Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ 16ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ- Հայաստանի Մասնիկ Մը՝ Քարիպեանի Բացերը (Բ.)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Այս տարուան պատուոյ հիւրերուն եւ յայտնի նաւագնացներուն երկար շարքին մէջ կարելի է առանձնացնել հետեւեալ անձնաւորութիւնները.
- Նիւ Եորքի Հայաստանեաց եկեղեցւոյ առաջնորդի տեղապահ Անուշաւան սրբազան Դանիէլեան, որ իր սրտամօտ, համեստ անհատականութեամբ սիրուեցաւ բոլորէն։
- Քանատայի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Եկանեան եւ համակրելի կողակիցը՝ Մարիան, իրենց երկու անչափահաս մանչուկներով, որոնց սեղանակից ըլլալու պատիւը ունեցանք։ Հիւպատոսը կլոր սեղանին իր հմուտ մասնակցութիւնը բերելու կողքին, երկքաղաքացիութեան թեմայով շահեկան ելոյթ մը ունեցաւ՝ մասնագիտացած իր խօսքով ու դիւանագիտական մօտեցումով խորապէս տպաւորելով դասախօսութեան ներկայ հասարակութիւնը:
- Հայ Դատի ատենապետ Քեն Խաչիկեան, որ առանձինն դասախօսութեամբ ելոյթ ունենալու կողքին, փայլուն կերպով մասնակցեցաւ կլոր սեղանին։
- Դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան՝ նախագահը «Թիւֆէնքճեան» հիմնադրամին. ան նոյնպէս կլոր սեղանին իր մասնակցութիւնը բերելու կողքին, հմտօրէն դասախօսեց Ղարաբաղի ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին։
- Ծանօթ գրող ու «Սքայլարք Ֆարմ» գիրքի հեղինակ Անթոնիա Ասլան, որուն հատորին գինեձօնը տեղի ունեցաւ ու նոյն թեմայով ժապաւէնը քանի մը անգամ ցուցադրուեցաւ հայ եւ օտար նաւագնացներուն։
- Փրոֆ. Սիոպհան Մարշալ՝ երիտասարդ ու համակրելի ամերիկածին մտաւորականը, որ Անթոնիա Ասլանի «Սքայլարք Ֆարմ» վէպը մեծ վարպետութեամբ ներկայացուց։
- Ծանօթացանք նաեւ նախկին ռումանահայ, այժմ Մեսեչուսեց նահանգի բնակիչ՝ գործարար Օրելիէն եւ Անահիտ Մարտիրոս համակրելի զոյգին, որ իր շրջանէն ներս ծանօթ անուն դարձած է իր ազգային գործունէութեամբ ու բարերարութիւններով։
- Տոքթ. Արամ եւ Ռիթա Ֆերէշէթեան՝ հայութեամբ տագնապող համակրելի զոյգը, որ վերջին պահուն, կնոջս կողմէ խնամի ելաւ։ Անոնք Համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած դասախօսութեան ընթացքին շօշափուած հիմնահարցերը կարեւոր նկատելով՝ խոստացան այսուհետեւ, նո՛յն կազմակերպութեան՝ Հայաստանի ու Ղարաբաղի մէջ հետապնդած կանխարգելիչ բժշկութեան ծրագիրներուն իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերել։
- Յայտնի գործարար Կայծակ Զէյթլեանն ու կինը՝ Ծովինարը, որոնք շատ համակրելի ու մարդամօտ ընկերակիցներ հանդիսացան. Կայծակը իր սրամտութիւններով յատկապէս ճոխացուց նաւապտոյտի ընկերական մթնոլորտը։
- Մոնթրոզի մեծագոյն Car Wash-ի սեփականատէր Գալուստ եւ Տալիլա Բանտազոս զոյգը, որ իր բարերարութիւններուն կողքին, աշխոյժ դերակատարութիւն ցոյց տուաւ Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառուցման մէջ։ Տալիլայի պարագային նաեւ, ան երկարօրէն վարեց եկեղեցւոյ կից տիկնանց միութեան ատենապետի համակ զոհողութիւն պահանջող պաշտօնը։
Սակայն ամէնէն յուզիչը՝ Անդրանիկ Պուտաքեանի անակնկալ «ժեսթ»ն էր, երբ ան հեռաւոր իր բնակավայրէն, Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրք»ին 1960ի համարը բերած էր՝ անարժանիս նուիրելու։ Երբ խունացած հատորը ձեռնեցի, յուզումէս աչքերս լեցուեցան, քանի որ 1960 տարին ինծի համար բեկումնային էր, երբ Լիբանանի ազգային կեանքս ետին ձգելով՝ քայլերս կ՛ուղղէի դէպի Ափրիկէ, դէպի անորոշը, իսկ միւս կողմէ՝ գիրքի սիրելի հեղինակին հետ դուռ-դրացիներ էինք հայաշատ Էշրեֆիէի մէջ։ Այդ պայմաններուն տակ, գոհունակութիւնս ու յուզումս չկարենալով քօղարկել՝ վեթերան ընկերոջ խոստացայ հատորը ուսումնասիրելէ ետք՝ զայն յանձնել «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեանին, կամ թերթին կից կերպարանք ստացող գրադարանին։
Խորին շնորհակալութիւններս՝ հաւատաւոր ընկերոջ ու հայ գիրքի բարեկամ ազնուական մարդուն։
Խօսելով «Ասպարէզ»ի մասին, կնոջս հետ յուզումնախառն պահեր ապրեցանք, երբ զբօսանաւուն վրայ հանդիպեցանք թերթի՝ այժմ ողբացեալ խմբագիր Վահիկ Կիւրճեանի այրիին՝ Լուիզին, եւ անոր ՀՕՄուհի ղեկավար ընկերուհիին՝ հրապարակագիր Մագօ Մկրտիչեանին։
Կ՛արժէ յիշատակել նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով, նաւապտոյտին ելոյթ ունեցան Հայկական բժշկական ընկերակցութեան եւ Հայկական Ֆոնտի ներկայացուցիչները։
Տասնեակներով նման կարեւոր հանդիպումներ ունեցանք հայրենասէր ու ազգային կեանքի մէջ գործունեայ զոյգերու հետ։ Սակայն չափի զգացումս արդէն իսկ կարմիր լուսարձակ բացած է…
Հանրայայտ երաժշտական խումբեր՝ Խաչիկ Ճինճիրեանի եւ Ռիչըրտ Պէրպէրեանի ղեկավարութեամբ, ինչպէս նաեւ Խորէն Մուրատեան եւ վարպետ երաժիշտներու հոյլ մը ամէն երեկոյ կը խանդավառէին հայկական երգի ու պարի երկրպագուները։
Հայկական աւանդական ու ֆոլքլորիք պարերով ելոյթ ունեցան «Ախթամար» պարային խումբի պատանի ու պարման աստղերը, որոնք հմայեցին ներկայ հասարակութիւնը։
Մեզի համար նաեւ հաճելի անակնկալ էր վեց-եօթը տարեկան հայ մանուկներու պարային խումբին եւ առինքնող ելոյթը։
«Հայկական Եռագոյն» անուան տակ ծանօթ փառատօնի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, լողավազանին շուրջը, որ կը գտնուի նաւուն 13րդ յարկի ցռուկը, կլանելով ու յուզական պահեր ստեղծելով ամբողջ յետմիջօրէ մը։ Եռագոյն հանդերձանքը կրող տարբեր տարիքի մասնակիցները արժանացան մրցանակի։
Իսկ «թավլու»ի եւ պլոթի վարպետները այս տարի եւս ճակատեցան՝ առաջին մրցանակն ու անոր ընկերակցող դրամական նուէրը խլելու։ Հայկական պատկերասփիւռի կայան մը պիտի նշանակուի, առօրեայ ծրագիրներն ու ձեռնարկները հեռարձակելու համար։
Հայ երիտասարդ փորձագէտներէ կազմուած The Armenian Network of America խումբը, տարեկան իր հանդիպումները կազմակերպած էր նաւուն վրայ։
Իսկ ամէնէն անակնկալ ու ցնցիչ դէպքը պատահեցաւ, երբ Նաւապտոյտի խորհուրդին կողմէ տրուած երեկոյթին ընթացքին, կազմակերպութեան տասնվեցամեայ նախագահը՝ Պետրոս Պանտազեանը, իր հրաժարականը ներկայացուց, եւ իրեն յաջորդեց վարչութեան փոխնախագահը՝ մտաւորական շնորհներով օժտուած յայտնի իրաւաբան ու ազգային գործիչ Վազգէն Այվազեանը. իսկ նոր վարչութեան անդամ նշանակուեցան զոյգ մը երիտասարդ նուիրեալներ՝ յանձինս Ռիչըրտ Պէրպէրեանի եւ Ճիմ Ճինկիրեանի։
Արդէն իսկ անցեալ տարուան պաշտօնական իր խօսքին մէջ, Պ. Պանտազեան բացայայտօրէն ակնարկեց սերնդափոխութեան անհետաձգելի պահանջին. ուստի, խօսքէն գործի անցնելով՝ ի՛նք անձամբ փորձեց օրինակ ծառայել վարչական կազմի վաստակաւոր իր ընկերներուն։
Միւս կողմէ, շնորհիւ վարչական նոր ու տինամիք կազմին՝ Հայկական աւանդական նաւապտոյտը կը շարունակէ վստահութեամբ նայիլ սխրանքներով լեցուն ապագայի իր իրագործումներուն։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles