Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Զրոյցին Միւթը Չէ՛ Կարեւորը

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Church
Երկու անձերու միջեւ հեռո՜ւն տեղի ունեցող անլսելի զրոյց մը, կրնայ մտահոգել տկար անհատականութեան տէր մարդիկը: Տկարութիւնը, այս պարագային, կասկածամտութիւն կրնանք որակել, եւ ո՛չ թէ միամտութիւն կամ՝ ծայր աստիճան բարութիւն, որ տագնապ կը յառաջացնէ սոյն հիւանդութենէն՝ կասկածամտութենէն տառապող մարդոց միտքին մէջ:

Տեսնելով հեռուն կանգնած երկու անձեր, որոնք իրարու հետ մեղմ ձայնով, ջերմօրէն կամ լրջօրէն կը խօսին, տագնապահար հոգի ունեցող մարդիկ կը մտահոգուին, մտածելով որ այդ զրոյցին նիւթը իրե՛նք են: Բայց ո՞վ ըսաւ, որ այդ զրոյցին նիւթը իրենք են: Գիտէ՞ք ով ըսաւ. իրենց երեւակայութի՛ւնը ըսաւ: Որովհետեւ առհասարակ տագնապահար հոգիներուն երեւակայութիւնը իր աշխատանքային բարձրակէտին վրայ կը գտնուի:

Հիւանդագին այս իրավիճակէն հեռու, գիտակից եւ մտային բնական կամ առողջ վիճակ ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս զրոյցին ընթացքին, անոր նիւթով այնքան մտահոգ չեն ըլլար, որքան զրուցակիցով: Զրուցակիցներէն մէկը կամ միւսը եթէ հիւանդագին անձ չէ, անոնք միասնաբար կրնան տուեալ նիւթը առաջնորդել իրենց ուզած ուղղութեամբ, որպէսզի շինիչ արդիւնքի հասնին, կամ՝ կարենան ճշմարտութիւնը բացայայտել իրենց զրոյցի աւարտին: Նոյնիսկ եթէ չհասնին ցանկալի արդիւնքին, վստահ ենք սակայն, որ շատ մօտեցած պիտի ըլլան ճշմարտութեան:

Հաւանաբար ունեցած էք այնպիսի պահեր, երբ մէկու մը կողմէ առաջին անգամ ձեզի ներկայացուող անձին ո՛վ ըլլալը գիտնալու համար, անմիջական եւ կարճ ուսումնասիրութիւն ըրած էք, քանի մը հարցումներ ուղղելով նորեկին: Ոմանք այս գործին վարպետն են, եւ շատ շուտով կրնան թափանցել դիմացինին միտքին մէջ, գէթ անոր հետաքրքրութեան աշխարհը իմանալով: Ասիկա դիւրութիւն կու տայ դիմացինին հետ միասնաբար դասաւորելու զրոյցի նիւթերը, որոնց քննարկումը իսկապէս կրնայ դրական արդիւնքի հասցնել կողմերը: Իսկ եթէ պատահի հակառակը… այսինքն կարելի չըլլայ հաղորդակցութեան որեւէ գիծ գտնել դիմացինին հետ, այն ատեն զրոյցը կը դառնայ աղէտաբեր, խօսակիցներուն միջեւ բանավէճի եւ ապա կռիւի վերածուելով:

Պատկերացուցէք երկու անձեր, որոնցմէ մէկը բարձր կրթութեան տէր է, իսկ միւսը շատ յաջողակ վաճառական: Անոնց աշխարհայեացքներուն տարբերութիւնը, մէկ կողմէ, ունեցած հետաքրքրութեանց տարբեր աշխարհները, միւս կողմէ, բառապաշարն ու գիտութիւնը, մէկ ուրիշ կողմէ, խոչընդոտներ պիտի հանդիսանան անոնց միջեւ առողջ ու հաճելի զրոյցի գոյառման:

Պանդոյր մարդուն հետ ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութեան մտնել, երբ անոր հոգին ալք չունի, եւ ան մակերեսայնութեան լողորդ մըն է միայն: Այնպէս, ինչպէս ծովուն բիւրեղութիւնը անոր ընդերքին մէջ կը գտնուի եւ ո՛չ թէ ափին փշրուող ալիքներու խայտաբղէտ փրփուրներուն վրայ, այնպէս ալ մարդու մը բիւրեղութիւնն ու մաքրութիւնը անոր հոգիին ամէնէն խորը կարելի է գտնել, ուր կը տիրէ սկզբնական անեղծութիւնն ու սրբութիւնը:

Երկխօսութեան կամ զրուցատրութեան ամէնէն ձանձրացուցիչ մասը խօսքին տափակութիւնն է, որուն վրայ ելեւէջներ չկան, նիւթին անհաճոյ ըլլալուն պատճառաւ: Ոմանք նման զրուցակիցներու հետ ստիպողաբար խօսելով, ամբողջ ժամեր կը տրամադրեն անոնց ոդիսականը լսելով: Այս պարագային այդ ոդիսականը միայն անոնց կեանքի տխուր դրուագները չի՛ ներկայացներ, այլ նոյն պահուն ունկնդիրին աչքին նոր ոդիսականի մը գրառումը, իր զրուցակիցին խեղճութեան ականջալուր: Իր ողբերգակ զրուցակիցին երկար ժամանակ ունկնդիր եղած գիտակ մարդ մը կը պատմէր՝ ըսելով, թէ անոր խօսած պահուն ինք կը նայէր աչքերու սպիտակուցին, եւ զայն կը պատկերացնէր իբրեւ խօսակիցին պատանքը…։ Փաստօրէն, զրուցակիցը իր տգիտութեան բերումով մեռած էր իրեն համար, եւ այդ պահուն անոր պատմած նիւթը չէր լսեր ինք, այլ՝ կը տեսնէր մեռած անձ մը, որուն աչքերուն սպիտակուցով զայն պատանքելու արարքը կը պատկերացնէր: Տգէտ զրուցակից մը իր դիմաց ունեցողը, թերեւս այնքան չի զղջար իր ժամավաճառ ըլլալուն համար, որչքան կը ցաւի նման մարդու մը կարելութեան…։ Կարելի՞ բան է որ նման մարդ ըլլայ այս աշխարհի երեսին: Ահա ա՛յս երեւոյթն է որ կը տագնապեցնէ իրեն հաւասար զրուցակից չունեցող մարդուն:

