ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տասը տարի առաջ ծնունդ առաւ Կլենտէյլի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցին եւ երիտասարդաց կեդրոնը, որոնք ցարդ կը շարունակէ իրենց հոգեւոր առաքելութիւնը: Կիրակի, Մայիս 5ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տասնամակի հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան, որ հիմնադիրն էր ծուխին եւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան:
Բարեբաստիկ այս առիթով, առաջնորդը «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով պարգեւատրեց դոկտ. եւ տիկին Հրայրը եւ Անոյշ Տէքմէճեանները, իսկ առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշանով պարգեւատրեց Ազատ Տէր Պետրոսեանը եւ Մարիա Համբարեանը: Սրբազանը հրաւիրեց երէցկին Սուզըն Մովսէսեանը, գնահատեց Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ մատուցած անոր ծառայութիւնները եւ զինք եւս պարգեւատրեց «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով:
Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը: Երեկոյի հանդիսավարն էր Ազատ Տէր Պետրոսեան:
Որպէս «Տարուան Կին» պարգեւատրման արժանացաւ Լիտա Անանեան, որ ծուխի հիմադրութենէն ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցանէ եկեղեցիէն ներս: Սրբազանը նաեւ գնահատեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի շնորհիւ ծուխի արձանագրած յաջողութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները, անդրադարձաւ անցեալին եւ շեշտեց քրիստոնեայի մը պարտականութիւններն ու ծառայութիւնները Հայց. եկեղեցիէն ներս:
Տէր հայրը յատուկ պատուի արժանացուց նաեւ Հրայր սրկ. Տէքմէճեանը, որ եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարն է: Ապա, սարկաւագի գլխաւորութեամբ, երգչախումբը արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը:
Երեկոն խանդավառեց երգիչ Շիրազը՝ իր գեղեցիկ ձայնով, որ յատկապէս պատուեց մայրերն ու եկեղեցւոյ ղեկավարները:
↧
Պարգեւատրումներ Կլենտէյլի Սուրբ Պետրոս Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ
↧