Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ- Կարծրատիպը Կոտրելով…

$
0
0

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

0000madlenmardirosianՏան դռնէն ներս կը մտնէի, երբ ինձմէ ոչ այնքան հեռու, պարտէզին մէկ անկիւնը անսովոր բան մը նշմարած՝ ես ինծի հարց կու տամ. պարա՞ն է, այդքան երկար, գունաւոր ու աղուոր, ո՛չ. գօտի՞ է, ո՛չ… ու ճշգրիտ ի՛նչ ըլլալը գիտնալու հետաքրքրութեամբ, կամաց-կամաց եւ այնքա՜ն զգոյշ իրեն մօտենալով՝ մատներովս զայն շօշափելու չհասայ, երբ յանկարծ շարժելու սկսաւ։

– Օ՛ձ է, օ՛ձ, Աստուա՛ծ իմ,- սարսափած պոռացի.

Ամերիկայի ամայացած փողոցներուն մէջ ձայնս լսող չկար. նոյնիսկ եթէ ըլլար՝ հայերէնով ըսածս հասկցող կա՞ր… ու անմիջապէս ըրած սխալիս անդրադարձած՝ անգլերէնով ձայնս բարձրացնել փորձեցի, բայց այդ մէկն ալ չեղաւ. վախէս լեզուս բռնուած էր արդէն. իրմէ այնքան հեռու կեցած, խայթուելու ամենափոքր հաւանականութիւնն անգամ չունենալով՝ չեմ գիտեր ինչու՛ այդքան տակն ու վրայ եղայ. անընդհատ աջ, ձախ, ներս ու դուրս մտնել-ելլելով, ընելիքս չգիտցած, բայց աչքս երբե՛ք իրմէ չհեռացնելով՝ նկատեցի, որ մեծ քարի մը շուրջ ինքզինք փաթթելէ ետք, կամաց-կամաց սողալով քովի տան պարտէզին կողմը ուղղուեցաւ. հոն, ուր երկու երեխաներ իրարու հետ կը խաղային. իրենց հաշուոյն աւելի սարսափած՝ անմիջապէս դրացուհիիս դուռը կը թակեմ, ու հազիւ բացուած, թարգմանաբար ու քաշուած ձայնով, վանկ առ վանկ կակազելով՝ «օ՛ձ, օ՛ձ կայ հոն» մատովս ալ ցոյց տալով կ՛ըսեմ։

Երկուքով՝ կարծես աւելի իրարու անցանք, ու ինչ ընելու կամ չնելու մեր առնելիք որոշումին մէջ շուարած՝ դրացուհիս ճիշդ լուծումը գտաւ, ու անմիջապէս կենդանիներու հսկողութեան կեդրոնին հեռաձայնեց. արձակուրդի պատճառաւ՝ գրասենեակը փակ էր. ուրեմն՝ ոստիկանութեան պէտք է որ լուր տանք. առաջարկեց ան եւ այդպէս ալ ըրաւ, բայց պատասխանատու պաշտօնեաներուն համար եղածը մահու-կենաց հարց չըլլալով՝ այնքան հանգիստ ու քիչ մըն ալ անհոգ՝

– Երկու ժամէն ձեր քով կ՛ըլլանք,- պատասխանեցին։

– Բայց այդքան ժամանակ օձը իր տեղը չի մնար, այնպէս չէ՞…

– Կը փորձենք աւելի շուտ գալ,- աւելցուցին։

Ամերիկացիի մտայնութեամբ, այլեւս ընելիք չունենալով՝ դրացուհիս իր երեխաները հաւաքած ներս կ՛անցնի, իսկ ես, ինչպէս միշտ, ունեցած ամէն տեսակ դժուարութիւններուս առջեւ, այս անգամ եւս «ի՞նչ ընեմ» հարցումով կը հեռաձայնեմ եղբօրս՝ Յակոբին, որ սարսափած ձայնս լսելով՝

– Դուն բան մըն ալ մի՛ ըներ, միայն ներս անցիր, ես հիմա կու գամ,- պատասխանեց։

– Բայց մինչեւ գալդ այդ սողունը գիտե՞ս որտեղեր կրնայ հասնիլ ու ճամբու ընթացքին ի՜նչ-ի՜նչ վնասներ կրնայ բերել…

– Ո՛ւր կ՛ուզէ թող հասնի, ի՛նչ կ՛ուզէ թող ընէ, բայց եթէ կը նախընտրես իրեն հետեւիլ, ուրեմն դուրս մնալով՝ շարունակէ զինք «վայելել»,- կատակեց ան։

Երկուքիս տուներուն միջեւ ամերիկայի համար կարճ սեպուող հեռաւորութիւնը ինծի համար աւելիով կարճցած էր կարծես, երբ այնքա՛ն շուտ հասաւ ան, ու առանց ժամանակ կորսնցնելու, օգնութեան համար ամբողջ թաղին մէջ բացի ինձմէ ոչ ոքի հանդիպած՝ փնտռտուքի մէջ ինկաւ… ինքնաշարժին մէջ հաստ երկաթէ ձող մը միայն գտած՝ զայն օգտագործելով օձի վիզին զօրաւոր հարուած մը իջեցուց ու ճնշած մնաց հոն, մինչ այդ, խ՜եղճ կենդանին իր ինկած թակարդէն ինքզինք ազատելու ճիգին մէջ, աքցանի պէս այնքան լայն բացուած բերանէն իր միակ զէնքը՝ լեզուն, դուրս հանելով հոս-հոն կը զարնէր, բայց ապարդիւն…։ Քանի մը վայրկեան ետք արդէն իսկ անշարժացած էր անիկա։

Առաջատար Ամերիկայի մէջ, օրական տեսակ-տեսակ մարդասպանութիւններու կողքին այս մէկն ալ ոճիռ կը սեպուի՞ արդեօք, հապա՞ որ այդպէս ըլլայ՝ ես ինձ հարց կու տամ։ Ուրեմն, հակառակ մեր արեւելքցիի մտայնութեան, երկուքս ալ, մէկը իբրեւ կատարող, իսկ միւսը՝ ընկերացող, յանձաւորներ ենք… Ահաւասի՛կ փորձանք՝ կը մտածեմ, բայց անմիջապէս կը մխիթարուիմ՝ մտաբերելով, որ եղածին համար նուազագոյն վկայ մ՛իսկ չկար հոն։ Ամերիկայի ամայացած փողոցներու վնասին հակառակ, այս մէկն ալ շա՛հ է կարծես…։ Ու «այդ ամէնը ոչ ոք տեսաւ»ի ուրախութեամբ, աւելին՝ նման «հերոսութիւն» մը անգամ մըն ալ չկրկնելու որոշումով մեր գործը աւարտած՝ արագօրէն տոպրակի մը մէջ կը դնենք զայն ու աղբաման կը նետենք։

Ներս կ՛անցնիմ ու մտածումներուս մէջ թաղուած՝ կը հասնիմ հոն, ուր մանկութեանս օրերուն, մեծ քրոջս՝ Մարոյին հետ միասին, ամրան արձակուրդի մը, մեր գիւղի տան բակին մէջ աղիւսէ շինուած պատերուն ներքեւ բացուած խորոչները խառնշտկելով՝ մեր փնտռած թռչունին փոխարէն, երկուքով բարակ-բարակ թելեր գտած ու դուրս հանած էինք, երբ հայրս վրայ հասած էր. իրականութեան մէջ պզտիկ օձի ձագուկներ էին անոնք, որոնց պատճառով ալ այլեւս առանձինն բակ ելլելը արգիլուեցաւ մեզի, երկու ցաւցնող ապտակի համն ալ առինք, եւ՝ «Բայց օձը մարդ կը մեռցնէ, օձէն հեռու պէտք է մնանք» մեզի տրուած խրատականով ու անգամն ալ մեր ձեռքը որեւէ տեղ չմտցնելու խիստ ազդարարութեամբ, հօրս հետ միասին, երկու մեծ յանցաւորներու պէս, անչափահասներու մեր դատավարութեան վերջ տալով՝ ներս անցանք։

Այդ օրէն ասդին, օձին հանդէպ մէջս թաքնուած վախն ու նախազգուշութի՞ւնն էր արդեօք, որ զիս այդքա՛ն իրար անցուց՝ չե՛մ գիտեր. բայց երկու պարագաներուն ալ, մանկութեանս օրերուն ու յատկապէ՛ս այդ օրը, օձը ինծի չէ վնասած… վստա՛հ եմ, որ միշտ իր ճամբան բռնած՝ անիկա կամաց-կամաց սողալով ինքն իր որջը կը գտնէ, ու հոն մտնելով՝ ոչ ոքի կը վնասէ, եթէ իրեն չմօտենաս։ Ի տարբերութիւն կարգ մը մարդոց, որոնց մօտենաս թէ ո՛չ՝ քեզի կը վնասեն, քեզ փաթթուելով կ՛ատեն, իրենք զիրենք ամէն մարդէ վեր դասած՝ բարձրացած ոտքերդ վար կը քաշեն, խօսքով կը խայթեն, կը թունաւորեն, ու ոչ ոք հանդուրժած՝ օգնելու կամ շինելու փոխարէն ամէն ինչ կը քանդեն…

Անցեալին իմ ու ինծի նմաններու միտքին մէջ մնացած, մանկութեան օրերէն ի վեր այդ սողունին հանդէպ մեզի թելադրուած ու մեզի հետ մեծցած վախն ու նախազգշութիւնը, այսօրուան կեանքին մէջ մարդ դիտելու ու ճանչնալու մեր ձեռք բերած փորձառութեան վրայ վստահած՝ երկարամեայ այդ կարծրատիպը կոտրելով կ՛ըսեմ.

Օձէ մի՛ վախնաք,

Մարդ օձերէ վախցէ՛ք։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles