Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Վախցի՛ր Յաւիտենական Թմբիրէն

$
0
0

 ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

0000ChiftjianԳարնանամուտին հետ ծլարձակուող ցորենը, աւետարանական պատկերով յարութեան յոյսը կը ներշնչէ մեզի դարձեալ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնական այս օրերուն: Սերմնահատիկը, որ հողին տակ վերստին ծլելով, կանաչազգեստ նո՛ր կեանքով կ՛երեւի գետնի մակերեսին եւ հասկ կազմելու ազդանշանը կու տայ բնութեան, բացայայտ օրինակ է բոլորիս համայնական յարութեան:

Բնութիւնը կը վերանորոգէ ինք զինք եւ ներքին համոզում կը գոյացնէ իր կեանքին մէջ յառաջացած փոփոխութիւններու առումով: Ան կը հաշտուի կենսախում ձմերուան հետ, եւ ապա, իր աչքերը ծանրացուցած թմբիրէն ետք բացուող նոր իրականութիւնը կ6որդեգրէ, փոխելով համայնակուլ իր շրջազգեստը՝ ձիւնասպիտակ պատանքը երկարապատում եւ հագնելով նորականաչ մարգագետինը համատարած, կարկաչահոս վտակներու գլգլան երաժշտութեան հետ միաձուլուած, միաժամանակ յոյսի պտղաւորումով գունագեղ ծաղիկներ փթթելով հաւանական ամէն ելքէ, իր բոլո՛ր կարողականութեամբ:

Բայց մարդը… այս անըմբռնելին, անհասկնալին, Աստուծոյ կամքին անհնազանդ ու ըմբոստ էակը, եւ երբեմն… անհակակշռելին եւ անհանդուրժելին…, դժուարութիւն կը ցուցաբերէ ընդունելու հողայնական իր ճակատագրին երկնաբարբառ որոշումը՝ «հող էիր դուն եւ հողին պիտի դառնաս» (Հմմտ Ծն 3.19):

Կեանքի դասակարգման եւ խաւաբաշխման աստուածային որոշումը՝ երկնայիններու եւ երկրաւորներու տարբեր խմբաւորումներով, աննիւթական մեծ վիհ գոյացուցած էր, ծածկելով անմահութիւնը մահկանացուներէն (Հմմտ Ծն 3.24, Ղկ 16.26):

Յստակ է, որ յաւիտենականութեան հասնելու տենչանքով վառուած եւ յաւերժական տռփալից սիրով զայն գրկելու պատրաստ մարդկային սիրտը չի՛ հաշտուիր մահուան հետ: Վկա՛յ դարեր առաջ հին մշակոյթներու պատկանող մարդոց կառուցած վիթխարի դամբարանները, որոնք կը լեցուէին կենցաղային իրերով, այնտեղ հանգչող մարդուն համար միւս կեանքի յարմարութիւններ ստեղծելու նպատակով: Վկա՛յ մինչեւ այսօր կառուցուող մարմարակերտ շքեղ գերեզմաններն ու տապանաքարերը, որոնք այնտեղ ննջող մարդուն հանդէպ յարգանքի արտայայտութիւն ըլլալէ շա՜տ աւելի, անոր համար երկրաւոր նոր բնակարան կառուցած լինելու սին մտածումն ու ինքնախաբէութիւնը կը հետապնդէ հեւ ի հեւ, նիւթական մեծածախս գումարներու անիմաստ մսխումով:

Իր յարութեամբ Քրիստոս համամարդկային մտալլկող մտահոգութիւնը փարատեց, փակելով մահուան մութ ու անեզր խոռոչը, իր գերեզմանի մուտքէն շպրտուած մեծղի ժայռաբեկորի կողքին կանգնած յայտարարելով, որ զգացուող ամէն մթութիւն մահը չէ՛, իսկ տեսանելի մահը՝ վերջը չէ՛:

Շնորհալի հայրապետին բանաստեղծական թռչիքով մեկնաբանուած «Խաւարն անգոյ»ն, մինչ այդ՝ վախազդու էր: Դարեր ամբողջ մահուան բեմը իր սեւ վարագոյրով ահաբեկած էր համայն տիեզերքի մարդկութիւնը, մահը ներկայացնելով իբր նախամուտքը ոչնչութեան: Բայց ի սկզբանէ տկար եւ անզօր մահը, որ անթիւ դարեր գազանի մորթ հագնած սարսափեցուցած էր մահկանացու բնութեամբ ստեղծուած մարդը, Յիսուսի յարութեամբ մերկացաւ իր խորհրդաւոր շուրջառէն եւ կեանքի սովորական երեւոյթներուն շարքին դասուեցաւ յանկարծ, իր հողեղէն ցեխագոյն ցնցոտիով:

Նոյն Հայրապետը իր հոգեթով երգերուն մէջ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, խնդրելով որ մեր աչքերուն ծանրացող գիշերային քունի պահուն, մեր հոգեկան աչքերը արթուն մնան (Ն.Շ., «Նայեաց սիրով», Բ. տուն, Ժամագիրք):

Քունը շատերուն համար նախատիպ համարուած է մահուան: Փաստօրէն պատահած է, որ շատեր քնացեր են հանգստանալու համար եւ յաջորդ առաւօտ չեն արթնցած ու չեն տեսած Աստուծոյ լոյսը: Մահուան քունով քնացեր են անոնք, եւ իրենց աչքերը բացեր են միւս կեանքին մէջ:

Մահուան համար ներկայացուած «մթութիւն»ը, անոր շուրջ ստեղծուած անորոշութեամբ պայմանաւորուած ու հաստատուած էր: Չկա՛ր պատասխան մարդու չարչրկուող մտքին համար, իսկ անիմանալիին մասին տեղեկութեան պակասը, բնականօրէն կը տագնապեցնէ բոլոր դասակարգերուն պատկանող մարդիկը:

Փարաւոններ, կայսրեր եւ թագաւորներ հողին կը յանձնուէին իրենց ոսկեղէններով, զէնք ու զրահով, եւ այսպէս իւրաքանչիւր դասակարգի պատկանող մարդ կը թաղէին իր «յարմարաւէտութեամբ»: Թաղմանական այս ձեւը ինքնին վկայութիւն է, թէ մարդիկ չէին հաւատար մահուան այս կեանքին վերջակէտը ըլլալուն: Սակայն իրենց իմացած չափով ու ձեւով կ՛արտայայտէին իրենց հաւատքը, մահը համարելով ժամանակաւոր քուն, որմէ արթննալէ ետք, մարդը պիտի շարունակէր օգտուիլ իր քով զետեղուած կենցաղային իրերէն եւ պատերազմական այլեւայլ տեսակի զէնքերէն:

Այնուամենայնիւ, քրիստոնէութեան լոյսին դեռ չբացուած մարդը, չէր կրնար տեսնել փապուղիին միւս կողմը շողացող արեգակը, այնպէս կարծելով, թէ տիեզերքը լուսաւորող լուսատուն միակն է՝ մեր մոլորակին վրայ իր շողերը ամէն օր տարածող արեւն է միայն: Հեթանոս մարդը չէր կրնար նոյնիսկ մտածել, որ կայ Լուսատու մը, որ երկնային բոլոր մարմիններուն Արարիչն է՝ իսկական լոյսը տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր գոյութիւններուն վրայ իր ճառագայթները շողարձակող: Արեգակ՝ որու լուսարձակին խտաշողէն եւ խոշորացոյցի կիզակէտէն չի՛ կրնար խուսափիլ ո՛չ մէկ գոյութիւն այս աշխարհի վրայ, անջրպետին եւ ամբո՛ղջ տիեզերքի մէջ:

Անոնք որոնք գերեզմաններուն մէջ են, մեր քրիստոնէական հաւատքի համաձայն նոր կեանքով պիտի արթննան իրենց մահուան թմբիրէն, խոր քունէ կամ թմրութենէ ցնցուելու պէս: Սակայն կա՛յ վախ այնտեղ՝ գերեզմանին մէջ մնալու: Յաւիտենական թմբիրն է անիկա, որ այնքա՜ն կը ծանրանայ մեղաւոր մարդու կոպերին, որ թարթիչներու հանգուցմամբ կը կապէ աչքերը, վերջնականապէս կորստեան անդունդը գլորելու համար մեղաւոր մարդը: Միայն Քրիստոսի ամենազօր ձեռքը կրնայ բռնել անոր ձեռքէն եւ կասեցնել այս յաւիտենական գլորումէն (Հմմտ Սղ 118.22): Այն ձեռքը, որ թերահաւատ առաքեալին երկարեց մեր Տէրը, փոթորկայոյզ ծովէն դուրս բերելով զայն (Հմմտ Մտ 14.31):

Հաւատքով Աստուծոյ միանալու եւ թերահաւատութեամբ Անոր զօրութիւնը ընդունելու տարբերութիւնը մեծ է: Գերեզմաններուն մէջ եւս թերահաւատութեամբ ննջողներ կան, որոնք իրենց ապրած ամբողջ կեանքի ընթացքին կասկածով նայած են Աստուծոյ հրաշքներուն, պարգեւած բարիքներուն եւ իրենց աղօթքներուն տրուած պատասխաններուն: Յաւիտենական թմբիրի վախը ճիշդ այսպիսի մարդոց հոգիին մէջ տեղակայուած ըլլալով, անոնց աչքերու կոպերուն կը ծանրանայ, իսկական մթութեան՝ «արտաքին խաւար»ին արժանացնելով մեղաւոր մարդը (Հմմտ Մտ 22.13):

Խաւար՝ որ ամէնէն աւելի սարսափազդու խոր ծովերու անտեսանելի յատակին պատճառած վախէն գերիվեր է:

Չկա՛յ մարդկային որեւէ տեսակի ոյժ կամ զօրութիւն «արտաքին խաւար»ին անէծքը չէզոքացնող ու մեր պարտագիրը մաքրագրող, բացի Քրիստոսի յարութեան յոյսէն: Լալու եւ ատամները կրճտելու վայրը հեռու չէ՛ մեզմէ, ինչքան ալ այդպէս թուի: Որովհետեւ մարդ արարածներ ըլլալով, միշտ մեզմէ շա՜տ հեռու կը տեսնենք սխալը, յանցանքը, մեղքը, նոյնիսկ այն պահերուն երբ կեանքը մեզի համար վերածենք պժգանքի: Անոնք մեր ամէնօրեայ «բարեկամներ»ն են, որոնք դասական նախատինք են մեր յոգնաբեկ եւ քրտնաթոր ճակատին դրոշմուած: Քմայքոտ կեանք մը ինչպիսի՞ վախճան կրնայ ունենալ, եթէ ոչ՝ «արտաքին խաւար»ին մէջ կազմակերպուած «հարսանիք»ին համար տրուած պարտադիր հրաւէրով եւ անողոք սպասեակներու մատուցած փտած բանջարեղէններու խայտաբղէտ աղցանները ճաշակելու ստիպողութեամբ:

Ո՞ւր կրնաս փախչիլ ամօթէդ, երբ «արտաքին խաւար»ի հարսանեաց հրաւիրատոմսդ գրպանիդ մէջ չէ՛, այլ մահապարտի դատավճռին նման կռնակիդ փակցուած, բոլորին տեսանելի հրապարակայնութեամբ: Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ անկէ ետք թափանցիկ հոգիդ կտտացնող մելամաղձութիւնը իր բոլոր սիրալիր ապրումներով վաղեմի: Ապրած կեանքիդ օրերուն պէտք է մտածէիր անոնց ազդեցութեան մասին, որոնք այնքան հեշտօրէն կը թարգմանէիր բերանացի, կամ կը գրէիր անոնց հոմանիշները, լղորճելով զանոնք բերնիդ մէջ իբրեւ՝ սէ՜ր, հեզութի՜ւն, ներողամտութի՜ւն, եղբայրասիրութի՜ւն եւ, ե՜ւ, ե՜ւ…:

Այո՛, վերոյիշեալներուն մասին նախօրօք մտածելու հնաւորութիւն եթէ ստեղծած ըլլայիր քեզի համար, պարտաւոր չէիր ըլլար մահուան նայելու թշնամական խստութեամբ: Նոյնիսկ անիկա քեզի համար կ՛ըլլար անցումային կայան մը, որուն միւս կողմը պիտի նշմարէիր յարուցեալ Փրկչիդ լուսեղէն ձեռքը, քեզ դէպի իրեն քաշող: Ճիշդ այդ պահուն պիտի արթննանք մահուան քունէն: Բայց վա՜յ այն մարդուն, որ յաւիտենական թմբիրի անզգայութեան կը մատնուի…:

Վախցի՛ր յաւիտենական թմբիրէն, որովհետեւ գերեզմաններուն մէջ այս մահով քնացողներուն առիթ պիտի չի՛ տրուի տօնելու յարութեան իսկական տօնը՝ համատիեզերական յարութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles