Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ. Այո

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Բա՛ռ, որ ունեցաւ ժխտական տրամադրութիւն…

 

– Պարո՛ն, մինչեւ Գորիս քանի՞ ժամ է:

– Այո՛։

0120norayrdadourianԱյսպէս է, որ կը պատասխանեմ Բարինի հարցումին, երբ մեր աշակերտական հանրակառքը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Սիւնիքի մարզի այդ գողտրիկ քաղաքը:

– Բարի՛ն, ժամով պէտք չէ չափել այս ուղեւորութիւնը, այլ՝ իր պարգեւած բնապատկերներով: Աչքերդ պատուհանէն մի՛ հեռացներ, դիտէ՛: Դիտէ ու կշտացի՛ր հայրենի բնաշխարհի զմայլելի գոյներէն: Գիտե՞ս Բարին, ռուս գեղանկարիչներ շատ քննադատած են Մարտիրոս Սարեանը, թէ՝ ան իրապաշտ չէ եղած, գործածեր է անիրական գոյներ: Օր մը, սակայն, վարպետը վերջիններուն ցոյց տուեր է Սիւնիքի դաշտերը, եւ անոնք ամօթով ներողութիւն խնդրեր են նկարիչէն:

«Այո՛»: Ի՜նչ լաւատես բառ: Ըստ երեւոյթին՝ դրական խօսքի եւ միտքերու արտայայտութիւնը: Սակայն, երբ հանրակառքը կը սուրայ դէպի հարաւ, Բարինին հետ առիթ կ՛ունենանք զրուցելու «այո» բառին մասին, ու կը բացայայտուի, թէ ան ունեցեր է բոլորովին տարբեր տրամաբանութիւն:

– Պարո՛ն, կարելի՞ է գիտնալ, թէ ո՛վ ըսաւ առաջին «այո»ն:

– Ո՛չ: Բազմաթիւ լեզուաբաններ, ստուգաբաններ մտածեր են այդ հարցին մասին: Անոնք չեն գտած բառին բուն կաղապարը: Սակայն, կայ հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Այո» բառը բնաձայն է, ինչպէս՝ ֆշշալ, մլաւել եւ ծլվլալ: Հռաչեայ Աճառեան զարմացեր է, թէ այսպիսի բառ մը՝ հայերուս համար շատ սովորական, գոյութիւն չէ ունեցած բազմաթիւ լեզուներու մէջ: Հին յոյները եւ լատինները հարցումին պատասխաներ են նոյն բայով. օրինակ՝ «ըսի՞ր», պատասխանը կ՛ըլլար՝ «ըսի՛», կամ՝ «անշո՛ւշտ»:

– Անո՞նք ալ, ուրեմն, չեն գիտեր, թէ ո՛վ ըսեր է իրենց առաջին «այո՛»ն:

– Չե՛ն գիտեր: Սակայն, մենք առաւելութիւն մը ունինք. Աստուածաշո՛ւնչը: Հոն կան 47 «այո»ներ: Ամենայայտնին Մատթէոսի Աւետարանին մէջ է. «Այլ եղիցի ձեր բան՝ այոն այո՛, եւ ոչն ո՛չ»: Յիշել կ՛արժէ քանի մը այլ խօսք. «Եւ ասացին. Այո՛, այո՛, տեսին աչք մեր», «Դարձեալ ասէ ցնա. Սիմո՛վն Յովնանու, սիրե՞ս զիս: Ասէ ցնա. այո՛, Տէր»: «Այո» բառը, Բարի՛ն, այնքան կարծր էր, որ չտուաւ բարդ կամ ածանց բառեր. նոյնիսկ գաւառական երանգներ չէ ունեցած: Միակ ճկունութիւնը, զոր ցոյց տուեր է, հին գրականութեան մէջ իր առած ձեւերն է՝ «այոյ», «հայո» եւ «հայոյ»:

– Պարո՛ն, ինչո՞ւ կը մտածէիք, թէ «այո»ն ընկճուած ապրումներու արտայայտութիւնն է:

– Կ՛ուզե՞ս, որ Գէորգ Էմինը պատասխանէ քու հարցումը:

– Հա՛:

0721ayo

– Տե՛ս, թէ բանաստեղծը աշխարհը ի՛նչպէս կը յանդիմանէ «Սիամանթոյի Մենախօսութիւնը» բանաստեղծութեան մէջ.

«Թքել եմ, այո՛,

Օ՜, դու մարդկային

Կամ… անմարդկայի՛ն

Կեղծ արդարութիւն…

Թքե՛լ եմ ես քո կեղտոտ ճակատին…»

«Այո»ն, Բարին, լսեցի՛ր, զայրոյթի պոռթկում է: Մինչդեռ Պետրոս Դուրեան աւելի մեղմաձայն էր ու հեզ, երբ հրաժեշտ պէտք էր տար աշխարհին. «Այո՛, ալ հիմա հաւատացի, թէ կը ծիւրիմ եղեր, գիտեմ, թէ ալ շատ չապրիմ պիտի։ …Ափսո՜ս, այո՛, ահ մ՛էր սկիզբս, վախ մ՛եղաւ վախճանս… Մնա՜ք բարեաւ»:

Երասխ գիւղին մէջ հանրակառքը իննսուն աստիճան դարձ մը կը կատարէ ու կ՛ուղղուի դէպի արեւելք: Կ՛անցնինք Պարոյր Սեւակ գիւղը, ապա՝ Զանգակատունը: Հո՛ն է, ուր ծնած եւ թաղուած է Պարոյր Սեւակը եւ ուր կայ անոր տուն-թանգարանը:

– Բարի՛ն, Սեւակի համար «այո» բառը դարձաւ քաղաքական ընդդիմութիւն.

«Ես յոգնած եմ, այո՛:

Տիկնիկն էլ է յոգնում, երբ ետեւից բեմի

Ինչ-որ թելեր նրան ստիպում են ապրել…

Գուցէ կարողանան ինձ ամէ՜ն ինչ անել,

Բայց չեն կարող խլել լաւատեսի

Իմ ժպիտը, այո՛, իմ ժպի՜տը»:

1935 թուականին, Չարե՛նցը համոզուած էր, որ ան… գիտեմ դժուար է որ հաւատաս, հոգեւո՛ր պետ էր. «Եղել եմ, այո՛, ես հոգեւոր պետ՝ ձեր մտայնութեան»: Այդ թուականին ծնաւ նաեւ մեր աշխարհահռչակ ծաղրածուն, ծաղրածուներու ամէնէն տխուրը՝ Լէոնիդ Ենգիպարեանը: Տես ի՛նչ իմաստուն եւ իմաստասէր տղայ էր ան. «Ես անդունդի եզրին եմ՝ «Ոչ»ի ու «Այո»ի արանքում: Քո Ոչ-ից ես իմ Այո-ին եմ հասնում՝ ցանկութիւնից, ամաչկոտութիւնից ու սիրուց հիւսուած պարանով… Եւ Այո-ն, որ այնքա՛ն գրաւիչ ու մօտ էր թւում, հիմա անհասանելի է»: Բարի՛ն, դուն լսած ես Արցախի Հանրապետութեան քայլերգը: Ահա՛ այդ հիանալի ստեղծագործութեան հեղինակն ալ՝ Վարդան Յակոբեանը, ունեցեր է իր «այո»ի միտքերը՝ «Ո՛չ մի Այո, ոչ մի Ոչ» բանաստեղծութեան մէջ արտայայտուած.

«Ես ոչ մէկի «ոչ»ի հետ

Համաձայն չեմ,

Եւ համաձայն չեմ

Ոչ մէկի «այո»ի հետ,

Ես ունեմ իմ «այո»ն ու «ոչ»ը»:

– Պարո՛ն, այս բոլոր «այո»ները շատ տխուր են:

– Այո՛… Բայց կայ, յիշէ՛, «այո»ներու ամենագեղեցիկն ու ամենասիրայինը: Ամուսանական առաջարկին հետեւող այդ բացագանչութիւը, այդ ցնծալից «ԱՅՈ՛»ն:

Ելփին, Չիւա, Ռինդ… Ապա՝ ճանապարհին ամենագեղեցիկ հատուածը… Սպենդիարեանի ջրամբարի հարեւանութեամբ՝ Գորայք, Ծղուկ եւ Սառնակունք…

– Բարի՛ն, 2014 թուականին, հայաթափութեան վտանգին մէջ գտնուող Ջաւախքի մէջ կեանք առաւ ազգօգուտ մէկ շարժում, «Այո՛ բազմազաւակութեանը»: Տեսա՞ր, ո՛չ բոլոր «այո»ները տխուր են կամ մելամաղձոտ: Թէեւ Թէքէեան միշտ ալ վերջին տեսակի տողիկներ կը գրէր.

«Ըսիր, որ քեզ ես չէի սիրեր, ինչպէս որ կ՛ուզես,

Սրտով, հոգուով, մըտածմամբ, գուցէ նաեւ՝ յարգանքով…

Ըսի՛ր, այո՛…»

Այս բառը, ժուժկալ եւ շատ անգամ կտրուկ, օր մը՝ զարմանալիօրէն եւ անսպասելի, մեր մայրենիին տուաւ դարձուածք մը: Այդ դարձուածքը՝ «Այո-ի եւ ոչ-ի առաջ կենալ», որ կը նշանակէ երկընտրանքի առջեւ ըլլալ, յարմար եկաւ Գրիգոր Զօհրապի գրիչին, երբ ան պիտի նկարագրէր Թագուկ տուտուի կեանքի հաշուեյարդարը.

«Այո-ի, ոչ-ի անընդհատ անցուդարձին առջեւ կը կենար ժամերով վարանած՝ իր իրաւանց ու պարտուց զուգակշիռը ընելով»:

– Պարո՛ն, երկու ձայնաւորի եւ մէկ կիսաձայնի զարմանալի միաձուլում: Այո՛, այս բառը ներշնչում տուեր է խոշորագոյն ստեղծագործութիւններու, ինչպէս մեզի ընկերակցող այս գունագեղ տեսարանը… Իսկ հիմա, կը մտածեմ. արդեօք կա՞ն այո-էն աւելի դրական ոչ-եր… Պարո՛ն, երբ Գորիս հասնինք, ո՞ւր պիտի ուտենք:

– Այո՛:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles