Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ. Տիրան Երգիծանկարիչ

$
0
0

ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ

0000Diran1Անհրաժեշտ հատոր մը՝ արդարութիւն ընելու համար տաղանդաւոր երգիծանկարիչի մը, որ կէս դար տիրական – թերեւս լաւ է ըսել՝ Տիրանակա՛ն – ներկայութիւն մըն էր լիբանանեան ընկերային եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Փայլուն դէմք մը, որ լոյսի կը բերէր երկրին եւ մարդոց ստուերոտ երեսները, իր այնքան ինքնուրոյն մօտեցումով: Ան նաեւ իր մնայուն տեղը ապահոված էր հայկական արուեստի պատմութեան մէջ եզակի ստեղծագործութիւններով:

Հատորին (1) խմբագիրն է երգիծանկարիչին աղջիկը՝ արուեստաբան Սիլվիա Աճէմեան, որ Պէյրութի Սուրսոքիի թանգարանի խնամակալուհին է:

Դիւրին աշխատանք մը եղած ըլլալու չէ այս հատընտիրին պատրաստութիւնը, նկատի առնելով Տիրանի տասնամեակներու վրայ երկարող եւ տարբեր քաղաքական պայմաններու մէջ երկնուած բազմահազար եւ բազմաբնոյթ գործերը, որոնցմէ մասնաւոր խնամքով եւ գիտութեամբ յաջող կերպով ընտրուած են 250 գծագրութիւններ՝ իբրեւ վկայութիւն անոր գրաւած առանձնայատուկ դիրքին: Հատորին մաս կը կազմեն նաեւ, առանց խճողումի, ժամանակին Տիրանի մասին մամուլին մէջ լոյս տեսած քանի մը վկայութիւններ արաբերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն, այս վերջինը՝ Նշան Պէշիկթաշլեանի գրիչին պատկանող (1948):

Պարզապէս շնորհաւորելի է հատորին պատրաստութեան մէջ Սիլվիա Աճէմեանի ցոյց տուած հմտութիւնը:

Տիրան Աճէմեան ծնած է Հալէպ, Սուրիոյ պատմական քաղաքը, 1904ին, տիգրանակերտցի հօրմէ: Յաճախած է տեղւոյն գերմանական դպրոցը: Առաջին օրերէն իսկ իր ուշագրաւ գծագրութիւնները քաջալերուած են իր գերմանացի ուսուցիչին կողմէ, այնպէս որ Մեծ Եղեռնին հետեւանքով Հալէպ հասած երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենց եւ բեմադրիչ Աշոտ Մատադեան կը դառնան պատանիին երգիծանկարչութեան անուանի դէմքերը: Գերմանիա իր ուսումը շարունակելու ծրագիրը կը խանգարուի, երբ Պոլիս կը հասնի, իր հօր յանկարծակի մահով: Հալէպ վերադառնալէն առաջ արդէն պատանի գծագրիչին տաղանդը կը նուիրագործուի, երբ Երուանդ Թոլայեան իր համբաւաւոր «Կավռօշ» երգիծաթերթին մէջ մնայուն տեղ կու տայ անոր գործերուն:

0000Diran4

Կոստան Զարեան

Հայ երգիծանկարչութեան մէջ երկու մեծութիւններ են Տիրան Աճէմեան եւ Ալ. Սարուխան, իրենց նմանութիւններով եւ յստակ տարբերութիւններով: Անոնք սերնդակից են իրարու, երկուքն ալ ծնած են Պոլիսէն կամ հայկական գաւառներէն դուրս, բայց երկուքն ալ ապրած եւ ստեղծագործած են Միջին Արեւելքի արաբական երկու երկիրներու հայահոծ գաղութներուն մէջ, տեղական տարբեր ստիպողական պայմաններու տակ: Երկուքն ալ իրենց արուեստով տասնամեակներ դրոշմած են երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքը: Բաղդատութիւնները հոս կանգ պէտք է առնեն, նշելէ ետք, թէ բացի խառնուածքի, ոճերու եւ մերձեցումի բացորոշ զանազանութիւններէ, Սարուխանի դերն ու ազդեցութիւնը եզակիօրէն ծանրակշիռ եղած է համահայկական ընկերային եւ քաղաքական նժարին վրայ, իսկ մշակութային կալուածին մէջ անոնք երկուքը կը կանգնին որպէս անկորնչելի տիտաններ հայկական գանձարանի իրենց կալուածին մէջ:

Տիրանը Հալէպէն Պէյրութ կը փոխադրուուի 1926ին եւ շուտով մաս կը կազմէ լիբանանահայ եւ ապա, իր աշխատակցութիւններուն շնորհիւ՝ տեղական շաղախին: Ժամանակի ընթացքին կ՛աշխատակցի արաբական, ֆրանսական, հայկական շուրջ 30 թերթերու: Իր գծագրութիւնները ներկայ են տեղական երգիծաթերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Տապպուր», «Սայատ» կամ ֆրանսատառ օրաթերթերու մէջ, ի միջի այլոց՝ «Լ՛Օրիան», «Լը Սուար»: Լիբանանի անկախութենէն ասդին (1943), իր երգիծանկարները պատմութիւնն են այդ երկրին եւ քաղաքական ղեկավարներու բարքերուն եւ դէմքերուն: Ալպոմին մէջ տեղ գտած է իր յատկանշական մէկ երգիծանկարը, որ տիտղոսուած է «Օթէլ Էթուալ»: Լիբանանի խորհրդարանը կը գտնուի կեդրոնական Էթուալ հրապարակին վրայ եւ բառը որպէս հոմանիշ կը գործածուէր խորհրդարանին համար: Գծագրութիւնը կը պատկերէ խորհրդարանի նախագահ Համատէն, որ «Պանդոկ» փոխադրել կու տայ բազմատասնեակ անկողիններ երկրին ներկայացուցիչներուն համար, ու նաեւ կ՛ապահովէ սպասարկումը ուտելիքներու, առանց մոռնալու սուրճն ու կլկլակը: Համատէ այս կարգադրութիւնները կ՛ընէ որպէս գերագոյն խայծ՝ ապահովելու համար երեսփոխաններուն ներկայութիւնը տարեհաշիւի քուէարկութեան. «Այս բոլորէն ետք եթէ դեռ այս պարոնները գոհ չեն»…

0000Diran2

Տիրան իր տիպարներով, Քաջ Նազար, Ղանթուս, Անխելք մարդը

Տիրանը սկիզբէն հակում ունեցած է պատկերախումբի յօրինումներու: Իւրաքանչիւրը չորս գծագրութենէ բաղկացած այդ դասակարգին կը պատկանի իր համբաւաւոր «Ղանթուսի Արկածները», որ 1950ին սկսած է լոյս տեսնելու Տիգրան Թոսպաթի (3)։ «Le Soir» ֆրանսատառ օրաթերթին մէջ ամբողջ երեք տարի, բայց հատորով չէ հրատարակուած, հակառակ այն իրողութեան, որ ինչպէս որ կը վկայուի, Տիրանը անոնցմէ ընտրովի պատրաստած է գունաւոր շարքեր եւ նոյնիսկ հատորին կողքը: Ղանթուս լիբանանցի ուշիմ, որոշապէս սրամիտ եւ հնարամիտ, այլ եւ բարի տիպարն է, արտաքինով՝ գեղջուկ (ֆէս, շալվար, ձեռքին գաւազան եւ կամ համրիչ), այդ շրջանի միջին քաղաքացին՝ անկաշառ եւ անխարդախ: Ղանթուս կը պատկերէ լիբանանեան առօրեայի ընկերային եւ այլ ծռութիւնները: Ան ժողովուրդին մէկ կենսախինդ երակն է, հասարակական բարքերու արթուն վկան, որ կը մատնանշէ կեանքի սղութիւնը, անարդարութիւնները, ընտրական խեղկատակութիւնները, խտրականութան ոգին, ինչ որ արգիլուած է քաղաքացիի մը, օրինակ, արտօնուած է զինուորականի մը:

Հայկական գետնի վրայ Տիրանի դէմքերը կը կազմեն շքեղ ալպոմ մը: Պատկերուած են մասնաւորաբար իր ժամանակակից գրողները, արուեստագէտները, մտաւորականները պերճախօս ինքնուրոյնութեամբ, ինչպէս՝ Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Նշան Պէշիկթաշլեան, հարիւրեակ մը ուրիշ դէմքերու կարգին: Գիրքերու կալուածին մէջ, Տիրանական պատկերազարդում մը առանձին երկի վերածած է Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը (4): 150 գունաւոր գծագրութիւններէ բաղկացած սքանչելի հատոր մը, Նազարին երազած մեծութեան արժանի եւ անոր վայել: Անշուշտ տաղանդաւոր արուեստագէտ մը երբ այդ ճոխութեամբ կը «պատկերազարդէ» աւանդավէպ մը, առասպելը կը ստանայ նաեւ իր որոշ մեկնաբանութիւնը, կը դրսեւորուի նոր երանգաւորումով, կ՛ունենայ նաեւ իր առանձին կեանքը գրական հեղինակին կողքին: Տիրանը մեր համբաւաւոր հերոսը օժտած է իրմէ սպասելի թատերականութեամբ եւ նիւթին պերճութեամբ: Հատուածէ հատուած, մթնոլորտը կը զօրանայ իր ուժականութեամբ: Ալպոմ մը՝ որ հաճոյք կը պատճառէ որքան պզտիկին, նոյնքան եւ առաւել վայելք՝ մեծին: Յաջողութեան մաս կը կազմեն իր շարժուն եւ պերճախօս պատկերները, իրենց յստակութեամբ եւ անմիջականութեամբ:

 

0000Diran3

Անդրանիկ Ծառուկեան, «Մոխրամանը»

Տիրանը վաստակաւոր է նաեւ իր այլ արժէքաւոր պատկերազարդումներով: Ցանկին մաս կը կազմեն Թումանեանի այլ գրութիւններէն «Երկինքը Փուլ Կու Գայ» (1969, 23 նկար), «Անխելք Մարդը« (1972, 55 նկար) եւ «Խօսող Ձուկը» (1982), բանաստեղծ Գեղարդի «Հասկցողին Շատ Բարեւ»ը, (1979), Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ Պապային» (1980) (5):

Տիրանի հիւմուրը նուրբ է: Ունի չափի զգացումը, որ հարցերուն մօտենալու լաւագոյն եղանակ մըն է իր մօտ: Իրեն կը յարմարի հետեւեալ հասկացութիւնը. «Երգիծանկարչութիւնը կը նմանի թուղթէ շատ բարակ պատի մը. եթէ չափի զգացողութիւնը չունենաս, շուտով կը պատռի»:

Թերեւս նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ երգիծանկարիչ բառը, իր տառացի եւ տարրական իմաստով, քիչ մը կ՛եղծանէ իր դէմքը եւ կրնայ շփոթեցնել զինք: Ասով ըսել չ՛ուզուիր, թէ իր յիսնամեայ վաստակին մէջ չկան գործեր, ուր ան չէ դարձած խիստ, նոյնիսկ շառաչուն: Բայց այդ կը պատահի բացառիկ պայմաններու մէջ միայն, ինչպէս 1939-1945 պատերազմի տարիներուն: Կարելի չէ թաւշեայ ձեռնոցներով մօտենալ Հիթլերներու, Մուսոլինիներու եւ անոնց նմաններուն: Ամէն պարագայի, Տիրանի սլաքները մահացու նետեր չեն: Իր զուարթախոհութիւնը յաճախ բարեկամական, բարեացակամ մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, որքան որ երգիծանկարիչ մը կրնայ արտայայտել: Այս ձեւով, իր գործերը կը դառնան «թեթեւ», «դիւրամարս»: Թշնամութիւններ չեն գրգռեր: Միւս կողմէ, ինք անհատապէս անսովոր երեւոյթ մը կը պարզէ. անձնական խօսակցութեան պահուն դէմ յանդիման կը գտնուիք շատ ջերմ, վճռական, յախուռն արտայայտութեան եւ դատողութեան տէր անձի մը հետ, որ սակայն իր գործին մէջ կը մեղմանայ, կը նրբանայ, եւ կը դառնայ այնքա՜ն ընտանի «գործակից»: Թերեւս այս է պատճառը, որ ան սիրուած եւ յարգուած էր անխտիր բոլորէն, նոյնիսկ այն պետական մարդոցմէ, որոնք չէին խնայուած: Անոնց դէմքերը, ինչպէս ընդհանրապէս ուրիշներունը, չեն հասնիր ձեւազեղծման, այլանդակման աստիճանի: Նոյնիսկ տգեղ անձ մը գազանակերպ չի դառնար: Ինք արտայայտած եւ միշտ պաշտպանած է այն համոզումը, թէ երգիծանկարչութիւնը «պզտիկ արուեստ» չէ, եւ անիկա իր հաւասար տեղը ունի միւս բոլորին կողքին: Այս բոլորով ըսել չ՛ուզուիր, թէ իր մօտ «մեղմութիւն» կը նշանակէ նպատակակէտի պակաս կամ համոզումի տկարութիւն:

Արուեստագէտը որ է՛ Տիրան, միշտ կ՛առաջնորդուի միտքէ մը, գաղափարէ մը, որ ի՛րն է:

Տիրան Աճէմեանի արուեստը գիծերու նրբագեղութիւնն է եւ գծագրական էլէկանսը: Անոնց ակնբախ յատկանիշը տիրապետութիւնն է գիծերու, անոնց մաքրութիւնը, որ հիմը կը կազմէ իր արուեստին, նկարագիրը՝ իր դէմքին: Պիրկ, մաքուր, զտուած, յստակ եւ վերջնական գիծեր, որոնք էականը կը կազմեն իր յօրինումներուն: Իր գիծերը առանց ընդհատումի կամ կտրատումի կը շարունակուին մինչեւ լրում, պարուրելով եւ դրոշմը տալով իր կերպարին:

Մակարդակներ եւ ձեւեր չեն ցայտեր գիծերու ցանցով կամ մութ ու լոյսի խաղերով: Խորութիւնները կը ստացուին միայն գիծերու շեշտաւորումներով: Այսուհանդերձ, նկարը չի հասնիր գիծերու ժուժկալութեան այն աստիճանին, որ դառնայ վերացական ոգեկոչում՝ թելադրական քանի մը գիծերով. չեն անտեսուիր զգեստի մը ծալքերու թէկուզ շատ թեթեւ գիծերը: Բիւրեղացումի աշխատանքը չի տկարացներ կառոյցին ամրութիւնը, այլ կը ստեղծէ ոճաւորումը եւ կ՛ապահովէ գծագրութեան ուրոյնութիւնը, առաջին ակնարկով իսկ ճանաչելի դարձնելով ոչ միայն ենթակային ինքնութիւնը, այլ նաեւ հեղինակինը, առանց իր ստորագրութեան: Մեծ արուեստագէտ մը արդէն կը ձգտի հասնիլ այդ բարձրութեան:

Տիրան, Վարպետը, իր ուրոյն եւ ուսանելի պատուանդանը ունի մեր երգիծանկարչութեան ցանցառ փաղանգին մէջ:

 

(1) DIRAN, Caricaturiste, (1904-1991), Beyrouth, Liban, 2017. Textes de Sylvia Agemian։

(2) Էտմունտ Քին (Edmund Kean, 1787-1833) հռչակ հանած է որպէս 19րդ դարու սկիզբի անգլիացի «աշխարհի մեծագոյն դերասան», առաւելաբար՝ մեծագոյն շէյքսփիրեան դերասան: Ան համբաւաւոր եղած է նաեւ բեմէն դուրս իր անձնական կեանքի անսանձ վարմունքով, բաժանուած՝ երկու ծանօթ սիրուհիներու միջեւ: Տիրան Աճէմեանի ներկայացուցած «Քին»ը Ժան-Փօլ Սարթրի կողմէ Տիւմայի գործին 1953ի վերամշակումն է:

(3) Dicran Tosbath (1909-2002). լիբանանահայ ֆրանսագիր լրագրող: 1947ին կը հիմնէ իր «Le Soir» օրաթերթը: 1951ին եւ 1953ին կ՛ընտրուի խորհրդարանի երեսփոխան: Կը մեռնի Քալիֆորնիոյ մէջ: Իր կինը՝ Լիւսի Զարիֆեան-Թոսպաթ (1913-1987), քոյրն է բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի եւ գրագիտուհի Սեզայի: Թոսպաթները կը հիմնեն նաեւ «Այգ» (1953-1975) հայկական օրաթերթը (տնօրէնուհի՝ Լիւսի Թոսպաթ): Լիւսի մօրաքոյրն է Եոլանտ Աճէմեանի:

(4) Քաջ Նազար, Nazar the Brave, երգիծական աւանդավէպ, պատկերազարդեց Տիրան Աճէմեան, Պէյրութ 1986, 103 մեծադիր էջեր:

(5) Տիրանի գործերէն կողքի տակ ամփոփուած հրատարակութիւն մըն է նաեւ Լիբանանի նորահաստատ Պելեմընտ համալսարանի հրատարակած հատորը, որ կ՛ամփոփէ արուեստագէտին շուրջ 80 գծագրութիւնները (2016): Համալսարանը հիմնուած է 1988ին, երկրի Ուղղափառ յունաց պատրիարքին կողմէ:

 

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles