Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ –Փոր (Ա.)

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian

Խոշոր պարապութիւն մը, որ ունեցաւ իմաստալից պարունակութիւն…

Որքա՞ն ջանք պէտք էր թափէր միավանկ մը, որպէսզի երեւելի դառնար, երբ մրցակիցներն էին՝ դատարկ, սին, պարապ, նանիր, թափուր եւ ունայն: Այս մարտահրաւէրին առջեւ գտնուեցաւ «փոր» բառը: Համեստ էր եւ ինքնամփոփ, կը սիրէր իր օրերը հեզասահ անցընել: Եւ ի՞նչ ընէր «փոր»ը, երբ վերոյիշեալ հոմանիշները ժամանակի ընթացքին ուռճացեր, դարձեր էին դատարկախօս, սնաբան, ունայնամիտ եւ նանրափառ:

Ցոյց տալու համար, թէ «փոր» բառին պատմութիւնը սնամէջ չէ, այլ ունի հիւթեղ պարունակութիւն, ձեզի կ՛առաջարկեմ միանալ մեր աշակերտական խումբին ու հիացիկ քալել հարաւային Հայաստանի Գորիս քաղաքի Մաշտոց գեղատեսիլ պողոտայի մայթերուն վրայ, որոնք Յունիսի ջերմ արեւին տակ զարդարուած կ՛ըլլան պտղատու հասուն ծառերով:

– Պարո՛ն, այս թութերէն կրնա՞նք ուտել:

Աւօն, որ քիչ առաջ պանդոկէն ելած էր կուշտ փորով, որոշած է հայրենի միրքերու բոլոր տեսակները ճաշակել՝ զուտ գրական պատճառներով, թէ՝ մեր բանաստեղծներու նկարագրութիւնները կը համապատասխանե՞ն իրականութեան, թէ ոչ: Տղան կու գայ չարենցեան հետեւեալ եզրակացութեան.

– Պարո՛ն, «արեւահամ» են ասոնք:

– Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ չափաւոր ուտես:

«Փոր» բառին ծագումը անյայտ է: Բազմաթիւ կարծիքներ առաջարկուած են, թէ ի՛նչ է անոր արմատը: Չունենալով եզրափակիչ մեկնաբանութիւն մը՝ ստուգաբաններ փորձած են զայն համեմատել հարեւան լեզուներու համապատասխան բառերու հետ: Կայ յունական տեսութիւնը, պարսկականը, սումերականը եւ այլն: Բայց Աւոյին եւ այս բառը օգտագործողներուն համար ի՛նչ կարեւորութիւն ունի ծագումը, այնքան ատեն որ լեցո՛ւն է անիկա:

«Փոր» բառի հիմնական եւ առաջին իմաստն է՝ «ծակ, պարապութիւն, փոս, խոռոչ, գոգ»: Այդ իմաստով ալ զարգացեր են «փոր անոթոց», «փոր նաւի» եւ «փոր սեխի» բառակապակցութիւնները: Իմաստի զարգացումով ապա սկսեր է նշանակելու ստամոքս եւ աղիք, նաեւ՝ քաղիրթ, փորոտիք, մարմինի այն մասը, որուն մէջ տեղաւորուած են ստամոքսը, լեարդը, աղիքները, փայծակը եւ այլ գործարաններ: Գաւառներու մէջ «փոր» կը նշանակէր կնոջ արգանդը: Երեք փոխաբերութիւններով անիկա դարձաւ աւելի իմաստալից: Առաջինը՝ «ծին, ծնունդ», որ յայտնի է Գորիսի զաւակ, վիպագիր Սերօ Խանզադեանի հետեւեալ տողին մէջ. «Միւս փորդ տղայ լինի, կնի՛կ», երկրորդը՝ «ապրուստի միջոց», իսկ վերջինը՝ «անօթներու ուռուցիկ միջին մասը»: Անոր համար է, որ կ՛ըսենք՝ «կուժի փոր», «կողովի փոր»:

Անցած ենք Բախշեան փողոց: Դաւիթ Բեկի խաչմերուկէն մինչեւ Գարեգին Նժդեհ երկարող հատուածը ամէնէն ախորժաբերն է:

– Պարո՛ն, ասոնք ի՞նչ են:

– Փորիդ խաթրին համար՝ դեղին բալ:

Աւօն, օգտուելով ցած եկած քանի մը ճիւղերու հիւրասիրութենէն՝ կը վայելէ այդ ջրալի պտուղները:

– Աւօ՛, փորդ պէտք է որ ճաշին պահես: Փորի գերի ըլլալ լաւ չէ:

0217por

Դարերու ընթացքին մեր «փոր»ը յագեցաւ բարդ բառերով, մօտաւորապէս 140 հատ, ինչպէս՝ փորել, փորաբաց, փորադիր, փորաթեփուկ, փորալող, փորախօս, փորածոյ, փորապաշտ, փորահատութիւն, ինչպէս նաեւ քանի մը առողջապահական բառեր (որոնք, կը վախնանք, որ Աւոյի պարագային գործածելի պիտի ըլլան). փորացաւ, փորափքութիւն, փորլուծութիւն եւ փորուփոշման: Վերջինը՝ գաւառական ընտիր բառը մը, որ կը նշանակէ «սաստիկ զղջացած»: «Փոր» բառը ունէր նաեւ արուեստագէտի հակում, որմէ յառաջացան՝ փորագիր, փորագրազարդ, փորագրիչ, փորագրութիւն եւ փորագրանկար բառերը: Ճարտար էր նաեւ բառը ու մեզի տուաւ գետնափոր, հիմնափոր, որմնափոր եւ երկրափոր բառերը: Ունեցանք նաեւ Գեղարդի խորափոր տաճարները, Վայոց Ձորի Մարտիրոս գիւղի վիմափոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Խարբերդի Խորխոր գիւղի Ս. Գէորգ ժայռափոր եկեղեցին, Լոռիի Գեղասար գիւղի քարափոր տուներն ու դամբարանները:

Կը կտրենք Անդրանիկի, ապա Գուսան Աշոտի խաչմերուկները՝ սալորենիներու եւ դարաւոր թթենիներու հատուածը:

– Պարո՛ն…

– Ո՛չ, հիմա պանդոկ չենք կրնար վերադառնալ:

– Փո՛րս…

Օգնութեան կը հասնի սրճարան մը:

«Փոր» բառը Գուգարք նահանգին մէջ ունեցաւ իր ամէնէն լայն տարածութիւնը: Իր բուն իմաստէն՝ գոգ, պարապութիւն եւ խոռոչ, զարգացաւ «հովիտ»ը: Ուստի, հիւսիսային Հայաստանի բազմաթիւ գաւառներ անուանուած են «փոր», ինչպէս՝ Քվիշափորը, Բողնոփորը, Մանգեաց Փորը, Կողբափորը՝ իր Կողբաքար բերդաքաղաքով, եւ Ծոբոփորը՝ իր Ախթալայի հիասքանչ վանքով: Առանձնացնել պէտք է Ձորափորը, կամ՝ Ձորոփորը, ուր ծնած էր 8րդ դարու աստուածաբան, «Էջմիածին ի հօրէ» եւ «Ուրախ լեր» շարականներու հեղինակ Սահակ կաթողիկոս Ձորոփորեցին:

Աւոյին ժամանակաւոր բացակայութիւնը առիթ կու տայ, որ մտաբերենք նաեւ մէկ այլ պերճութիւն… արտայայտութիւններ: «Փոր»ը, ըստ հայերէնի դարձուածքներու բառարաններու, յղփացած է արտայայտութիւններով: Անոնք եօթանասունի չափ են, ինչպէս՝ «փորը դատարկել»՝ ծննդաբերել, «փոր է, հոր չէ»՝ մարդը անսահման չի կրնար ուտել, «փոր պահել»՝ ախորժակ պահել աւելի լաւ ուտելիքի համար, «փորը դատարկ»՝ աղքատ, սնանկ, «փորը եփիլ»՝ անհամբերութենէ զայրանալ, «փորը լիքը սաստանայ»՝ շատ խորամանկ մարդ, «փորը իւղոտիլ»՝ հարստանալ, «փորը չվերցնել»՝ նախանձիլ, «փորը օձ մտնել»՝ նենգութեամբ եւ չարութեամբ լեցուիլ, «փորի գերի»՝ որկրամոլ, «փորի մէջ օձեր ունենալ»՝ չար մտադրութիւններ ունենալ… Ինչպէս տեսակաւոր են «փոր»ին պարունակութիւնները, նոյնպէս ալ բազմազան եղած են անոր գաւառական հնչիւնները։ Ըստ Հ. Աճառեանի, Ագուլիսի, Տիգրանակերտի եւ Թիֆլիսի մէջ՝ փուր, Համշէնի եւ Սեբաստիոյ մէջ՝ փէօր, Զէյթունի մէջ՝ փիւյ կամ փիւր, իսկ Հաճընի մէջ՝ փոյ:

Աւօն կը վերամիանայ մեզի: Անցած ենք Ակսել Բակունցի տունը, Անդրանիկի կիսանդրին: Գրիգոր Տաթեւացիի խաչմերուկին վրայ կը գտնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն հիւսիսային պատին վրայ փորագրուած կը տեսնենք տաճարի շինարարութեան պարագաները: Մեր աչքերը կը զարմացնէ նաեւ հանդիպակաց լերան լանջին նստած Հին Գորիսը, որ յայտնի է ժայռափոր բնակարաններով:

Բոլորին փորիկները եւ աչքերը կշտացան: Տաճարին մէջ ենք հիմա, ուր շարականի հոգեգրաւ ձայներ անթարթ կը պահեն մեզ ու մտածել կու տան… «ձայն» բառի մասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles