Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լիզպոն 5 Ազատագրութեան Ուխտաւորներ

$
0
0

0723lisbon3

Ի յուշ հինգ նահատակ ազատամարտիկներուն

 

ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Ի տես եւ ի յուշ,

Լուսաճաճանչ փշուղիին վրայ՝

Թունդ զոհաբերման ձեր դիւցազնաշունչ

Եւ նուիրումին ձեր անձնուրաց, Մենք

Արցունք ունինք կրակի չափ,

Ո՛վ զաւակներ հերոսավառ

Վաչէ, Սարգիս, Արա, Սեդրակ եւ Սիմոն:

 

Ամբողջ ազգով ունինք արցո՛ւնք

Հայ աչքերուն մեր ծովացած,

Եւ ունինք սո՛ւգ՝

Ձմեռնային

Երկինք հագած մեր հոգիին,

Սո՜ւգ եւ արցո~ւնք սփիւռքտարած,

Ի յուշ բոսոր ձեր գարունին,

Որ դեռ հազիւ ծագած, ծաղկած՝

Մտաւ ձմե՛ռ,

Ի յուշ կանաչ արեւուն ձեր,

Որ դե՛ռ չերգած երգն իր ոսկի,

Որ նո՛ր երկնած երկն իր լոյսի՝

Մութը մտաւ անվերադարձ,

Հորիզոնին ետեւ մահուան,

Երբե՛ք սակայն մութ մոռացման:

Ապրիլի գոյն, Տէր-Զօրի համ

Արցո՛ւնք ունինք համատարած,

Ձեր մշտաբորբ յուշին դիմաց:

 

Ո՛վ զաւակներ ֆետայագոյն,

Ի տես պայծառ ձեր յոյսերուն,

Որ թօշնեցան վաղ ձմեռէն,

Ի տես փայլուն ձեր լոյսերուն,

Որ շիջեցան վաղ գիշերէն,

Ի տես նաեւ ու մա՛նաւանդ

Ձեր մրրիկին մհերաշունչ,

Ձեր գրոհին առիւծաձեւ

Ու հրաթեւ,

Մենք, ձեռնունա՛յն

Հանդիսատես թէեւ,

Սակայն

Հրաբուխի մենք ունինք կո՛ւրծք,

Փոթորկի ունինք բռո՛ւնցք՝

Ատեաններուն դէմ շնական

Ու դաւաճան,

Ուրացման դէմ սպանդներուն

Ապրիլեան,

Կշիռքներուն դէմ աշխարհին

Այս խաբեբայ

Ու դաւերուն դէմ սատանայ:

 

Արշալոյսով յղի բռո՛ւնցք

Ունինք ,

Ի տես մասիսաձիգ

Թռիչքներուն ձեր նետահար,

Ձեր մորթուած երազներուն,

Ազատութեան ձեր տենչերուն

Շղթայակապ,

Ո՛վ զաւակներ ֆետայարիւն:

 

Նո՛ր արեւի ունինք երկո՛ւնք

Մեր լանջին տակ

Դիւցազներգակ,

Ի տես ձեր կռո՛ւփ,

Ձեր ռո՛ւմբ սրտին, որ կիսուեցաւ

Ու կիզուեցաւ

Ճամբուն վրան

Դեռ ուշացող, դեռ անիրաւ

Արդարութեան:

 

 

Այո՛, թէեւ Սփիւռքի չափ

Արցունք ունինք լալու համար

Ափէ ի ափ

Մեր սուգն հազար,

Ցաւն անհամար,

Բայց ե՛ւ ունինք փոթորիկի

Չափ հայ բռունցք,

Հրաբուխով եռացող կուրծք,

Մենք ուխտելու համար ձեզի,

Ո՛վ զաւակներ ֆետայենի,

Որ չպաղի՛

Պիտի հրաբուխը մեր Դատին

Յարաբորբոք,

Չխաղաղի՛

Պիտի Ոգին Արարատին

Մշտամորմոք,

Որ չհանգչի՛

Պիտի կռուփը մեր Պահանջին

Իրաւական,

Որ ռումբի պէս կը թակէ Դո՛ւռ,

Ամենուր,

Ո՛չ ալ լռէ պիտի մեր հին

Բայց չհինցող Իրաւունքին

Աղաղակը պողպատակուռ,

Բողոքը գոռ,

Մինչեւ որ, Օ՛րն

Արդարութեան աստուածային,

Սեւրը յառնէ՜ շիրիմ թուղթէն,

Սգահանդերձ

Սիսն ու Սասունն հագնի՛ն նորէն

Գոյներն իրենց

Հարսանեփայլ ու հայկական,

Ու մինչեւ որ, օրն Հատուցման

Միջազգային,

Կամրջուի՛

Որբ Արարատն իր հարազատ

Արագածին,

Անին հազար

Գմբէթներով թագադրուի,

Եւ պսակուի՛

Այրիացեալ Վանն իր փեսայ

Երեւանին:

 

Ո՛վ եղբայրներ հայդուկազուն,

Որ տեսիլքի ու խոյանքի

Ձեր վէս ճամբուն,

Բայց կէ՛ս ճամբուն,

Ինկա՛ք

Ինչպէս սէգ դրօշակ,

Ինկա՛ք

Ձեր վերջին երգը չերգած,

Ինկա՛ք՝ լման երկը չերկնած,

Ձեր երազ հողը չհերկած,

Դե՛ռ չտեսած ուշամնաց

Արշալոյսը ձեր յաղթութեան,

– Ինկա՛ք սակայն շանթի նման,

Խիղճին վրայ

Աշխարհի փուտ արդարութեան,

Ինկա՛ք սակայն

Պայքարի մը համար անուշ՝

Թէպէտեւ փո՛ւշ,

Արդա՛ր‘ բայց թունդ այն պայքարի՛ն,

Որ կը տանի

Մարաշէն Մուշ մինչեւ Մասի՛ս

Եւ կը հասնի,

Կը հասցնէ Ազատութեան:

 

Լաւայի գոյն, մրուրի համ

Արցունքի՛ հետ եղբայրական,

Ամպրոպի շունչ

Բռունցքի՛ հետ պահանջատէր,

– Վրէժխնդիր Արդարութեան

Ո՛վ ռազմիկներ,

Մեր սրտերուն, մեր ձեռքերուն

Ունի՛նք նաեւ ծաղիկ ու խունկ

Ու ծափողջոյն

Ձեր անունի՜ն ֆետայաբոյր

Ձեր աճիւնի՜ն աշխարհասփիւռ,

Ո՛վ զաւակներ

Երազներուն եւ յոյսերուն

Հայաստանի,

Ամբողջակա՛ն Հայաստանի:

 

– Հազար բերնով համբո՜յր ձեզի,

Տղա՛ք Հայկի… Ապրի՛ք:

 

 

Յուլիս 27, 1983


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles