Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Չար

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0120norayrdadourian– Չար էր երիտասարդ աշուղ Նահապետ Քուչակը, շա՛տ չար:

– Ինչպէ՞ս գիտենք:

– Իր գրած մէկ քառեակէն: Օր մը, ան՝ հազիւ քսան տարեկան, 1520ականներուն, շուկային մէջ կը տեսնէ իր եարը ու չարամտութեամբ կը կանչէ. «Պագիկն ի քանի՞»: Աղջիկը դառնացած կը պատասխանէ. «Քանի՜ քո չարն ու քանի, պագն որ դրամով լինի, չեմ իտար թէ աշխարհ աւերի»:

– Լա՛ւ ըսեր է աղջիկը:

– Բայց, Ալի՛ք, ասիկա բարի չարութիւն է: Կասկած չկայ, թէ երիտասարդուհին կ՛ախորժէր Քուչակի չարաճճի խաղերէն:

– Չարութիւնները տեսակնե՜ր ունին…

– Չե՞ս կարծեր: Կան գէշ չարութիւններ: Ասոնք կործանիչ տեսակն են: Եւ կան…

– Հասկցա՛յ, վարդագոյն՝ սիրային չարութիւններ… Պարո՛ն, գէշ չարութիւնները աշխարհի վրայէն կարելի՞ է վերցնել:

– Այո՛ եւ պարզ է: Չարին արմատը գտիր, ապա ուղղէ զայն: Եթէ հասկնանք «չար» բառին բուն իմաստը, արմատը, ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ բռնած իր ճանապարհը, ապա կարծեմ կարելի կ՛ըլլայ անոր պատճառած վնասները մասամբ դարմանել: Սակայն, Ալիք, այնքան ալ պարզ առաքելութիւն մը չէ ասիկա: Պատճառը այն է, որ հայ եւ օտար լեզուագէտներ, 1800ական թուականներէն ի վեր փորձեր են «չար»ին ծագումը յայտնաբերել, սակայն՝ ապարդի՛ւն: Մենք, ուստի, պէտք է որ թերթենք հայկական գրականութեան էջերը ու հետեւինք անոր ձգած հետքերուն: Ալի՛ք, «չար» բառը նոր չէ մեր լեզուին համար: Մեսրոպ Մաշտոցը եւ մեր թարգմանիչ սուրբերը Աստուածաշունչի մէջ 564 անգամ գործածեր են զայն: Բառը ներկայ է նաեւ Տէրունական աղօթքի մէջ. «… փրկեա զմեզ ի չարէ»: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը ունի «չար» բառակապակցութիւններու հարիւրաւոր տեսակ. «չար ծառայ», «անդունդ չարեաց», «ամենաթշուառ չարագործ», «անօրէնութիւն չարեաց», «չարատես աչք», «չարաբանական բերան», «դիւային չարահնարութիւն», «մթութիւն չարի»…

– Մարդը, այդպէս չէ՞, որքա՛ն անզօր է չարաբանութիւններու, չարագործութիւններու եւ չարակնութիւններու առջեւ:

– Այնքան ատեն, որ կան չարաշունչ, չարահոգի եւ չարաբերան մարդիկ… Սակայն, «չար»ը բարեացակամ գտնուեցաւ ու մեր լեզուին նուիրեց 260 բառ: Բոլորը՝ պատկերալից:

– Չեմ զարմանար, քանզի չարին բոլոր տեսակները եկեր, անցեր են մեր աշխարհէն ու շատ չարչարեր են մեր ազգը:

– Յիշենք օրինակներ եւ չարին հաճոյքի բաժին մըն ալ տանք, թէ կարեւորուած է անիկա. չարագլուխ, չարադէմ, չարաբոյր, չարագուշակ, չարազգեստ, չարաժպիտ, չարալուր, չարածին, չարահամբաւ, չարահամբոյր, չարաձայն, չարանախանձ, չարաշշուկ, չարարմատ… Եւ մեր չարքաշ ժողովուրդը համբերատար, ո՞ր մէկուն կրնար դիմանալ, եթէ չունենար իր չարայաղթ իշխանները, չարայաղթ աղօթքները եւ չարխափան սրբապատկերները: Վերջիններուն ամէնէն զօրաւորը՝ Ա-րեւմտեան Փոքր Ասիոյ Նիկոմեդիա գաւառի Արմաշ գիւղի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին վանքինն էր: Ալի՛ք, Աստուածածնայ բարեխօսութեան դիմեր է նաեւ իր խոր ծերութեան հասած Քուչակը. «Չար վիրօք իլի եւ դատարկաբան, որդն եմ եւ փոշի եւ հոգ անպիտան, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ, կոյս անապահկան»:

