Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լոյս Տեսաւ Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» Գիրքը

$
0
0

0710noraarisian

Դամասկոսի մէջ լոյս տեսաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ՝ ԺԹ. դարու Վերջաւորութեան Եւ Ի. Դարու Սկիզբը» վերնագիրով գիրքը, որ բաղկացած է 135 էջերէ:

Արաբերէնով գիրքը հրատարակուած է «Ալ-Շարք» հրատարակչատան կողմէ, որուն տնօրէնը՝ դոկտ. Նեպիլ Թոհմէ գրած է գիրքի յառաջաբանը՝ վեր առնելով Արիսեանի գիտական, մտաւորական եւ քաղաքական գործունէութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Հեղինակը, հիմնուելով սուրիական պատմական ուսումնասիրական նիւթերու վրայ՝ գիրքը բաժնած է ինը գլուխներու, սկսելով «Տէր Զօրի Մասին Պատմական Ակնարկ»ով, ապա ընդհանուր պատմական տուեալներով հանդէս եկած է «Տէր Զօրի Բնակիչները», «Տէր Զօրը Օսմանեան Կայսրութեան Ժամանակ» եւ «Տէր Զօրի Կարեւորութիւնը» գլուխներով, որոնց մէջ, պատմական անդրադարձ կատարելով՝ կը ներկայացուի շրջանին մէջ օսմանեան քաղաքականութիւնը եւ տիրող իրավիճակը, լուսարձակի տակ առնելով Տէր Զօր քաղաքի ռազմական եւ քաղաքական պայմանները:

Արիսեան հանգամանօրէն անդրադարձած է Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Տէր Զօրի մէջ հայերու ներկայութեան, ապա գաղութի կազմութեան, ներառելով որոշ մանրամասնութիւններ եկեղեցական եւ ընկերային կեանքի հոլովոյթին մասին, մանաւանդ եկեղեցի կառուցելու հանգամանքը եւ տեղական միջավայրին հետ առընչութիւնները:

«Տէր Զօրը Հայկական Աղբիւրներուն Մէջ» գլուխին հիմք հանդիսացած են Բերիոյ Հայոց թեմի արխիւային նիւթերը ու հայ պատմագիրներու ուսումնասիրութիւնները, որոնց օգտագործումով հեղինակը ուսումասիրած է Տէր Զօրի մէջ հայ գաղութի կեանքի հոլովոյթը:

Իսկ յաջորդ գլուխներով՝ «Հայերու Ներկայութիւնը Տէր Զօրի Մէջ Ըստ Սուրիական Աղբիւրներու», «Սուրիական Մամուլը Տէր Զօրի Հայերուն Մասին» եւ «Տէր Զօրէն Վկայութիւններ», ներկայացուած են հայերու տարագրութեան եւ ջարդերու պատմական իրադարձութիւնները ըստ սուրիացի պատմագիրներու եւ օրին կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ արձանագրուած վկայութիւններու:

Արիսեան, ուսումնասիրելով Տէր Զօրի մէջ հայերու պատմական ներկայութիւնը ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբը՝ որոշ հաստատումներ կ՛արձանագրէ գիրքի աւարտին եւ կը հաստատէ, որ Տէր Զօրը մաս կազմած է հայու յիշողութեան եւ մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, որովհետեւ անիկա եղած է հայերու տարագրութեան եւ կոտորածներու թատերաբեմ:

Դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայերու Տարագրութիւնը Տէր Զօրի Մէջ» գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայերու ներկայութիւնը Տէր Զօրի մէջ եւ գիտականօրէն կը լուսաբանէ ցեղասպանութեան ենթարկուելու ընթացքին Սուրիոյ մէջ հայերու ներկայութեան պատմութիւնը՝ Տէր Զօրի մէջ հայերու տարագրութիւնը վաւերագրելու ընդմէջէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles