ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յանկարծ յայտնուած տագնապի մը կամ դժուար կացութեան մը մէջ, մարդիկ սովորութիւն ունին իրենց ամէնէն մօտիկ հարազատին, բարեկամին կամ ընկերոջ դիմելու: Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է, որովհետեւ մարդկային փորձառութիւնը հարցումով կը պատասխանէ կարեւոր խնդիրի մը՝ ըսելով.
_ Ո՞ր օրուան համար է ընկերը:
Այո՛, նեղութեանդ, տառապանքիդ, դժուարութիւններուդ եւ կեանքիդ ընթացքին ենթարկուած թշուառութիւններուդ մէջ քեզի ձեռք մեկնողը իրական ընկերդ է, եւ ո՛չ թէ ան՝ որ երբ քեզ դժուարութեանց մէջ տեսնէ խոյս կու տայ քեզմէ, որպէսզի ո՛չ նիւթապէս եւ ո՛չ ալ բարոյապէս սատար հանդիսանայ քեզի, կամ օժանդակութեան այս երկու պարագաներուն մէջ վնաս կրելու մտավախութիւն կ՛ունենայ:
Մարդիկ միշտ չէ՛ որ կը յաջողին իրենց ընկերները ընտրելու մէջ: Ասիկա շատ դժուար աշխատանք է, որուն համար բարձր գին կը վճարեն մարդիկ: Երբեմն պատահական մարդիկ մեր շրջապատին մաս կը կազմեն, կա՛մ գործի բերումով կամ ուղղակի զուգադիպութեամբ: Այս պատահականութիւնը, սակայն, ունի իր դրական կամ ժխտական հետեւանքները: Եթէ պատահականօրէն մեր շրջապատին մէջ յայտնուած անձը արժէքաւոր մէկն է, ուրեմն անոր ընկերութիւնը եւս դրական երեւոյթներու պատճառ կը դառնայ մեզի համար: Սակայն, երբ պատահաբար մեր շրջապատին մէջ յայտնուած անձը վատ նկարագիրով մէկն է, ուրեմն իր յառաջիկայ ընկերութիւնն ալ մեզի հետ, վատ հետեւանքներ կ՛ունենայ:
Ոմանք պիտի ըսեն. «Հապա ինչո՞ւ թողուցիր որ շարունակէ քեզի հետ մտերմութիւնը»։
Նման մեղադրանքներ երբ ձեր հասցէին ուղղեն մարդիկ, մի շփոթիք, որովհետեւ գայլը գառնուկի մորթով կը մօտենայ անմեղներու փարախին: Նոյնիսկ գայլին հանդիպողը առաջին հերթին շուն կը կարծէ զայն, ապա անոր աչքերուն նայելով կը տեսնէ վայրագութիւնը եւ գազանային բնաւորութիւնը: Նոյնն է նաեւ չար ընկերը, որ կը յաջողի երկար ժամանակ թաքցնել իր իսկութիւնը այն շրջապատին մէջ, ուր մտած էր աննկատ եւ ամբողջութեամբ պատահականօրէն:
Երկու մտերիմ ընկերներու մասին արդէն լայն տարածում գտած բարոյալից պատմուածքը լսած էք թերեւս: Սակայն, կ՛արժէ անգամ մը եւս յիշեցնել զայն, զգալու համար անոր դաստիարակիչ ոյժը:
Կը պատմուի, որ երկու մտերիմ ընկերներ անտառին մէջէն կ՛անցնէին: Անոնցմէ մէկը նիհարակազմ էր, իսկ միւսը՝ աւելի գէր: Երբ անոնք անտառին խորերը կը հասնին, յանկարծ արջ մը կ՛ելլէ անոնց առջեւ եւ իր բնազդը կիրառելու համար կը յարձակի երկուքին վրայ: Նիհարը անմիջապէս ծառ կը բարձրանայ ինքզինք փրկելու համար: Արջին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ երկրորդին վրայ, որ նաեւ գէր ըլլալով աւելի նպատակայարմար էր եւ ախորժաբեր…։
Ծառ բարձրացողը վերէն կը քաջալերէ ընկերոջը որ բարձրանայ, հակառակ անոր որ քաջ գիտէ, թէ ան չի՛ կրնար ծառ բարձրանալ մարմինի այդ ծանրութեամբ եւ ճկունութեան պակասի պատճառով:
Վարը մնացած ընկերը հիներէն լսած մէկ ձեւը կը կիրառէ եւ իր մօտ վազող արջը տեսնելով, շուտով գետին կը փռուի եւ մեռել կը ձեւանայ: Արջը կը մօտենայ, կը հոտոտայ, կը լիզէ, գիրուկ, բայց ճկուն թաթերով աջ ու ձախ կը գլորէ զայն, սակայն շարժում կամ հակազդեցութիւն չի՛ տեսներ: Վերջին փորձ մը ընելու համար, դունչը կը մօտեցնէ անոր քիթին, բերնին ու ականջին, ապա կը հեռանայ ու կը կորսուի անտառին մէջ:
Թէ՛ ծառ բարձրացողը եւ թէ գետնին վրայ սուտ մեռել ձեւացնողը երկար ժամանակ լուռ կը մնան, վախնալով որ արջը կրնայ վերադառնալ ու յօշոտել զիրենք: Երբ բաւական ժամանակ կ՛անցնի, մէկը ծառէն վար կիջնէ, իսկ միւսը «կ՛ողջննայ»: Ծառէն իջնողը չի՛ կրնար ծիծաղը զսպել իր ընկերոջ խոհեմութեան ու միաժամանակ խորամանկութեան համար, որ կրցած էր խաբել արջը, ու փրկուիլ: Բայց վարը մնացած ընկերը չի՛ մասնակցիր անոր ծիծաղաշարժ խօսքերուն կամ իր ընկերոջ կատակաբան արտայայտութիւններուն:
Ծառին վրայ պահուըտած ընկերը շարունակելով իր անհամ կատակները, կ՛ակնարկէ արջին կատարած վերջին փորձերուն, երբ ան իր դունչը մօտեցնելով կը հոտոտար գետին փռուածին քիթը, բերանն ու ականջները, ըսելով.
_ Է՜հ, ըսէ՛ տեսնենք, ի՞նչ ըսաւ արջը ականջիդ եւ յետոյ թողեց գնաց:
Արջին յօշոտումէն հրաշքով փրկուած մարդը, որուն վախը դեռ չէր փարատած սիրտէն, նայելով իր ընկերոջ աչքերուն մէջ՝ կ՛ըսէ անոր.
_ Ըսաւ, որ քեզի նման մարդու հետ ընկերութիւն չընեմ…։
Այս ըսելով, ան կը հեռանայ ու կը բաժնուի իր տարիներու ընկերոջմէ, նախընտրելով մութ անտառէն առանձին անցնիլ ու իր կեանքը առանց նման մարդու անցընել, քան նախկին ընկերոջ ուղեկցութեամբ ընթանալ եւ անոր անվստահելի բարեկամութեամբ շարունակել կեանքը:
Ընկերը փորձաքարի պէտք ունի: Անպայման դժուար կացութեան մը փորձաքարը պէտք է, որպէսզի իւրաքանչիւր ընկեր ստանայ իր յարմար վկայագիրը: Առանց այդ փորձաքարին, չենք կրնար հաստատել մեր ընկերոջ ինքնութիւնը:
Խօսքը անծայրածիր թռիչք ունի: Շա՜տ ընկերներ իրենց խօսքով կը փորձեն օգնել իրենց ընկերներուն: Խրատը այնքան առատ գործածութեան նիւթ կը ներկայացնէ, որ ովկիանոսները կրնայ լեցնել: Սակայն, որոշ դժուարութիւններ խրատէն անդին, այլ օժանդակութիւններու կը կարօտին: Մխիթարութեան, քաջալերանքի, սրտակցութեան ու զօրակցութեան ձեւերով կրնան արտայայտութիւն գտնել ընկերոջ խօսքերը, որոնք հոգեբեկումներու եւ այլ կացութիւններու դարման կը հանդիսանան: Սակայն բոլոր տեսակի դժուարութիւնները նոյնը չեն: Կան նեղութիւններ, որոնց համար խօսքը բնաւ արժէք չունի, այլ պէտք է գործել:
Խուսանաւումները անխուսափելի են: Ներկայ կեանքի առօրեան այնպիսի խճողուած պատկեր կը ներկայացնէ, որ մարդիկ բաւարար կը համարեն իրենց սեփական մտահոգութիւնները, որոնց ամբողջական լուծում չեն կրնար տալ յաճախ: Ուրեմն, ուրիշին ցաւը, մտահոգութիւնը, ունեցած դժուարութիւնները եւ ապրած յուսախաբութիւնները յաւելեալ տագնապ կը յառաջացնեն ներկայ մարդուն կեանքին մէջ: Հետեւաբար, լաւագոյն ձեւը զանոնք անդրանցնելու, պատճառաբանութիւններն են, որոնք արդէն ընկերներու միջեւ խրամատ կը ստեղծեն:
Վերոյիշեալ որոշումը առնելով, իր ընկերոջ կռնակ դարձնողը չի՛ գիտեր սակայն, որ նոյն դժուարութիւնը օր մը կրնայ իր կեանքին մէջ հանդիպիլ: Այս կեանքը անակնկալներով յղի ժամանակահատուած մըն է մարդոց համար: Հիւանդութիւններ, գործի ձախորդութիւններ, սնանկացումներ, յուսախաբութիւններ եւ մահեր անխուսափելի են: Կեանքի անիւը դարձնողը մենք չենք, որ կարենանք դադաղեցնել, արագացնել կամ կանգնեցնել զայն: Անոր դէպի ջուր դպող մասը կամ ամէնէն բարձր կէտին վրայ գտնուելու ժամը մէկ օր քուկդ պիտի ըլլայ, մէկ օր ալ ուրիշին:
Ընկերդ ճանչնալու լաւագոյն ձեւը, անոր գործին նայիլդ է եւ ո՛չ թէ խօսքին: Գործը կը փաստէ ընկերոջ խօսքը: