ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր յորդառատ բառը…
– Այս գեղանկարին մէջ Նոյը, Մեծ ջրհեղեղէն ետք, կ՛իջնէ Արարատ սարէն: Կիսակլոր նս-տեցէք հիմա ու քանի մը վայրկեան դիտեցէք: Սպիտակամօրուս նահապետը նկարին կեդրոնն է: Անոր կը հետեւին իր կինը, երեք որդիները, անոնց կիները, ինչպէս նաեւ կենդանիներէ մէկական զոյգ: Իւղանկար է՝ Այվազովսկիի ամենամեծ պաստառներէն մէկը: Հարցո՛ւմ… Նկարին անո՞ւնը. «Նոյը իջնում է Արարատից»: Թուակա՞նը։ 1889: Առաջին անգամ ցուցադրուած՝ Փարիզի մէջ: Յիշեցէ՛ք պատմութիւնը. բացուեր են երկինքի ջրվէժները, քառասուն օր ու գիշեր անձրեւ տեղացեր է, ջուրը բարձրացեր ու ծածկեր է ցամաքը… Տապա՞նը: Վահէ՛, վերահաս ջրհեղեղէն փրկուելու համար Նոյին շինած տապանը դժբախտաբար տեսանելի չէ նկարին մէջ: Բայց նկատեցէ՛ք. ջուրերը կամաց-կամաց քաշուեր են, սակայն դեռ ջրածածկ է հողը… Աշակերտնե՛ր, ասիկա մեր վերջին դասախօսութիւնն էր այսօր: Հաւաքեցէք ձեր ձեռատետրերն ու գրենական պիտոյքը: Հիմա մայրաքաղաքին մէջ հետիոտն պտոյտ մը պիտի կատարենք:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն դուրս, հրապարակի վրայ, մայիսեան ջերմ օր է: Կ՛որոշեմ, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ քալեցնել 39 աշակերտներէ բաղկացած խումբը: Պա՛րզ է: Հետեւիլ մայրաքաղաքի պուլպուլակներու ուղեգիծին: Ուղեւորութիւն մը, որ նաեւ պիտի տայ Վահէին հետ Հայկական ջրաշխարհի եւ «ջուր» բառի մասին զրուցելու առիթը:
– Պարո՛ն, Հայաստանի մէջ լեռներու քանակութեամբ գետեր, աղբիւրներ, լիճեր չկա՞ն:
– Անշո՛ւշտ կան, անոր համար է, որ մեր Լեռնաշխարհը կը սիրեմ կոչել նաեւ «ջրաշխարհ»: Ըստ մեր աւանդական պատմութեան, մենք «ջրածին» ժողովուրդ ենք: Տե՛ս, Մեծ ջրհեղեղը վերապրած Նոյի որդին Յաբէթն էր, անոր որդին՝ Գամերը, անոր որդին՝ Թորգոմը, իսկ անոր որդին՝ Հայկը, մեր անուանադիր նահապետը: Մենք եւ մեր լեզուն մարդկութեան երկրորդ արշալոյսէն իսկ թրջուած ենք ջրագիր, ջրածին, ջրատիպ եւ ջրախառն պատմութիւններով:
Կը հասնինք առաջին պուլպուլակը… Հանրապետութեան հրապարակի հարաւ-արեւմտեան անկիւնը, նախկին «Արմենիա» պանդոկին առաջ: Պատանիները մէկ-մէկ կը վայելեն սառնորակ ջուրը:
– Վահէ՛, ինչպէս յորդառատ են մեր գետերը, նոյնքա՛ն ալ յորդառատ է «ջուր» բառը: Դեռ Ե. դարուն, նախնեաց գրիչներէ հոսող բառ էր անիկա: Մեր մատենագիրներուն մօտ արդէն գոյութիւն ունէին ջրաբաշխ, ջրարբի, ջրգող, ջրմուղ, ջրթափիլ, անջրդի, ջրհեղ, ձիւնաջուր, աղաջուր, ջրատուն եւ ջրմուտ բառերը: Աստուածաշունչի մէջ, Վահէ՛, 800 անգամ գործածուած են «ջուր» եւ անկէ ծնունդ առած բառեր, ինչպէս՝ ջրադարձ, ջրալից, ջրակոյտ, ջրաբեր եւ ջրկիր: Հետաքրքրական է՝ «ջրհոր» բառը: Շատ գործածական եղած է: Ս. Գիրքին մէջ «ջրհեղեղ» բառի 17 գործածութեան դիմաց, «ջրհոր»ը տեղ գտած է 75 անգամ… Բոլորդ վայելեցի՞ք այս պաղ ջուրը: Հիմա՝ Աբովեանէն վեր… Վահէ՛, ջուրը առատութիւն է եւ բերրիութիւն: Այս ջինջ միավանկը անյիշելի դարերուն սկսեր է հոսելու մեր լեզուին մէջ, ճիւղաւորուեր, յորդացեր ու մեզի տուեր է 750ի չափ ածանց ու բարդ բառեր, որոնց 650ը «ջուր»ով սկսող բառեր են, 100 հատը՝ «ջուր»ով վերջացող: Առանձին բառարան մը կ՛արժէր պատրաստել այդ բոլորը ներառելու եւ բացատրելու համար:
– Խորագիր մը կրնա՞մ առաջարկել. «Ափ մը ջուր»: Ո՛չ: «Ծո՛վ մը ջուր: Առձեռն բառարան»:
– Շնորհակա՛լ եմ: Բառը բաւական կենարար էր հայոց լեզուին համար: Անոր շնորհիւ ալ ունեցեր ենք ջրաբուժում, ջրագրութիւն, ջրադահուկ, ջրազարդարում, ջրախաղ, ջրահարս, ջրաղաց եւ ջրանոյշ: Եղած են նաեւ ջրամոյն, ջրասէր, ջրավախ, ջրատեաց եւ ջրահեղձ մարդիկ: Ըստ Հերոտոդոսի՝ հայերն են եղած գիւտարարը ջուրի հեշտագին մէկ տեսակին՝ գարեջուրին: Ջուրը նաեւ պաշտամունքի առարկայ է, ուստի ունեցանք՝ «ջրօրհնէք»: Անիկա նաեւ պատկերալից բառակապակցութիւններու հարստութիւն մը տուաւ մեզի՝ ըստ ջուրի բաղադրութեան եւ մշակումին։ Գետերու եւ լիճերու մեծ մասը ունի «քաղցրահամ ջուր», ծովերը՝ «աղի ջուր»: Կալսիումի եւ մագնեզիումի պարունակութիւնը եթէ բարձր է՝ «կոշտ ջուր», իսկ եթէ ցած է՝ «փափուկ ջուր»: Խանութներու մէջ կը տեսնենք Ջերմուկն ու Բջնին, անոնք «հանքային ջուր» են: Կան նաեւ ըմպելի, ծորակի, շշալցուած, օզոնացուած, կազաւորուած, իոնազերծուած եւ թորած ջուրեր: Հասա՛նք… Ահա՛ Սուրբ Աննա եկեղեցին եւ անոր պարզունակ պուլպուլակը: Հոս կ՛արժէ յիշել «օրհնուած ջուր» արտայայտութիւնը: Մեր հեքիաթներուն մէջ ալ կայ «անմահական ջուր»ը:
– Այս ջուրին աղբիւրը ո՞ւր է արդեօք:
– Վահէ՛, գիտենք, թէ բոլորը շրջակայ սարերու ջուրերն են: Մեծամասնութեամբ՝ բխած Ա-րագածէն: Իսկ դժուար է եղած ստուգել, թէ ի՛նչ էր «ջուր» բառին աղբիւրը: Լեզուաբաններ հասած են այն եզրակացութեան, թէ բառը բնիկ հնդեւրոպական է, արմատը՝ auer, որ կը նշանակէ՝ «ջուր, անձրեւ, գետ»: Մեր բառը նման է պալթեան լեզուներու jures, jurios, iurin, jura, jaura, jauras բառերուն, որոնք ջուր, ճախճախուտ եւ ծով կը նշանակեն:
– Բոլորս զովացա՛նք: Հիմա՝ ո՞ւր…
– Նալպանտեան պողոտայ, Սայաթ Նովայի անկիւնը… Վահէ՛, ջուրը մխիթարութիւն կու տայ վշտահար սիրտերուն: Երբ Վան քաղաքը եւ իր հայ բնակչութիւնը 1877 թուականին հրկիզուած՝ կը հարստահարուէր, Խրիմեան հայրիկը՝ Մկրտիչ Վանեցին, ջուրով զովացուց իր հայրենակիցներուն սիրտերը… սփոփիչ գիրք մըն էր անոր գրածը. «Վանգոյժ. Կուժ Մի Ջուր Իւր Այրած Հայրենեաց Վրայ»: 1912 թուականին, ան կրկին սփոփանք եղաւ հայուն համար: Այդ օրերուն, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ մէկ այլ գիրք մը. «Կաթիլ Մը Ջուր՝ Այրած Սրտերու»… Աշակերտներ, նկատեցի՞ք, թէ այս մէկը նուիրուած է ազատամարտիկի մը յիշատակին:
– Երբ խմենք՝ անոր հոգին կը զովանայ, չէ՞:
– Ճի՛շդ այդպէս: Վահէ՛, ջուրը իմաստութիւն է, ջուրի պէս հոսած կեանքի մը փորձառութիւն… Սայաթ Նովայի մօտ կը գտնես անոր ամենագեղեցիկ արտայայտութիւնը. «Ամէն մարդ չի կանայ խըմի՝ իմ ջուրըն ուրի՛շ ջըրէն է»: Շարունակենք մեր ճամբան՝ դէպի Կասկատ…
– Պարո՛ն, մեր ընտանիքին մեծերը ջուրին «ջիր» կ՛ըսեն:
– Մուսալեռցինե՛ր էք դուք: Բնակա՛ն է: Ամէն գաւառ, ամէն գիւղ ունի «ջուր»ի իւրայատուկ գլգլուքը. Ագուլիսի մէջ՝ ջիւր, Համշէնի մէջ՝ ճուր, Տիգրանակերտի եւ Ռստոսդոյի մէջ՝ չուր, Սվետիոյ մէջ՝ ջէօր, Զէյթունի մէջ՝ ճօյ, Վանի, Արցախի, Գորիսի եւ Սալմաստի մէջ՝ ճիւր, Հաճընի մէջ՝ ջույ:
Կը հասնինք Կասկատի 575 աստիճաններուն ստորոտը, ուր կայ Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած յուշաղբիւր, երեւանեան պուլպուլակներուն ամէնէն գեղեցիկներէն մէկը: Խումբը շարքի մտած է: Ծիծաղելի տեսարան: Անցորդները զարմանքով կը դիտեն մեզ, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է կատարուածը:
– Վահէ՛, արարողութիւն է ջուր խմելը: Նախ՝ կը խոնարհիս անոր առջեւ: Նկատեցիր, թէ պուլպուլակները ցած են շինուած… Մեր պատմութեան, հողին ու անոր հոսող ջուրերուն հետ հանդիպում է այդ պահը: Ապա կը մօտենաս անոր ցայտող գիծերուն: Ո՛չ, չես խմեր սպառելու նպատակով, այլէ երկարաշունչ կը համբուրես այդ սրբազան զովութիւնը ու զայն կ՛ընդունիս մարմինէդ ներս…
Այդպէս ալ կը փորձեն ընել Նարեկն ու Նայիրին, Նիկոլն ու Նաթալին…
– Պատրա՞ստ էք Կասկատը վազելով բարձրանալու… Վահէ՛, երբ հասնինք 575րդ աստիճանը, նախ շունչ մը առնենք, ապա շարունակենք զրուցել «ջուր»ի մասին, ու կը պատմեմ, թէ «ջուր» բառը հոսելով մեր գրականութեան էջերուն մէջէն՝ որտեղե՛ր հասեր է ու ի՛նչ միտքեր ոռոգեր է:
(Շարունակելի)