Կարդալ չիմացող մարդուն գրութիւն մը ներկայացուցեր են՝ ըսելով, թէ իր մասին է այդ: Անգրագէտը ո՛չ միայն հաւատացեր է գրուածին, որ զինք խաբած ըլլալու ծաղրանքը կը պարունակէր իր մէջ, այլ սկսեր է կարդալ սորվելու, իր խաբուած ըլլալուն նիւթը սկզբնաղբիւրէն ընթերցելով, ամբողջութեա՛մբ վայելելու համար…։ Այսպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ ինքնալլկումը: Այլապէս, անձը կը մնայ հոն՝ ուր որ էր, իսկ գրութիւնը հոն՝ ուր որ է: Իսկ զրոյցի պարագային, տգէտը աւելի՛ կասկածամիտ ըլլալուն, զրուցակիցին իւրաքանչիւր խօսքին մէջ կրնայ իր անձին ուղղուած վարկաբեկում ու վիրաւորանք գտնել: Ան գրութիւն մը տեսելու կարիք չունի: Կը բաւէ միայն որ մէկը զրուցէ իր հետ նիւթի մը մասին, եւ ինք շուտով հակառակ դիրքորոշում մը կ՛որդեգրէ ու նոյնիսկ կը թշնամանայ իր զրուցակիցին հետ:

Իր ատելութեան մէջ խորասոյզ, տգէտը երկար ժամանակի վրայ ձգուած ծրագիրներ կը մշակէ, դաս տալու համար իր «տգէտ» զրուցակիցին, որուն գիտութիւնն ու կարողութիւնը յայտնաբերելու կարողութիւնը չունի:

Հեքիաթագիրները ունին զիրար չհասկցող մարդոց վիճաբանութիւնը նկարագրող բազմաթիւ գրութիւններ, որոնց ի հետեւումն մեծ պայքարներ մղուեր են ու արիւնահեղութիւն կատարուեր է, ըստ այս հեքիաթագիրներուն: Ուրեմն, խաղաղ երկխօսութեան նախապայման է խօսակիցներուն ամբողջապէս զիրար հասկնալու կարողութիւնը: Եթէ կողմերէն մէկը զրկուած է այդ կարողութենէն, ուրեմն բաղխումը անխուսափելի է:

Ովքե՞ր սակայն զիրար կրնան հասկնալ: Անոնք, որոնք նոյն ընտանիքի անդա՞մ են, անոնք, որոնք նոյն դպրո՞ցը յաճախեր են, անոնք, որոնք նոյն տե՞ղը կ՛աշխատին, անոնք, որոնք նոյն տեսակ կերակուրնե՞ր կը սիրեն: Ափսոս, որ վերոյիշեալներէն ո՛չ մէկը չի կրնար պայման ըլլալ զիրար հասկնալուն: Ամբողջութեամբ զիրար հասկնալու եւ իրարու զրուցակից ըլլալու համար, մարդիկ ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւասար ըլլան: Հաւասար ըլլալ չի՛ նշանակեր նիւթապէս նոյն կարողութեան տէր ըլլալ: Ատիկա նիւթապաշտական մօտեցում կ՛արտայայտէ եւ խոտելի է գիտութեան ու կրթութեան: Հաւասար ըլլալ, կը նշանակէ իմացական նոյն բարձունքին ձգտող ըլլալ, միաժամանակ ճշմարտութեան հետամուտ եւ բարութեան սիրահար:

Զրոյցը հաւասարներու միջեւ ընթացող հաճելի գործարք է, որուն երկու կողմերը իւրաքանչիւր քայլափոխէ ետք երջանկութիւն կը զգան, խորապէս հաւատալով իմացապէս աստիճան մը եւս բարձրացած ըլլալու միասնական ճիգին: Ասոնց պարագային, ի՞նչ նշանակութիւն ունի զրոյցին համար որոշուած նիւթը, երբ անոնք գիտեն զայն շրջելու, ձեւափոխելու, կոկելու ու բիւրեղացնելու գաղտնիքը:

Զրուցակիցները երբ իրարու հաւասար անձեր են, անոնց հոգեվանդակէն դուրս կը թռչի սպիտակաթոյր աղաւնին, ո՛չ թէ միայն ձիթենիի շիւղ մը կտուցին, այլեւ ճիւղ մը ամբողջ, խաղաղութեան խորհրդանիշ, որ ուրիշ բան չէ՛ եթէ ոչ համերաշխութիւն մարդոց միջեւ:

Զրոյցին նիւթը չէ՛ կարեւորը, այլ զրուցակիցներուն իմացական հաւասարութիւնը, բարոյական կշիռքին կարեւորագոյն նժարը…։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles