Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Հաց

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Բառ, Որ Իր Երգը Ունի…

 

0120norayrdadourian– Դժբախտաբար, աշակերտներ, դար մը առաջ հայուն հացը սեղան չեկաւ: Հերկել եղաւ, ցանել եղաւ, գարնան անձրեւները եկան, արտը հասունցաւ, հունձքը ժողվեցինք, սայլերը եկան ու տարին այդ հունձքը, կալի երգը երգեցինք, երբ լուսնեակ գիշեր էր, հայրենի աղօրիքները ճռնչեցան ու վերջաւորութեան՝ միաբերան ալ աղօթեցինք, որ չորս կողմն աշխարհի խաղաղութիւն ըլլայ եւ բերրիութիւն, առատութիւն ըլլայ եւ պտղաբերում: Բայց մեր հացը չեկաւ սեղան: Ուշացա՛ւ:

– Հապա, գիրքին ի՞նչ եղաւ:

– Ձեռագի՞րը, ըսել կ՛ուզես… Հրաշքով փրկուեցաւ: Եւ սա առաջին անգամը չէր, որ հայկական ձեռագիր մը գերի կ՛իյնար օտարի ձեռքը ու կը փրկուէր կաշառակերութեամբ: Դանիէլը, սիրելի Լարին, այդ գիրքին մէջ ծրագրած էր պատմել հացին ամբողջ պատմութիւնը: Բայց մնաց կիսաւարտ: Վերջաւորութեան հացը պէտք էր թխուէր ու սեղան գար, ու բոլորը պէտք էր ուտէին ու բաժնեկցէին այդ սրբութիւնը:

– Եւ, մե՞նք պիտի ամբողջացնենք զայն: Մենք բանաստեղծներ չենք:

– Պիտի ամբողջացնենք՝ հացը թխելով ու սեղան դնելով, վաղը, դասի ժամուն:

Յաջորդ օրը, դպրոցի խոհանոցին մէջ կարմրած է Լարինին մօր բերած հացը: Դասարանին մէջտեղը կը բանանք երկու սեղան: Սեղանին վրայ կը դնենք պանիր, կանաչեղէն, թան եւ այն ամէնը, որ կը սիրէ ընկերակցիլ հացին: Ու 24 հայորդիներ կը նստին սեղան: «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ…»: Միաբերա՛ն: Զոհուածներու յիշատակին: Իսկ երբ բոլորը ձեռքով կը սկսին պատռելու տաք հացը (արգիլուած է դանակ գործածել), Լարինը ու ես կը զրուցենք «հաց» բառին մասին:

0714bread

– Լարին, հացը, եռատառ համեստ բառ՝ ընկերութիւն է, ընտանիք է, տուն է, օճախ է: Դժուար է հաւատալ, թէ ինչպէ՛ս «հաց»ը կրնար այսքան շատ թիւով իմաստներ հաւաքել իր փոքր մարմինին վրայ: Առաւել, Յիսուս անգամ իջաւ եւ ամփոփուեցաւ անոր մէջ: Հացը ունի փոխաբերական այլ իմաստներ եւս. ապրուստ, եկամուտ, երախտիք, բարերարութիւն: Մեր ժողովուրդին համար արտայայտութիւններու սննդարար աղբիւր է «հաց»ը. Ճաշելը «հաց ուտել» է, սեղան պատրաստելը՝ «հաց դնել», գոյութեան կռիւը եւ ապրուստի խնդիրը՝ «հացի խնդիր», արհեստաւոր դառնալ՝ «հացի տէր դառնալ», շողոքորթել կամ մէկուն անուղղակիօրէն օգնել՝ «հացին իւղ քսել»: Մեր լեզուն կը ճանչնայ հիւրասէր «հացով մարդ», «հազար մաղի հաց կերած» մարդ, «քարէն հաց հանող» մարդ եւ մարդ, որ «դեռ շատ հաց պէտք է ուտէ»: Հացով կը չափենք նաեւ թշուառութիւնը ու կ՛ըսենք՝ «օրուան հացի կարօտ է»: Այս դարձուածքներու թիւը քառասունի կը հասնի, Լարին: Իսկ «հաց»ով շինած ենք 140ի չափ բարդ բառ: Ամէնէն բուրումնալիցները՝ հացաբոյր, հացածառ, հացահատիկ, հացամեծար, հացամեղր, հացառատութիւն, հացասեղան, հացատուն, հացընկեր, հացկերոյթ, հացօղի:

– Մենք հացամոլ ժողովուրդ ենք, չէ՞:

– Մեր հացամշակոյթն է այդպէս: Իսկ հետեւեալ երկու բառերը պիտի չուզէի, որ դուք լսէք. հացադուլ, հացասակաւութիւն:

– Պարո՛ն, ասիկա՝ ձեր պատառը:

– Շնորհակալ եմ: Տե՛ս, հացը սերտօրէն շաղախուած է մեր կենցաղին հետ: Անոր հետ եփած ունինք տասնեակներով բառակապակցութիւն: Հացը կ՛ըլլայ թարմ, սպիտակ, անխմոր, չոր, ցամաք, կարծր, սեւ… Արտերու հացը, Լարին, դարձաւ նաեւ «Հաց կենաց» եւ «Երկնաւոր հաց»: Համապատասխանաբար, ունեցանք Սուրբ պատարագի երգ, որ կը հնչէ հացի եւ գինիի փոխակերպման ժամանակ. «… հաց կենաց բաշխիս ի մեզ…»:

– Լարին այս հացը, զոր այսօր կը բաժնենք, գիտենք, թէ ուրկէ՛ եկած է: Բայց «հաց» բա՛ռը… Հայրենի լեզուաշխարհի ո՞ր դաշտերուն մէջ հասունցաւ՝ չենք գիտեր: Չէին գիտեր նաեւ հիներէն Տաթեւացին, նորերէն Աճառեանը, ո՛չ ալ հայագէտ հայ եւ օտար բազմաթիւ լեզուագէտներ: Բոլորը զանազան կարծիքներ յայտնած են: Անոնք Աճառեանի «Արմատական» բառարանին մէջ երեք սիւնակ կը բռնեն: Ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ, թէ փոխյարաբերութիւններ եղած են դրացի լեզուներու հետ:

– Պարո՛ն, պատառ մը եւս առէք: Մէջը ամէն ինչ դրի: Ես կը նախընտրեմ հացը ուտել: Երբ այսպէս թարմ ու տաք է, չոր-չոր ալ կը սիրեմ:

– Մեր լեզուական հացը ճաշակել սիրած են նաեւ մեր բանաստեղծները: Դանիէլ Վարուժանի համար «բարի» էր հարսերուն թխած հացը. «Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝ սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ»: Համօ Սահեանի համար մեր լեզուն էր հացը. «Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա, սուրբ հացը մեր սեղանի»: Սահեանին կը պատկանին նաեւ սիրային բանաստեղծութեան մը հետեւեալ խօսքերը. «Ես կ՛ուզէի… քեզ հետ կիսել վերջին պատառն իմ հացի»: Թէքէեանին համար մեր անցեալին հետ հաղորդուելու միջոց էր հացը. «Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինուով կենսառողջ»: Միսաք Մեծարենց անոր հետ համեմատեց գրաբարի արժէքը. «Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր եւ թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին հուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ: Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք ու մուրացիկ, ուրիշին ետեւեն վազենք»: Իսկ օր մը, Լարին, հացը դարձաւ գիրքի խորագիր. «Հացի Խնդիր»: Պերճ Պռոշեան վիպագիրի գաղափարն էր ասիկա: Իսկ «հաց» բառի ամենապատուաբեր օրն էր անիկա, երբ շշնջաց տէրունական աղօթքին մէջ. «Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր»:

– Պարո՛ն, հացին համը ամէն տեղ նոյնը չէ: Մեծ հայրս կ՛ըսէ, թէ իր գիւղի հացը տարբեր էր:

– Լարին, ո՛չ թէ միայն հացի գոյնն ու համն է, որ կը տարբերի բուռէ բուռ, գիւղէ գիւղ, կը տարբերի նաեւ անոր հնչիւնը: Ո՞րտեղացի էք դուք:

– Վան քաղաքի անունը շատ կը լսեմ ընտանիքիս մէջ:

– Դուք «հ» տառին կու տաք առաւել շեշտ, կոկորդային, ու անիկա կը հնչէ «խ»:

– Մենք, այսինքն, հացին կ՛ըսենք՝ խաց:

– Ճիշդ այդպէս: Ինչպէս նաեւ Վանայ լիճի հարաւարեւելեան շրջաններուն մեր բոլոր հայրենակիցները. Մոկքի հայերը, սալմաստցիները, մարաղացիները, ոզմիցիները…: Մուսալեռցիները կ՛ըսեն՝ հուց, այնթապցիները՝ հաս, անտիոքի հայերը՝ հուէօց, զէյթունցիներն ու հաճընցիները՝ հօց… Լարի՛ն, կարծեմ «խաց» չմնաց:

– Ամէնը կերանք: Տղաները աւելի կերան: Բայց զգացի, որ ասիկա տարբեր հաց մըն էր, պարոն. դասարանին մէջ, դասընկերներուս հետ, եւ կային մեր գլխաւոր հիւրերը՝ Դանիէլը եւ «Հացին Երգը»: Բոլորս միասին կշտացանք:

– Անուշ ըլլայ: Տե՛ս, այս բառին շուրջ զարգացեր է, չէ՞, մեր հացամշակոյթը, մատնաքաշն ու բաղարջը, լոշն ու լաւաշը, ճաթն ու զանգակը, ինչպէս նաեւ միտքն ու հաւատքը, ընտանեկան եւ ընկերային սրբութիւնները:

– Այսօր զգացի, որ մեր ուշացած հացը սեղան եկաւ, պարոն: Եւ կը հաւատամ, թէ այդ բառը փոքր, բայց շատ համով ու ջերմ, մեզ պիտի պահէ միասին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles