսեր է ամուսնական կեանքի մէջ. «Ամուսնացնենք, թող գնան իրանց արեւի ձայնն ածեն»: Դարերու ընթացքին հայերս նկատեր ենք նաեւ, թէ ամէն ձայն նոյն ուժգնութիւնը չունի, ուստի մեր գրական էջերէն ներս թափանցեր են՝ զօրաւոր, մեծավայելուչ, սաստկայոյզ, դողդոջ, թրթռուն, թաւ, զիլ, սուր եւ նուաղեալ ձայներ: Ունեցանք նաեւ իմաստասիրական եզր մը՝ «Ձայնք Պորփիւրի»: Իսկ, յարգելի ընթերցող, երբ թերթէք Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան»ը, ականջալուր կ՛ըլլաք «ձայն»ով կազմուած բառակապակցութիւններու ամէնէն հարուստ հաւաքածոյին. «ձայն ահաւոր», «ձայն մխիթարութեան», «ձայն անբաւութեան», «ձայն հեծութեան», «աւետեաց ձայն», «ձայն գուժի», «ձայն պաղատանաց», ինչպէս նաեւ՝ «ընտանի, մեծակական, բարեպատեհ, նրբական, սարսափելի, ողորմելի, թախծագին, խնկելի, չարաշուք, տէրունական եւ աղերսական» ձայն: Սուրբը ի՞նչ ձայն ունէր՝ ակամայ կը մտածենք: Ինք պատասխանած է արդէն. «Բազմասխալ ձայն եղկելի»: Նարեկացին յօրինած է նաեւ Խաչի տօնի տաղ մը՝ «Ահեղ Ձայնս»: Որպէսզի մեր աղօթքները անպատասխան չմնան, մինչեւ այսօր կը շարունակենք մրմնջել անոր խօսքը. «Մի՛ լիցի ինձ ձայնել, եւ Քեզ ո՛չ լսել»:
«Ձայն» բառի իմաստը դարերու ընթացքին գրաւեց մեծ տարածութիւն: Ան նշանակեց «քուէ, ճառ, կատարում, գաւառաբարբառ, պատգամ, ելոյթի իրաւունք, խորհուրդ, խրատ, խօսք»: Րաֆֆին շեշտեց վերջին երեքը ու գրեց. «Լսի՛ր, Մերուժան, մօր ձայնը»: «Ձայն» բառը երբ նշանակեց «լուր, տեղեկութիւն», անյայտ տաղասացը թարգման եղաւ պանդուխտի ներաշխարհին. «Կռունկ ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ»: Անոր հետեւեցաւ մէկ այլ տխրաձայն տաղ. «Կանչէ՛, կռունկ, կանչէ՛, ձայնիկդ ի հոգիս»:
Մեր ինքնաբուխ երգեցողութիւնը վերջ կը գտնէ: Հրաժեշտ տալէ առաջ անհրաժեշտութիւնը կը զգամ տաճարին մասին պատմական տեղեկութիւն մը տալու.
– Հաւաքուեցէ՛ք, կիսակլոր…
– Պարո՛ն,- կը հարցնէ Աւօն,- ճա՞շը…
– Ստեփանակերտի մէջ, մէկ ժամէն, համբերէ՛, համ կը բերէ… Աշակերտնե՛ր, նախ՝ ձեր ձայնը անսպառ… Գալով այս եկեղեցիին՝ անիկա օծուած է Խրիմեան Հայրիկին կողմէ, 1904 թուականին: Եւ Հայրիկը հեղինակն է բանաստեղծութիւններու այն ժողովածուին, որուն խորագիրն էր «Վերջալոյսի Ձայներ»: Հիմա մտնենք Արցախ, ազատ երկիրի ազատ երկինքին տակ, վերջալոյսի լոյսերուն մէջ ածեցէք ձեր արեւի ձայնը:
(Շար.)