– Չարէն խուսափելու համար ի՞նչ խրատ կու տաք:

– Լսել մեր իմաստուններու խօսքը: Մէկը՝ 1200ականներուն ապրած Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացի Ամենայն հայոց կաթողիկոս բանաստեղծինն է. «Զխրատ ի սրտիդ տնկէ, սա յամէն չարէ զքեզ պահէ»: 1400 թուականին Տաթեւ վանքի վանահայր սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին «Ամառան» եւ «Գիրք Հարցմանց» աշխատասիրութիւններու մէջ տեղադրեց հետեւեալ թեւաւոր խօսքերը. «Յիմար լեր ի չարիս եւ իմաստուն ի բարիս», «Գիտել եւ ոչ ասել՝ չա՛ր է, ոչ գիտել եւ ասել չարագոյն է»: Իսկ աշխարհական Ֆրիկը, մոնկոլական արշաւանքներու չար ժամանակներու ականատեսը եւ անոնց չարագործութիւններէն տառապած աշուղը, ըսաւ. «Չարէն փախիր եւ գործէ դու յերկրի բարիք… Իմ սիրտ, վատին մի՛ լսիր, ու չարին իսկի մի՛ տալ»: «Չար»ը ունի, ի՛նչ զարմանալի բան, բառակապակցութիւններու, արտայայտութիւններու եւ դարձուածքներու հարուստ պաշար. «չար մարդ», «չար ժպիտ», «չար հայեացք», «չար գործ», «չար պտուղ», «չար բերան», «չար լեզու», «չար աչքի գալ», «չար թել ոլորել», «չար աչքի տակ ծնիլ»… Չար աչքերը, ըստ Աւետիք Իսահակեանի՝ գեղեցկուհիներու սեւ աչքերն են. «Սեւ աչերէն շատ վախեցիր. մութը ահ է, չարքեր շա՜տ կան»: Մեր բանաստեղծները լաւ ճանչցեր են չարը: Ըստ 1500ականներուն ապրած տաղասաց Սեբաստացի Յովասափի՝ հայ իշխաններու անմիաբանութի՛ւնն էր չարը.

«Սո՛ւգ աշխարհի Հայոց մեծին

Իւրեանց եղեն պատճառ չարին,

Անհնազանդ միմեանց լինին,

Զաշխարհ հայոց աւիրեցին»:

Ըստ Յովհաննէս Տաղասացի, 1600ականներուն, ծխախո՛տն էր չարը եւ փութով պէտք էր հեռանալ անկէ. «՛ի այլ ոչ խմէ ինքն զթութուն (ծխախոտ), փութով գտնէ զգթութիւն»: Բաբելոնը եղաւ նաեւ չար: Վահան Տէրեանի խօսքով՝ «Բաբելոնն է եղել մեր ախոյեանը՝ տե՛ս – անհետ կորել, անցել է – չար մշուշի պէս»: Նոյն տղան հակադրեց «չար»ը եւ մեր տոհմը. «Չարութեան դէմ վեհսիրտ միշտ»: Ալիք, հիմա քեզի ներկայացնեմ հայ բանաստեղծներու ամենաչա՛րը՝ Եղիշէ Չարենցը: Այո՛, դժուար է հաւատալ, չա՛ր, ան՝ որ քեզի յայտնի է իր անոյշ եւ արեւահամ քերթուածներով: «Չարենց» մականունի ծագումը ունի երեք բացատրութիւն: Մէկը այսպէս է. բանաստեղծը «Չարենց» մկր-տուեր է, որովհետեւ մանկութենէն եղած է չար երեխայ: Անոր այնքա՛ն «չար» ըսեր են, որ մնացեր է՝ Չարենց: Իսկ ինք՝ բանաստեղծը, կու տայ այլ բացատրութիւն. «Աշխարհում բարու դիմակի տակ շատ յաճախ չարն է թաքնուած, ես էլ իմ հոգու բարի բովանդակութեանը, այսպէս ասած՝ չար անուն եմ տուել»:

– Երբ հանդիպինք չարերուն, ի՞նչ պէտք է ընել:

– Բանաստեղծ Զահրատին պէտք է լսել. «Չար բաներուն բարեւ ըսէք մեր կողմէն… Գացէ՛ք, ըսէ՛ք չար բաներուն որ չըլլան, որ չըլլայ, թէ պատահին»: Իսկ եթէ չարը հետապնդէ քեզ՝ շարունակէ թերթել Զահրատը ու կը գտնես հետեւեալ խրատը.

«Բառերուն հետ բառ,

Քարերուն հետ քար կը խաղանք…

Չարերուն հետ չե՛նք խաղար»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles