ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Աբովեան պողոտային վրայ տեսայ զայն առաջին անգամ: Ծանրաշարժ կը քալէր՝ իր ամուսնոյն թեւը մտած: Ունէր հովանոց՝ պաշտպանուելու համար երեւանեան կիզիչ արեւէն: Երկրորդ մը ինծի յայտնուեցաւ Սայաթ Նովա պողոտային վրայ, խաղալիքներու խանութի մը մէջ: Իսկ երրորդը նկատեցի Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակը: Նախ ջուր խմեց պուլպուլակէն, ապա յենարանին վրայ «Երեւան» փորագրուած նստարանին վրայ սկսաւ գիրք կարդալու: Այնուհետեւ, որոշեցի հիացումով եւ ժպիտով դիտիլ զանոնք… Երեւանի յղի տիկինները: Նայիրին, մեր պատանի աշակերտուհին, մայրաքաղաքին մէջ մեր կատարած պտոյտներու ամէն քայլափոխին վերջապէս նկատեց իմ նայուածքներս դէպի այդ տիկինները:
– Պարո՛ն, ամօթ չե՞ն նկատեր:
– Նայիրի՛, մեր անկախութեան հարիւրամեակին ամօթն այն է, որ չկարենանք պետականութեան ապահովութիւնը զգալ, յղիանալ ու բազմանալ: Աւելի՛ն, յղացումը, Նայիրի՛, պտղաբերում է, թէ՛ բառացի իմաստով եւ թէ փոխաբերական: Նայէ՛ հայկական գրականութեան ու կը տեսնես, թէ անիկա լեցուն է «յղի» էջերով: Մեր գրագէտները, Ոսկեդարէն մինչեւ Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան շրջան, «յղիացեր» եւ ծնունդ տուեր են այնպիսի երկերու, որոնք կը վկայեն անոր զարգացման փուլերը:
– Պարո՛ն, ես կը կարծէի, թէ միայն մայրերը կը յղիանան:
– Իրաւունք ունիս, մայրերն ալ կը յղիանան: Սակայն, բառին ստուգաբանութիւնը աւելի ընդարձակ իմաստի մը մասին կը խօսի: Անիկա նախահայկական արմատ ունի՝ «լի», որ կը նշանակէ…
– Լեցո՛ւն: Չէ՞: Կը յիշեմ հօրս սիրած երգը՝ «Լեցնենք ընկերներ, բաժակները լի…»:
– Ճի՛շդ է: Եւ անոր նախաձեւն է, ըստ լեզուաբաններու, «pleh» բառը՝ նախահնդեւրոպական արմատ մը, որ ծնունդ տուեր է լատիններու im-pleo՝ «լեցնել, յղացնել» բային, եւ ֆրանսացիներու pleine՝ «լեցուն, յղի» ածականին:
– Պարո՛ն, նայեցէ՛ք դիմացի մայթը, ցուցափեղկին առջեւ…
– «Շարան» մանկական շատ սիրելի խանութն է անիկա: Կը վաճառէ մայրերու կողմէ պատրաստուած հիւսուածեղէն եւ ասեղնագործութիւն: Այդ երիտասարդ կինը, որ կը պատրաստուի մայրանալու, կասկած չունիմ, թէ կը ցանկայ իր նորածինին համար գնումներ կատարել: Նայիրի՛, մեր առաջին գրաւոր յղացումը տեղի ունեցեր է Ս. Գիրքի էջերէն ներս: Ծննդոց գիրքին մէջ կան հետեւեալ տողերը. «Եւ յղացաւ. իբրեւ ետես, թէ յղի է, արհամարհեցաւ տիկինն իւր յաչս», «Ահաւասիկ դու յղի իսկ ես. եւ ծնցես որդի», «Եւ յղացաւ եւ ծնաւ որդի», «Պոռնկեցաւ նու քո Թամար, եւ ահա յղի է ի պոռնկութենէ»: Աստուածաշունչի մէջ՝ ընդամէնը 21 գործածութիւն «յղի» բառի, «յղանալ»ի՝ 55 անգամ, իսկ «յղութիւն»ի՝ 3: Այս բառը, Նայիրի, որ ծննդաբեր եւ պտղաբեր պէտք էր ըլլար, տարօրինակ է, շա՛տ տարօրինակ, որ ծնունդ չտուաւ բազմաթիւ բարդ եւ ածանց բառերու: Երբ «սէր», «արդ», «ձեռն», «ձայն» բառերը մայրացած ու մեր մայրենիին նուիրած են երկու հարիւր կամ աւելի բառեր, «յղի»ն՝ նուազ քան տասնհինգ:
– Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ բազմածին ժողովուրդ մը չենք, կը տառապինք բնակչութեան նուազութենէ:
– Յոյս կա՛յ, Նայիրի: Ունինք խոստմնալից բառեր, ինչպէս՝ յղանալ, յղացութիւն, յղացում, յղացուցանել, յղութիւն եւ յղեկիր: Բայց ունինք նաեւ մարդկային ցաւ մը, որ արտայայտուած է երեք բառով՝ յղաթափ, յղաթափել եւ յղաթափութիւն՝ դժբախտ վիճակ մը, որ ոչ մէկ աղջնակի պէտք է պատահի, կամաւոր թէ ակամայ:
– Ձեր վերջին ըսածներէն ո՛չ մէկ բան հասկցայ:
– Աւելի՛ լաւ… Տե՛ս, այնքան կարեւոր է յղի կնոջ առողջութիւնը, որ 1885 թուականին, Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայեր են գիրք մը, առաջի՛նը իր տեսակին մէջ, «Մասնաւոր Առողջաբանութիւն յղի կնոջ եւ նորածին մանկան» անունով: 1904ին, Թիֆլիսի մէջ, լոյս տեսած է պատկերազարդ գիրք մը՝ «Յղի ու Ծննդկան Կնոջ Առողջապահութիւնը»: Իսկ 1925ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքի «Գասապեան» տպարանին մէջ, նման գիրքի մը ծնունդ տուեր է Հ. Թաշճեանը, «Ինչ Պէտք Է Գիտնայ Ամէն Յղի Կին: Յղութեան վիճակի առողջապահութիւն» խորագիրով:
– Ծիծաղելի՛ է: Ծննդաբերութիւն տպարանի մէջ:
– Որովհետեւ, սիրելի՛ Նայիրի, յղութիւնը նաեւ մտաւոր գործողութիւն է: Ան լի է փոխաբերական իմաստներով: Առաջին իմաստը՝ «լի, լեցուած», որ լսելի է Գեղամ Սարեանի մօտ. «Ու ալիք-ալիք ծփում էին արտերը հասուն նոր բերքով յղի»: Իսկ բառը կ՛առնէ «անխուսափելի արդիւնք» իմաստը, երբ ըսենք՝ «անոր անշրջահայեաց արարքները յղի են դժբախտ հետեւանքներով»: Նայիրի՛, հայ բանաստեղծին երեւակայութիւնը անշուշտ երկունքի մէջ պիտի ըլլար, երբ բառը լեցուն է այդ իմաստներով: 19րդ դարու քնարերգութիւնը լի է «յղիացած» բանատողերով: Ականջ տուր Գրիգոր Զօհրապին, որ կը նկարագրէ «Գոցուած Գիշեր» մը. «Թանձր ու ստուար՝ վաղորդայնով մը յղի»: Յղիացաւ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հոգին. «Հոգիս իր բերքը տուած, մերկ էր, հանդարտ՝ հողին պէս, ու լի՛, յղի նոր կեանքով»: Վազգէն Շուշանեանի գրիչը նկարագրեց «Անակնկալ Գարուն»ը. «Երկիրն յղի էր անշուշտ, որովայնին խորը սուրբ, գարունը հանդարտ կը ննջէր՝ խմելով աւիշը յուռթի»: Պարոյր Սեւակը ունի պատկերաւոր արտայայտութիւն մը. «Սրբօրէն յղի դեռահաս կանայք»: Իսկ գրաքննադատ մը Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան մասին արտայայտուած է հետեւեալ ձեւով. «Նրա հոգում կուտակւում են մեծ ծնունդով յղի դարաշրջանի ցաւերը»: Վերջապէս, Դանիէլ Վարուժանը «Արտերուն Հրաւէրը» քերթուածին մէջ նկարագրեց մինչեւ հորիզոններ տարածուող հայրենի հողը.
«Գարունն եկա՛ւ. չի՛ բաւեր ձիւնը թեթեւ
Ա՛լ ծածկելու մեր մերկութիւնը յղի»:
Բայց, Նայիրի՛, գիտե՞ս, թէ ո՛վ էր ամենայղի հեղինակը… Պոլսահայ արդի բանաստեղծ Անդան Էօզէրը: Ան ներողութիւն կը խնդրէ իր բոլոր ընկերներէն, եթէ անտեսած է զանոնք ու առանց բարեւելու անցած, զի արդարացուցիչ պատճառ ունի.
«… Պատճառը չէ՛ք գիտեր,
շատ անգամ՝
յղի կ՛ըլլամ, յղի՛
արգանդս գլխուս մէջ,
քերթուած մը պիտի ծնիմ,
կամ՝ պատմուածք մը»:
Մեր անկախութեան տօնին, Նայիրի՛, երկիր Նայիրին թող յղիանայ նոր ապագայով մը, ու հետեւելով սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մէկ բանաձեւին՝ ըսենք. «Մի՛ լիցի մեզ յղիանալ եւ ոչ ծնանել»: