Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Հայ Իրաւաբանական Միութեան Ճաշկերոյթը՝ Մայիս 28ի Առիթով

$
0
0

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ յարութիւնը խորհրդանշող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 95րդ ամեակին առիթով, Հայ իրաւաբանական միութիւնը կազմակերպած է ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Մայիս 28ին, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Ընթրիքը պիտի հրամցուի երեկոյեան ժամը 7ին:
«Այս հաւաքով կ՛ուզենք ի մի բերել բոլոր անոնք, որոնք կը տօնեն հայ ժողովուրդին տոկունութիւնը եւ պատրաստ են պատուելու անոր իրագործումներն ու զոհողութիւնները՝ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Մայիս 28, 1918ի յատկանշական դերը՝ հայ ժողովուրդին պատմութեան մէջ», կը յայտնէ Հայ իրաւաբանական միութեան ատենապետ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:
Համայնքը հրաւիրուած է մասնակցելու այս իւրայատուկ տօնակատարութեան, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ միութեան անդամ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Ճաշկերոյթին գլխաւոր բանախօսն է վերանկախացած Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը, որ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան հիմնադիրն է եւ Ռազմավարական ու ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի (ՌԱՀՀԿ) առաջնորդը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեան եւ Շամլեան Ազգային վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել հետեւեալ հասցէներուն՝ jacklin.boyadjian@gmail.com կամ lisasava@aol.com: Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է, իսկ 10 հոգինոց սեղանի մը համար՝ 450 տոլար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles