Հիւանդութիւններու հակակշռման ամերիկեան պետական կեդրոնը, որ կը կոչուի Center for disease control, վերջերս ազդարարեց Ամերիկայի բոլոր գործող բժիշկներուն, մանաւանդ հիւանդանոցներու շտապ օգնութեան բաժանմունքներուն մէջ գործողներուն, ցաւազրկման համար գործածուող դեղերու վնասակար ազդեցութիւնը հիւանդներուն վրայ:
Այս պետական կազմակերպութեան քննութիւններուն արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ 2016ի ամբողջ տարուան ընթացքին շուրջ 11 միլիոն ամերիկացի հիւանդներ օգտագործած են այս դեղերը եւ անոնց մոլին դարձած:
Այս ազդարարութեան յաջորդեց ամերիկեան հանրածանօթ «Թայմ» շաբաթաթերթի 5 Մարտ, 2018 թիւին մէջ լոյս տեսած լուսանկարիչ Նաչթիուի յօդուածը: Ան կը ներկայացնէ այս մոլութիւններէն տառապող հիւանդներու առողջական եւ հոգեկան վիճակը, տխուր պատկերներով եւ բացատրութիւններով: Նոյնպէս տխուր է այս անձներու ընտանեկան պարագաներու հոգեկան կացութիւնը՝ տեսնելով անոնց յուսահատ վիճակը:
Թուական հաշիւով, արդիւնքը նոյնպէս շատ տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ:
2016 տարուան ընթացքին շուրջ 64,000 ամերիկացիներ մահացած են եղծանիչ դեղերու թունաւորումէն:
Այս թիւը աւելի բարձր է Վիեթնամի, Իրաքի, Աֆղանիստանի պատերազմներու ընթացքին մահացած զինուորներու միացեալ թիւէն…:
Այս ցաւալի կացութեան վրայ պէտք է աւելցնել մարիուանայի անարգել գործածութիւնը Քալիֆորնիոյ մէջ՝ այս տարուան Յունուար մէկէն սկսեալ:
Ի՞նչ է մարիուանան եւ ի՞նչ է անոր ազդեցութիւնը անհատին վրայ:
Մարիուանայի բոյսը հայերէնով կը կոչուի կանեփ: Անկա կ՛աճի Միջին Արեւելքի երկիրներու, Հնդկաստանի եւ Իրանի մէջ: Բոյսին ծաղիկները, պտուղին հիւթը չորցուելով կը պատրաստուի մարիուանան, որ քիմիական անունով կը կոչուի «թեթրահայտոքաննապինոլ» (Tetrahydrocannobinol) կրճատուած՝ THC:
Մարիուանան Միջին Արեւելքի մէջ ծանօթ է «հաշիշ» անունով, որ արաբերէնով կը նշանակէ չորցած խոտ: Մարիուանան սկսած է գործածուելու Ամերիկայի մէջ սպանացի հետախոյզներու եւ Ափրիկէէն այստող բերուած գերիներու ժամանակաշրջանին:
Այս թունաւոր բոյսին լայնածաւալ գործածութիւնը առիթ տուաւ մաքսանենգ կազմակերպութիւններուն, որ գաղտնօրէն օգտագործեն մարիուանան որպէս դեղահատ, փոշի կամ ծխախոտ, ապա բերուի Ամերիկա եւ ծախուի գաղտնօրէն, հսկայական շահեր ապահովելով այս ապօրինի կազմակերպութիւններուն։
Դժբախտաբար, մարիուանայի գործածութիւնը տարածուած է դպրոցական աշակերտներուն, համալսարանի ուսաանողներուն եւ երիտասարդներուն մօտ։ Անոնք, անգիտակից այս դեղի ազդեցութենէն՝ «բարեկամներու» թելադրանքով կը գործածեն մարիուանան, «բարեկամական» հաւաքներու ընթացքին «հաճոյք» ստանալու եւ իրենց մտահոգութիւնները մոռնալու համար։
Մարիուանա գործածող անհատը առաջին հերթին կ՛ունենայ գլխու պտոյտ, շարժումներու անհաւասարակշռութիւն, սրտխառնուք եւ տեսողութեան պղտորում։ Ասոնց հետ զուգահեռ, շարունակական գործածութեամբ, ենթական կ՛ունենայ փոփոխական ուրախութիւն, խնդուք, ապա հոգեկան տխրութիւն, վախ, անհոգութիւն, ծուլութիւն եւ անտարբերութիւն իր աշխատանքին, ընտանիքին, շրջանակին եւ բարեկամներուն հանդէպ։
Կարելի՞ է երեւակայել այս դեղին վտանգը, երբ գործածող անհատը ստիպուի մեքենայ քշել, դպրոց կամ աշխատանքի երթալու համար…
Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը (World Health Organization, WHO), քանի մը անգամ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ մարիուանան վնասակար դեղ է եւ թոյն։ Նոյնպէս, ի յայտ եկաւ, թէ անիկա բժշկական ոչ մէկ օգուտ ունի։ Այս յայտարարութեան վրայ, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (United Nations) 1960ական թուականներուն թելադրեց իր անդամ երկիրներուն անոր գործածութիւնը։ Նոյնպէս Ամերիկայի մէջ այս բոյսին գործածութիւնը արգիլուած էր, բացի՝ մասնաւոր հիւանդներուն, յառաջացած քաղցկեղէ տառապողներուն եւ երկարատեւ ցաւ ունեցողներուն համար։
Դժբախտաբար, որոշ միութիւններ, ոչ-բժշկական, իրենց անձնական շահերէն մղուած, հակազդեցին՝ ըսելով, թէ մարիուանան «անվնաս» դեղ մըն է, կարելի է զայն գործածել ցաւազրկումի համար եւ «ուրախութիւն» պատճառելու, մանաւանդ երիտասարդներուն։ Քալիֆորնիոյ ժողովրդական այս սխալ որոշումին հետեւանքով, մարիուանան անարգել կը գործածուի եւ առաջին զոհերը կ՛ըլլան անմեղ եւ կացութենէն անտեղեակ դպրոցական պատանիներ եւ ուսանողներ, քաջալերուած մաքսանենգներու կողմէ։
Մարիուանայի մոլի հիւանդը, չգոհանալով անոր ազդեցութենէն, կը ստիպուի եղծանիչ եւ թմրեցուցիչ դեղեր գործածել. քոքային եւ հերոյին (cocain and Heroiin) եւ անոնց տեսակները։ Այս դեղերը պէտք է ասեղով ներարկուին արեան մէջ։ Այս կացութիւնը դուռ կը բանայ ուրիշ բարդութիւններու, երբ մոլի հիւանդներ կը ստիպուին նոյն աղտոտ ասեղով իրարու ներարկել։ Այս աշխատանքը դուռ կը բանայ եւ կ՛առաջնորդէ «Էյտզ» (Aids) հիւանդութեան վարակումով, ինչպէս նաեւ արիւնի եւ մարմինի բորբոքումին։
Ամերիկեան Հիւանդութիւններու հակակշռման կեդրոնը (Center for diseas control) ցաւազրկման դեղերու վերաբերեալ թելադրեց հետեւեալը.
- Պէտք է cocain, hydrocodone եւ նմանօրինակ դեղեր գործածել 3-7 օրեր միայն, ապա դադրեցնել.
- Երբ տակաւին հիւանդը չէ լաւացած. այս դեղերը փոխարինել «Թայլանոլ» (Ասեթամինոֆին) կամ «Մոթրին» (Այպուփրոֆեն) դեղերով, որոնք նոյնքան ցաւազրկման համար ազդեցիկ են եւ մոլութիւն չեն պատճառեր.
- 3 շաբաթ ետք հեռաձայնով վստահ ըլլալ, թէ հիւանդը չի շարունակեր cocain եւ hydrocodone
գործածել։
Ամերիկայի տարածքին գործող հայ կամ օտար բժիշկներուն եւ յօդուածագիրիս ջերմ թելադրանքն է, որ համաճարակ դարձած այս մոլութիւնը, մեր հայ ծնողներուն եւ մանկավարժներուն ուշադրութեան առարկայ դառնայ։
Մեր բոլորիս՝ ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն, մանկավարժներ, բժիշկ, բուժքոյր, պարտականութիւնն է հսկել մեր մատղաշ սերունդին թէ՛ մարմնական եւ թէ հոգեկան առողջութեան վրայ։
Բոլորս պէտք է աղօթենք, որ Աստուած հեռու պահէ ամերիկացի եւ ամերիկահայ երիտասարդութիւնը այս մոլութիւններէն։ Այս տեսակի հարցեր ծնունդ կ՛առնեն, երբ աղօթք, կրօնք եւ Աստուծոյ վախը կը հեռացուին վարժարաններէն։
Սակայն Աստուծոյ քով անկարելի բան չկայ։
Եղծանիչ եւ «մարիուանայ»ի մոլի հիւանդը պէտք ունի դարմանումի, իր ծնողքի զօրակցութեան այնպէս, ինչպէս որեւէ հիւանդ։
Դարմանումի համար, կարելի եղածին չափ շուտ դիմել մասնագիտացած կեդրոններ։
Substance abuse and Mental Health Services Administration
Հեռաձայն՝ 1-800-662 HELP
Կայք՝ findtreatment.samhsa.gov
Յօդուածագիրս իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Վարդգէս Ֆրանգեանին՝ «Եղծանիչ Դեղանիւթերի Մոլութիւն» գիրքի հեղինակին եւ «Թայմ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան։